ԵՐԱԶԻ ԵՒ ԼՈՅՍԻ ՓՆՏՌՏՈՒՔ

Նորութիւն մը չէ: Սփիւռքեան մեր գրականութիւնը սկսած է ամայանալ, կամ կամաց-կամաց կ՚ամայանայ։ Մեր մօտ գրական երեւակայութեամբ զբաղողներն ալ կարծես լուռ են եւ նոյնիսկ շատեր կը հեռանան։ Միւս կողմէ արդուկը գացած հարցեր մեզ արդէն կլանած են։ Մեր ժամերը կը խլեն։ Մեզ կը «խաղցնեն»։ Կը զբաղեցնեն։ Մեզ ուժասպառ կը դարձնեն։ Մէյ մը ձեր շուրջը նայեցէ՛ք:

Այս բոլորին իբրեւ հարազատ արդիւնք, մենք մեր մէջ կը սրդողինք ու մենք մեր մէջ ալ կը յուսահատինք։ Լուծում կը փնտռենք։ Լուծում չկայ, կ՚ըսենք։ Կը կրկնենք։ Որովհետեւ՝ սփիւռքեան մեր շուրջը, լուծում ապահովող զարկերակ չկայ։ Չունինք։ Չենք տեսներ։ Նաեւ գրեթէ գրական մթնոլորտ ալ չկայ։ Գրական տեսիլքը կայ եւ չկայ։ Երբեմն գրական փորձի մը ստուերը կը նշմարուի։

Հաւաքական կամքի պակասն ալ զգալի է, կենսունակութեան կողքին։

Այս ընթացքով կը կարծեմ, որ օր մը սփիւռքներու տարածքին, անձայն եւ անաղմուկ, սուսիկ-փուսիկ պիտի թաղենք մեր լեզուն եւ անոր հետ մեր մշակոյթը եւ ապա՝ ազգը։

Ինչո՞ւ սակայն այս տողերը, ես ինծի հարց կու տամ անկեղծօրէն։ Ինչո՞ւ այսքան յոռետեսութիւն, երբ տակաւին հոս-հոն մեր գրականութեան եւ պատմութեան սայլը առաջ քշողներ կան։ Բացառիկներ: Կ՚երեւին։ Տակաւին հորիզոնին վրայ, հայ մտքի դրօշարշաւը յամառօրէն շարունակողներ կը տեսնուին, կը նշմարուին։ Հազար պատիւ:

Հաւանաբար, կը պատճառաբանէ միտքս, այս բոլորը բաւարար չեն, իբրեւ մեր մշակոյթի գոյութիւնը ապահովող էական ազդակ։ Գիտենք եւ լաւատեղեակ ենք, որ հայ գրականութեամբ ապրիլը կամ մեռնիլը հայ գրագէտէն կախում ունի։ Տեսանելի է, թէ ինչպէ՞ս տակաւ կը նուազի հայախօսներու թիւը, հայերէն կարդացողներու եւ գրողներու թիւին հետ միատեղ։ Նաեւ քաջատեղեակ ենք ու ամէն անգամ ալ կրկնած ենք, որ լեզու մը ողջ է. կը մնայ, կ՚ապրի, եթէ զայն խօսողներ կան։ Ուստի, կը կարծեմ ամէն բանի պէտք ունինք, բացի անտարբերութենէն։ Նման խօսքերուս հետ նաեւ ձայնս ալ խառնուած է, իր հանդարտ անկեղծութեամբ։

Դիւրին բան չէ հայ ըլլալը, միշտ կրկնած եմ, որովհետեւ կեանքը իբրեւ հաւատք եւ հաւաքական ապրում հայուն համար ազգային է: Այս օրերուն կարծես չափանիշներն ալ խախտած են եւ սկզբունքները՝ արժէքազրկուած: Ուստի մտահոգութիւն է օրուան «արեւուն» պակասը։

Բայց պէտք է ըսեմ, որ անդին կայ մետայլին միւս կողմն ալ։

Այսպէս... ժամանակի մեր վազքը, մեզ գրեթէ կը զրկէ մեր շուրջը տիրող զանազան երեւոյթներէն, մեր շրջապատէն ներս տեղի ունեցող անգոյն եւ գունաւոր անցուդարձերէն, որոնց իբրեւ արդիւնք եւ հետեւանք, այսպէս կոչուած, արժանաւոր մարդոց ու նոյնիսկ մեր մտերիմներուն յաճախ հեռուէն կը խօսինք, հեռուէն կը ծանօթանանք եւ կը բաժնենք մեր ուրախութիւնն ու տխրութիւնը եւ մեր վիշտն ու յաջողութիւնը։

Մէկ խօսքով, մեր կեանքի շատ մը իրադարձութիւններուն կամ հանդիպած հետաքրքիր անձնաւորութիւններուն, ակամայ վերարժեւորում կը կատարենք տարիներու հեռաւորութիւններէն։

Ի՞նչ կրնանք ընել, սփիւռք կ՚ապրինք: Այս այսպէս է ըսելով, մենք մեզ կը համոզենք, որովհետեւ ցարդ չկայ, գոյութիւն չունի նման մարդոց ո՛չ միայն կապուելու հնարաւորութիւնները, այլ նաեւ ստեղծողն ու մթնոլորտը։ Հաւանաբար այսպէս է ժառանգը։ Հաւանաբար՝ չգրուած օրէնք։ Իրարմէ հեռու եւ անջատ «կը շնչենք»։ Կարծես իւրաքանչիւր մտածող միտք իր շրջապատէն ներս փակուած, խարսխուած մնացած է, եւ կամ կը սիրէ այդպէս մնալ։ Յաճախ ալ անտարբեր։ Մարդ չ՚ուզեր շարժիլ։

Ուստի ի՞նչ պէտք է ընել։ Ինչպէ՞ս կապել գրողները իրարու հետ եւ աւելին՝ մտաւորականը իր մշակութասէր հասարակութեան հետ։ Ո՞վ պիտի առնէ առաջին քայլը։ Ո՞վ պիտի յաղթահարէ փոխադարձ խորթութեան այս շերտը։ Ո՞վ պիտի ստեղծէ կլիման։ Կը կարծեմ, որ այս բոլորը մեզմէ կախեալ է։ Մեր բոլորէն։ Մենք կը խուսափինք պատմութեան մէջ դեր ստանձնելու մեր պարտականութիւններէն։ Ահա մտահոգութիւն մը, օրուան արեւուն պակասին նման։ Նաեւ կը կարծեմ, որ առաւելաբար կը տառապինք մթնոլորտի պակասէն եւ մթնոլորտ ստեղծելու ընդունակ տարրերու սակաւութենէն, ներքին հաւատքէն, նման աշխատանքներու իրագործման եւ յաջողութեան ծառայելու տենդէն, պատկանելիութեան հուրէն։ Որովհետեւ…

Իբրեւ հայ գրող, մտաւորական եւ կամ պարզ անհատ, չունինք որոշ եւ յստակ ռազմավարութիւն մը, որ ծնունդ առած ըլլայ մեր ներկայ կեանքի նոր պայմաններու աշխատանքի եղանակէն։ Ըսի չունինք եւ թերեւս ալ ունինք, բայց տեղեակ չենք։ Չենք գիտեր որո՞ւ մօտ է կամ ո՞ւր թաքնուած է այս «անիծեալը»։

Բայց եւ այնպէս, ժամանակն է, որ ունենանք ապագայակերտ կեցուածք մը, անկախ մեր ազգային եւ քաղաքական գոյներէն։ Ստիպուած ենք։ Պայման է օրուան յատուկ պահանջներով ծրագրել եւ գործել։

Հարուստ մշակոյթ ժառանգած ժողովուրդ ենք։ Գիտենք։ Կը պոռանք։ Կը հպարտանանք։ Սակայն զայն արժաւորել պէտք է գիտնանք։ Իսկ եթէ հայ միտքն ու ջիղը լծուած մնան ստեղծումի եւ կերտումի, այնքան աւելի ապահովուած կ՚ըլլան մեր մշակոյթի գոյատեւումն ու բարգաւաճումը։ Իւրաքանչիւրս, մեր կեանքի իր բեռը շալկած, քալելով կամ վազելով, ցաւի աշխարհ կ՚երթանք, առանց մեր կամքին, հետեւելով մեր ճակատագրին: Այս բոլորը տեսանելի են ու նոյնքան ալ՝ խղճալի եւ թունաւոր: Սակայն եւ այնպէս... կայ եւ կը մնայ մխիթարիչ պարագան ու այդ ալ՝ երազի, գեղեցկութեան եւ յոյսի փնտռտուքն է։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024