ԼՈՒՍԱՏՈՒՆ

Քաղաքին գիշերային լոյսերու
Խորհրդաւոր սպրդումներուն տակ
Զոյգեր կ՚անցնին յամրաքայլ 
Որ չերեւին աչքերու 
Սիրեն-սիրուին աննշմար
 
Հոն այգիին վերեւէն
Լոյսերուն պլպլանքը կ՚երեւի
Որպէս
Լուսատտիկներ եդեմի
Կամ աստղեր երկինքի

Մութին մէջ բոսորագոյն 
Շողն անոնց պսպղուն
Կը պլլուի մերթ թուփի
Մերթ ծառի մերկ ճիւղերուն
Ու իր ջերմ ճաճանչով 
Պարոյր կ՚ըլլայ ծիլերուն
Կամ փոխարէնը 
Ցերեկուան տաք շողերուն

Թաղին եզրին գլխահակ
Կը կաթէ լոյսն իր մութին
Անցորդ մը կը հանգրուանէ
Իր յատակի նստարանին
Ու աղօտ լոյսին տակ
Կը հիւսէ խոկում մը մթագին

Ինչեր կու գան ու կ՚անցնին
Այդ խոկումին հիւսուածքին
Հինը նորը կ՚ագուցուին
Ու չեն յանգիր բուն եզրին

Ինքնաշարժ մը կը սուրայ
Ժամանակին պէս արագ
Կը մօտենայ ու կ՚անցնի
Կը հատէ խոկումն անցորդին
Որպէս նշմար 
Յուշում
Ժամանակի տիրոյթին

Անցորդը երէկուան ձագուկն էր 
Հիմա հայր է
Կամ մեծ հայր
Վաղը թոռը
Ծոռը կու գան
Կը չոքին նոյն նստարանին

Մինչ լուսատուն գլխահակ
Մոռցած թիւը սերունդին
Կը հսկէ գիշերը մթին
Մինչեւ շողը արշալոյսին

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021