ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Զ.

ԶԱՏԻԿԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Հրեաներուն Զատիկի տօնը մօտ էր» (Յհ 6.4):

Մեկնութիւն. Ասիկա երկրորդ Զատիկն է, որ Աւետարանը կը յիշէ, որովհետեւ առաջինին ժամանակ խարազանով տաճարէն դուրս հանեց, իսկ Պրոպատիկէի մէջ հիւանդը առողջացուց, Պենտէկոստէի կամ Տաղաւարահարացի տօնն էր: Այլ ոմանք կ՚ըսեն, թէ ա՛յս  է Տաղաւարահարացը ըստ կարգին իմացուած, այլ՝ ո՛չ է, որովհետեւ Զատիկ կ՚ըսէ:

Այս Զատիկին Քրիստոս Երուսաղէմ չգնաց՝ երկու պատճառով. նախ՝ որովհետեւ այդ մասին Օրէնքին մէջ գրուած էր՝ անոնք, որոնք յայտնապէս թշնամիներ ունին, տօնին չեն երթար, որպէսզի ճանապարհին նենգութիւն չընեն: Իսկ Քրիստոս յայտնի թշնամիներ ունէր՝ հրեաները, որոնք կ՚ուզէին սպաննել զԻնք: Դարձեալ, ինչպէս երբեմն Քրիստոս Օրէնքը պահելով Ինքզինք ճշմարիտ մարդ կը ցուցնէր՝ ըստ մարմինի իսրայէլացիներէն ծնած, նոյնպէս երբեմն ալ Օրէնքը չպահելով Ինքզինք Աստուածը ցուցնէր՝ եւ Օրէնքէն իսկ վեր [բարձր]:

ՀԱՑԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Յիսուս Իր աչքերը բարձրացուց» (տե՛ս Յհ 6.5):

Մեկնութիւն. Նախ՝ մարմինի աչքերով, երկրորդ՝ զգայութեամբ նայելու մասին կ՚ըսէ:

Խօսք. «Տեսաւ մեծ բազմութիւն մը, որ Իրեն կու գար,…» (Յհ 6.5):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ ա՜յնքան կը փափաքէին Յիսուսի քարոզութիւնը լսել ու տեսնել Անոր սքանչելիքները, մինչ մոռցած էին իրենց հետ հաց տանիլ:

Խօսք. «Ու հարցուց Փիլիպպոսի.- ուրկէ՞ գնենք բաւական հաց, որ ասոնք ուտեն» (Յհ 6.5):

Մեկնութիւն. Այն խօսքի մասին, որ Մատթէոսի մէջ կ՚ըսէ. «Աշակերտները մօտեցան Իրեն եւ ըսին.- ամայի տեղ ենք եւ ժամանակն ալ ուշ է. արձակէ՛ ժողովուրդը» (Մտ 14.15), եւ այլն, իրարու հակառակ չեն, որովհետեւ նախ աշակերտները ըսին՝ «արձակէ՛ ժողովուրդը», եւ ապա Քրիստոս Փիլիպպոսին հարցուց, որ այստեղ կ՚ըսէ:

Իսկ ինչո՞ւ Փիլիպպոսին հարցուց, Մեկնիչը1 կ՚ըսէ, որովհետեւ անոր ուղղութեամբ սքանչելիք պէտք էր, որովհետեւ թերութիւն մը ունէր, ինչպէս այնտեղ ըսաւ. «Ցոյց տուր մեզի Հայրը եւ կը բաւէ մեզի» (Յհ 14.8):

Խօսք. «Փիլիպպոս պատասխանեց.- երկու հարիւր արծաթ դահեկանի հաց ալ պիտի չբաւէ ասոնց» (Յհ 6.7):

Մեկնութիւն. Որպէս թէ ըսել՝ թէ մեր մէջ դրամ իսկ չկայ: Դարձեալ ցոյց կու տայ, թէ Փիլիպպոս թանձրամիտ էր եւ Քրիստոսի զօրութեան չէ՛ր նայեր, որ ջուրը գինիի վերածեց, ու միւս նշանները:

Խօսք. «Ասիկա ըսաւ փորձելու համար զԻնք» (տե՛ս Յհ 6.6):

Մեկնութիւն. Քրիստոս կը փորձէր զինք. նախ՝ որպէսզի անով գինի [դրամին] պակասութիւնը յայտնի ըլլար: Երկրորդ, ինչպէս Աստուած Աբրահամը փորձեց, որպէսզի Անոր հնազանդութիւնն ու հաւատքը աշխարհին յայտնի ըլլար, եւ ասոր պատասխանին:

Խօսք. «Քանի ինք Իր ընելիքը գիտէր» (Յհ 6.6):

Մեկնութիւն. Ո՛չ թէ կը հարցնէ, որպէսզի Ինք գիտնայ, քանի որ այստեղ չորս բան գիտէր. նախ՝ գինին [դրամին] պակասութիւնը գիտէր: Երկրորդ՝ այրին անապատ ըլլալը գիտէր: Երրորդ՝ Փիլիպպոսի պատասխանը գիտէր: Չորրորդ՝ գիտէր սքանչելիքը, որ պիտի գործէր:

Խօսք. «Իր աշակերտներէն ուրիշ մէկը, Անդրէասը, կ՚ըսէ» (տե՛ս Յհ 6.8):

Մեկնութիւն. Մատթէոսի մէջ գրուած է, թէ աշակերտները ըսին, եւ ո՛չ թէ՝ մէկը (հմմտ. Մտ 14.17): Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ իրարու հակառակ չեն. նախ՝ եթէ այնտեղ յոգնակիով եզականին մասին կ՚ըսէ, որովհետեւ երբ ամբոխէն մէկը ինչ որ բան կը գործէ, սովորաբար կ՚ըսեն, թէ ամբոխը գործեց: Երկրորդ՝ կրնայ ըլլայ, թէ շատեր առանձին-առանձին ըսին, իսկ յայտնապէս՝ մէկը ըսաւ: Իսկ Անդրէաս Փիլիպպոսէն աւելի խոհական կ՚երեւի, որ թանձրամիտ էր:

Ի՞ՆՉ Է ԹԱՆՁՐԱՄԻՏԸ

Նախ տեսնենք, թէ ի՞նչ է թանձրամիտը:

Գիտելի է, որ երեքն են ասոնք, այսինքն՝ անմիտ, թանձրամիտ եւ նրբամիտ: Անմիտ է, որ խօքը միտքին մէջ չի՛ պահեր, իսկ թանձրամիտ է, որ միայն նոյնը կը հասկնայ, ու նրբամիտ է, որ խօսքը այլ բաներու հետ կը համեմատէ ու կը հասկնայ, ինչպէս Փիլիպպոս այստեղ թանձրամիտ էր, որ բազմաթիւ նշաններ տեսած էր, սակայն հացին վրայ՝ ո՛չ, իսհ Անդրէաս նրբամիտ էր, որովհետեւ յիշեց հացը, որ Եղիսէն բազմացուց (հմմտ. Դ. Թգ 4.42-44), ատոր համար կ՚ըսէ.

Խօսք. «Հոս պատանի մը կայ, որ գարիի հինգ հաց եւ երկու ձուկ ունի. բայց ատիկա ի՞նչ կ՚ընէ այսքան մարդոց համար» (Յհ 6.9):

Մեկնութիւն. Իբրեւ թէ ըսել, թէեւ Եղիսէն հացը բազմացուց, սակայն այն քսան հաց էր, իսկ ուտողները՝ հարիւր մարդ: Իսկ Մեկնիչը2 կը յայտնէ, թէ աշակերտները Տիրոջմէ ոչինչ գաղտնի կը պահէին:

Եւ Քրիստոս թէեւ Իր կամքով սքանչելիքներ գործեց, սակայն երեք պատճառի համար պէտք էր. նախ՝ բազմաթիւ ժողովուրդին համար, որովհետեւ անօթի էին, եւ խօսքին ու սքանչելիքներուն նկատմամբ իրենց ունեցած փափաքին համար մոռցան իրենց հետ հաց տանելու: Երկրորդ պատճառը. որպէսի գինին [դրամին] պակասութիւնը յայտնի ըլլար, որովհետեւ ոչինչ ունէին՝ որպէսզի կարենային գնել, ինչպէս Մատթէոս կ՚ըսէ. «Հոս գրեթէ ոչինչ ունինք, բացի հինգ հացէ եւ երկու ձուկէ» (Մտ 14.17): Երրորդ պատճառը. կերակուրին քչութեան համար, ինչպէս կ՚ըսէ. «Հինգ հաց եւ երկու ձուկ»:

ԱՂՔԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Տե՛ս աշակերտներուն աղքատութիւնը, որոնք մարգարէական կատարելիութիւնը իրենց անձերուն վրայ ստացած էին, որով ուտելիքի մասին չէին մտածեր, որովհետեւ տասներկու հոգի էին ու միայն հինգ հաց ունէին, ու տակաւին՝ ատ ալ անոնցը չէր, այլ իրենց սիրելի ու բարեկամի մը պատանէին, ապա յայտնի է, թէ մարգարէները աղքատութեամբ ապրեցան ու մեր Տէրը եւ աշակերտները աղքատութեամբ շրջեցան, ու հոգիով աղքատներուն երանի տուաւ (հմմտ. Մտ 5.3), իսկ հարուստներուն վայ կարդաց (հմմտ. Ղ 6.24): Հետեւաբար, յայտնի է, թէ Քրիստոս քրիստոնեաներուն աղքատութիւն կը կամենայ, ու մեր ազգին առաւել եւս աղքատութիւն շնորհուած է:

Խօսք. «Նստեցուցէ՛ք ժողովուրդը, ըսաւ Յիսուս» (Յհ 6.10):

Մեկնութիւն. Կարգով ու սահմանով նստեցան, տեղ-տեղ՝ հարիւր-հարիւր, տեղ-տեղ՝ յիսուն-յիսուն, կրկնակի պատճառով. նախ՝ որպէսզի մեր բոլոր գործերը կարգով ու սահմանով ըլլան: Երկրորդ՝ որպէսզի աւելիով յայտնի ըլլայ նստածներուն թիւը եւ սքանչելիքին լինելութիւնը:

Իսկ Մեկնիչը3 երեք պատճառի համար կ՚ըսէ. նախ՝ որպէսզի մտաբերեն սքանչելիքին կարողութիւնը: Երկրորդ՝ որպէսզի հաւատքի մէջ աճին: Երրորդ՝ որպէսզի հաստատուն մնայ անոնց մէջ: Առաջինը հաւատքին սկիզբն է, միջինը՝ աճումը, վերջինը՝ կատարումը:

ԽՐԱՏԻ4 ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Խոտը առատ էր հոն» (Յհ 6.10):

Մեկնութիւն. Չորս պատճառով խոտը կը յիշէ. նախ՝ որպէսզի ցոյց տայ տեղին պատշաճութիւնը նստելու եւ ուտելու համար: Երկրորդ՝ որովհետեւ խոտը սեղանին փոխարէն կ՚ըլլայ: Երրորդ՝ որովհետեւ խոտը անասուններուն համար կերակուր է, իսկ գլուխը՝ մարդը, որ գլխաւորն է: Չորրորդ՝ խոտը Հին Օրէնքը կը նշանակէ, ուր անոր վրայ նստան, իսկ կերակուրը՝ շնորհները, որ Քրիստոսէ ընդունեցին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 52

Վաղարշապատ


1 Նանան:

2 Նանան:

3 Նանան:

4 Այստեղ պէտք է խոտ ըլլայ խրատի փոխարէն ու կ՚ենթադրենք, որ տպագրական սխալ մըն է կատարուածը:

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020