ՎԵՐՋԱԼՈՅՍԸ

Երեկոյ է: Բնութեան այս ժամերու անբարբառ մեղեդին ունկնդրելու պահը: Վերջալոյսի մը ականատեսը ըլլալու պահը:

Վերջալոյս, ուր վերջ կը գտնէ օր մը, մութ շղարշով կը պատուի եւ որպէս ապրուած օրուան մը հաւաստիք կը դրոշմուին պահերը անհատին անցեալի տետրէն էջ մըն ալ լեցնելով: Մութ շղարշը յամր քայլերով կը պարուրէ վերջալոյսը, ինչպէս աղջամուղջը կը ճեղքէ լոյսը եւ մութին նախաքայլերը կը պատրաստէ իր բազմերանգ էութեամբ: Լոյսին կը խառնուի կրակը՝ կարմիր, դեղին, նարնջագոյն, գինեգոյն..., որ այրելով կը մոխրանայ եւ սողուն այրուցքը իր ճամբուն ընթացքին ամէն ինչ կը դարձնէ սեւ, մութ, մռայլ...:

Անդորրութիւն մը, երբ թռչուններուն երգեցողութիւնը հոս ու հոն լռիլ կը սկսի, կ՚անհետանայ, երբ երամներէն վերջին ծիծեռնակները սուլոցներով կը դառնան իրենց բոյները, երբ փողոցը խաղացող մանուկներուն վերջինը տուն կը կանչուի, երբ մարդը հաշուեյարդարի կը նստի իր ապրած, փորձուած ու չսորվածին հետ:

Բնութիւնն ու մարդը ննջելու սեմին են, ամէնօրեայ նինջը անոնց թուխ ամպերուն տակ, կարծես մայր մը կը շշնջայ անբարբառ օրօրոցային մը եւ քնաբերի մը ազդեցութեան տակ գտնուողներու պէս կամաց-կամաց կը փակուին աչքերը շնչաւորներուն: Օրօրը ամէն օր կը փոխուի, ամէն օր հինին վրայ կ՚աւելնայ հնչիւն մը նոր կամ կը պակսի անկէ, ինչպէս մեզմէ՝ մայրերէս իւրաքանչիւրը օրօր մը կը յօրինէ իր իւրաքանչիւր ծնունդ տուածին անունով, մէկը միւսէն տարբեր, բայց նոյն մաղթանքը, նոյն աղօթքը, նոյն բարի կամեցողութիւնը պարունակող:

Մարդը ինչեր սորված է բնութենէն: Աշխատասիրութիւն՝ մրջիւններուն նման օրն ի բուն, երաժշտութիւն՝ ծառերուն սօսափէն, գետերուն կարկաչէն, մեղուներուն բզզիւնէն, թռչուններուն գեղգեղանքէն, որ միլիոնաւոր տեսակներ ու ձայներ ունին, պար՝ կենդանիներէն, որոնք բնազդաբար ձեւերով կ՚արտայայտեն իրենց երջանկութիւնը կամ հրճուանքը զուգուելու պահուն, նկարչութիւնը...: Արուեստներու ակունք է բնութիւնը:

Ահա ամայանալ սկսող լճափին կ՚երեւին սլացիկ բարտիները, որոնք ծափծփանքով կը բերեն համերգին իրենց մասնակցութիւնը, քիչ անդին ինքնաբուս օձապտոյտ ճիւղերով արիշը կը թափահարէ իր նորածիլ թարմութիւն բուրող կանաչ, փափուկ տերեւները, լիճը իր խաղաղ ալիքներով կ՚օրրէ զանոնք, կը պատրաստէ խաղաղ գիշերուան: Հոն լքուած խրճիթ մը կ՚երեւի լիճին խոնաւութենէն մամռապատած, կանաչած ու խոտերը յատակէն բարձրացած, կարծես անտառին մէկ անշունչ անկիւնը պատուած մեկուսարան մը ըլլայ, ուր գողտրիկ ինչե՜ր տեղի ունեցած են ու կ՚ունենան...: Քիչ անդին ծունկէն թեւաւորուած ծառ մը պարծենկոտ հմայքով իր կանաչութիւնը, թարմութիւնը կը ցուցադրէ եւ կարծես կը յոխորտայ ի տես իր կողքի չորցած, ձմրան մռայլութիւնը շալակին առած կեռասենիին, որ անցեալ տարի շա՜տ կանաչ ու հմայիչ էր. անցեալ ամառ կանաչ, հիմա՝ տարի մը ետք՝ չոր, վաղահաս մահացողի մը կերպարանքը հագած:

Լիճը իր մանր կոհակներով սփոփանք կը պարգեւէ, ցերեկուան տօթէն սթափում, թարմացում. հոն թռչուն մը, լիճին վրայ թառած, կտուցով ալիքներուն հետ կը խաղայ, մէյ մը գլուխը կը մխրճէ կոհակներուն մէջ, մէյ մը թեւերը կը թափահարէ՝ կ՚երեւի այդպէս ջուրը կը տարածէ ամբողջ մարմնին, լոգանք կ՚առնէ:

Ինչե՜ր սորված ենք բնութենէն...:

Ագռաւները սաւառնիլ սկսան լիճին վերեւը, մէկը եղաւ երկու, երեք, չորս, հաւաքուեցան անոնք ջուրին ալիքներով զովացող թռչնիկին վերեւը... ո՛չ, փախիր թռչնիկ. խիճ մը նետեմ գետնէն. հեռու է, չհասաւ..., նորէն փորձեմ. դրաձեալ չհասցուցի, ոչ իսկ շարժեցան ագռաւները. նորէն փորձեմ եւ մի քանի անգամ եւս..., ո՛չ..., վերջին խիճը ձեռքս մնաց, թռչնիկը՝ ագռաւին կտուցին վրայ է արդէն բարեկամ ագռաւներուն ընթրիքի պատառ ըլլալու պատրաստ...:

Խեղճ թռչնիկ, անտառին օրէնքը չէի՞ր գիտեր, զգուշացուցի որ զգաս, հեռանաս. գիտեմ քանի, ինչպէս ամբողջ մարդկութիւնը գիտէ եւ միշտ կը կիրարկէ՝ «ուժեղը կը տիրէ, տկարը կը տրորուի»...:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2020