ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՐԻՒՆՈՏ ԱՒԱԶԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ

Անկասկած, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ տուն մուտք գործելէն ետք, Միջին Արեւելքի համար նորութիւններ երեւան պիտի գան:

Ընդունուած խօսք է, որ ԱՄՆ-ի նախագահական համակարգով գործող իշխանութեան համար անհատները մեծ ազդեցութիւն չեն ունենար, հապա այդ «կայսրութեան» յատկապէս արտաքին քաղաքականութիւնը երկար տարիներու մշակման արդիւնք կ՚ըլլայ:

Ուրեմն պէտք է հասկնալ, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ գործադրուող քաղաքական եւ դիւանագիտական գործընթացները մէկ հոգիով չէ որ կը կառավարուին: Այլ կերպ ըսած, անձերը, կամ այս պարագային նախագահը չէ որ կ՚որոշէ նախօրօք գծուած ծրագրին գործադրուիլը կամ յետաձգուիլը:

Եթէ այս հաշուարկով մօտենանք խնդրին, ուրեմն շատ բան պէտք չէ ակնկալել ԱՄՆ-ի 45-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփէն, որ որպէս նախագահ Սպիտակ տուն մուտք պիտի գործէ յառաջիկայ տարուան Յունուարին:

Բայց խորքին մէջ այդպէս չէ:

Շատերու կողմէ որպէս «քաղաքական երկրաշարժ» բնութագրուած այս ընտրութիւնը, միայն ներքին ազդակներու վրայ հիմնուած ալ չէ: Ընտրութիւններուն առընթեր կարեւոր դերակատարութիւն ունին Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ յատկապէս մեր հայեացքներուն կիզակէտը դարձած միջին արեւելեան քաղաքականութիւնը, որ վերջին տարիներուն աւերիչ եղաւ այս աւազանին շուրջ ապրող բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար:

Այստեղ առարկելու ալ չէ, որ վերջին տարիներուն արեան եւ վառօդի շուրջպարին մէջ ապրող ժողովուրդներու տառապանքին համար պատասխանատուութեան կարեւոր բաժին դրուած է ԱՄՆ-ի ուսերուն, որովհետեւ ան ամէն բանէ առաջ հզօր երկիր մըն է:

Վերադառնալով Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան, պէտք է անպայման զուգահեռ մը գծելով առանձնացնել Մոսկուա-Ուաշինկթըն կապը եւ յետթրամփեան Ամերիկային հանդէպ Ռուսաստանի ընդհանուր կեցուածքները:

Այստեղ տեղին կը համարեմ նշել, որ Տանըլտ Թրամփի ընտրութեան լուրէն անմիջապէս ետք լրատուամիջոցներուն մէջ հասանելի դարձաւ անոր նախագահական ընտրարշաւի խորհրդականներէն՝ Քարթըր Փէյճի կատարած յայտարարութիւնը: Փէյճ, որ կը համարուէր Թրամփի մօտ «Մոսկուայի ականջը», կը յայտնէր, որ «յաղթանակի այս գիշերը կարեւորագոյն գիշերն է Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի համար»: Փէյճ, որուն «Մոսկուայի մարդ» ըլլալուն մասին տասնեակ հրապարակումներ եղած էին, ստիպուած էր լքել իր պաշտօնը եւ ներկայ փուլին շրջանառութեան մէջ են, թէ ան կրնայ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կարեւոր դիրք մը զբաղեցնել։ Ամէն պարագայի Փէյճի խօսքերը նախանշան էին, որ Մոսկուա անձկութեամբ կը հետեւէր աշխարհի կիզակէտը համարուող այդ իրադարձութեան եւ այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ, երկու հզօր տէրութիւնները կանգնած են նոր փուլի մը սկսելու հոգեբանական հանգրուանին առջեւ:

Բնականաբար Մոսկուայի համար այս նոր յարաբերութիւններու առաջին փորձաքարը պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքը:

Բացի այդ, յստակ է նաեւ, որ Միջին Արեւելքի տարբեր «թէժ կէտերու» մէջ եղող կողմերը նոյն անձկութեամբ կը սպասեն ԱՄՆ-ի նախագահի առաջին կեցուածքներուն:

Պէտք չէ բացառել, որ փորձագիտական շրջանակներուն մէջ շատ յաճախ շրջանառութեան մէջ կը դրուի այն հանգամանքը, որ Սպիտակ տուն հասնող ոեւէ նախագահ կը դրժէ իր նախընտրական շրջանի բոլոր խոստումները եւ հանրութեան կը ներկայանայ բոլորովին նոր ոճով: Սակայն խնդիրը այն է, որ այս հանգրուանին այն վիճակին մէջ յայտնուած են Իրաքը, Սուրիան եւ Եէմէնը, որ շատ սակարկութեան տեղ չկայ:

Հոն վէրքերը դարձած են արիւնոտ պալար եւ որեւէ սխալ միջամտութեան մը պարագային այդ տեղերու քաղցկեղը կրնայ տարածուիլ այլ ափեր եւ հասնիլ մինչեւ... հեռաւոր Ամերիկա:

Ուրեմն նոյնինքն Թրամփ խուսանաւելու տեղ չունի: Ան պարտաւոր է հարցերուն մօտենալ ամենայն լրջութեամբ եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու Մոսկուայի հետ միատեղ մտածել հնարաւոր լուծումներու մասին:

Ճիշդ է, որ Նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակարգին կողմէ Թրամփի ուսերուն պիտի դրուին բաւականին վտանգաւոր եւ ծանրակշիռ թղթածրարներ։ Բայց եւ այնպէս, Տանըլտ Թրամփի համար լուծումներու ընդհանուր տեսադաշտը աւելի հասանելի է ու այդ մէկը պայմանաւորուած է մի քանի հանգամանքներով: Նախ անոր համար, որ Թրամփի «ձեռքերը մաքուր են»: Ան քաղաքական կենսագրութիւն չունի եւ անոր նպատակը չէ իր անցեալի գծած ուղիով քալել: Ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ Թրամփ քաղաքական ուղի ալ չունի:

Յստակատես է ԻՇԻՊ-ի վտանգին դիմաց, բայց, օ րինակ՝ Սուրիոյ հարցերուն առընթեր յստակ կեցուածք կամ տարազումներ չունի: Առիթով մը խօսելով Սուրիոյ նախագահին մասին, ըսած է. «Էսատը Օպամայէն եւ Հիլըրի Քլինթընէն լաւ է»: Ան չէ խօսած կամ իր գնահատականը չէ տուած Էսատի մասին, բայց վստահօրէն ձեւակերպած է, որ իրեն համար Էսատին իշխանութենէն հեռանալը գերագոյն կամ առաջնային նպատակ մը չէ:

Եթէ փորձենք արագ հայեացք մը նետել մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ Թրամփի նախագահ ընտրուելուն վերաբերեալ հնչած խօսքերուն, յստակ պիտի դառնայ, որ թէ՛ Սուրիոյ իշխանութիւններ եւ թէ Արեւմուտքի կողմէ որպէս «չափաւորական ընդդիմութիւն» ճանչցուած զինեալ խմբաւորումները դրական նշաններ տուին անոր նախագահ դառնալուն առընչութեամբ: Օրինակ՝ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի խորհրդականը՝ Պուսայնա Շահպան յայտարարութիւն մը ընելով ըսաւ, թէ Թրամփի յաջորդ քայլերը ցոյց պիտի տան, թէ Ամերիկայի նոր նախագահը որքանով միտուած է պայքարիլ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ:

Անշուշտ հոս խօսքը իրական պայքարի մասին է։ Որովհետեւ Սուրիոյ կողքին Ռուսաստան եւ Իրան եւս տարբեր առիթներով այս նիւթին անդրադառնալով՝ յայտարարած են, թէ Արեւմուտքը ահաբեկչութեան դէմ իր սկսած արշաւին «լրջութեամբ» չի վերաբերիր:

Այս առումով մեր մտքերուն մէջ է ամերիկացի ծերակուտական եւ «չափաւորական ընդդիմութեան» ջատագով (յատկապէս Սուրիոյ Ազատ բանակին կողմնակից) Ճոն ՄըքՔէյնի այս մասին ըրած մէկէ աւելի յայտատարութիւնները: Երբ միջազգային դաշնակից ուժեր սկսան օդային հարուածներ կատարել թիրախ դարձնելով յատկապէս ԻՇԻՊ-ի դիրքերը՝ ՄըքՔէյն ըսաւ. «Մեր կործանիչները գրոհներ կատարելու կ՚ելլեն, բայց առանց հարուածներ տալու իրենց խարիսխները կը վերադառնան»: ՄըքՔէյնի խօսքը ուշադրութեան չարժանացաւ, հակառակ անոր, որ ամերիկացի գործիչը տարբեր առիթներով այցելած էր Սուրիա եւ մօտէն կը ճանչնար գետնի ընդհանուր իրավիճակը:

Այս բոլորին առընթեր Թրամփի քաղաքականութեան առաջին «մկրտարան»ը Միջին Արեւելքն է։ Յստակ է նաեւ, որ անոր քաղաքականութեան այդ երկիրներու մէջ յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը՝ ի րենց անմիջական ազդեցութիւնը պիտի ունենան Եւրոպայի մէջ սկիզբ առնելիք փոփոխութիւններուն վրայ, որոնց առաջնահերթն է Ֆրանսան, ուր յառաջիկայ տարի պիտի կայանան նախագահական ընտրութիւններ:

Տակաւին յստակ չէ, որ Տանըլտ Թրամփ ի՛նչ վարկանիշով պիտի աւարտէ իր նախագահական ղեկը ստանձնելու 100-րդ օրը, սակայն երեւելի է, որ Միջին Արեւելքի մէջ այսօր տիրող համատարած անորոշութեան վերջ պիտի տրուի:

Դրական պիտի ըլլայ այդ փոփոխութիւնը կամ ժխտական՝ յստակ չէ, սակայն պարզ է նաեւ, որ որեւէ փոփոխութիւն կամ փոփոխութեան ճիգ իր մէջ դրական եզրագիծեր ունի:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 12, 2016