ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՒ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

27 սեպտեմբերին ընթացք առած եւ մինչեւ 9 նոյեմբեր շարունակուած Արցախի պատերազմը տակաւին երկար ժամանակ քննարկման առարկայ պիտի դառնայ։ Սա ո՛չ միայն երկու կողմերուն կրած մեծ կորուստներու իրական պատճառները գտնելու, այլ նաեւ՝ պատերազմական առումով որոշ խնդիրներու բացայայտման համար է։

Երբ ռազմական գործողութիւնները հասած էին իրենց գագաթնակէտին, ամերիկացի մէկէ աւելի վերլուծաբաններ նիւթեր հրապարակեցին, թէ Պաքու այս պատերազմը կը մղէ կիրառելով ամենաարդիական զէնքերն ու միջոցները, նաեւ համալրելով «5-րդ սերունդի պատերազմ» մօտեցումը։ Անոնք մեծ հաշուով իրաւացի էին, որովհետեւ զէնքի ու զինամթերքի արդիական տեսականիէն բացի, Պաքու գործի կը դնէր օդային հարուածներու այնպիսի համակարգ մը, որ կը թիրախաւորէր հայկական զօրքերու թիկունքը ու աւելի վերջ ալ կը ստեղծէր Ատրպէյճանի բանակի յառաջխաղացը ապահովող կարեւոր պայմաններ։ Ի դէպ, պէտք է անպայման հաշուի առնել, որ հակառակ զանազան ճակատներու վրայ գործադրած մեծ ճիգերուն, Ատրպէյճանի բանակը կարողացաւ միայն շփման գծի հարաւային հատուածին ուղղութեամբ երեւելի եւ արագ յաջողութիւններ արձանագրել։ Սա այն հատուածն է, որ կը հատէ Արցախ-Իրան սահմանային գիծը. բան մը, որ մեծ հարցականներու դուռ պէտք է բանայ հայկական կողմին համար։ Պէտք է բարձրացնել էական հարց մը. ինչո՞ւ Ատրպէյճան կրցաւ նամանաւանդ այդ ուղութեան վրայ արձանագրել իր յաջողութիւնները։ Դաշտային պայմաններ, Իրանի դիրքորոշում, բայց մանաւանդ՝ սահմանային այդ հատուածին վրայ հայկական կողմի մեծ թերութիւններու եւ նոյնիսկ զգալի թուլութեան երեւումը… Այս բոլորին վրայ աշխատեցաւ Պաքուի զօրահրամանատարական կազմը։

Այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ վերջին օրերուն այս խնդրին մասին խօսեցաւ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախկին նախագահ զօրավար Արտակ Դաւթեանը, հարցազրոյց մը տալով «Ազատութիւն» ռատիօկայանին։ Պատերազմական թերութիւններու մասին խօսելով՝ ան  նշեց, որ որեւէ պատերազմի պարագային, որեւէ թշնամի կը փորձէ տարբեր ուղղութիւններով տարաբնոյթ գործողութիւններ իրականացնել ու եթէ անգամ մը այդ ճակատներէն մէկուն վրայ զգայ իր հակառակորդի թերութիւնները, ապա ամրօրէն կը սեղմէ իր թշնամիին «ցաւած տեղ»ը ու այդ կէտին վրայ աշխատելով կը փորձէ յառաջ երթալ։ Սա է, որ իրականացուց Ատրպէյճան ճակատի հարաւային ուղղութեան վրայ եւ կարողացաւ «կոտրել» պաշտպանական բոլոր օղակները ու այդպէսով ալ հասաւ մինչեւ Շուշիի պարիսպները։

Ամէն պարագայի, այս բոլորէն անդին ու վերադառնալով վերը նշուած հիմնական գաղափարին՝ հարկ է ընդգծել այն միտքը, թէ այս պատերազմը մասնաւորապէս «5-րդ սերունդ»ի պատերազմ մըն էր։ Ան առաջինն էր Կովկասի մէջ եւ հայկական կողմը մեծ դասեր ունի քաղելիք՝ ամրագրելու համար, որ այսուհետեւ պատերազմները «ֆետայական պատերազմ»ներ պիտի չըլլան։ Տարբեր պիտի ըլլան անպայման՝ արդիական զէնքերու եւ արդիական մօտեցումներու եւ գրոհներու պատերազմներ…

ՀԱՅ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆ ՈՒ ԲԱՆԱԿԸ

Միջուկային ֆիզիքոս, Մասաչուսեցի փորձագիտական կաճառի (MIT) դասախօսներէն Արեգ Տանակուլեան հրապարակած է ուշագրաւ նիւթ մը, որու մէջ կարեւոր տուեալներ կը ներկայացնէ, նաեւ կը հաստատագրէ այն պայմանները, որոնց հետեւանքով հայկական կողմը կրեց ծանր  պարտութիւն։ «Սիվիլնեթ»ի կայքէջին վրայ լոյս տեսած է այս յօդուածը, ուր կը նշուի, թէ պատերազմը վերջապէս աւարտած է։ Մարտական գործողութիւններուն ժամանակ հայկական կողմը տարաւ որոշ փայլուն յաղթանակներ՝ Ատրպէյճանին հսկայական կորուստներ պատճառելով, բայց նաեւ կրեց ցաւալի պարտութիւններ: Թէեւ երկար ժամանակ կը պահանջուի պատերազմի փորձը ուսումնարիրելու համար, բայց, այսօր արդէն որոշ ուրուագիծեր պարզ կը դառնան: Հայկական կողմի կորուստներու մեծագոյն մասը կապուած է անոր փորձագիտական թերութիւններուն եւ Ատրպէյճանի փորձագիտական առաւելութիւններուն հետ: 5-րդ սերունդի զինամեքենաները, փաստօրէն, որոշեցին այս պատերազմի ճակատագիրը: Հայաստանն ու սփիւռքը ունին գիտական խարիսխ եւ գիտնականներու մեծ փաղանգ մը, որ կրնայ ու պէտք է մասնակցի պաշտպանութեան փորձագիտական ուժեղացման գործին:

«Միանգամայն խոստովանիմ, թէ ես խաղաղութեան մեծ կողմնակից մըն եմ, նոյնիսկ, կ՚ըսէի՝ խաղաղապաշտ (pacifist) եմ: Որպէս ֆիզիքոս՝ ես կ՚աշխատիմ միջուկային զինաթափման բնագաւառէն ներս: Բայց նաեւ քաջ կը հասկնամ բան մը, թէ հակառակորդիդ մէկ ձեռքովդ ձիթենիի ճիւղ պարզելու ժամանակ՝ միւս ձեռքդ պէտք է պատրաստ ունենաս լաւ սրուած եւ կոփուած թուրը: Առանց վերջինին ձիթենիի ճիւղերը կը դառնան վառարանի մթերք», նշած է գիտնականը ու շեշտած՝ որ այս պատերազմով պարզուեցաւ, թէ հայկական կողմի թուրը բաւական կոփուած չէր, իսկ զայն կառավարող ձեռքը՝ անբաւարար մարզուած: Այս հրատապ խնդիրը պէտք է ստանայ արագ լուծումներ՝ ինչպէս կարճաժամկէտ, այնպէս ալ երկարաժամկէտ ապագայով:

ՔԱՆԻ ՄԸ ՕՐԻՆԱԿ

Այս պատերազմին Ատրպէյճան արդիւնաւէտ կերպով օգտագործեց թրքական «Պայրաքթար» մարտավարական անօդաչու թռչող սարքեր (ԱԹՍ)՝ թիրախ դարձնելով հայկական զօրքերու հրասայլային շարասիւները, փոխադրամիջոցները եւ կենդանի ուժի կուտակումները: Այդ ԱԹՍ-ներու աշխատանքի որոշ մանրամասնութիւնները յայտնի են: Այդ մէկը կը գործէ լուսաճառագայթային նշանակով (laser designator)՝ թիրախը այսրակարմիր լուսաճառագայթային բիծով «լուսաւորելու» համար: Ան կ՚օգտագործէ հեռակառավարուող ռումբեր, որոնք ունենալով այսրակարմիր տեսախցիկ՝ «կը տեսնեն» բիծը եւ կը շտկեն իրենց անկման հետագիծը՝ մեծ ճշգրտութեամբ խոցելով թիրախը: Անոր հիմնական թիրախը հրասայլի թոյլ զրահաւորուած «կտուրային» հարթակն է: «Կան այլ բազմաթիւ մանրամասնութիւններ, որոնք ես այստեղ չեմ կրնար քննարկել: Իմանալով ծանօթ եւ անծանօթ, բայց կանխատեսելի մանրամասնութիւններ եւ անոնց հետ կապուած ֆիզիքական ու մաթեմաթիքական սահմանափակումներ՝ կարելի է ձեւով մը հակազդել ռումբի կառավարման եւ անձնակազմի կամ զրահամեքենայի թիրախաւորման», նշած է հեղինակը ու թուարկած՝ քանի մը յստակ օրինակ:

Լուսաճառագայթային փունջի արտացոլումը բարդ է եւ կը նկարագրուի Լամպըրթի օրէնքով: Արդեօք կարելի՞ է «մարել» այս արտացոլումը՝ այնպիսի նիւթերով, որոնք կը կլանեն այսրակարմիր լուսաճառագայթները: Թիրախաւորումը նաեւ անհնար կը դառնայ, եթէ արտացոլումը ո՛չ թէ բարդ է, այլ՝ հայելային։ Կարելի՞ է արդեօք ծածկել զրահը հայելային մակերեւոյթով: Եւ վերջապէս, ուրիշ ի՞նչ հնարաւորութիւններ կրնան ըլլալ. օրինակ՝ թիրախաւորումը խափանել աշխոյժ մեթոտներով:

Ըստ յօդուածագրին, պէտք է հասկնալ, թէ ռազմական փորձագիտութեան մէջ «մոգական» բաներ չկան: Օգտագործուած մեթոտաբանութիւնները, նոյնպէս, շատ տարածուած են փորձառական ֆիզիքի եւ «կենցաղային» ելեկտրաճարտարագիտական զանազան բնագաւառներէն ներս: Աւելի՛ն, ըստ որոշ տեղեկութիւններու, կը գործածուին բաւական հնացած մեթոտներ, որոնց արդիւնաւէտութիւնը հրասայլային միաւորումներու դէմ կու գայ ո՛չ թէ անոնց արդիականութենէն, այլեւ՝ այն պատճառով, որ հրասայլը (օրինակ) աւելի հին է լուսաճառագայթային նշանառման մեթոտներուն բաղդատմամբ: «Այս հանգամանքը մեզի պէտք է խրախուսէ։ Հաւանաբար ըլլան տարբեր, մեզի հասանելի ժամանակակից, բայց աժան փորձագիտական մեթոտաբանութիւններ, որոնցմով կարելի է զգալիօրէն նուազեցնել ԱԹՍ-ներու հարուածային հետեւանքները», դիտել կու տայ գիտնականը։

Հեղինակը յօդուածին մէջ բացատրած է նաեւ, որ իբրեւ հայ գիտնական՝ ինչ ըրած է այս ծանր պատերազմի ժամանակ: «Պատերազմի առաջին օրերուն պարզապէս չէի կրնար ինքզինքս գտնել: Կը դիտէի հակառակորդի տարածած ԱԹՍ-ային հարուածներու դաժան տեսահոլովակները, ուր կ՚երեւէր, թէ ինչպէս կը զոհուին մեր ազգի լաւագոյնները: Ու գիշերները չէի կրնար քնանալ: Յետոյ սկսայ մտածել, թէ ինչպէ՞ս է աշխարհի մէջ լուսաճառագայթային թիրախաւորումը: Անմիջապէս ունեցայ քանի մը մտայղացում եւ անոնց օգնութիւնով հասայ շատ պարզ ու կարեւորը՝ աժան փորձագիտական մեթոտներու, որոնք կը կարողանային հայ զինուորներուն տալ վտանգէ զգուշացման վաղաժամ ազդանշան: Արագ կառուցեցի կոպիտ նախատիպ մը: Այստեղ խորհրդակցեցայ քանի մը ծանօթ ֆիզիքի մասնագէտներու հետ: Կապուեցայ Հայաստանի քանի մը գիտնական եւ ճարտարագէտ ընկերներուս հետ եւ սկսաւ այս նախագծի արագ զարգացումը: Ընդամէնը քսան օրուայ մէջ կառուցեցինք քանի մը կատարելագործուած նախատիպեր, որոնք անցան հետազօտման դաշտային պայմաններով: Համոզուած եմ, թէ անոնք շուտով կը վերածուին աշխատող արտադրանքի եւ յոյս ունինք, թէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան օգնութեամբ կը տրամադրուին հայկական զինեալ ուժերուն: Միայն այս հասարակ՝ փոքր (10 սմ. չափով) եւ աժան (5-10 տոլար) սարքը կը կարողանայ ապագայ առճակատման մը պարագային փրկել հարիւրաւոր կեանքեր: Այս ընթացքին մենք տեսանք, թէ ինչպէս ելեկտրաճարտարագէտները, IT մասնագէտները, ֆիզիքոսները եւ զինուորականները միասին կ՚աշխատին՝ խնդրի մը լուծման ուղղութեամբ: Եւ այս բոլորը արդիւնք տուին: Եւ աւելին ըսեմ, որ սա ընդամէնը սկիզբն է: Դեռ կան շատ ու շատ ուրիշ հնարաւորութիւններ, որոնք մենք գտանք մեր աշխատանքին ժամանակ: Անոնց մասին մէկ ուրիշ անգամ», գրած է գիտնականը:

Յօդուածի եզրափակիչ բաժնին մէջ ան մատնանշած է, որ գիտնականներն ու ճարտարագէտները պէտք է միանան ռազմական նշանակութեամբ խնդիրներու վրայ աշխատելու համար: Ճարտարագիտական իւրաքանչիւր նման գիւտ կրնայ հարիւրաւոր զինուորներու կեանք փրկել եւ դիմացի կողմին մեծ կորուստներ պատճառել: Ան կը շարունակէ. «Նախ պէտք է նշեմ, որ այս ընթացքին առերեսուեցանք լուրջ խնդրի մը, որ ինձ մօտ ահաւոր վրդովմունք յառաջացուց: Այս աշխատանքին ժամանակ իմացանք, որ հայ ճարտարագէտներէն քանի մը հոգի զօրակոչուած են առաջնագիծ: Սա սարսափելի սխալ մըն է, որ ցոյց կու տայ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կարճատեսութիւնը: Գիտնականներն ու ճարտարագէտները պէտք է մնա(յի)ն ռազմական նշանակութեամբ խնդիրներուն վրայ աշխատելու համար: Ճարտարագիտական նման իւրաքանչիւր գիւտ կրնայ հարիւրաւոր զինուորներու կեանք փրկել եւ պատճառել մեծ կորուստներ: Այսպէսով լաւ ճարտարագէտ մը կրնայ հարիւրաւոր զինուորներու գործը կատարել: Որպէս պատմական օրինակ՝ 1941-ին, Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն, Խորհրդային Միութեան համար նոյնիսկ ամենայուսահատ օրերուն, գիտնականները ռազմաճակատ չէին ուղարկուեր: Գիտնականներու առջեւ դրուեցան խնդիրներ, որոնց լուծման շնորհիւ անոնք Խորհրդային Միութեան համար ապահովեցին այն արդիական զէնքը, որով պարտութեան մատնուեցաւ՝ մինչեւ ատամները զինուած գերմանական զօրքը: Անոնք պատերազմէն յետոյ ստեղծեցին սովետական միջուկային զինանոցը»:

Հուսկ, յօդուածագիրը նշած է, որ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է իր նպաստը բերէ այս գործընթացին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2020