ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ՝ ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Արամ Խաչատուրեան իր շրջագայութիւններու ժամանակ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է երկիրներու առաջին դէմքերու՝ նախագահներու հետ, անոնցմէ ստացած է հետաքրքրական առաջարկներ, ինչպէս նաեւ արժէքաւոր նուէրներ: «Արմէնփրէս» այս անգամ առանձնացուցած է աշխարհահռչակ յօրինողի հանդիպումները արքայական ընտանիքներու հետ:

ԷԼԻԶԱՊԷԹ ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ ՀԵՏ

Յօրինողը համերգային շրջագայութեամբ Պելժիոյ մէջ եղած է 1960-ին: Էլիզապէթ Բ. թագուհին առողջական խնդիրներու պատճառով չէ կցած ներկայ գտնը-ւիլ անոր համերգին, սակայն աւարտէն անմիջապէս վերջ Խաչատուրեանին մօտեցած է եւ թագուհիի կողմէ հանդիպման հրաւէր փոխանցած: Սիրով ընդունելով հրաւէրը՝ յաջորդ օրը մաէսթրոն իր կնոջ հետ հիւրընկալուած է թագուհիի դղեակին մէջ: «Անոնք ջերմ եւ շատ հետաքըրք-րական զրոյց ունեցած են: Էլիզապէթ թագուհին մեծ ներդրում ունէր արուեստի աշխարհէն ներս, որու մասին կը վկայէ նաեւ անոր անունը կրող միջազգային մրցոյթը: Ան նաեւ ջութակ նուագած է, դասեր առած է յայտնի ջութակահար Էժէն Իզայիէն: Այդ է պատճառը, որ թագուհին ու Խաչատուրեանը մանրամասն զրուցած են արուեստի, երաժշտական ասպարէզի մէջ նորամուծութիւններու, յօրինողի ըս-տեղծագործական ուղիի, Պրիւքսելի սիմֆոնիկ նուագախումբերու մասին: Զրուցած են նաեւ երաժշտութեան ասպարէզի իրենց ընդհանուր ծանօթներու մասին, որոնց կարգին էին աշխարհահռչակ երաժիշտներ», կը պատմէ Արամ  Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Արմինէ Գրիգորեան:

Թագուհին նաեւ քիչ մը տիրապետած է ռուսերէնին, որու մասին կը վկայէ անոր մակագրութիւնը հանդիպումէն յիշատակ մնացած լուսանկարի վրայ: Հանդիպման լուսանկարները այժմ կը պահպանուին թանգարանի պահոցին մէջ:

ՄՈՆԱՔՈՅԻ ԱՐՔԱՅԱԶՆԻՆ ՀԵՏ

1973-ին յօրինողը հրաւիրած են Ֆրանսա, ուր մեծ շուքով նշուած է անոր 70-ամեակը: Այդ շրջագայութեան ընթացքին ան որոշած է այցելել նաեւ Մոնաքօ: Նոյն այդ շրջանին Մոնաքոյի արքայազնը իր տիկնոջ՝ աշխարհահռչակ աստղ Կրէյս Քելլի հետ գտնուած է երկրէն դուրս, սակայն, յօրինողի գալստեան մասին լսելով, իր շրջագայութիւնը կիսատ թողլով՝ վերադարձած է Լոնտոնէն եւ անմիջապէս գացած է այն տունը, ուր իջեւանած էր Խաչատուրեան: Արքայազնը եւս շատ ար-ւեստասէր էր, եւ իր երկրին մէջ երկու տարին անգամ մը կազմակերպած է միջազգային մրցոյթներ եւ փառատօններ՝ նուիրուած յօրինողական արուեստին: 1974-ին կայանալիք հերթական մրցոյթ-փառատօնին ոչ միայն հրաւիրած է մաէսթրոն, այլ նաեւ խնդրած է անկէ գրել նոր ստեղծագործութիւն մը, որ պիտի հնչէր փառատօնի բացման արարողութեան:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՊԱՐՍԻՑ ՇԱՀԻՆ ՀԵՏ

Կրկին համերգային շրջագայութեամբ 1965-ին Իրանի մէջ գտնուող յօրինողի նկատմամբ Պարսից շահը իր համակրանքը ցոյց տուած է՝ երկրին մէջ շրջագայելու համար տրամադրելով իր անձնական ինքնաշարժներէն մէկը: Շահը իր տիկնոջ՝ Տիպայի հետ ներկայ եղած է նաեւ Խաչատուրեանի համերգին, որու ընթացքին հնչած է անոր Երկրորդ սիմֆոնին: Սովորաբար համերգներու աւարտին շահը անմիջապէս լքած է համերգասրահը, սակայն այս մէկը առանձնացած է միւսներէն: Շահն ու տիկինը յոտնկայս ծափահարած են մաէսթրոն, որու արդիւնքին հինգ անգամ պիս եղած է՝ Խաչատուրեան կրկին ու կրկին կատարած է իր ստեղծագործութիւնները: «Այդ մէկը բացառիկ երեւոյթ էր՝ շահի ներկայութեամբ այդքան պիսեր նախապէս բնաւ չէին եղած», նկատեց Գրիգորեան:

Յետոյ շահը իր տիկնոջ հետ գացած է ետնաբեմ՝ մաէսթրոյին հետ զրուցելու, որու մասին կը վկայէ պահպանուող լուսանկարը: Շահը մաէսթրոյին տուած է բազմաթիւ նուէրներ, որոնց կարգին՝ պարսկական բաւականին արժէքաւոր երկնագոյն գորգ մը: Խաչատուրեան զայն բերած է Մոսկուա՝ զարդարելու համար իր մոսկովեան բնակարանը:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

1961-ին, երբ յօրինողը այցելած է Եգիպտոս, օդանավակայանին մէջ զինքը դիմաւորողներու շարքին եղած է նախագահ Ապտէլ Նասըր: Նասըր ներկայ եղած է Խաչատուրեանի համերգին: Մաէսթրոյին յանձնած է նաեւ երկրի բարձրագոյն պատուոյ գիրերէն մէկը՝ արուեստի ասպարէզէն ներս մեծ ներդրման համար առաջին կարգի պատուոյ գիր: Նոյն շրջագայութեան ժամանակ Խաչատուրեան հանդիպած է նաեւ Հարաւային Սլաւիայի նախագահ Թիթոյին հետ:

ԱՆՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2018