ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (13)

Քրաք

կոտրեցին գաճը Զանայի ոտքին։ Հանեցին զայն։

Ազատ էր ան, ազատ էր Զանան։

Ամիս ու շաբաթ մը տեւած ազատազրկուած կեանքը հասած էր վերջապէս աւարտին։ Դեռ ատեն մը անթացուպով, ետքն ալ կաղալով պիտի քալէր, ըսաւ բժիշկը։ Բայց հիւանդանոցէն Ֆարզատ քեռիենց տուն ճամբուն վրայ Զանան արդէն հասկցաւ, որ ազատած էր այդ բեռէն. անթացուպերը շուտով պիտի կարենար նետել մէկ կողմ։ Նոյնիսկ մտածեց, որ կրնայ քեռիենց բակը ձգել, ծառին տակ. թող այդ վատ յիշատակը այդ բակին ու տան մէջ մնար, որոնք, չնայած ամիս մը անցած էր Թեհրան հասնելէն, բայց այդպէ՛ս ալ խորթ մնացած էին իրեն։

Մշակութային խոշոր պատ մը կար իր ու քեռիին ընտանիքին միջեւ։ Թէեւ մօր մօտ ալ որոշ գիծ մը կար կրօնական, բայց շատ մեղմ. թերեւս ալ հօր ձախակողմեան աշխարհայեացքի ճնշման տակ՝ մեղմացուած, կը մտածէր հիմա Զանան։ Մօրեղբայրն ու ընտանիքը սակայն ամբողջովին այլ կերպ կ՚ապրէին, այլ էր իրենց առաւօտը, իրենց ճաշի սեղանը, իրենց հիւրերու տեսակը, իրենց ներտնական յարաբերութիւններու ձեւը։ Խիստ պահպանողական ու կրօնական փոքրիկ կազմակերպութիւն մը ըլլար կարծես այդ դռնէն ներս, բեւեռացուած քեռիին շուրջ, ինչ որ ամենէն աւելի անտանելին էր Զանայի համար։ Իրենց տունն ալ հայրը սեղանի գլխուն կը նստէր, մայրն ու մեծ մայրն էին խոհանոցի գործերը ընողը։ Բայց հայրը երբեք չէր ճնշած իր մօր ու քրոջ. մինչդեռ քեռին խստօրէն կը վերահսկէր անդամները ընտանիքին։ Զանայենց տան մէջ աղօթող չկար, ուր մնաց քննիչ՝ բոլորը աղօթքն ըրե՞ր են, թէ չէ... աղջիկները այնպէս ալ չկրցան Զանայի աչքերուն մէջ ուղիղ նայիլ։ Իրենց սենեակի դուռը միշտ ալ գոց մնաց։ Վատ մարդիկ չէին, ո՛չ քեռին, ո՛չ ընտանիքը, բայց տարբեր էին, եւ անհասանելի Զանային։ Ալ չէր կրնար, ալ չէր ուզեր։

Հիմա, որ ազատ էր ֆիզիքապէս, պիտի ձգեր երթար. որոշեր էր Զանան։ Եւ որոշեր էր առաջին օրէն, երբ մտեր էր բակ։ Ու չէր սխալած փաստօրէն։

Բայց ո՞ւր երթար։

Հասաւ տուն, հրեց դուռը, մտաւ բակ։ Ծառին տակ նստած էր քեռին։

-Վա՜յ Զանա... հանե՛ր ես։

Ուրախութեամբ ոտքի կեցաւ ան։

-Հա քեռի...

ըսաւ Զանան, եւ անմիջապէս, առանց շատ մտածելու հարցուց.

-ճամբորդութիւն չունի՞ս մօտերս։

-Ունիմ, գալ շաբաթ։

-Ու՞ր կ՚երթաս։

-Արմանիստան... Երեւան... ինչո՞ւ։

Վայրկեան մը կեցաւ Զանան։ Մտածկոտ՝ գլուխը վեր ըրաւ, նայեցաւ երկնքին։ Աղաւնի մը անցաւ բակին վրայէն, անհետացաւ։ Անմիջապէս վերադարձաւ, հետը ընկեր մը. երկուքը միասին մի քանի շրջանակ ըրին, յետոյ չուեցին այլ ուղղութեամբ։ Զանան անբացատրելի յուզում մը ապրեցաւ, կարծես թրթիռ մը ինկաւ սրտին, եւ, չհասկցաւ ինչպէ՞ս, բայց շատ ինքնավստահ նայեցաւ քեռիին, ու

-Հետդ պիտի գամ։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020