ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՕՆԻ ՀԱՆԵԼՈՒԿԸ

Հայաստանի քաղաքական վերլուծաբաններէն Աղասի Ենոքեանի հետ համակարծիք ենք։ Խօսքը մասնաւորապէս Երեւանի մէջ «բան մը» փոխելու, վիճակ մը ստեղծելու եւ իշխանափոխութիւնը իրականութիւն դարձնելու մասին է, ինչ որ հեռանկարին վրայ չ՚ուրուագծուիր։ Երեւելի չեն որեւէ տեղաշարժ, ազդեցիկ կամ շրջադարձային դրութիւն, որովհետեւ Երեւանի մէջ փչող քաղաքական քամիները զուրկ են արտաքին նեցուկէ։

Ճիշդ է, որ հակառակ իր բոլոր թերիներուն, ամիսէ մը ի վեր պայքար կը մղէ ընդդիմութիւնը, թէեւ ան ալ իտէալական չէ։ Բայց եւ այնպէս, կը շարունակէ մնալ Ռուսաստանի «սիրելի» շարժումը՝ մէկ պայմանով ու մէկ հասկացութեամբ, թէ ան ո՛չ կրնայ սահմանուած կարմիր գիծերը անցնիլ, ո՛չ ալ կրնայ ստեղծել անկառավարելի այնպիսի դրութիւն մը, որ կրնայ վնասել նախ եւ առաջ Մոսկուային։ Եւ այս իրադարձութիւններով, խորքին մէջ պարզէն աւելի պարզ է, որ մինչեւ յառաջիկայ աշուն քաղաքական մեծ «պայթում» մը, մեծ փոփոխութիւն մը դժուար թէ տեսնենք՝ ո՛չ միայն անոր համար, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը արդէն իսկ կը պատրաստուի ամառնային արձակուրդի, այլ անոր համար, որ Ուքրայնայի պատերազմի ճահիճին մէջ մտած Ռուսաստան անկարող է այս փուլին վճռորոշ քայլերու ձեռնարկելու կամ իր ունեցած բոլոր միջոցները ի գործ դնելու՝ ճնշելու համար Հայաստանի վրայ, թէ ի վերջոյ հասած է Փաշինեանը ճանապարհելու բախտորոշ ժամանակը։

Այս մօտեցումին ճանապարհ տալէ անդին՝ աւելի քան յստակ է, որ ընդդիմութիւնը եւս շատ լաւ հասկցած է, թէ իր պայքարի այս փուլը ընդամէնը «իւղը տաքցնել»ու պահ մըն է, որմէ ետք միայն ընթացք պիտի առնէ երկիրը ամբողջապէս անդամալուծելու եւ Փաշինեանը տուն ղրկելու ժամանակը։ Անշուշտ, կարելի է երկար մտածել այդ հեռացման պայմաններուն կամ բեմագրութիւններուն մասին, սակայն, էականը այդ չէ։ Էականն ու ամենատխուրն է, որ հակառակ անկախ երկիր ըլլալու հանգամանքին, յար եւ նման բոլոր փոքրիկ երկիրներուն՝ Հայաստանն ալ, իր կարգին, չունի իր ներքին քաղաքական կեանքը կայունացնելու եւ նոր էջ մը բանալու իրական ներուժը։ Խնդիրը այստեղ է ու խնդիր է նաեւ, որ ինքնիշխանութեան որեւէ փորձ Հայաստանի մէջ պիտի ենթարկուի մեծ հարուածներու՝ ինչպէս եղաւ Փաշինեանի պարագային, որուն անճարակութիւնը սակայն անմրցելի դրուածքներով «յառաջ գնաց»։

Այս եւ տարածաշրջանային իրադրութիւններու մասին օրերս հեռավար կապով կարծիքը շօշափեցինք Հայաստանի քաղաքագէտներէն Աղասի Ենոքեանի, որ ներկայիս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բնակի։

*

-Բնականաբար, կը հետեւիք Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններուն։ Հեռուէն դիտարկելով ի՞նչ կարելի է ըսել առկայ գործընթացներու մասին։

-Որքան որ կարելի է հեռուէն հետեւիլ այդ իրադարձութիւններուն, ունիմ այն տպաւորութիւնը, թէ հիմա ջիղերու պայքարի փուլն է։ Նիկոլ Փաշինեանի ջիղերը խախտուած են եւ այդ իսկ պատճառով է, որ տեղի կ՚ունենան ոստիկանական բռնարարքներ։ Սակայն, ակնյայտ է, որ ընդդիմութիւնը չընկրկեցաւ ու աւելի ակնյայտ է, որ իշխանութիւնն ալ հրաժարական տալու մտադրութիւն չունի։ Այս բոլորին վրայ կը գումարուի արտաքին քաղաքական հաստ շերտը։ Մէկ կողմէ կայ Հայաստանի իշխանութիւններուն արագացուցած եղանակներով «խաղաղութեան» բանակցութիւններ յառաջ տանելու միտումը։ Իսկ միւս կողմէ կայ Արեւմուտքի աճապարանքը՝ օգտուելու Ուքրայնայի պատերազմին հետեւանքով բաւականին ծանրաբեռնուած Ռուսաստանի ազդեցութիւնը նուազեցնելու համար։

-Կայ տեսակէտ մը, թէ ընդդիմադիր շարժումի հիմնական նպատակն է առաջնորդուիլ Ռոպերթ Քոչարեանի շահերով կամ սպասարկել անոր շահերուն։ Կա՞յ այդպիսի բան եւ կամ հանրութիւնը ընդհանրապէս կո՞յր կը ձեւանայ գործող իշխանութիւններու Հայաստանին հասցուցած վնասներուն նկատմամբ ու անոր համար ալ կը փորձէ ամէն ինչ բարդել նախկին իշխանութիւններու ուսերուն։

-Ռոպերթ Քոչարեան ընդդիմութեան ամենանախընտրելի թեկնածուն է։ Ընդդիմադիր շարժման առաջնորդներէն շատեր անոր խմբակիցներն են։ Կայ նաեւ խնդրի աշխարհաքաղաքական բաղադրիչը, որ նաեւ բարենպաստ է Քոչարեանի համար։ Այնպէս որ, նոր իշխանութիւն մը ձեւաւորելու ամենահաւանական թեկնածուներէն մին կը շարունակէ մնալ նոյնինքն Ռոպերթ Քոչարեան։ Սակայն այս դիմադրութեան շարժման նպատակը նախ եւ առաջ Նիկոլ Փաշինեանը հեռացնելն է, անոր վարած քաղաքականութեան դէմ կանգնիլը եւ ո՛չ թէ մէկու մը շահերուն ծառայելը։ Շարժման ընթացքին նոր առաջնորդներ ի յայտ կու գան եւ երբ իշխանութիւն ձեւաւորելու պահը գայ, տակաւին շատ զարգացումներ կրնան ըլլալ։ Այնպէս, որ հիմա միայն Ռոպերթ Քոչարեանի մասին խօսիլը, կը կարծեմ, շատ վաղաժամ է։

-Միւս կողմէ, ընդդիմադիր շրջանակներ վերլուծութիւններ ընելով միշտ կը նշեն, որ «Նիկոլը բռնի ուժով պիտի ստորագրէ որեւէ թուղթ մը» եւ կամ «ինք պիտի մնայ աթոռի՛ն վրայ այնքան ժամանակ, որ դեռ ընելիք ունի»։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք նման վերլուծութիւնները։

-Փաշինեան արդէն ընելիք չունի։ Անոր կողմէ որեւէ թուղթի ստորագրումը հիմա մեծ արժէք չ՚ունենար, ուշադրութիւն դարձուցէ՛ք, որ 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր անհրաժեշտ օրինականութեամբ գոյութիւն չունի որեւէ միջազգային փաստաթուղթ, որ անցած ըլլայ Ազգային ժողովէն կամ Սահմանադրական ատեանէն եւ միւս անհրաժեշտ գործընթացներով։ Հարցը փաստաթուղթը չէ, այլ առանց որեւէ հիմքի տարածքներ յանձնելն ու անվտանգութեան սպառնալիքներ ստեղծելն է։ Ճիշդ այս առումով ալ ռազմական գործողութիւններու վտանգը այժմ առկայ է, որովհետեւ ներկայ իշխանութիւններու կողմէ չեն բացառուիր նմանատիպ գործողութիւններով զիջումները։ Ամէն պարագայի, այսպիսի պատերազմէ վերջ անվտանգութեան համար անհրաժեշտ էր ուժգին բանակաշինութիւն, որու հետքն իսկ չենք տեսներ ու եթէ ռազմական գործողութիւնները ըլլան ոչ նմանատիպ, այլ իրական, այս քաղաքականութեան շարունակման պարագային չեմ կարծեր, թէ «բարեյաջող» վիճակի մը մէջ կը յայտնուինք։

-Վերջերս նկատեցինք, որ Սիւնիքի նկատմամբ տարածաշրջանային մեծ հետաքրքրութիւն կ՚արտայայտուի։ Ի՞նչ են պատճառները։

-Մէկ կողմէ Սիւնիքը Ատրպէյճանը կը կապէ Նախիջեւանին ու այնուհետեւ՝ Թուրքիոյ հետ, իսկ միւս կողմէ ծովէ զուրկ Հայաստանը երկու ոչ-թշնամի հարեւաններէն մէկուն՝ Իրանին հետ կապող միակ ուղին է։ Իրան նոյնպէս շրջափակուած է ոչ-բարեկամական երկիրներու գօտիով եւ Հայաստանի հետ կապը անոր համար նոյնպէս ունի մեծ նշանակութիւն։ Հաշուի առնելով, որ այսօր Իրանն ու Թուրքիան Սիւնիքի մէջ իր զօրքերով կանգնած Ռուսաստանի շուրջ կը հիւսեն ո՛չ միայն տարածաշրջանային, այլեւ համաշխարհային նշանակութեամբ թնճուկներ՝ Սիւնիքի հարցը կը ստանայ շատ մեծ կարեւորութիւն։

-Ինչպէ՞ս կարելի է Հայաստանի ներքին քաղաքական թնճուկը հանգուցալուծել։ Ի՞նչ են հաւանական ուրուագիծերը։

-Պարզ է, որ հաւանական ուրուագիծերու երկու տարբերակ կայ. կա՛մ Փաշինեան կը մնայ իշխանութեան գլուխ, կամ զինք կը հեռացնեն։ Աւելի հաւանական է երկրորդը, որովհետեւ այժմ վարչակարգը ամբողջովին կորսնցուցած է իր օրինականութիւնը, անոր իշխանութեան հիմքը «նախկիններ»ու նիւթի օգտագործումն է եւ միւս կողմէ ալ ուժային կառոյցներէն՝ ոստիկանութենէն կառչիլը։ Այս առումով վերջին գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ Նիկոլ Փաշինեան բռնութիւններով չի զիջեր նախկիններուն։ Ոստիկաններն ալ, որքան որ ալ մօտիկ ըլլան իշխանութեան, աստիճանաբար կու գան այն գիտակցութեան, թէ իրենց կը ստիպեն յանցագործ դառնալ։ Այս բոլորէն անդին, սակայն, աւելի քան յստակ է, որ հանգուցալուծման մէջ մեծ դեր պիտի ունենայ արտաքին քաղաքական գործօնը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2022