ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ՝ ՇՈՒՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ…

Ինչպէս քանիցս ըսած էինք, ամերիկացիներուն համար՝ ընտանի կենդանին ընտանիքի հարազատ մէկ անդամը կը համարուի։ Ըստ պաշտօնական տեղեկագրութեանց, ուրեմն ամերիկացի ընտանիքներուն 68 տոկոսը ունի առնուազն մէկ ընտանի կենդանի։ Առ այդ՝ ամերիկացի ընտանիքներուն մէջ կան 90 միլիոն շուներ եւ 94 միլիոն կատուներ։

Գաղտնիք մը չէ, որ մարդիկ իրենց ընտանի կենդանիներու բարօրութեան համար չեն զլանար հազարաւոր տոլարներ ծախսել։ Ընտանի կենդանիները ունին իրենց յատուկ հիւանդանոցները, գերեզմանատուները, պանդոկները եւ այլն։

Գաղտնիք մը չէ նաեւ այն իրականութիւնը, որ ընտանի կենդանիները կը վախնան շտապօգնութեան ինքնաշարժներու անախորժ ահազանգէն, հրավառութեան (fireworks) ստեղծած ձայնէն եւ մանաւանդ՝ որոտումէն։ Այդ պարագաներուն՝ անոնք թէ՛ կը հաջեն եւ թէ ալ պահուըտելիք տեղ կը փնտռեն, ապահովութեան համար։

Եւ ահա քանի որ Ամերիկան դրամատիրական երկիր մըն է, ամէն «վախ» կ՚օգտագործէ՝ նոր սարքաւորում մը հնարելու եւ շուկայ իջեցնելու։ Ասիկա թէեւ երեւութապէս պահանջքի մը գոհացում տալ է, սակայն խորքին մէջ՝ գործատէրի մը համար դրամ շահելու լաւագոյն միջոցներէն մին է։ Հիմա եկէք խօսինք օրինակներով։

Վերջերս հրապարակ իջած է որոտման շապիկ (thunder shirt) կենդանիներու համար։ Բայց ի՞նչ է նպատակը այս շապիկին։ Իբրեւ թէ կենդանին երբ հագնի զայն (տես նկարը), կը հանդարտի երբ որոտում ըլլայ եւ կը սփոփուի երբ հրավառութիւն տեղի ունենայ։ Իսկ այդ նորաստեղծ շապիկին գինն է 39.95 տոլար։

Վերոյիշեալ շապիկը հնարողները՝ որպէսզի համոզիչ ըլլայ իրենց ապրանքը, տեղեկագրութիւն մը հրատարակած են, ըստ որուն՝ ընտանի կենդանի ունեցողներուն 80 տոկոսը բարելաւում մը նկատած են իրենց կենդանիներու վարուելակերպին մէջ, երբ անոնք հագած են այդ շապիկը։

Բայց նոյն այդ հնարողները կը զգուշացնեն կենդանի ունեցողները, որպէսզի այդ շապիկը պէտք չէ երկու ժամէն աւելի հագած ըլլայ, շունը կամ կատուն։

ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԷՆ ԲԱԶՄԱՄԱՐԴ ԸՆՏԱՆԻՔԸ…

Rigley՚s Believe it or Not պարբերաթերթի մրցանակին արժանացած այդ ընտանիքը կը բնակի Հնդկաստանի Միզորամ նահանգի Baktawng գիւղին մէջ։

Այդ ընտանիքին հայրը՝ Զիոնա Չանա, ծնած է 7 յուլիս, 1945-ին եւ ցարդ ունի 39 կիներ, 94 զաւակներ, 14 հարսեր եւ 33 թոռնիկներ։ Թիւով՝ այդ ընտանիքը կը բաղկանայ 180 անդամներէ (տես նկարը)…

Ակնարկ մը նետենք մեր հըն-դկական բազմամարդ ընտանիքի առօրեային: Օրինակ մը տալու համար բաւ է յիշել, որ ժում մը կերակուր ուտելու համար անոնք պէտք ունին 100 քկ. բրինձի, 60 քկ. գետնախնձորի եւ 39 հաւերու։ Իսկ օրական երեք ժում ուտելու համար՝ դուք հաշուեցէք, թէ որքա՜ն ուտեստեղէնի պէտք կ՚ունենան անոնք։

Հոս պէտք է յիշել որ ըստ ընտանիքի հօր՝ անոր կիները կը զբաղին կերակուր պատրաստելով, իսկ դուստրերն ալ մաքրութիւն ընելով։ Երբ հարցուցած են իրեն, թէ ինչպէ՞ս կ՚ընտրէ գիշերը որո՛ւ հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալը, ան հետեւեալ ձեւով պատասխանած է. «Ես չեմ ընտրեր, այլ՝ կիներէս ան որ մարմաջ ունի, ինքն է որ քովս կու գայ։ Ես կը խորհիմ, որ կիները իրարու միջեւ կը խորհրդակցին եւ կը համաձայնին, թէ իրենցմէ ո՞վ պիտի երթայ այդ գիշեր եւ վերջ»։

Երբ այս մասին բարեկամի մը հետ կը զրուցէի, անմիջապէս պատասխանեց, թէ ինք մէկ կնոջ հետ դժուարութիւն կ՚ունենայ գլուխ ելլելու։ Իսկապէս 39 կին գոհացնելը դիւրին գործ մը չէ, չէ՞ք խորհիր…

Սա ալ աւելցնեմ, որ պատրաստութիւն կը տեսնեն տօնելու համար Զիոնայի տարեդարձը, որուն հրաւիրեալներու ցանկը կը բաղկանայ 150 կոչնականներէ։ Թէեւ մեծ թիւ մը չէ այս, սակայն երբ իր ընտանիքի 180 անդամներն ալ աւելցնենք՝ ահա քեզի ոչ-արհամարհելի բազմութիւն մը…

Իսկ ինծի կը մնայ շնորհաւորել զինք իր տարեդարձին առիթով եւ մաղթել, որ դեռ շատ երկար ապրի ու բախտաւոր ըլլայ իր ընտանիքով։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2020