ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչն է իմաստութեան սկիզբը:

Պատասխան. Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջ վախն է, բայց յիմարները իմաստութիւնն ու կրթութիւնը կ՚անարգեն (Առ 1.7):

- Այսօրուան աշխարհի մտածողութեամբ, ինչպէս նաեւ անցեալին, Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղը, վախը, նկատուած է թուլութիւն, տկարութիւն, այն ինչ իրականութեան մէջ Տիրոջ նկատմամբ երկիւղ, վախ ունենալը զօրութիւն ունենալու բանալին է, որովհետեւ երբ մարդ Տիրոջ նկատմամբ երկիւղ ունի, յատկապէս եթէ այդ երկիւղը սէրէ մղուած երկիւղ է, եւ ո՛չ թէ պատիժի կամ յանդիմանութեան վախէ, ապա կը նշանակէ, թէ այդպիսին Աստուծմով է, որ կ՚ապրի, եւ ինչպէս Սրբազան Պօղոս առաքեալը կ՚ըսէ՝ «եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8.31): Հետեւաբար, Առակացին ըսածը այս դիտանկիւնէն եթէ նայինք, ապա յստակ կերպով կը հասկնանք, թէ ի՛նչպէս Տիրոջ նկատմամբ երկիւղը, վախը իմաստութեան սկիզբն է:

Սուրբ Անտոն Անապատականը այսպէս կը գրէ Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղի մասին. «Իմաստութեան գագաթնակէտը Աստուծոյ երկիւղն է: Ինչպէս որ երբ լոյսը մութ տուն մը մտնէ, կը լուսաւորէ զայն՝ խաւարը փարատելով. նոյնն է Աստուծոյ երկիւղը, եթէ մարդու սիրտին մէջ մտնէ կը վանէ անկէ տգիտութիւնը եւ իմաստութիւնն ու առաքինութիւնները կը սորվեցնէ»:

Ինչ կը վերաբերի նախադասութեան երկրորդ հատուածին, ուր կ՚ըսէ թէ՝ յիմարները իմաստութիւնն ու կրթութիւնը կ՚անարգեն, Համամ Արեւելցին կը մենկէ ըսելով, այդ յիմարները իսրայէլացիներն էին, որոնք արհամարհեցին, անարգեցին ու մերժեցին Մեսիան՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսը, Որ եկած էր իմաստութիւն շնորհելու եւ կրթելու ամբողջ մարդկութեան, սակայն հրեաները մերժեցին ընդունիլ այդ ձրի պարգեւները: Այսօր ալ պարագան նոյնն է. բոլոր անոնք որոնք կը մերժեն եւ կ՚անարգեն Աստուածաշունչէն եկած բարի լուրը, Աստուածաշունչէն սփռուած լոյսը, ապա այդպիսիները Առակագիրին բնութագրամբ յիմարներ են, այլ խօսքով յիմարութիւն եւ տմարդութիւն է մերժել Աստուծոյ հետեւիլն ու Աստուծոյ կամքէն հրաժարիլն ու մերժելը զայն:

Հ. Ի՞նչ կ՚ընէ ագահութիւնը իրեն անձնատուր եղողներուն:

Պ. Ագահութիւնը իրեն անձնատուր եղողները կը մեռցնէ (Առ 1.19):

- Ագահութեան մասին շատ բան գրուած է, սակայն Առակագիրին հետեւեալ նախադասութիւնը կարծէք այդ բոլոր ասութիւնները ամփոփած է: Անոնք որոնք իրենք զիրենք ագահութեան գերի կը դարձնեն, այդպիսիները անպայմանօրէն մահուան կը դատապարտուին, այլ խօսքով՝ մահը կ՚ըլլայ իրենց բաժինը, որովհետեւ ագահութիւնը ահագնացող մեղք մըն է, որ միայն Սուրբ Հոգիին կրակով կը մարի, իսկ առանց այդ կրակին երթալով կը մեծնայ եւ զայն կրողը մահուան կը հասցնէ:

Ագահութիւնը, արդարեւ, հիւանդութիւն մըն է, աւելի ճիշդ ախտ մըն է, որ կարիք ունի հոգեւոր բուժումի: Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեան այսպէս կը գրէ. «Ագահութիւնը հոգեկան հիւանդութիւն մըն է, եւ աշխարհին մէջ եղած հիւանդութիւններուն՝ ամենէն սարսափելին»: Գիտենք, որ հիւանդութիւնները յատուկ դեղերով եւ բժիշկներու հսկողութեամբ որոշ ժամանակ մը ետք կ՚ապաքինին եւ հիւանդ մարդը կը վերագտնէ իր առողջութիւնը, անշուշտ եթէ տուեալ անձը հետեւի բժիշկներու խորհուրդներուն եւ նշուած ժամերուն ընդունի իրեն յանձնարարուած դեղերը: Նոյն կերպով ալ պէտք է վարուիլ ագահութեան հետ, որ ինչպէս ըսինք հիւանդութիւն մըն է, աւելի ճիշդ քահանայ հօր ըսելով՝ հոգեկան հիւանդութիւն մըն է, որ ֆիզիքական հիւանդութենէն աւելի կարիք ունի բժշկութեան: Ագահութեան մեղքին մէջ եղողին բժիշկը առաջին հերթին Տէր Յիսուս Ի՛նք է, ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ իր դեսպանները (տե՛ս Բ. Կր 5.20 եւ Եփ 6.20), այսինքն՝ հոգեւոր սպասաւորները, եւ տուեալ անձը, որ կը գիտակցի ունեցած իր այդ ախտին, պէտք է ուշի ուշով հետեւի իր հոգեւոր հօր խորհուրդներուն, որպէսզի ազատագրուի եւ կատարելապէս առողջանայ այդ մեղքէն:

Սուրբ Կիպրիանոս այսպէս կ՚ըսէ ագահութեան մասին. «Դրամներդ վատնող մը եւ անոնց գերին ես: Ագահութեան կապերով ու շղթաներով շղթայուած ես, դուն որ անգամ մը Քրիստոս ազատեց քեզ, աւելի ամուր կապանքներու մէջ եղար: Դուն կը պահես դրամդ, կը պահես այն՝ ինչը քեզ չի՛ պահեր»: Ագահութիւնը, հետեւեաբար, ո՛չ միայն հոգեկան հիւանդութիւն մըն է, այլեւ՝ բռնատէր մըն է, որ ամուր կերպով կը բռնէ բոլոր անոնք, որոնք յայտնուած են իր թակարդին մէջ: Մարդ ինչպէ՞ս կրնայ ազատագրուիլ այս գերութենէն: Ճանապարհը դիւրին է, սակայն ագահին համար դժուար գործադրելի. ողորմածութիւն: Այս առաքինութիւնը ի՛նչքան ալ դժուար թուի ագահին համար, սակայն եթէ մարդ կ՚ուզէ ձերբազատուիլ, ապա անպայմանօրէն պէտք է ձեռք ձգէ ողորմութեան առաքինութիւնը, որովհետեւ «հիւանդութեան վերաբերող դեղերուն նման, նաեւ հոգին մեղքերէ մաքրելու համար կան ապաշխարութեան բազմաթիւ ձեւեր. բայց մեղքերէն մաքրուելու եւ վէրքերէն դարմանուելու համար առաքինութիւններու մէջ ամենակարեւորը եւ ամենաազդեցիկը ողորմութիւնն է, մանաւանդ երբ անոր կ՚ընկերակցի ողբը, հառաչանքը եւ գթառատ արտասուքը» (Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետ):

Հ. Ի՞նչ պիտի ըլլայ անմիտներուն, յիմարներուն եւ Տիրոջ խօսքը մտիկ ընողներուն հետ:

Պ. Անմիտներուն խոտորիլը զիրենք պիտի մեռցնէ եւ յիմարներուն անհոգութիւնը զիրենք պիտի կորսնցնէ: Բայց Ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ (Առ 1.32-33):

- Դարերէ եկող փաստացի փորձառութիւնները կու գան հաստատելու Առակագիրին վերոնշեալ տողերը, որովհետեւ պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ բազմաթիւ անմիտներ ու յիմարներ խոտորեցան եւ իրենց անհոգութեան պատճառով կորսնցուցին թէ՛ իրենց կեանքը եւ թէ՛ ալ յաւիտենականութիւնը, մինչ անոնք որոնք ականջ տուին Անտեսանելիի քաղցր ձայնին, անոնք՝ հակառակ այս աշխարհի մէջ դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ ունեցած փորձութիւններուն, սակայն ապահով մնացին եւ անվտանգ նաւարկեցին դէպի Խաղաղութեան Նաւահանգիստ բնակութիւն ապահովելով յաւիտեաններուն մէջ: Պատմութիւնը տակաւին կանգ չէ առած, եւ մարդկութեան մէջ ալ չէ նուազած թիւը անմիտներուն եւ յիմարներուն, միւս կողմէ ալ կան տակաւին մարդիկ, որոնք հակառակ ամէն տեսակի անարգանքի եւ քմծիծաղի, կը շարունակեն աշխարհի ժխորին մէջ լսել Աստուծոյ հանգստացնող եւ խաղաղութիւն պարգեւող ձայնը:

Հ. Ի՞նչ կ՚ըլլայ մարդուն հետ եթէ իմաստութեան հետեւի:

Պ. Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս ու իմ պատուիրաններս քովդ պահես, այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս ու սիրտդ հանճարին բանաս, եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես, եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, այն ատեն Տիրոջը վախը պիտի հասկնաս եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես: Վասնզի իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, գիտութիւնն ու հանճարը Անոր բերնէն են: Անիկա ուղիղներուն համար փրկութիւն կը պահէ. Անիկա ուղղութեամբ քալողներուն վահանն է, որպէսզի արդարութեան ճամբաները պաշտպանէ ու Իր սուրբերուն ճամբան պահէ: Այն ատեն արդարութիւնը, դատաստանը, ուղղութիւնը եւ ամէն աղէկ ճամբայ պիտի հասկնաս: Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ եւ գիտութիւնը քու հոգիիդ ախորժելի ըլլայ, խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ, որպէսզի քեզ ազատէ չար մարդուն ճամբայէն, նենգութիւններ խօսող մարդէն եւ անոնցմէ՝ որոնք ուղիղ ճամբան թողուցեր են, որպէսզի խաւար ճամբաներու մէջ քալեն (Առ 2.1-13):

- Առակագիրը իր գիրքին 2-րդ գլուխին 1-13 համարներուն մէջ իմաստութեան գովքն է, որ կ՚ընէ, թուարկելով իմաստութեան օգուտները: Այսպէս, իմաստութիւնը արծաթի եւ ծածուկ գանձերու կը նմանցնէ, եւ կ՚ըսէ, եթէ մարդ իմաստութիւն փնտռէ, ինչպէս արծաթ եւ ծածուկ գանձեր կը փնտռէ, ապա Աստուծոյ երկիւղը պիտի հասկնայ, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ իմաստութիւնը, գիտութիւնը, շնորհքը պիտի հանգչի իր վրայ, որովհետեւ ինչպէս 1-ին գլուխին մէջ տեսանք, իմաստութեան սկիզբը Տիրոջ վախն է, երկիւղն է, եւ ինչպէս բացատրեցինք այդ երկիւղը սիրոյ ծնունդ է, իսկ ուր որ սէր կայ՝ այնտեղ Աստուած է ներկայ, որովհետեւ «Աստուած սէր է: Ով որ սիրոյ մէջ կը մնայ՝ անիկա Աստուծոյ միացած կը մնայ եւ Աստուած ալ՝ իրեն միացած: Եթէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը այսպէս կատարեալ է մեր մէջ, դատաստանին օրը համարձակ կերպով կը կանգնինք Աստուծոյ դիմաց, որովհետեւ այս աշխարհի մէջ կ՚ապրինք ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս Ինք ապրեցաւ: Սէր ունեցողը վախ չունի, որովհետեւ կատարեալ սէրը ամէն վախ կը փարատէ: Արդարեւ վախը պատիժի հետ կապ ունի, եւ ով որ կը վախնայ՝ սիրոյ մէջ կատարեալ չէ» (Ա. Յհ 4.16-18):

Իմաստութիւնը, արդարեւ, Տիրոջ կողմէ կը պարգեւուի, գիտութիւնն ու հանճարը Անոր բերնէն են: Անիկա ուղիղներուն համար փրկութիւն կը պահէ. Անիկա ուղղութեամբ քալողներուն վահանն է: Իմաստութեան կառչած մնալը մարդուն առիթ կու տայ զօրանալու, գիտակից մնալու, ճկուն ըլլալու եւ գիտնալու թէ ի՛նչպէս պէտք է ապրի իր կեանքը:

Դարձեալ առակագիրը կ՚ըսէ. Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ եւ գիտութիւնը քու հոգիիդ ախորժելի ըլլայ, խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ, որպէսզի քեզ ազատէ չար մարդուն ճամբայէն, նենգութիւններ խօսող մարդէն եւ անոնցմէ՝ որոնք ուղիղ ճամբան թողուցեր են, որպէսզի խաւար ճամբաներու մէջ քալեն: Այսինքն, մարդ երբ սկսի ախորժիլ գիտութենէն ու խոհեմութենէն, ապա ինքն իր համար վահան եւ պարիսպ ձեռք ձգած կ՚ըլլայ, որոնք կը պաշտպանեն զինք ամէն տեսակի փորձութիւններէն եւ յարձակումներէն, անոր քայլերը ուղիղ կը պահեն՝ որպէսզի չար մարդոց ճամբաներէն չընթանան, անոր ականջները կը փակեն նենգութիւններ խօսող մարդոցմէ, որպէսզի նենգութիւնները լսելով չարատաւորէ իր հոգին, ընդհակառակը կառչած մնայ իմաստութեան, որ զինք դէպի Աստուած կը տանի, հեռացնելով զինք ամէն տեսակի ախտերէ ու մեղքերէ:

Այստեղ, ուշադիր պէտք է ըլլալ սակայն եւ իմաստութիւնը, հանճարն ու գիտութիւնը, որոնք այստեղ յիշատակուած են, չխառնել աշխարհիկ հասկացողութեան հետ, որովհետեւ աշխարհի հասկացողութեամբ գիտուն, իմաստուն ու հանճար եղող, պարզապէս ոչնչութիւն է եւ ո՛չ աւելին, քանի որ աշխարհիկ իմաստութիւնը, հանճարն ու գիտութիւնը մարդս անդունդ կը տանին, մարդս կորուստի կը մատնեն, մինչ Աստուածաշնչական հասկացողութեամբ մարդս դէպի երկինք կ՚առաջնորդեն, դէպի Աստուած կը տանին: Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեան կ՚ըսէ. «Ճշմարիտ իմաստունը ո՛չ թէ շատ ուսեալ եւ գիտուն մարդն է, այլ ան է, որ երկիրը ձգած՝ երկինք կը դիմէ, իր կամքը ձգած՝ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ»: Այստեղ յիշենք նաեւ Պօղոս առաքեալին գրածը. «Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզմէ դատեցէք. ի՛նչ էիք երբ Աստուած ձեզ կանչեց: Ձեզմէ քանի՞ն իմաստուն, հզօր կամ ազնուատոհմ էին մարդկային չափանիշներով: Բայց Աստուած ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը յիմար կը սեպէ, անով իմաստունները ամօթով ձգելու համար. ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը տկար կը համարէ, անով հզօրները ամչցնելու համար. եւ ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը անարժէք, արհամարհելի եւ ոչնչութիւն կը նկատէ, անով ոչնչացնելու համար այս աշխարհի մեծութիւնները» (Ա. Կր 1.26-28):

Մարդ լաւապէս պէտք է ըմբռնէ, որ առանց Աստուծոյ ո՛չ մէկ իմաստութիւն, գիտութիւն եւ հանճար կրնայ արդիւնք եւ պտուղ տալ: Միայն Աստուծմով է, որ այդ երեքը արդիւնաւորապէս կը պտղաբերին:

Մարդուն ձեռքն է ընտրել ի՛նչ տեսակի իմաստուն կ՚ուզէ ըլլալ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

5 յուլիս 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 13, 2022