«ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»Ը՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­ԿԻ ՁԱՅՆ

Մամուլ խմբագրել ու հրատարակելը, մանաւանդ այս օրերուն, աւելի քան հերոսութիւն է, մէկ կողմէն՝ զայն կենդանի պահելու վճռակամութեամբ, միւս կողմէն՝ զայն նկատելու անփոխարինելի խօսափող։

Ամենուր տերեւաթափ մը կայ գրաւոր կամ տպագիր խօսքին նկատմամբ։ Նահանջը ակներեւ է, թէ՛ գրիչներու, թէ՛ ընթերցողներու պարագային։ Կայ նաեւ կոչումի հեղինակներու նուազումը։

Այս ահաւոր ու տագնապեցուցիչ վտանգին դիմաց, կան սակաւաթիւ թերթեր, որոնք կը մնան պատնէշի վրայ, անտեղիտալիօրէն եւ անսակարկօրէն։

Ատոնցմէ առաջին շարքին վրայ կու գայ պոլսահայ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, իր պանծալի անցեալով, իր կենսունակ ներկայով եւ յուսադրող ապագայով։

110-ամեայ վաստակով, իրագործումներով ու նուաճումներով, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը պահէ իր «ժամանակի շունչն ու ոգին», հարազատ մնալով հայ մամուլի սկզբունքներուն ու հաւատամքին։

Մարտահրաւէրներ դիմագրաւող եւ խոչընդոտներ յաղթահարող ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, կը շարունակէ իր երթը, իր երիտասարդ «նաւապետ»՝ Արա Գօչունեանի խմբագրութեամբ եւ առաջնորդութեամբ, որ ոչ միայն կը շարունակէ մեծ հօր ու հօր՝ Գօչունեաններու օրինակելի աւանդը, այլեւ՝ հայ թերթին նկատմամբ իր պաշտամունքը։

Առաքելութի՛ւն է ասիկա։
Նուիրակա՛ն առաքելութիւն։
Արա Գոչունեան իր առաքելութեան հաւատարիմ զաւակն է։ Շնորհաւորելի են իր եռանդը եւ իր անխախտ կառչածութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը պահելու լուսաւորութեան ու ջահակրութեան աղբիւր, որուն համար խմբագիրին, անձնակազմին եւ աշխատակիցներուն կը մաղթեմ յարատեւ յաջողութիւն եւ անվտանգ հրատարակութիւն։

ՊԱ­ՐՈՅՐ Յ. ԱՂ­ՊԱ­ՇԵԱՆ
(Խմբա­գիր, հրա­պա­րա­կա­գիր, լրագ­րող)

 

 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018