ԱՐ­ՑԱ­ԽԻ ՀԱ­ՅՈՑ Ե­ԿԵ­ՂԵ­ՑԱ­ԿԱՆ ԹԵ­ՄԸ ԱՆՑ­ՆՈՂ ՀԱ­ՐԻՒ­ՐԱ­ՄԵԱ­ԿԻՆ ԵՒ ԱՅԺ­ՄՈՒ ԲԱՐ­ՒՈՔ ԸՆ­ԹԱՑ­ՔԸ

ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՍԿԻԶԲԻՆ

Խորհրդային Միութեան տիրականութեան առաջին տասնամեակին Արցախի Թեմի հայոց առաջնորդն էր Վրթանէս Ծ. Վրդ. Յակոբեան, որ 1927-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Տ.Տ. Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն։ Իր 1925 Օգոստոս 13 թուակիր զեկուցագրով Վրթանէս Ծ. Վարդապետ Գէորգ Ե. Կաթողիկոսին կը հաղորդէր թեմին քայքայուած եւ կազմալուծուած վիճակին մասին, մասնաւորելով եկեղեցիներու բռնագրաւումն ու քահանաներու դէմ յարուցուած հալածանքը։ Ան յատկապէս կը նշէր 1923-1925 տարիներու եկեղեցական եւ ծիսակատարական պարտաւորութեանց լրիւ դադրեցումը, նոյնիսկ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Զատկի պատարագներու արգելքը, բոլորն ալ ի հետեւանս համայնավար պետութեան պարտադրանքին։

Թուելով եկեղեցիներու եւ քահանայից վիճակը, Վրթանէս Վարդապետ կը հաստատէր իր նոյն նամակին մէջ, թէ թեմին մէջ կային 162 գործող քահանաներ մինչեւ 1925 թուականը՝ իրենց 136 եկեղեցիներով՝ «քարաշէն եւ վայելուչ», ուր 88 քահանաներ պաշտամունք կը կատարէին։

Անոնցմէ սակայն 32 քահանաներ բռնութեան ներքեւ ստիպուած էին «լրագրի միջոցով իրենք զիրենք կարգաթող յայտարարել», տալով ամէն գիւղի եւ հոգածու քահանայի անունը, որոնք «հակառակ իրենց կոչման եւ երդման, չդիմանալով արտաքին եւ նիւթական ճնշումներուն, կը յայտարարեն որ մինչեւ օրս խաբած են ժողովուրդը»։ Դասալիք եղած քահանաներուն թիւը, կը գրէր Վրթանէս Վարդապետ, հասած էր 66-ի։ Թեմի քայքայման ահաւոր վիճակը մայրաքաղաք Ստեփանակերտի 11 եկեղեցիներուն եւ հնադարեան Ամարասի վանքին գրաւումն էր անոնց 33 հատ եկեղեցական սպասներով միասին, ինչպէս՝ Ս. Գրիգորիսի Աջը, խաչեր, միւռոնամաններ եւ շուրջառներ։

ԹԵՄԻՆ ԿԱՐՃԱՏԵՒ ԲԱՐՒՈՔՈՒՄԸ

Պետութիւնը շուտով վերադարձուցեր էր միայն Ամարասի վանքը եւ երկու եկեղեցիներ եւ Վրթանէս Ծ. Վրդ. Յակոբեան կարողացեր էր կազմակերպել թեմը Ամարասի համար վանահայր մը նշանակելով։ Կրցած էր նաեւ թեմական խորհուրդ մը կազմել, ինչպէս կը կարդանք վերջերս հրատարակուած «Վաւերագրական հատորներուն» մէջ՝ շնորհիւ Սանդրօ Բեհբուդեանի կատարած լիակատար ուսումնասիրութեանց եւ պատկառելի հրատարակութեանց։ Հոն նըշ-ւած են նոյնիսկ Թեմական խորհուրդի անունները, որոնց հետ Վրթանէս Ծ. Վարդապետ շրջագայած է Խաչէնի, Ջրաբերդի եւ Վարանդայի գիւղերը, քարոզեր է յանուն Մայր Աթոռին եւ պատարագ մատուցած, ու «ամէն տեղ ալ գոհացուցիչ թիւով հաւատացեալ ժողովուրդ եղած է»։

Յարաբերաբար բարւոք այդ վիճակը շարունակուած է Արցախի Թեմէն ներս մինչեւ 1927-ը, երբ անկէ երկու տարի առաջ նոյնիսկ, Առաջնորդը Թեմական պատգամաւորական ժողով մըն ալ կրցած էր հրաւիրել Ստեփանակերտի Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Քահանաներ նոյնիսկ կրցած էր տեղափոխել մէկ ծուխէն միւսը, երբ կը կարդանք իր գրած 1927 Մարտ 16 թուակիր նամակէն՝ ուղղեալ Լեռնային Ղարաբաղի ներքին գործոց նախարարին։ Ամէն ինչ սակայն կատարուած է «տեղական իշխանութեան կանխօրօք թոյլտուութեամբ, որուն պէտք է ներկայացուէին օրակարգի խնդիրները»։

ԹԵՄԸ ՇՈՒՏՈՎ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ՎՐԹԱՆԷՍ ԵՊԻՍԿՈՊՍԻ ՎԱԽՃԱՆԸ

Արցախի Թեմը սակայն շուտով կը վերադառնար իր դժբախտ օրերուն։ Եպիսկոպոսանալէն ետք Վրթանէս Եպիսկոպոս կրկին կը գրէր իր 1929 Փետրուար 11 թուակիր տեղեկագիրը ուղղուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին յայտնելով, որ Արցախի Թեմին մէջ կային 18 վանքեր, որոնցմէ խնամքով պահուածները միայն եօթն էին՝ Գանձասարի, Երից Մանկանց, Ամարասի, Ս. Յակոբայ, Ինն Մասանց, Ս. Գէորգի եւ Ս. Ղեւոնդեանց, իրենց յատուկ վանահայրերով։ Մնացեալ 11 վանքերը կը մնային անտէր եւ հնարաւորութիւն չկար զանոնք կորուստէ փրկելու։ Մինչդեռ թեմին եկեղեցիներուն ընդհանուր թիւը 112 էր՝ ցրուած 164 գիւղերու մէջ առանց բաւարար թիւով քահանաներու։

Մինչեւ Փետրուար 1, 1929, պետութիւնը գրաւած էր 79 եկեղեցի, «որոնք վեր են ած-ւել ակմբանոցի, խրճիթ-ընթերցասրահի, դպրոցի եւ շտեմարանի»։ Նոյն թուականին կարգաթող եղած էին 62 քահանաներ, Արցախի Թեմին մէջ թողելով միայն 22 քահանայ, «որոնք ծայր աստիճան յուսահատ վիճակի մէջ եղած են»։ Վրթանէս Եպիսկոպոս կը փակէր իր գրութիւնը ըսելով՝ «խիստ կը ծանրանայ նաեւ իմ վիճակը ամէն կողմէ», այն աստիճան, որ պետութիւնը զինք առաջնորդած է Շուշիի բանտը, ուր կը մնար հիւանդ, 1930 Փետրուար 7-էն մինչեւ 1932 Յունուար 1-ը։ Էջմիածին միջամտած է եւ զինք բանտէն Մայր Աթոռ փոխադրած են, երբ Խորէն Մուրատբէկեան եւ Գէորգ Չորեքճեան Արքեպիսկոպոսներ յատուկ 1931 Նոյեմբեր 7 թուակիր նամակով պետութեան կ՚իմացնէին, որ «անոր դատը տեղի ունեցած է եւ ան արդարացած է եղած մեղադրանքներէն»։

Վրթանէս Եպիսկոպոս Էջմիածին հսկողութեան տակ կը մնար, ուրկէ տեղեկագիր մը եւս կը գրէր Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, թէ «ներկայիս թեմիս բոլոր եկեղեցիները վեր ածուած են դպրոցական հասարակական այլ եւ այլ հաստատութիւններէ, եւ բոլոր քահանաները առանց բացառութեան հրաժարած են իրենց կոչումէն» եւ դարձեր ուսուցիչ կամ հողագործ։ Վրթանէս Եպիսկոպոս ուզած է այլեւս իր թեմը վերադառնալ եւ պաշտօնին անցնիլ, եւ սակայն պետութեան ճնշումով Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հարկադրուած է չարտօնել իր վերադարձը, որուն հետեւանքով, վրդովուած, նամակ մը գրած է նորընտիր Խորէն Ա. Մուրատբէկեան Կաթողիկոսին «վիրաւորական» գտնելով իր պաշտօնին չվերադառնալը։ Փոխարէն, զինք կը ղրկեն Պաքու, ուրկէ պիտի հոգար Ղարաբաղի Թեմին կարիքները, սակայն հոն կը վախճանէր 1933 թուին, դառնալով վերջին առաջնորդը պատմական այդ թեմին, մինչեւ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վերջին տարիներուն վերահաստատած Արցախի Թեմը՝ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի առաջնորդութեամբ։

ԱՐՑԱԽԻ ԹԵՄԻՆ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԸ ՊԱՐԳԵՒ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս 1957 թուին առաջին անգամն ըլլալով կարելիութիւնը ունեցած է այցելելու Արցախի հնադարեան վանքերը եւ սփոփելու տեղւոյն հայերը։ Թեմին եպիսկոպոս մը նշանակել կարելի չ՚ըլլար մինչեւ 1988-ը, երբ նոյն տարին եպիսկոպոս ձեռնադրուած Պարգեւ Սրբազան Մարտիրոսեան կը նշանակուի թեմակալ առաջնորդ, որ ցարդ կը մնայ իր պաշտօնին վրայ երկար տարիներ քաջութեամբ եւ ամբողջական նուիրումով։

1988 թուի Փետրուարին Խորհրդային Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրումին եւ Խորհրդային Հայաստանի հետ միացման խնդիրներ յուզուեցան նախագահ Կորպաչովի «փերեսթրոյքայի» (վերակառուցում) եւ «կլասնոստի» (ազատատենչութիւն) նպաստաւոր պարագաներու բարումով։ Չմոռնանք, որ Խորհրդային Միութեան անցեալին կատարած իր կոպիտ սխալով, Ստալին 1923 թուին, բռնութեամբ հայկական պապենական Ղարաբաղի տիրոյթը Ատրպէյճանի իրաւասութեան տակ դրած էր, նման Նախիջեւանին։

Այդ անարդար եւ կոպիտ սխալը շտկելու առիթը գտան Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարները Խորհրդային Միութեան փլուզման նախօրէին, եւ 1988 Փետրուար 28-ին որոշեցին զայն Հայաստանին կցելու՝ պահանջելով իրենց ինքնորոշման իրաւունքը։ Նման յառաջդիմութիւններ նպաստաւոր եղան Միութեան ոչ-ռուս ժողովուրդին համար, որոնք Կորպաչովի ընծայած աննախընթաց պատեհութեան մէջ տեսան աւելի յարգալից վերաբերմունք՝ տարբեր ազգութիւններու ազգային, մշակութային, լեզուական եւ նոյնիսկ քաղաքական ինքնորոշման նկատմամբ։ Սակայն յաջորդեցին մութ եւ կործանարար տարիներ սկսեալ ժողովրդային ցոյցերով Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ, մանաւանդ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած Սումկայիթի եւ Պաքուի կոտորածներով երբ բազմաթիւ հայեր զոհ գացին եւ Պաքուի հայութիւնը լրիւ հեռացաւ Ատրպէյճանէն դէպի Հայաստան եւ Ռուսաստան։

ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԵՒ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԶՈՀԵՐ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Հայրապետի կողմէ շարունակ դիմումներ հասան Խորհրդային Միութեան կեդրոնը, անձամբ նախագահ Կորպաչովին, նոյնիսկ դիմելով Ատրպէյճանի կրօնապետին, ուրկէ 1988 Մարտ 12-ին Վազգէն Կաթողիկոսի մօտ եկան Պաքուի Շէյխիւլ-Իսլամի երկու ներկայացուցիչները յատուկ նամակով մը։ Նամակին Հայոց Հայրապետը պատասխանեց «վստահութիւն յայտնելով որ ինք եւս կը շարունակէ ի գործ դնել իր ճիգերը» խաղաղութեան վերահաստատման սիրոյն դադրեցնել ցանկանալով անհաւասար կռիւը։ 1990-ի Յունուարին աւելի յոռի ընթացք ստացան Ատրպէյճանի բռնութիւնները, եւ մինչեւ 1994 Լեռնային Ղարաբաղ յարձակման ենթակայ մնաց։

Հայեր տուին հազարի չափ զոհեր, եւ ազէրիներ երեք անգամ աւելի թիւով։ Ղարաբաղցի եւ հայաստանցի ազատամարտիկներ գրոհեցին թշնամիի բանակին վրայ եւ զայն շպրտեցին դէպի Պաքու, ազատագրելով Ղարաբաղն ու Ատրպէյճանի հողերէն մասեր։ Ի վերջոյ 1994 թուին զինադադար կնքուեցաւ եւ պատերազմը կանգ առաւ մինչեւ այսօր։ Նոյն տարին վախճանեցաւ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետ։

Իրապէս Լեռնային Ղարաբաղ անկախ հանրապետութիւն եղաւ իր նախագահովն ու սահմանադրութեամբը, թէ իսկ մինչեւ օրս չէ ճանչցուած իբր այդ արտաքին աշխարհէն։ Արցախի Թեմը մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրեց անցնող քսան տարիներուն, յաջողապէս օգտուելով հայաստանեան եւ արտասահմանի տարեկան կանոնաւոր նուիրատուութիւններէն, որոնք սատարեցին թէ՛ Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ թէ Արցախի Թեմին։ Կը մնայ, որ հրադադարը վերածուի վերջնական լուծումի, եւ խաղաղ ինքնավարութեամբ Լեռնային Ղարաբաղը դառնայ անբաժան մասն ու բաժինը Հայաստանի Հանրապետութեան։

ՎԱԶԳԷՆ Ա. ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄՆԵՐԸ

Իր վախճանումէն քիչ առաջ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ի շարս Հայաստանի մէջ վերաբացած սրբատեղիներուն, Արցախի Թեմին մէջ վերստացաւ եւ թեմին տեսչութեան ենթարկեց Գանձասարի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ վանքը (1238 թ.), Ամարասի Ս. Գրիգորիս վանքը (4-րդ դար), Մարտակերտի Ս. Կարապետ եկեղեցին (1883 թ.) եւ Հադրութի Ս. Յարութիւն եկեղեցին (1671 թ.)։ Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ հոգեւորականներ նշանակուեցան նորաբաց վանքերուն եւ եկեղեցիներուն համար։

1994 Օգոստոսին կը վախճանէր երախտարժան Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետը, տեսնելէ ետք Ղարաբաղի ազատագրումը, լսելէ ետք նաեւ զինադադարի կնքումը, եւ հաստատելէ ետք Արցախի պատմական թեմը։ Շնորհիւ Առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանին վերանորոգուեցան Գանձասարի վանքն ու Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ Մայր եկեղեցին, «որ իր չափերով հայկական ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկն է», կառուցուած 1868 թուականին, քառամոյթ պազիլիքի նախագիծով, կիսաշրջանակաձեւ, երկյարկանի աւանդատուներով, եռայարկ զանգակատունով, «որու առաջին յարկի չորս անկիւններուն մէջ եղած են հրեշտակներու քանդակներ», տաճարը կանգուն է իր բարձրաբերձ կեդրոնական գմբէթով։

Շուշիի Ամենափրկիչ Մայր եկեղեցին լրիւ պայծառակերպուելով ստացաւ տարիներով զլացուած օծումն ու սրբութիւնը՝ ձեռամբ Առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոսի։ Թեմէն ներս ի նորոյ կառուցուեցան եկեղեցիներ, ձեռնադրուեցան քահանաներ, հաստատուեցան կրօնագիտական հրատարակչութիւններ, եւ Արցախի Թեմը գտաւ իր պատուաբեր դիրքը, հակառակ թշնամի պետութեան սպառնալիքներուն եւ շրջափակումին։

Հարկ է նշել նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տարանցիկ երկու կենսական ճանապարհները, մին Հայաստանը ուղղակի կապող Ստեփանակերտին եւ միւսը՝ հիւսիսէն հարաւ ուղղութեամբ, եկան մնայուն դարձնելու Ղարաբաղի Հանրապետութեան գոյութիւնը։

ՏՔԹ. ԶԱ­ՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐ­ԶՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2017