ԻՆՉՈ՞Ւ ՖՈՒԹՊՈԼԸ ԵՒ ՄԱՆԱՒԱՆԴ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵՆՈՒԹԻՒՆԸ

Արդէն հերթական Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը կը մօտենայ իր աւարտին: Այս մրցաշարքը կը համարուի աշխարհի ամենասպասուած, դիտուած եւ սիրելին շատ մը պատճառներով: Հիմնական պատճառը ինքնին ֆութպոլին իւրայատկութենէն կը բխի. ան աշխարհի ամենատարածուած ու խաղացուած մարզաձեւն է, իսկ անոր տուած առաւելութիւնները բազմազան են. ըլլան անոնք գովազդային-տնտեսական, ընկերային-մշակութային եւ այլն: Մարմնամարզը ընդհանուր առմամբ ներկայ ժամանակներուն մեծ տարողութիւն ստացաւ եւ իր զարթօնքին հետ վերածուեցաւ մարդոց կեանքին անբաժան մասը, նաեւ ֆութպոլը մարմնամարզի հասկացողութեան տարածողը եղաւ:

Ինչո՞ւ ֆութպոլը։ Ֆութպոլը ամենամեծ թիւով եւ ներգրաւուածութեամբ խմբային խաղն է։ Ան ունի ամենաշատ թիւով թէ՛ խաղացողներ, մարզիչներ եւ վարչականներ եւ թէ՛ հետեւորդներ: Եւ ան ամենաբարձր մակարդակով կը ներկայացնէ երկիրներն ու քաղաքները: Իւրաքանչիւր երկիր ֆութպոլի իր հաւաքականին մէջ կը տեսնէ իր ազգային ներկայացուածութիւնը եւ առիթը՝ պարզելու իր հաւաքական դիմագիծները: Նոյնիսկ զարգացած ու մեծ երկիրներ, որոնք այդքան ալ, ինչպէս փոքրերը, չեն տարուած ներկայութիւններ պարզելու, սակայն ֆութպոլի պարագային ազգային ոգիով կը խաղան եւ չեն վարանիր իրենց երկիրը ամենալաւ ոճով ներկայացնելու:

Շատ մը պարագաներու քաղաքական անձինք ու ղեկավարներ ալ խառնուած են ֆութպոլի խաղերուն եւ աշխարհի ախոյենութիւնը՝ որ սկսած է 1930-ին, բազմաթիւ օրինակներ ունի այս առումով: Օրինակ՝ կրնանք յիշել Իտալիոյ նախկին վարչապետներէն Սիլվիօ Պերլուսքոնիի անունը, որ «Միլան» ակումբին նախագահն էր:

Նոր ժամանակներու ֆութպոլը աւելի հարուստ ու մասնագիտացած է եւ ան իր ոճով այլեւս միայն մարմնամարզ չէ, այլ ընդհանուր մեծ համակարգ: Խմբային գործի ձգտող ամենակատարեալ խաղերէն է այժմ ֆութպոլը եւ հոն խումբերը եւ զանոնք քաջալերողները կը գտնեն կատարելագործում մը: Ֆութպոլի յաղթանակները թէ՛ խմբային եւ թէ՛ ազգային են: Եւ նոյնիսկ տեղ մը քաղաքական ալ յաղթանակներ կը համարուին:

Մարդիկ ընկերային եւ հաւաքական իրենց կեանքով միշտ կը սիրեն ուրախանալ եւ ուրախութեան աղբիւներէն մէկը մարմնամարզի զանազան ձեւերու մէջ կը գտնեն: Այդ խաղերուն ամենախանդավառն ու հռչակաւորներէն մին է ֆութպոլը: Մարդիկ թէ՛ ազգային հպարտութեան եւ թէ՛ անձնական մարզական նախընտրութիւններու իրագործումը կը տեսնեն իրենց խումբերու յաղթանակներուն մէջ:

Շատ մը մշակութաբաններ կամ անտարբերներ ֆութպոլէն կը զարմանան ու երբեմն ալ անհանդուրժող ձեւով կը հարցնեն. «Ինչո՞ւ այդ գնդակին ետեւէն, բառին ուղիղ եւ անուղղակի իմաստներով, կը վազեն»: Այս հարցումին պատասխանը պարզօրէն այն է, որ ֆութպոլային ուրախութիւնները ամենա-անմիջականներէն են եւ անոնք անակնկալ շատ մեծ ցնծութիւններ կը պատճառեն բոլորին, մա՛նաւանդ՝ պարզ կեանքով ապրող եւ մեծ նիւթական կարողութիւններ չունեցող մարդիկ միշտ պէտք ունին այսպէս ըսած թեթեւցնող, անկեղծ ու իւրայատուկ զգացումներու եւ հրճուանքային բարձր վիճակներու: Հաւաքական մեծ ցնծութիւններու համար ալ կ՚ապրին մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք կը տեսնեն խումբերուն մէջ եւ մանաւանդ այն մարդիկ, որոնք մանկութեան ու պատանեկութեան շրջանին ֆութպոլ խաղացած են, կամ նոյնիսկ ուզած են խաղալ, իրենց սիրած խումբերուն մէջ կը գտնեն անձնաւորացում մը եւ երազուած արդիւնքներու իրագործում:

Ինչպէս ծանօթ է, աշխարհի բաժակն է ֆութպոլի ամենամեծ ախոյենութիւնը, որ տեղի կ՚ունենայ չորս տարին անգամ մը, իսկ հոն հասած երկիրներուն խումբերը իրենց կարելին ի գործ կը դնեն՝ իրենց ժողովուրդը, պետութիւնը ամենապայծառ ձեւով ներկայացնելու համար: Այդ ներկայացման թիրախը, անշուշտ, յաղթանակն է, սակայն յաճախ այդ խաղերու ընթացքին շատ մը խումբեր կ՚ուզեն քաղաքական եւ ընկերային լոզունգներ հասցել, որքան ալ Համաշխարհային ֆութպոլի դաշնակցութիւնը ամէն ջանք կը թափէ ապաքաղաքականացնելու զանոնք:

Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը միջազգային ամենակարեւոր մրցումներէն մէկն է, եթէ չըսենք ամենակարեւորը: Մեծ տօնակատարութիւն է այդ մէկը թէ՛ ֆութպոլասէրներուն եւ թէ՛ մետիային համար: Բաց աստի, մանաւանդ մանուկներուն եւ պատանիներուն համար, որոնք կը սիրեն ֆութպոլը, իսկ իրենց համար ամենամեծ ցնծութեան աղբիւրներէն մին կը համարուի Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը։

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

12 դեկտեմբեր 2022

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2022