ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՏԻԿՆԱՅՔ ԵՒ ՊԱՐՈՆԱՅՔ

Արաբ քաղաքացի մը առաւօտ կանուխէն մինչեւ Արաբական աշխարհին մէջ փոխանցումի աւարտը, ռատիոյին սլաքը կայանէ մը կայան կը փոխէ ու կը մեկնաբանէ իր լսած երգերը, յայտագիրները, լուրերն ու վերլուծութիւնները:

Կայան թիւ 1. Սիրելի ունկնդիր, առաւօտեան ամէնօրեայ մեր պտոյտի ընթացքին, մեր հետ եկուր մեր սիրելի հայրենիքին հանդերը, ուր միայն սէր ու գեղեցկութիւն կայ:

Ունկնդիր. եւ յետամնացութիւն:

Կայան թիւ 2. Ֆէյրուզէն1 երգ մը. «Կու գամ, ես կու գամ… Կու գամ, քովդ կու գամ»:

Ունկնդիրը. Հալլա հալլաա. անպայմանօրէն կամ ջուրի, կամ ելեկտրականութեան եւ կամ հեռախօսի հաշիւը վճարելու ազդն է:

Կայան թիւ 3. Սիրելի ունկնդիր, [բարի լոյս] վարդերով, ռեհաններով, նարկիզով, մասրենիով, գնդայասմիկով (արաբական յասմիկ) եւ յասմիկով:

Ունկնդիր. ի՞նչ յասմիկ, ի՞նչ գնդայասմիկ: Հաւատայ, եթէ ընկերներէս մէկը մահանայ այս անտանելի սղութեան պատճառով, ապա մի միայն անոր ճառերու ծաղկեպսակ պիտի կարենամ նուիրել:

Կայան թիւ 4. Այսօրուան բանաստեղծութիւն. Կարմիր ազատութիւնն ալ դուռ ունի:

Ունկնդիր. որ ամուր բազուկով կը թակէ:

Կայան թիւ 5. Այստեղէն կը յայտարարենք, թէ մենք ո՛չ մէկ պայման կը դնենք՝ իրականացնելու արաբական միութիւնը:

Ունկնդիր. բացի մէկ պայմանէ, որ զայն չե՛նք ուզեր:

Կայան թիւ 6. Այսօրուան իմաստուն միտքը. ըսէ՛ խօսքդ եւ քալէ:

Ունկնդիրը. Դէպի դրամատուն:

Կայան թիւ 7. Արաբական օդանաւներու Գերագոյն խորհուրդը իր համաժողովին ընթացքին, կը զգուշացնէ սրիկաներէն եւ մեր կարեւորագոյն խնդիրները խախտողներէն: Եւ ան իր ամբողջ հնարաւորութիւնները եւ ուժը կը դնէ այս պայքարին ի ծառայութիւն:

Ունկնդիր. այնքան ատեն որ խնդիրը օդանաւի ընկերութեան հասաւ, կը նշանակէ թէ այդ խնդիրը «շուտով պիտի թռչի»:

Կայան թիւ 8. Երազ, որ արթուն վիճակով եկաւ:

Ունկնդիր. բնականոն կեանքի վերադարձը Լիբանան:

Կայան թիւ 9. Մեր մարզական լուրերէն. արաբական ձին՝ «Առաւօտի լոյսը», առաջին խաղակէսէն ետք դուրս մնաց Անգլիոյ առաջնութենէն, ձիաւորին անոր վրայէն իյնալէն ետք:

Ունկնդիր. Անշուշտ, որովհետեւ արաբները միայն զիրար ձիավարել գիտեն:

Կայան թիւ 10. Արաբական աշխարհի կիներու ընդհանուր միութիւնը, իր բոլոր անդամուհիները կը հրաւիրէ…

Ունկնդիր. …իրենց զաւակները առանց կաթի ձգելու: Իր ամուսինները՝ առանց ուտելիքի: Իրենց տուները՝ առանց դասաւորութեան: Իրենց խոհանոցները՝ անլուայ, եւ նուիրուին իրենց պարտականութիւններուն, յայտնաբերելու այն դաւադրութիւնները, որոնք մեր ազգին ու դատին դէմ կը կատարուին: Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ, որ չի՛ ենթարկուիր այս հրահանգներուն, կը փակուի եւ անոր բոլոր գրասենեակները կարմիր գոյնով կը կնքուին:

Կայան թիւ 11. Ինչպէս յաճախ ըսինք ու հաստատեցինք, հիմա ամբողջ աշխարհին դիմաց կը յայտարարենք, թէ՝

Չկա՛յ հաշտութիւն:

Չկա՛յ ճանաչում:

Չկա՛ն բանակցութիւններ:

Ունկնդիր. Մի՛ ստեր: Ես ձեզ միասին տեսայ:

Կայան թիւ 12. Նաեւ այստեղէն կը հաստատենք մեր արաբական եւ իսլամական բոլոր ժողովուրդներուն, թէ ո՛չ մէկ համագումարի պիտի երթանք, ո՛չ մէկ նիստէ պիտի քաշուինք, ո՛չ մէկ հարցի պարագային պիտի ծուլանանք, իրաւունքի պարագային փոխզիջումներու պիտի չերթանք եւ պիտի չվարանինք օգնելէ, ո՛չ մէկ կեցուածքէ ետ պիտի կենանք, պիտի չբանակցինք, պիտի չհաշտուինք, պիտի չորոշենք բացի այն, ինչ որ ժողովուրդներուն կամքը կը թելադրէ մեզի:

Ունկնդիր. Եւ ժողովուրդները բանտերու մէջ են:

Կայան թիւ 13. Երգ. «Միշտ քու ետեւէդ, միշտ քու հետքերովդ»:

Ունկնդիր. Ծանօթ է. քաղաքացին եւ գաղտնի սպասարկութիւնը:

Կայան թիւ 14. Ասկէ ետք, երբ Նորին Գերազանցութիւնը արեւմտեան երկիրներու դեսպաններուն բացատրեց այն վտանագաւոր հանգամանքները, որոնց մէջէն կ՚անցնի տարածաշրջանը, անոնց երկու ամիս ժամանակ տուաւ, որպէսզի իրենց պետութիւններէն յստակ պատասխաններով վերադառնան, այն է՝ նախքան ամերիկեան ընտրութիւններու քարոզարշաւը սկսիլը ու աշխարհին անով զբաղիլը, քանի որ արաբները աւելի քան երբեք որոշած են, որ Ռամատանի յառաջիկայ պահքը Երուսաղէմի մէջ անցընեն, տօնական աղօթքը՝ Աքքայի մէջ, իսկ լուացումը՝ Յորդանան գետի մէջ. ապա, Նորին Գերզանցութիւնը օդանաւ ելաւ եւ Եւրոպա գնաց արձակուրդի, որ պիտի շարունակուի…

Ունկնդիր. Մինչեւ Ամերիկայի ընտրութիւնները:

Կայան թիւ 15. Եւ մենք այս վճռական հանգամանքներուն մէջ, կոչ կ՚ուղղենք բոլոր արաբ առաջնորդներուն եւ պաշտօնեաներուն, առանց բացառութեան հաւատարիմ մնալու արաբական գագաթաժողովներու որոշումներուն. Խարթումի գագաթաժողովին2, Պաղտատի գագաթաժողովին3, Ֆասի երկու գագաթաժողովերուն4:

Ունկնդիր. Զարմանալի. բոլոր այս գագաթաժողովները եւ տակաւին վարերն [ցածերը] ենք:

Կայան թիւ 16. Եւ հիմա, տիկնայք եւ պարոնայք, երբ տան անկիւնին կը մօտենանք, մեր գործող բոլոր կայանները կը միանան…

Ունկնդիր. Արաբական պայքարի եւ դիմադրողականութեան ճակատին… եւ ձեզի կը ներկայացնենք այսօրուան ճաշը:

Կայան թիւ 17. Դէպի Պաղեստին մեր ճամբան, անպայման պէտք է Պէյրութէն անցնի:

Ունկնդիր. Եւ Ճունիէն:

Կայան թիւ 19. Եւ Մոսկուայէն:

Կայան թիւ 20. Եւ Ուաշինկթընէն:

Ունկնդիր. Դէպի Պաղեստին տանող ճամբաները այնքան շատցան, որ պաղեստինեան հարցը կարիքն ունի այլեւս երթեւեկութեան տեսչութեան մը:

Խօսնակը. Լռէ՛:

Կայան թիւ 21. Ֆէյրուզը կ՚երգէ. «Ես եւ Շատին…, միասին մեծցանք…, Շատին գնաց…, Շատին կորսուեցաւ»:

Ունկնդիր. Միայն Շատի՞ն:

Արաբ խօսնակները. Լռէ՛:

Ունկնդիր. Պիտի չլռեմ:

Արաբ խօսնակները. Ուզես չուզես պիտի լռես (եւ ռատիոյէն հարիւրաւոր ձեռքեր կ՚երկարին քեզի ու կը սկսին զարնել ու ապտակել քեզ). շուն, լրտես, ստոր, հինգերորդ շարասիւն, եւ այլն…:

Կայան թիւ 22. Ներողութիւն այս գիտարուեստական խանգարումին համար, միայն կարգաւորենք՝ անմիջապէս պիտի վերադառնանք:

Իսրայէլի կայանը. Ո՛չ…, ո՛չ…, հանգիստ զգացէք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 8

Վաղարշապատ


1 Լիբանանցի նշանաւոր երգչուհի: Բուն անունը Նուհատ Հատատ, ով ծանօթ է աշխարհին Ֆէյրուզ անունով: Ծնած է 21 նոյեմբեր 1934-ին: Մինչ օրս կ՚ապրի Լիբանանի մէջ:

2 29 օգոստոս 1967, Սուտանի մայրաքաղաքին մէջ:

3 2 նոյեմբեր 1978, Իրաքի մայրաքաղաքին մէջ:

4 Մարոքի քաղաքիներէն մէկը: Առաջին գագաթաժողովը 25 նոյեմբեր 1981-ին: Երկրորդ գագաթաժողովը 6 սեպտեմբեր 1982-ին:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2024