ԱԿՆԱՐԿ - 58 - ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍԿ. ԲԱՐԻՔԵԱՆԷՆ

Այսօր ալ մեր կեանքին մէջ, եթէ երբեք երբեմն կը վիրաւորուինք Եկեղեցւոյ մէջ, այդ վիրաւորանքը ո՛չ թէ վիրաւորելու համար է, ցաւցնելու համար է, այլ՝ ուղղելու համար, շիտակ ճամբան ցոյց տալու համար է: Եւ երանի՜ անոնց, որոնք կը գտնեն այդ ուղղութիւնը իրենց կեանքին մէջ եւ չեն ըսեր, վա՛ղը կը նայինք թէ ինչ կ՚ըլլայ: Վաղը ամէն բանի համար ուշ է: Վաղը ամէն ինչի համար ուշ է: Ա՛յսօրն է կարեւորը: Եթէ այսօր մենք չնայինք Աստուծոյ, չփնտռենք զԱստուած մեր կեանքին մէջ, վաղը կրնայ ուշ ըլլալ ամէն մէկուս համար:

Բարիք ընելը միայն դրամ տալով չ՚ըլլար: Ամենամեծ բարիքը սիրտով ուրիշին համար աղօթելն է: Աղօթեցէք ամբողջ աշխարհին համար: Աղօթեցէք բոլորին համար առանց խտրութեան:

Եթէ դուն գործդ կը սկսիս Աստուծմով եւ Աստուծոյ կ՚ըսես՝ Տէ՜ր, Քու կա՛մքդ թող ըլլայ: Եթէ առաւօտուն տունէն դուրս կ՚ելլես եւ կ՚ըսես՝ ո՜վ Տէր, զգործս ձեռաց մերոց ուղի՛ղ արա ի մեզ Տէր, իմ գործս ուղի՛ղ ըրէ, եւ զգործս մտաց մերոց, եւ իմ միտքիս ամբողջ խորհուրդները յաջողցուր: Եթէ դուն քեզ, քու գործդ, քու աշխատանքդ, քու մտածումդ Աստուծոյ կը յանձնես, այն ատեն կը տեսնես, թէ Աստուած ինչպէս քեզի բարիով կը պատասխանէ:

Եթէ գիշերը կը քնանաս եւ կ՚ըսես՝ պահապան ամենայնի, բոլորին պահապանը եղող, Քրիստոս, աչքդ հովանի թող ըլլայ իմ վրաս՝ գիշեր-ցերեկ, տունը նստած ատենս, թէ տունէն ելած ատենս, քնացած ատենս, թէ արթուն եղած ատենս, զի մի՛ երբեք սասանեսցուք, կամ սասանեցայց, որպէսզի երբե՛ք չսասանինք, կամ չսասանի՛մ, ինծի հետ եղիր որպէսզի չսասանիմ, չարին հետ չըլլամ, չարին կողմը չերթամ, եւ ողորմէ ինծի, ես՝ որ շատ մեղքեր ունիմ:

Ինչպէս երբ դուք շուկայ երթաք՝ անհանգիստ կ՚ըլլաք երբ ձեր գրպանին մէջ դրամ չըլլայ, այդպէս ալ ձեր տուներուն մէջ Յիսուսը պէտք է ըլլայ, ձեր սիրտերուն մէջ Քրիստո՛սը պէտք է ըլլայ, ձեր հոգիներուն մէջ Քրիստո՛սը պէտք է ըլլայ, ձեր միտքին մէջ Քրիստո՛սը պէտք է ըլլայ, ձեր զգացումներուն մէջ Քրիստո՛սը պէտք է ըլլայ. Անկէ զատ ուրիշ տեղ երջանկութիւն մի՛ փնտռէք:

…Ես պիտի ուզեմ, որ մենք բոլորս մեր ձեռքերը առ Աստուած բարձրացնենք եւ ըսենք.

Ո՜վ Աստուածը մեր հայրերուն,

Գրիգոր Լուսաւորիչի,

Սահակ-Մեսրոպի,

Վարդանի,

Վահանի,

Գրիգոր Նարեկացիի,

Ներսէս Շնորհալիի,

Լսէ՛ մեզ, եւ եթէ երբեք մենք մեղքերով ծանրաբեռնուած ենք, այսօր, ա՛յս պահուն, ա՛յս Սուրբ Եկեղեցիին մէջ, Քու մօրդ բարեխօսութեան կը դիմենք եւ կ՚ըսենք.

Մեղա՜յ քեզի, Աստուածածին, մեղա՜յ քեզի կեանքի մայր, ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, դո՛ւն՝ որ քու Զաւակդ եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը կորսնցուցիր, եւ գիտե՛ս կորուստիդ ցաւը, խնայէ՛ մեր մայրերը զաւակներու ցաւերէն:

Մեղա՜յ քեզի, հրաշագեղ եւ աստուածընկալ տաղաւար, ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, դո՛ւն՝ որ աչքերուդ լոյսը, Զաւա՛կդ կորսնցուցիր, թոյլ մի՛ տար, որ մեր մայրերուն աչքերը խաւարին ու մթագնին:

Մեղա՜յ քեզ, հրեղէն սիւն եւ լոյսի աշտանակ ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, դո՛ւն՝ որ լուսատես Որդիիդ մթագնումը տեսար, թոյլ մի՛ տար որ մեր զաւակները մթագնին կեանքի ամպոտ, որոտացող այս առօրեային մէջ:

Մեղա՜յ քեզ, լոյսի դուստր եւ չհարսնացած ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, դո՛ւն՝ որ մէկ հատիկ համասփիւռ Ծաղիկդ թառամած տեսար, թոյլ մի՛ տար որ մեր զաւակները թառամին՝ հոգիներն ու մարմինները կիզող կեանքի այս օրերուն:

Մեղա՜յ քեզ, սերովբէներէն վերօրհնուած ու հրեշտակներէն փառաւորուած ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, դո՛ւն՝ որ աշտարակ Որդիիդ քայքայումը տեսար, թոյլ մի՛ տար որ մեր զաւակները քայքայուին՝ անխիղճ, անօրէն եւ անողորմ այս օրուան գիտութեան ձեռքերուն մէջ:

Մեղա՜յ քեզ, մեղա՜յ քեզի քաղցրահոս Պլպուլը՝ Յիսուս Քրիստոսը սուրբ արգանդիդ մէջ պարուրած Սո՜ւրբ եւ Բարեխօս Մայր Աստուածածին, քիչ վերջ այստեղ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուելիք ջուրին մէջ քու Որդիիդ հոգին հեղու, որպէսզի այս ջուրով բացուին բոլոր համր եւ վախկոտ շրթները այս աշխարհին:

Կարմրագոյն Վարդը՝ Յիսուս Քրիստոսը դիեցուցած՝ կաթ տուած Սո՜ւրբ եւ Բարեխօս Մա՜յր, Աստուածածին Կոյս, Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած այս ջուրով մաքրէ՛, սրբէ՛ արիւնլուայ մեր սիրտերը, միտքերը, զգացումները, մտածումներն ու գործերը:

Կեանքի Արեւը՝ Յիսուս Քրիստոսը համբուրած եւ սիրած Սո՜ւրբ եւ Բարեխօս Մայր Քրիստոսի Սո՛ւրբ Մարիամ, Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած այս ջուրով մաքրէ՛, սրբէ՛ մեր շրթները, որպէսզի անոնցմով միայն Աստուած օրհնուի եւ փառաւորուի:

Սպիտակ Շուշանն ու գեղեցկագոյն Ծաղիկը՝ Յիսուս Քրիստոսը մեծցուցած Սո՜ւրբ եւ Բարեխօս Մայր Մարիամ, Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած այս ջուրով թող օրհնուի՛ն ու սրբուի՛ն մեր չար խորհուրդներն ու մտածումները:

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի դէմքին հրաշագեղ քրտինքը սրբած Սո՜ւրբ եւ Բարեխօս Մա՜յր Աստուածածին, Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած այս ջուրով մեր կեանքին գոռացող ամպերը թող լռեն, մեր կեանքին խռոված ծովերը թող խաղաղին, մեր կեանքին պղտորած գետերը թող հանդարտին:

Մեղա՜յ քեզ, մեղա՜յ քեզ Աստուածածին Մարիամ:

Վերափոխմանդ այս առաւօտուն, երբ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած ջուրը ըմպէ ժողովուրդդ, եւ մենք, բո՛լորս վերափոխուինք, որպէսզի մեր կեանքի արիւնարբու սատանան ճզմե՛նք, զգետնե՛նք:

Վերափոխմանդ այս առաւօտուն, երբ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած ջուրը ըմպենք, փոխանակ մեր կեանքի Գեթսեմանիներուն, առաջնորդուինք դէպի բարին, կատարեալը եւ վսեմը առաջնորդող ճամբաներէն:

Վերափոխմանդ այս առաւօտուն, երբ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած ջուրը ըմպենք, յաւիտենական կեանքին դռները թող բացուին մեր առջեւ, որովհետեւ չե՛նք ուզեր նմանիլ անոնց՝ որոնք անյոյս են:

Վերափոխմանդ այս առաւօտուն, երբ Միւռոնով օրհնուած ջուրը ըմպենք՝

Թող իմաստուն Զաւակիդ իմաստութեամբը լեցուինք,

Թող բազմառատ Զաւակիդ շնորհքներով, բարիքներով առատանանք,

Թող խնամող Զաւակիդ ներքեւ պահպանուինք,

Թող ստեղծագործող Զաւակիդ ձեռքերուն մէջ հանգստանանք,

Թող մեր բոլորին Տէր Զաւակիդ խնամատարութիւնը վայելենք,

Թող Արարիչ Զաւակիդ օրհնութիւնները ապրինք:

Վերափոխմանդ այս առաւօտուն, երբ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած ջուրը ըմպենք, երկինքի անմարմին դասերուն հետ միասին մե՛նք ալ փառաւորենք Ա՛ն Հայրը, որ օրհնեց քեզ ո՜վ Աստուածածին, եւ քե՛զ Իր փրկագործութեան միջնորդ նշանակեց:

Օրհնենք ա՛յն Որդին՝ քո՛ւ Որդիդ, որ քու սո՛ւրբ, մա՛քուր արգանդիդ մէջ կրեցիր, պահեցիր, սիրեցիր, գգուեցիր, համբուրեցիր ու գլուխը շոյեցիր:

Թող Սուրբ Հոգին փառաւորուի, ա՛յն Սուրբ Հոգին, որ հովանի եղաւ քեզի ո՜վ Աստուածածին, ու պաշտպանեց:

Որովհետեւ, Ամենասուրբ Երրորդութեան օրհնութեամբ կ՚ուզենք խոնարհիլ Քո՛ւ մօրդ՝ Աստուածածին Մարիամին առջեւ, կրկնել եւ ըսել.

-Ո՜վ Աստուածածին, մեղա՜յ քեզ, մեղա՜յ քեզ, մեղա՜յ քեզ: Ո՛ւժ տուր, որպէսզի մենք ալ կարենանք ճզմել ստանային գլուխը: Ո՛ւժ տուր, այսօր, միշտ, մինչեւ մեր կեանքին վախճանը:

Ալէլուիա: Ալէլուիա: Ալէլուիա:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2024