ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՀԱՐԻՐԻ «ՀԱՆԳԻՍՏ» ՉԷ

Լիբանանի Ներքին գործոց նախարար Նուհատ էլ Մաշնուք, որ անցեալ Երկուշաբթի օր մամլոյ ասուլիս մը տալով ամփոփեց ընտրութիւններուն արդիւնքները՝ յայտարարեց, որ անոնք տեղի ունեցան ապահով եւ անվտանգ մթնոլորտի մը մէջ:

Մաշնուք նաեւ դիտել տուաւ, որ մանաւանդ այն հանգրուանին, երբ Լիբանանի հարեւան կարգ մը երկիրներու մէջ պատերազմական գործողութիւններ տեղի կ՚ունենան, փաստ է, որ ապահով մթնոլորտի մը մէջ ընտրութեանց անցկացումը ոչ միայն բարենիշ է Լիբանանի համար, այլ նաեւ ձեռքբերում:

Ի դէպ, Մաշնուք կը խօսէր Երկուշաբթի կէսօրին ու անոր տուած մամլոյ ասուլիսէն ժամեր անց համացանցային կայքէջերու վրայ վխտալ կը սկսէին տասնեակ տեսերիզներ, որոնց մէջ շիի երկու գլխաւոր ուժերուն՝ «Ամալ» շարժումի եւ «Հիզպուլլահ» կուսակցութեան հարիւրաւոր համակիրներ ինքնաշարժներով փողոց կ՚իջնէին եւ բացի իրենց կուսակցութեան դրօշները եւ առաջնորդներուն պատկերները զետեղելէ, կը պատռէին վարչապետ Սաատ Հարիրիի պատկերներն ու անոր կուսակցութեան պաստառները:

Հիմա հարց պիտի տանք. սպասելի է՞ր այս բոլորը Պէյրութի մէջ:

Պատասխանը ոչ այդքան կարեւոր է, քան գետնի վրայ տեղի ունեցած «խուժարար» դէպքերը, որոնց մասին երկու շիի կուսակցութիւնները հաղորդագրութիւններ ալ կը տարածէին ըսելով, որ եղած խուլիկանական տիպի բոլոր քայլերը կտրականապէս մերժելի են եւ իրենք որպէս կուսակցութիւններ դէմ են այդ տիպի բոլոր տեսակի շարժումներու:

Մինչ այդ, զինեալ երեւոյթները եւ յաղթանակը տօնելու «տրամադրութիւններ»ը աւելի երեւելի կը դառնային մասնաւորապէս Պէյրութի այն թաղամասերուն շուրջ, որոնք կը համարուին սիւննի-շիի «սահմանային գօտիներ»: Խօսքը այն թաղամասերուն մասին է, ուր կ՚աւարտի շիի ներկայութիւնը եւ սկիզբ կ՚առնէ «սիւննիական» Պէյրութը:

Նշեմ, որ նախընտրական տարբեր փուլերուն ալ արձանագրուած էին ներհամայնքային բախումներ, որոնց հիմնական պատճառը անշուշտ տուեալ ուժերուն գետնի վրայ «ուժի ցուցադրութեան» խնդիրն էր:

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնեմ, որ յետպատերազմեան Լիբանանի մէջ ամենատարողունակ զինեալ ցուցադրական արարքը տեղի կ՚ունենար 7 Մայիս 2008 թուականին, երբ «Հիզպուլլահ» կուսակցութեան զինեալ ջոկատներ օր ցերեկով փողոց կ՚իջնէին ու կը փորձէին քաղաքական հարթակի վրայ առկայ տարակարծութիւններուն հաշիւը «մաքրել» փողոցին մէջ:

Լիբանանցիներու, բայց մանաւանդ պէյրութցիներու մտքերուն մէջ ցայսօր ալ «վառ» կը մնայ այդ դէպքերուն վերյուշը: «Հիզպուլլահ»ի հարիւրաւոր զինեալներ «կանոնաւոր» գրոհներ կը գործէին Սաատ Հարիրիի առաջնորդած կուսակցութեան՝ «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի կեդրոնատեղիներուն եւ նոյնիսկ լրատուական կայաններուն դէմ: Ու քանի մը ժամուան մէջ «Հիզպուլլահ» կը յայտարարէր, որ ամբողջ Պէյրութը իր վերահսկողութեան տակ է: Սիւննի համայնքը, Հարիրիի հետեւորդները եւ առհասարակ Պէյրութի մէջ գտնուող ու «Հիզպուլլահ»ին դէմ եղող խաւերը տեղի կու տային եւ կ՚ունենային կորուստներ (մարդկային կորուստներուն թիւը կը հասնէր 71-ի): Ի դէպ «7 Մայիսի գործողութեան» հետեւանքով էր նաեւ, որ «Հիզպուլլահ» «կը վարկազրկուէր» յաչս արաբական, բայց մանաւանդ սիւննի աշխարհին: Այդ «գործողութենէն» անմիջապէս ետք Լիբանանի համար «վերահսկող» եւ ֆինանսաւորողի դեր ստանձնած Արաբական ծոցի ազդեցիկ տէրութիւնները կը հրաւիրուէին բացառիկ ժողովի մը, որ կը կայացուէր Տոհայի (21 Մայիսին) մէջ, որուն արդիւնքով ալ հակամարտող կողմերը «կը կերտէին» համաձայնութեան նոր «բաղադրատոմս» մը, որուն շնորհիւ ալ զօրավար Միշէլ Սուլէյման կ՚ընտրուէր (25 Մայիս 2008) Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ: Պէյրութցիներուն համար ճիշդ է, որ նոր փուլ մը կը բացուէր, բայց եւ այնպէս ամէն առիթի այդ դէպքերուն «վերյուշ»ը եւ պարտուած ըլլալու գաղափարը մշտական կերպով կը հալածէր զիրենք: Եթէ հարց տանք, կամ առնուազն փորձենք հասկնալ, թէ ինչո՞ւ «Հիզպուլլահ» քայլ մը առաջ երթալով իր ունեցած զէնքը կ՚ուղղէր ներքին ճակատին ուղղութեամբ, ապա յստակօրէն մեզի համար պարզ պիտի դառնայ, որ շիի կուսակցութեան համար ալ կային բաւական «խիստ» պատճառներ ոչ միայն հակազդելու, այլ նաեւ անոր դէմ պատրաստուող բոլոր մակարդակի թակարդները «քակել»ու:

Ամէն պարագայի տակ այս բոլորը նշեցի ճիշդ ընկալելու եւ փորձել հասկնալու համար, թէ ի՞նչ պատճառներով է, որ պէյրութցիք ամէն առիթի ներքին ճակատումներու «վերյուշ»ը կ՚ապրին ու աւելի՛ն. «կը սոսկան» անկէ:

Լիբանանի սիւննի ճակատին մէջ կարեւոր խլրտումներ եղած են: Ու յստակ է նաեւ, որ երկրի մեծագոյն եւ ամենէն ազդեցիկ համայնքի անդամներուն մեծ տոկոսին մօտ «Հիզպուլլահ»ին եւ անոր դաշնակիցներուն հանդէպ քէնի եւ նոյնիսկ ոխի զգացում մը կայ: Նոյնպէս ալ այպանելի չեն «Հիզպուլլահ»ի ղեկավարներն ու հանրութիւնը, որոնց մարմնին շապիկի պէս «փակցուեցաւ» վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին սպաննած ըլլալու բաւական խորհրդաւոր ոճրագործութիւնը: Հարց մը, որ ցայսօր ալ կը շարունակէ մնալ բաց եւ որուն համար ստեղծուած եւ միլիառաւոր տոլարներ արժած «Միջազգային դատարան»ն ալ կը շարունակէ մնալ անվճռունակ, իսկ դարուս մեծագոյն «քաղաքական սպանութիւն»ը կը շարունակէ համարուիլ մեծ թնճուկ եւ անլուծելի խնդիր:

ՆՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ «ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐ»Ը

Ինն տարուան բացակայութենէ ետք Լիբանանի մէջ կատարուած ընտրութիւնները ունեցան «անկանխատեսելի» արդիւնքներ: Անկանխատեսելի պէտք է ըսել, որովհետեւ ոչ ոք կը նախատեսէր, որ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին պիտի կորսնցնէր իր անցեալի դիրքերը:

Մինչ շարք մը վերլուծաբաններ կը հաւատային, որ յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ իր ունեցած տարակարծութենէն, վարչապետի պաշտօնէն հրաժարական տալէ ու որոշ ժամանակ մը Ռիատի մէջ «բանտարկուած» մնալէ ու Պէյրութ դառնալէ ետք «համալիբանանեան» ընդունելութեան արժանանալէ վերջ, Հարիրի պիտի կորսնցնէր իր նախկին ուժը եւ անոր ղեկավարած երեսփոխանական խմբակի անդամներէն պիտի պակսէին տասն երեսփոխաններ: Ու այսպէս 2009 թուականին տեղի ունեցած ընտրութեան արդիւնքով՝ «Ալ Մուսթաքպալ» խմբակը կ՚ունենար 33 աթոռներ, մինչ 6 Մայիս 2018 թուականի ընտրութեանց արդիւնքով նոյն խըմ-բակցութեան անդամ կ՚ընտրուէին 20 երեսփոխաններ:

Լիբանանեան «Ալ Ախպար» պարբերականը յետընտրական առաջին վերլուծում մը հրապարակելով նկատել կու տար, որ Հարիրի «մեծ պարտութիւն» կրեց մանաւանդ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: Թերթը այս առումով ուշագրաւ խորագիր մը կու տար իր առաջին էջի ճակատին տեղադրելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի լուսանկարը ու խորագրելով՝ «Ապտակ»ը:

Հարիրի, որ կը փորձէր «թեթեւ տանիլ» պատահածը՝ կ՚ըմբռնէր, որ ինք կորսնցուցած է սիւննիներու «ամբողջական» ղեկավարը հանդիսանալու նախ-կին դիրքը: Ճիշդ է, որ ցայսօր ալ անոր խմբակցութիւնը կը համարուի սիւննի համայնքի մեծագոյնը, բայց սկսած է յստակ դառնալ, որ մեծ թիւով պէյրութցիներ առաջուան կեցուածքը չունին ու յատկապէս սիւննի շրջանակներուն մէջ Սաատ Հարիրիի ու մանաւանդ անոր պատկանած կողմին հանդէպ առաջուան խանդավառութիւնը չկայ:

Ի դէպ նոյն պատկերին առընթեր արտայայտուելով շիի մէկէ աւելի ղեկավարներ յայտարարեցին, որ Պէյրութ ընտրած է դիմադրութեան ուղեգիծը եւ մայրաքաղաք Պէյրութը հաւատարիմ է իր անցեալի ըմբռնումներուն:

Այստեղ պէտք է հաստատել նաեւ, որ Հարիրի նահանջի «կամովին» ճանապարհ մը ընտրած է: Ան կը նահանջէ իր շրջանականերուն մօտ, որովհետեւ փաս-տացիօրէն «կը գործակցի» «Հիզպուլլահ»ին հետ ու նաեւ կը նահանջէ սէուտցիներուն մօտ, պարզ անոր համար, որ անցեալի նման պատրաստ չէ «մինչեւ ծայր» երթալու ու կատարելու Ռիատի բաւական ծայրայեղական պահանջները: Իսկ անոնք, որոնք անցեալին ալ դէմ եղած են «հարիրիական գիծ»ին, անոնք եւս այս ընտրութիւններուն ատեն շարունակեցին իրենց կեցուածքները՝ անվստահութիւն դրսեւորելով Հարիրիի «բոլորին հետ տիալոկ» իրականացնելու խօսքերուն:

Հարիրիի համար այսօր հիմնական «յենարան»ը կը շարունակէ մնալ երկրի նախագահ զօրավար Միշէլ Աունի հիմնադրած ու անոր փեսային՝ նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ ղեկավարուող «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութիւնը, որ ի տարբերութիւն անցեալ ընտրութիւններուն, յաջողած է ապահովել 26 երեսփոխաններէ բաղկացող (անցեալ խորհրդարանին մէջ այդ պլոքի անդամներուն թիւը 19-ն էր) խորհրդարանական խմբակ մը:

Ամէն պարագայի տակ տակաւին յաւելեալ առիթներ կ՚ունենանք ամբողջական վերլուծման ենթարկելու Լիբանանի ընտրութեանց արդիւնքները: Այս յօդուածով անդրադարձանք Լիբանանի մէջ գլխաւոր համայնքերէն՝ սիւննի համայնքի ընդհանուր վիճակին, քաջ գիտնալով, որ անցնող տասն տարիներուն այս համայնքին կեդրոնական դեր մը վերապահուած էր, ու սակայն այսօրուան տուեալները ցոյց կու տան, որ սիւննիները կը մտնեն տագնապներու նոր փուլ մը, որ պայմանաւորուած է յատկապէս Ռիատի ու անոր գահաժառանգին «յարափոփոխ» եւ «անսպասելի» դիրքորոշումներով:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 14, 2018