ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ

Առէ՛ք կերէք եւ բոլորդ խմեցէ՛ք-էն ետք, դպիրները կ՚երգեն. «Երկնաւոր Հայր, որ Քու Որդիդ մեզի համար մահուան յանձնեցիր, որպէս մեր մեղքերուն պարտապան: Անոր թափած արիւնով, կ՚աղաչենք Քեզի, ողորմէ՛ Քու բանաւոր հօտիդ»: Դարձեալ կարեւոր յայտարարութիւն մըն է, որ կը կատարենք, խոստովանելով, թէ գիտենք, որ մեր Երկնաւոր Հայրը Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, այլ խօսքով, զԻնք մահուան յանձնեց, որպէս մեր մեղքերուն պարտապան: Ասոր ի պատասխան, այսինքն՝ եթէ իրապէս կը գիտացինք այս բառերուն, ապա պէտք է նուազագոյն ուշադիր ըլլանք, որպէսզի գործադրենք Անոր կամքը, որ մեր փոխարէն Իր կեանքը տուաւ, որպէսզի մենք կեանք ունենանք: Աւելին, նուազագոյնը պէտք է մեր կեանքը ա՛յնպէս ապրինք, որպէսզի մարդիկ մեզ տեսնելով գիտնան, թէ մենք Իր աշակերտներն ենք, Իր հետեւորդներն ենք (կարդալ Յհ 1334-35), Իր արեամբ գնուած:

Աւելին, այս երգով, զոր դպիրները կ՚երգեն, Քրիստոսի թափած Արիւնով աղաչանքով կը դիմենք Երկնաւոր Հօր, որպէսզի ողորմի Իր բանաւոր հօտին: Արդար եւ իրաւ աղաչանք: Սակայն, ի՞նչ կ՚ընենք, որպէսզի արժանի ըլլանք այդ աղաչանքին պատասխանը ստանալու. փոխանակ այնպիսի վարք ու բարք ձեւաւորենք ու ունենանք, որպէսզի արժանի ըլլանք Անոր ողորմութեան, ընդհակառակը ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի զրկուինք Անոր ողորմութենէն:

Այսպիսով՝

Երկնաւոր Հօրմէն կը խնդրենք՝ որպէսզի ողորմի մեզի, սակայն մենք անողորմաբար կը վարուինք մեր նմաններուն հետ:

Երկնաւոր Հօրմէն կը խնդրենք՝ որպէսզի ողորմի մեզի, սակայն մենք անգթութեամբ մեզմէ կը վանենք մեր օգնութեան կարօտին:

Երկնաւոր Հօրմէն կը խնդրենք՝ որպէսզի ողորմի մեզի, սակայն մենք անիրաւութիւն կը գործենք:

Երկնաւոր Հօրմէն կը խնդրենք՝ որպէսզի ողորմի մեզի, սակայն մենք կը ծուլանանք օգնելու իր ձեռքերը մեզի երկարած մուրացկանին, աղքատին, մոռնալով որ երբ աղքատը ձեռքը պարզէ, Աստուած Ի՛նքն է որ կը վերցնէ (Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ):

Երկնաւոր Հօրմէն կը խնդրենք՝ որպէսզի ողորմի մեզի, սակայն քարացած սիրտով կը դատենք մեր նմանները:

Երկնաւոր Հօրմէն կը խնդրենք՝ որպէսզի ողորմի մեզի, սակայն անզգամութեամբ կը շարունակենք չներել մեզմէ ներողութիւն խնդրողին:

Երկնաւոր Հօրմէն կը խնդրենք՝ որպէսզի ողորմի մեզի, սակայն քարերը մեր ձեռքին պատրաստ ենք քարկոծելու աննշան մեղք մը գործողը կամ գործողները:

Ի վերջոյ, Երկնաւոր Հօրմէն կը խնդրենք՝ որպէսզի ողորմի մեզի, սակայն սառն դատողութեամբ կը բացագանչենք. «Խա՛չը հանէ, խա՛չը հանէ զայն» (Ղկ 23.21):

Տակաւին կարելի է այս շարքը երկարել: Այսքանը այստեղ յիշեցի, որպէսզի երբ դպիրներուն հետ այս երգը կ՚երգենք, պահ մը մեր միտքերով անցընենք այն բոլոր անարդարութիւններն ու սխալները, որոնք ամէն օր կը գործենք եւ որոշում կայացնենք ձերբազատուելու այն թերութիւններէն, որոնք ծանր քարերու նման մեր խիղճին ու հոգիին վրայ դրուած են, ստրկացնելով մեզ եւ սահմանափակելով մեր ազատութիւնը, որ ձրիօրէն Աստուծմէ ստացած ենք: Գէթ պահ մը եթէ մեր թերութիւններուն եւ մեղքերուն մասին մտածենք, ապա կը դադրինք մեր նմանները մեղադրելէ, քննադատելէ ու քարկոծելէ, եւ կը զբաղինք միայն մենք մեզ ուղղելով, մեր թերութիւնները սրբագրելով, որպէսզի արժանի ըլլանք Աստուծոյ ողորմութեան: Միւս կողմէ, պէտք է իմանանք, որ դատապարտութիւնը կը խանգարէ մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ. այս ուղղութեամբ Սուրբ Անտոն Անապատական կ՚ըսէ. «Մի՛ դատապարտեր մահկանացուներէն ո՛չ մէկը, որպէսզի Աստուած աղօթքներէդ չնողկայ». եւ՝ «մի՛ դատեր ոչ ոք, որովհետեւ այդ է անկումիդ պատճառը»: Արդարեւ, դատելու իշխանութիւնը Հայրն Աստուած տուած է Իր Միածինին (Յհ 5.27), այնպէս որ մենք համարձակութիւն պէտք չէ ունենանք այդ իշխանութիւնը վերցնելու եւ գործադրելու զայն, ընդհակառակը, մենք պէտք է այնպէս ընենք, որպէսզի վերջին դատաստանին ժամանակ փոխանակ յանդիմանութեան՝ գովասանք լսենք, որովհետեւ «երբ Մարդու Որդին Իր փառքով գայ՝ բոլոր հրեշտակներուն հետ, պիտի նստի Իր թագաւորական գահին վրայ: Բոլոր ազգերը պիտի հաւաքուին Իր դիմաց եւ Ինք մարդիկը իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս որ հովիւը ոչխարները այծերէն կը զատէ: Ոչխարները պիտի կանգնեցնէ Իր աջ կողմը, իսկ այծերը՝ ձախ կողմը: Յետոյ թագաւորը իր աջ կողմը կեցողներուն պիտի ըսէ. “Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է: Որովհետեւ անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի եւ ջուր տուիք, օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս, մերկ էի եւ հագցուցիք Ինծի, հիւանդ էի եւ հոգ տարիք Ինծի, բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք Ինծի”:

Այն ատեն արդարները պիտի հարցնեն. “Տէ՛ր, Քեզ ե՞րբ անօթի տեսանք եւ կերակրեցինք, կամ ծարաւ տեսանք եւ ջուր տուինք: Քեզ ե՞րբ օտարական տեսանք եւ ընդունեցինք կամ մերկ՝ եւ հագցուցինք: Քեզ ե՞րբ հիւանդ կամ բանտի մէջ տեսանք եւ այցի եկանք Քեզի”: Թագաւորը պիտի պատասխանէ. “Կ՚ըսեմ ձեզի, որովհետեւ Իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, Ինծի ըրած եղաք”:

Ապա Իր ձախ կողմը կեցողներուն պիտի ըսէ. “Անիծեալնե՛ր, հեռացէ՛ք Ինձմէ, գացէ՛ք յաւիտենական կրակին մէջ, որ սատանային եւ անոր հրեշտակներուն համար պատրաստուած է: Որովհետեւ անօթի էի՝ եւ չկերակրեցիք զիս, ծարաւ էի՝ եւ ջուր չտուիք, օտարական էի՝ եւ չընդունեցիք զիս, մերկ էի՝ եւ չհագցուցիք, հիւանդ էի եւ բանտի մէջ՝ եւ սակայն այցի չեկաք Ինծի”:

Այն ատեն անոնք պիտի հարցնեն. “Տէ՛ր, Քեզ երբ անօթի, ծարաւ, օտարական, մերկ, հիւանդ կամ բանտի մէջ տեսանք եւ Քեզի չօգնեցինք”: Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. “Կ՚ըսեմ ձեզի, որովհետեւ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն չօգնեցիք, Ինծի օգնած չեղաք”: Եւ այսպէս, անոնք պիտի երթան յաւիտենական պատիժի, իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքի» (Մտ 25.31-46): Ահաւասիկ Տէր Յիսուսի բնորոշմամբ ի՛նչ կը սպասէ մեզմէ իւրաքանչիւրը. ընտրութիւնը մեզի կը մնայ:

Քահանան բարձրաձայն՝ «եւ Քեզի եղածը, Քուկդ եղածներէն Քեզի կը մատուցենք ամէն կերպով, բոլորին համար» ըսելէ ետք, դպիրները կ՚երգեն. «Ամէն բանի մէջ օրհնեա՜լ ես, Տէր, կ՚օրհնենք Քեզ, կը գովենք Քեզ, կը գոհանանք Քեզմէ, կ՚աղաչենք Քեզի, մեր Տէր Աստուած»:

Մարդ արարածը իր բնաւորութեամբ, աւելի կը միտի պահաջելուն, ուզելուն եւ անդադար ուզելուն, իսկ իր ուզածին ու պահանջածին հասնելէ ետք շատ յաճախ կը մոռնայ նոյնիսկ շնորհակալութիւն յայտնել, եւ կամ եթէ յայտնէ իսկ, ապա քաղաքավարութենէ մղուած, զուտ ձեւականութեան համար շնորհակալութիւն կը յայտնէ: Արդարեւ, քահանան Տէր Յիսուսի խօսքերը կրկնելով, Իր մարմինն ու արիւնը որպէս փրկագին տալով, ինչպէս նաեւ դպիրներու երգակցութեամբ վկայելով, թէ Աստուած Իր Միածին Որդին մարդոց մեղքերուն որպէս պարտապան տալու հանգամանքը, այստեղ դպիրները դարձեալ երգելով գոհութիւն կը յայտնեն Ամենաբարի Աստուծոյ Իր պարգեւած առատ շնորհներուն համար:

Յաճախ կը դժգոհինք, յաճախ կը տրտնջանք, յաճախ կը բողոքենք մեր ուզածին չհասնելու պատճառով, որով մեր վիճակը օր օրի ա՛լ աւելի կը ծանրանայ, եւ օր օրի աւելի անհանդուրժող եւ անշնորհակալ կը դառնանք: Թէ ինչո՞ւ. պարզ մէկ պատճառով, որովհետեւ երախտագիտութեան ոգի չունինք, որովհետեւ շնորհակալ չենք մեր եղածով ու ունեցածով, եւ միշտ կը ցանկանք աւելին:  Ցանկալ այստեղ իր ժխտական առումով: Մինչդեռ, եթէ մարդ ինքն իրեն սորվեցնէ երախտապարտ ու շնորհակալ ըլլալ իր ունեցածին ու եղածին համար, Աստուած Ամենողորմը, տեսնելով մարդու սիրտի ուղղութիւնը, օրհնելով կ՚օրհնէ Անոր կեանքը, առատացնելով կ՚առատացնէ անոր անդաստանները՝ միտքի, սիրտի եւ հոգիի:

Մարդ, յատկապէս Աստուծոյ նկատմամբ պէտք է երախտապարտ ու շնորհակալ ըլլայ ամէն ինչի համար, միշտ գիտակցելով, որ Աստուած է բոլոր բարիքներուն պարգեւողը, կեանք տուողը, կենանացնողն ու ապրեցնողը:

Վստահաբար մեզմէ շատեր ձախողութեան եւ կամ տառապանքի ժամանակ կը շտապենք եկեղեցի, մոմ կը վառենք, կ՚աղօթենք, արցունք կը թափենք, մէկ խօսքով խեղճացած ու տկարացած վիճակով կը ներկայանանք Աստուծոյ եւ կը խնդրենք Անկէ, որպէսզի օգնութեան ձեռք մեկնէ մեզի, օգնէ, որպէսզի կարենանք յաղթահարել մեր դիմաց ցցուած դժուարութիւնը: Բնական երեւոյթ է այս մէկը: Անբնականը, սակայն, այն է, որ երբ այդ դժուարութիւնը, կամ տառապանքը անցնի, երբ մեր ձախողութիւնը յաջողութեան փոխուի, ապա կը մոռնանք եկեղեցւոյ դուռը, կը մոռնանք եկեղեցի մտնել, ծնկել Աստուծոյ առջեւ եւ շնորհակալութիւն յայտնել Անոր, որ օգնեց, իմաստութիւն շնորհեց մեզի, որպէսզի կարենանք մեր ձախողութիւնը՝ յաջողութեան, մեր տառապանքը՝ երջանկութեան վերածելու: Այս վարուելակերպը կը կոչուի ապերախտութիւն, իսկ ապերախտ մարդը ո՛չ միայն մարդոց աչքին զզուելի է, այլեւ Աստուած եւս կը գարշի այդ տեսակի մարդոցմէ: Սուրբ Օգոստինոս այսպէս կը գրէ ապերախտ մարդուն մասին. «Տէր, երբ մէկը ստեղծես եւ ապերախտ ըլլայ քեզի՝ արժանի կ՚ըլլայ դժոխքի, իսկ երբ ապերախտ ըլլայ զինք փրկելուդ համար՝ նոր դժոխք մը պէտք է բացուի անոր դիմաց»:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կ՚ըսէ. «(Աստուծոյ) գոհութիւն յայտնելով բարերարութիւններուն համար, դուն քու պարտքդ կը կատարես, իսկ վշտալի, աղէտալի իրավիճակներու մէջ (Աստուծոյ) գոհութիւն յայտնելովդ, ատով զԻնք քեզի պարտական կը դարձնես»: Հայրապետին մատնանշումով, երբ մարդ իր ծանր վիճակներուն մէջ Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնէ, այդպէս ընելով զԱստուած պարտական կը դարձնէ, եւ պահ մը պատկերացուցէք ճմլուած սիրտով գոհութիւն յայտնելէ ետք Աստուծմէ ստացած օրհնութիւնն ու շնորհքը ի՜նչ մխիթարական կ՚ըլլան: Իսկ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը այսպէս կը գրէ. «Գոհաբանութիւն կատարելը, գոհութիւն ընծայելն առ Աստուած մարդու ամենէն ազնուական զգացումներէն մէկն է։ “Գոհանամք զքէն Տէր”ը մարդու սիրտէն դէպի երկինք վերթեւող ամենէն բնական ու հարազատ ապրումն է»:

Հետեւաբար, կրթենք մեր անձերը, սորեցնենք մեր անձերուն գոհ եւ շնորհակալ սիրտ ունենալ, որով օրհնութիւնները առատապէս կը հեղուն մեր վրայ եւ մեր կեանքը կը պտղաբերի մէկի փոխարէն երեսուն, վաթսուն եւ հարիւր (տե՛ս Մտ 13.8):

Երկիւղածութեամբ եւ գոհունակութեամբ բացագանչենք. «Փառք Քեզի, Աստուած, փառք Քեզի, ամէն ինչի համար փա՜ռք Քեզի»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4

6 յունիս 2022, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2022