ՄԸՍԹԸՐ ԼԱՅԶԱ

Այդ օրերուն ապրիլ ամիսը նոր սկսած էր դառնալ ապրող ներկայութիւն եւ միւս կողմէ ալ քորոնաժահրը կամաց-կամաց նահանջի ճամբան բռնած ըլլալով, ամէն բան դանդաղօրէն սովորական սկսած էր դառնալ: Ահա քեզի կեանքի նոր էջ: Եւ որովհետեւ կռնակի եւ մէջքի ցաւերս հետզհետէ անտանելի սկսած էին ըլլալ, կինս բաւական մտահոգ ու մանաւանդ ստեղծուած դրական իրավիճակէն քաջալերուած, անմիջապէս ինծի համար բժիշկէն ժամադրութիւն վերցուցած էր:

Երկու օր ետք, առաւօտ կանուխ արդէն բժիշկի շէնքի մուտքին էի: Շուտով մտայ գրասենեակ ու մօտեցայ սպասման սենեակի միակ պաշտօնեայ աղջկան: Սովորական «բարի լոյս»էս ետք, ներկայութիւնս պատճառաբանեցի, յետոյ տուի անունս: Աղջիկը փորձեց ստուգել: Քանի մը թուղթեր խառնեց: Սեղանին վրայ բաներ մը փնտռեց: Ապա, իր աթոռը համակարգիչին մօտեցուց: «Մուկը» առնելով իր աջ ափին մէջ, վեր-վար տարաւ, քանի մը անգամ շարժեց ու ինծի դառնալով գլուխը շարժեց ըսելով.

-«Սօրի», կը ներէ՛ք, ասանկ անունով ժամադրութիւն չենք տուած»:

Շուարած աչքերով իրեն նայեցայ: Այս ինչպէ՞ս կրնայ ըլլայ: Տակաւին քանի մը օրեր առաջ, կինս անձամբ «ապահոված» էր այս ժամը: Հանդարտ, սակայն դիմակիս տակ կնճռոտած դէմքով իրեն նայեցայ ու կացութիւնս բացատրեցի: Իր կարգին հարցուց, թէ ի՞նչ էր կնոջս անունը: Թէեւ հարցումը զիս ուրիշ բաներու կապեց, սակայն անունը տուի:

-Հա՛ գտայ, ըսաւ, նստէ՛ք, հիմա ձեզի ներսէն կը կանչեն:

Երկար շունչ մը քաշեցի: Ծօ՛, առաւօտ կանուխ արթնցած էի եւ այդչափ ալ ճամբայ կտրած, որպէսզի ճիշդ պահուն հասնէի... ասանկ մը կ՚ըլլա՞յ... է՜հ կ՚ըլլայ եղեր...:

Ապա, ընդարձակ սպասման սենեակին մէջ, առաջին աթոռը գրաւելով, դիմակովս նստայ: Նախ ստիպուեցայ ակնոցս հանել, որովհետեւ շունչս դիմակիս «երեսէն» շոգիի վերածուելով, սկսած էի մշուշոտ տեսնել: Յետոյ, մօտաւորապէս քառորդ ժամ ետք, յանկարծ կողմնակի դուռը բացուելով, դուրս եկաւ կապոյտ համազգեստով գիրուկ տղայ մը, իր աջ ձեռքին թուղթերու տրցակով,  իսկ ձախին՝ մատներուն մէջ, գրիչ մը խաղցնելով:

-Լայզա.- ըսաւ ու չորս կողմը նայեցաւ: Այդ անունով մէկը փնտռեց: Բայց, սենեակին մէջ ինձմէ զատ մէկը չկար: Զարմացայ: Այս Լայզան ուրկէ՞ բուսաւ...:

-Ա՛յ տխմար, չես տեսներ ուրիշ մարդ չկայ,- ըսի մտովի,- ի՞նչ կը փնտռես:

Մարդը կրկնեց անունը, եւ յանկարծ չես գիտեր ինչպէ՞ս մեր երկուքին դէմքերը իրար հանդիպեցան: Մարած եւ հետաքրքիր աչքերով ինծի նայեցաւ:

-«Այ ամ լուքինկ ֆօր Լայզա», ես Լայզան կը փնտռեմ, ըսաւ կտրուկ ձայնով:

Սխալը՝ կռահեցի: Բայց հակառակ ցաւերուս սաստկութեան, փորձեցի տեղէս ելլել եւ ճիշդ դիմացը կենալով միտքս պարզել: Բացատրել: Նախ անունս տուի ու աւելցուցի, որ ես առտու կանուխ արդէն ժամադրութիւն մը ունէի...: Կարծես, կեղծ ժպտաց ու դարձեալ նոյն անունը պտտցուց իր շրթներուն վրայ: Ջղայնութիւնս մէջս սկսած էր «շարժիլ»: Մտովի, «վերջը բարին ըլլայ» մը ըսի: Յայտնի էր, թէ ես իրեն համար իր փնտռած «Լայզան» չէի, բայց միւս կողմէ ալ կը զգայի, որ ջղայնութիւնս սկսած էր մէջս եռալ: Արդէն լաւ տրամադրութիւնս սպաննուած էր: Իր խօսքով, հիմա այդ «անյայտին» կարգն էր, ուրեմն ես պէտք էր, որ սպասէի:

Ահա քեզի որոշում: Կրկնակի զարմացայ:

Եւ որովհետեւ միտքս անժամանակ պայքարի մը մէջ էր, վայրկեանին ենթադրեցի, որ այն պաշտօնեան, որ ինծի համար կնոջս ժամադրութիւն տուած էր, հաւանաբար իմ անուանս տեղ, Լայզա գրած էր: Է՜հ, վերը Աստուած կայ... ըսած եմ միշտ ու այս անգամ ալ կը հաստատեմ: Ուստի աւելի համարձակ եւ ինքնավստահ, տարակուսանքի իր դիրքին ու շարժումին տակ. ըսի.

-Պարոն դուք կը սխալի՛ք, այդ մէկը կնոջս անունն է..., կինս ժամադրութիւն վերցուցած էր..., հաւանաբար սխալ արձանագրուած էր...:

Ըսի, թէ՛ քիչ մը ջղային եւ թէ՛ քիչ մըն ալ անհանգիստ: Բայց, որո՞ւ կ՚ըսես: Եւ երբ «պատճառաբա-նութեանս» ընթացքին քանի մը անգամ Լայզա բառը կրկնած էի, այնպէս կ՚երեւէր, թէ այս մարդը զիս մտիկ չէր ըրած, որովհետեւ նախ վերէն վար զիս չափեց, ապա անմիջապէս «ներս եկէ՛ք», ըսաւ: Հաւանաբար աչքերուն ալ չհաւատաց, որ իմ այս տարիքիս, նման այր մարդ մը, իգական անուն ալ ունենայ: Բայց խելօք մը հետեւեցայ մարդուն: Ինծի, բաց դուռով սենեակ մը առաջնորդեց ու ըսաւ, որ աթոռին վրայ նստիմ, իսկ ինք՝ աթոռակ մը քաշելով, դիմացս նստաւ ու սկսաւ իր «գործին»: Նախ տաքութիւնս չափեց եւ ապա արեան ճնշումս առնելով, արագ մը թուղթին վրայ բաներ մը արձանագրեց, ու իր դիմակին տակէն հազիւ լսելի ձայնովը ըսաւ.

-«Օ՜ քէ՛յ, մըսթըր Լայզա», շատ լաւ պարոն Լայզա, հիմա հիւանդապահուհին պիտի գայ եւ ձեր արիւնը առնէ: Ապա արագ մը դէպի դուրս ելաւ:

-Բայց ես Լայզան չեմ, ըսի վրդոված, Լայզան կինս է եւ այդ հարցարանը անոր անունովն է... սխալ է..., հաճիս իմս ստուգէ...:

-Նստէ՛ք, ըսաւ, կը հասկնամ, յոգնած էք եւ անհանգիստ, հիմա կը ստուգեմ. ու հեռացաւ:

Իսկապէս անհանգիստ որոնում մը ունէի: Այս տարիքիս «մըսթըր Լայզա»...: Կը զգայի, որ հոգիս տակնուվրայ էր: Վայրկեան առաջ կ՚ուզէի այս մեծ սխալը շտկել տալ: Բայց... անպիտանը առիթ չտուաւ: Հաստատապէս բանականութիւնը եւ տրամաբանութիւնը կանգ առած էին այս մարդոց մօտ: Այդ մէկը զգալի ու տեսանելի էր: Իրապէս, որ յուսախաբ էի:

Ծօ՛, ես ո՜ւր, կնոջս ֆիզիքական հարցերը ուր... անխելք: Ու հազիւ նման «բաներով» միտքս կը զբաղեցնէի, յանկարծ սենեակ մտաւ մանր հասակով ու մարմինով, մանիշակագոյն համազգեստով հիւանդապահուհի մը, որուն աչքերէն կրնայիր կռահել, իր չինացի եւ կամ՝ Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներէն ըլլալը: Դիմացս ոտքի կենալով անմիջապէս «հելօ, մըսթըր Լայզա», բարեւ ըսաւ եւ պատուիրեց, որ նախընտրած ձեռքս իրեն երկարեմ:

Արիւն առնելու պահն էր: Անկեղծօրէն ըսեմ, որ ամէն անգամ «արիւն առնելու» նման «գործողութեան», երբ ներկայանամ, նախ մանուկի մը նման կը հնազանդիմ ինծի տրուած պատուէրներուն եւ ապա դէմքս հակառակ կողմ կը դարձնեմ, չտեսնելու համար: Արիւն չեմ կրնար տեսնել: Ամօթ է ըսելը... կը վախնամ...: Ձեռքս չէ: Բայց հակառակ ասոր, որոշեցի անպայման հարցս պարզել:

-Մի՛ շարժիք,- ըսաւ խստիւ:

Չկրցայ շարժիլ եւ ոչ ալ խօսիլ: Իրաւունք ունէր: Պէտք չէ շարժիլ: Վտանգաւոր էր: Բայց իմ հարցս ի՞նչ պիտի ըլլար: «Այս մէկը իմ արիւնս էր եւ ոչ թէ ձեր Լայզայինը», մտովի կը կրկնէի:

Բարեբախտաբար «արարողութիւնը» երկար չտեւեց: Աղջիկը գտնելէ ետք յարմար երակներէս մէկը, հինգ յատուկ սրուակներու մէջ արիւնս լեցուց: Ապա, իր աշխատանքի աւարտին, խնամքով մը ասեղին տեղը սրբեց եւ մաքուր բամպակով մըն ալ ծածկելէ ետք, «արմուկդ վեր պահէ» թելադրեց: Իմ կարգիս, յարմար առիթ նկատելով փորձեցի «հարցս» իրեն պարզել եւ շեշտել, թէ եղածը անուններու սխալմունք-թիւրիմացութիւն մըն էր: Ձայնս դողաց եւ աչքերէս կայծեր արձակուեցան կարծես: Ու հազիւ բառերուս սկսած էի, ինք պատրաստուեցաւ դուրս գալ: Ոտքի ելայ: Ինքն իր ափին մէջ արիւնովս լեցուն սրուակները արագ մը հաւաքելէ ետք, երբ դէպի դուռ կը մօտենար, շուտով աջ ձեռքովս իր դաստակէն ամուր մը բռնեցի ու փորձեցի իրեն դէպի դուրս ելքը արգիլել: Աղջիկը յանկարծակիի եկաւ: Կատարեալ շփոթ: Փորձեց ձեռքը ազատել: Բայց ես ականջ չտուի: Ամբողջ ուժովս բռնած էի դաստակը եւ միւս կողմէ անմիջապէս սկսայ իմ «պատմութեանս»: Կը զգայի, որ մարմինը հրաբուխ լերան նման կը դողար: Իր ուժովը կը փորձէր դաստակը «ճիրանէս» ազատել: Ուղղակի տեսարան: Այս միջոցին էր, որ իր ձեռքի զօրաւոր ցնցումէն, մատները դաւաճանեցին եւ ափը բացուելով, հինգ սրուակներն ալ գետին ինկան ու փշուր-փշուր եղան: Հիմա արիւնս սկսած էր կոտրած սրուակներէն դուրս կաթելով, գետինը «զարդարել»: Մեղք, հազար մեղք, արիւնս այսպէս... ապարդիւն...:

Աղջիկը այս տեսարանին վրայ, վախէն, սարսափահար պոռաց: Բարձրաձայն օգնութիւն կանչեց: Աղմուկը ալիք առաւ սենեակին մէջ: Եւ ինչ անակնկալ, վայրկեանին երկու տղաք օգնութեան հասան: Նախ բռնեցին հիւանդապահուհիին թեւէն եւ զինք դուրս բերին սենեակէն, իսկ ինծի ալ խստապահանջ ուսուցիչի աչքերով, երկար նայեցան եւ հրամայեցին, որ անպայման սպասման սենեակ երթամ:

Անկեղծօրէն աղմուկն ու տեսարանը լափեր էին հետաքրքրութիւնս: Անմիջապէս ինքզինքս եւ դիմակս շտկեցի: Իրապէս, որ քրտնած էի: Ես ալ կը դողայի: Սկսած էի նոյնիսկ հեւալ: Ակնոցս աչքս անցուցի եւ հետեւեցայ այդ երկուքին: Իսկ հո՛ն, այդ սպասման սենեակին մէջ, նկատեցի, որ արիւն առնող աղջիկն ու տաքութիւնս չափող տղան, երկուքն ալ մէկու մը հետ ձեռքով-ոտքով կը խօսէին, կարծես բացատրութիւններ կու տային: Հասկնալի էր ամէն բան: Իմ դէմս բամբասանք: Իմ կարգիս, ես ալ մօտեցայ անծանօթ պատասխանատուին: Փորձեցի պարզել կացութիւնը: Մարդը զիս մտիկ չըրաւ: Նախ, վերէն-վար զիս չափեց եւ ապա արագ մը հեռացաւ: Միւս կողմէ, լսեցի գրասենակի պաշտօնեայ օրիորդի ձայնը, որ զիս կը կանչէր: Մօտեցայ:

-«Մըսթըր Լայզա», ըսաւ քիչ մը կեղծաւոր եւ քիչ մըն ալ աղաչական ձայնով, -«բըլիզ, քօլ եուր ընշուրանս», պարոն Լայզա, հաճիս դիմէ քու բժշկական ապահովագրութեան ընկերութեանդ եւ տարբեր բժիշկ պահանջէ: Այսչափ, եւ բարի օր մաղթեց ու տեղը նստաւ:

Աղջկան արտասանած բառերը ուղեղիս մէջ փշրուեցան, ինչպէս փխրուն արձան: Բառերու այս անօրինակ շարքը զարտուղի հետքեր ձգեց մտքիս մէջ: Չհաւատացի: Ինչպէ՞ս հաւատայի: Երկինքէն ինկածի պէս եղայ: Մէկ խօսքով՝ այս տարիքիս, այս գրասենեակէն շատ քաղաքավար կը վռնտուէի: Ինծի կը մնար, հարցը չբարդանալու համար, կամաց մը եւ հնազանդ հեռանալ: Հոգիս երկիւղով պատուած էր: Մէջս կարծես բան մըն ալ սառած ու նոյնիսկ պերճախօսութիւնս ալ ցնդած: Սրտնեղ տագնապ մըն էր, որ կ՚ապրէի: Նման վիճակի մը կեանքիս մէջ երբեք չէի հանդիպած:

Է՛հ, հիմա ի՞նչ պիտի ըլլային մէջքս ու կռնակս... անոնց ցաւերը... ուստի նոր բժիշկ պէտք էր, որ գտնէի... իսկ ցաւերս... արդեօք անոնք գիտէի՞ն, թէ ես իրենց համար «ինչերէ» կ՚անցնէի...:

-Հոգ չէ՛,- ըսի մտովի, -այս անգամ ես անձամբ պիտի վերցնեմ ժամադրութիւնս..., ո՛չ լայզա եւ ո՛չ ալ մայզա...:

Կարծես այս որոշմանս վրայ քիչ մը հանդարտած էի եւ խուճապէն ու հեւքէն հեռացած:

Անկասկած, որոշած էի կեանքս վերաշինել: Ու նոր եռանդով մը, մտայ ինքնաշարժս:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Չորեքշաբթի, Յուլիս 14, 2021