Ե­րե­խան Ինչ­պէ՞ս Պաշտ­պա­նել Առ­ցանց Վտանգ­նե­րէն

Բնականաբար արհեստագիտական գլխապտոյտ պատճառող նորութիւնները, իրենց օգուտներուն կողքին, ունին նոյնպէս անխուսափելի վտանգներ, որոնք առաջին հերթին կը հարուածեն ամենէն անպաշտպան հաւաքականութիւնները, որոնց շարքին՝ երեխաները: Ծնողներ պաշտպանելու համար իրենց զաւակները հաւանական աղէտէն՝ կ՚որդեգրեն միջոցառումներ, որոնք կրնան անպայման ազդեցիկ չըլլալ: Պատիժը կամ խստութիւնը լուծումներ չեն: Լաւագոյնը երեխային հետ զրուցելն է: «Պի. Պի. Սի.» երկու յօդուածով անդրադարձած է այս հարցին եւ հրատարակած է իր արհեստագիտական աշխատակից Մարք Ուարտի տեսակէտը:

*

ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՑԷՔ ԽՕՍՔԸ, ԱՅԼ ՈՉ ՍԱՐՔԸ՝
ԸՆՏԵԼԱՑՆԵԼՈՒ ՁԵՐ ԵՐԵԽԱՆ

Բազմաթիւ ծնողներու նման՝ ես իմ տանս տեղեկատուական արհեստագիտութեան անպաշտօն տնօրէնն եմ: Եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան բազմաթիւ տնօրէններու նման՝ իմ ծառայութիւններէս օգտագործողները երբեք գոհ չեն:

Բողոքները վերջին քանի մը ամիսներուն աւելի բարձր հնչեցին, երբ ես փորձեցի տնօրինել, որ իմ պատանի զաւակներս որքան ժամանակ պիտի յատկացնեն առցանց եւ սահմանափակել՝ իրենց դիտելիքը:

Տարբեր արհեստագիտութիւններու կար-կըտան մը ինծի օգնեց ասիկա ընելու՝

- Օրէնքներ՝ սահմանափակելու համացանցի ժամանակը,

- Բովանդակութիւնը դիտելու Էփ-եր,

- Ծրագիրներ համակարգիչներուն վրայ՝ վնասակար ծրագիրները յայտնաբերելու եւ որոնումները զտելու:

Այս միջոցները արդիւնաւէտ էին իրենց նորարարութեամբ, բայց գիտեմ, որ բացթողումներ ունին: Ճիշդ այդ պատճառով ես նոյնպէս կը գործածեմ «լրտեսող ցանցը»: Ասիկա կը ներառէ՝ տան մէջ շրջագայելով երեխաներս քաշքշել, երբ անոնք դաս սորվելու փոխարէն՝ բջիջայինով, առցանց խաղերով կամ պատկերասփիւռ դիտելով կ՚անցընեն իրենց ժամանակը:

Կղպուած

Ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, որ ես առանձին չեմ՝ արհեստագիտութիւնը օգտագործող, հսկելու համար առցանց ժամանակը, թէ՛ ատիկա սահմանափակելու եւ թէ օգնելու զաւակներուս՝ անվտանգ մնալու:

Բրիտանիոյ մեծ ծնողներուն 44 առ հարիւրը Էփ-եր կ՚օգտագործէ՝ տեսնելու երեխաներուն առցանց գործունէութիւնը: 39 առ հարիւրը կը ստուգէ, թէ երեխան ո՛ր կայքերը դիտած է, իսկ 37 առ հարիւրն ալ հսկողութեան տակ առած է ռաութըրը: Այս մասին կը տեղեկացնէ բրիտանական յատուկ ուսումնասիրութիւն մը:

Ես այս բոլոր երեքն ալ կ՚օգտագործեմ եւ կ՚ուզեմ աւելին օգտագործել: Ըստ երեւոյթին, արհեստագիտութիւնը աւելի օգտակար պիտի ըլլայ, որովհետեւ այս ասպարէզի ընկերութիւնները հրապարակած են արտադրութիւններ՝ ծնողական հսկողութեան համապարփակ համակարգով:

«Հաւանաբար զարմանալի չէ, որ ծնողները կը ձգտին արհեստագիտութիւնը դարձնել առցանց ժամանակի կառավարման հսկող օգնական, որովհետեւ ատիկա տարածք մըն է, ուր անոնք կը պայքարին օգնութիւն ստանալու համար», կ՚ըսէ Նորթոն-ի եւրոպական բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Նիք Շօ: Ան կ՚աւելցնէ. «Երբ մարդիկ ծնողական խնդիրներ ունին իրենց երեխաներուն հետ, կրնան իրե՛նց ծնողներու խորհուրդին դիմել, բայց ասիկա այն ասպարէզն է, ուր ձեր ծնողները ձեզի չափ տեղեկութիւններ չունին»:

Ան նոյնպէս կ՚ըսէ, որ երեխաները նոյնիսկ աւելի գիտելիքներ ունին եւ շատ դիւրաւ իրենց ծնողներուն շուրջը օղակներ կրնան կազմել: «Բազմաթիւ ծնողներ շատ միամիտ են այս առընչութեամբ», կ՚ըսէ ան:

Նոյնիսկ ես կամակատար եղայ, որովհետեւ իմ տեղադրած արհեստագիտութիւններէս ոչ մէկը ինծի նշաններ կ՚ուղարկէր: Ես կը կարծէի, թէ ամէն բան լաւ կը գործէ, եւ իմ երեխաներս համացանցէն կ՚օգ-տըւին եւ խաղեր կը խաղան անթափանց պղպջակային անվտանգութեան մը մէջ:

Սխա՛լ:

Դանդաղօրէն ես յայտնաբերեցի, որ իմ երկու երեխաներս կրնան խուսափիլ սարքերուն վրայ դրուած կղպանքներէն:

Շօ կ՚ըսէ. «Արհեստագիտութիւնը պիտի օգնէ ձեզի, սակայն կարելի չէ խուսափիլ այն իրողութենէն, որ դուք պէտք է ատոր մասին աւելի շատ զրուցէք ձեր երեխաներուն հետ: Ես պէտք է երեխաներուս օգնեմ, որպէսզի անոնք հասկնան, որ հսկողութիւնը, հակակշիռը անհրաժեշտ են: Պատճառները բացատրելը կրնայ մեղմացնել առարկութիւնը»:

Արդար ըլլալու համար պէտք է ըսեմ, որ ես իմ երեխաներուս հետ այս խօսակցութիւններէն մաս մը ունեցայ: Բայց ատոնք աւելի «նուազ խաղեր եւ աւելի դասեր» ձեւի էին, քան՝ համակարգիչ-համացանց-բջիջային նիւթերու մասին:

Իրաւունքներ եւ յարգանք

Համացանցային անվտանգութեան մասնագէտ Թոնի Ասքոմպ կըսէ. «Համացանցային կայքը աւելի ապահով օգտագործելու մասին երեխաներուն հետ զրուցելը աւելի լաւ է սահմանափակումներ պարտադրելէն: Բազմաթիւ ծնողներ իրենց երեխաներուն պարզապէս չեն խօսիր, թէ ի՛նչ բան ընդունելի է եւ ի՛նչ բան՝ ոչ: Միամը-տութիւնը բազմաթիւ երեխաներ վտանգի կ՚ենթարկէ: Կ՚արժէ անոնց յիշեցնել, թէ այդ տեղեկութիւնով ի՛նչ կարելի է ընել եւ ո՞վ կրնայ ուզել ատիկա: Կրնայ ըլլալ ատիկա իյնայ ցանցահէններու կամ գողերու ձեռքը:

«Ժողովրդային Էփ-երու մէջ պահուըտած երեւոյթներու մասին զգուշացումներ կ՚արժէ ընել, որովհետեւ անոնք իրենց համար իսկապէս պէտք եղածէն աւելի տեղեկութիւն կը ստանան: Գլխաւոր եւ ամենէն կարեւոր բանը, որ ծնողներ կրնան ընել, գործածելն է իրենց զաւակներուն Էփ-երը: Ասիկա պիտի օգնէ ծնողներուն՝ հասկնալու իրենց զաւակներուն տրուելիք տեղեկութիւնները, նոյնպէս՝ բացայայտելու Էփ-երու ունեցած որեւէ պահուըտած երեւոյթ: Ոմանք անմեղ կը թուին, սակայն կ՚օգնեն երեխաներուն գաղտնի պահելու իրենց ըրածը», կ՚ըսէ ան:

«Սարքերը միայն պատմութեան կէսն են», կ՚ըսէ Տքթ. Սոնիա Լիվինկսթոն՝ Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան դպրոցէն: Ան «Բրիտանիոյ երեխաներ առցանց նախագիծ»ի ծիրին մէջ կ՚ուսումնասիրէ, թէ երեխաները ինչպէ՛ս կը գործածեն համացանցը:

Լիվինկսթոն կ՚ըսէ. «Ընկերութիւններ պէտք է կեդրոնանան աւելի նուազ վաճառելու եւ աւելի մշակելու ծառայութիւններ, որոնք կարիքը չունին պաշտպանութեան: Իսկ ծնողները պէտք է քաջալերեն երեխաները ճիշդ բանը ընելու՝ իրենք անձամբ այդպէս ընելով, փոխանակ պայմաններ պարտադրելու: Ատիկա նոյնպէս յարգանքի համար է. օգնել երեխաներուն ճիշդ որոշումներ տալու՝ իրաւարարական օրէնքներ հաստատելու փոխարէն: Եթէ երեխաները տեսնեն օրէնքներուն օգուտները, աւելի հաւանական է, որ հետեւին ատոնց: Ես շատ խանդավառ չեմ այն գաղափարով, որ ծնողներ իրենց զաւակներուն վրայ ամբողջական հակակշիռ ունենան: Երեխաներն ալ իրաւունքներ ունին», կ՚ըսէ Տքթ. Սոնիա Լիվինկսթոն:

ՄԱՐՔ Ո­ՒԱՐՏ­
Ար­հես­տա­գի­տա­կան աշ­խա­տա­կից
«Պի. Պի. Սի.»ի

ԵՐԵԽԱՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԱՌՑԱՆՑ ԿԸ ՄՍԽԵՆ՝ ՎԱՏԱՌՈՂՋ ՈՒՏԵԼԻՔ ՀԱՄՏԵՍԵԼՈՒ ՆՄԱՆ

Կենսական է, որ ծնողները միջամտեն վերջ տալու համար ընկերային ցանցերու իրենց զաւակներու կողմէ չափազանցուած օգտագործման, ինչպէս՝ վատառողջ ուտելիքի համտեսումը, այս մասին կը նշեն մանկավարժներ:

Մանուկներու հարցերով բրիտանացի յանձնակատար Ան Լոնկֆիլտ հարցազրոյցի մը մէջ քննադատեց ընկերային մեծ ցանցերու որդեգրած միջոցները, որպէսզի երեխաներ աւելի ժամանակ յատկացնեն առցանց: Լոնկֆիլտ ըսաւ, որ ծնողները պէտք է աւելի զգոյշ եւ խիստ ըլլան, որպէսզի իրենց երեխաները ամրան արձակուրդին համացանցին կառչած չըլլան:

Այս առընչութեամբ Ան Լոնկֆիլտ նախաձեռնած է արշաւի մը՝ ծնողներուն օգնելու:

«Ասիկա բան մըն է, որուն մասին իւրաքանչիւր ծնող պէտք է զրուցէ, յատկապէս ամառնային արձակուրդներուն. երեխաները վտանգի մէջ են ընկերային ցանցը տեսնելով, այնպէս, ինչպէս շաքարեղէնը, եւ իրենց առցանց ժամանակը՝ վատառողջ ուտելիքի նման: Մեզմէ ոչ ոք, որպէս ծնող, կ՚ուզէ, որ մեր զաւակները միշտ վատառողջ ուտելիք համտեսեն: Այս նոյն պատճառով ալ մենք պէտք չէ ուզենք, որ մեր երեխաները նոյնը ընեն համացանցին դիմաց», ըսաւ Ան Լոնկֆիլտ:

Ան աւելցուց. «Երբ բջիջային հեռաձայնները, ընկերային ցանցը եւ խաղերը մեզ կը մտահոգեն, կ՚ընկճեն եւ անհսկելի կը դարձնեն, կը նշանակէ, որ մենք ճիշդ հաւա-սարակշռութիւնը չենք գտած: Ձեր սննդականոնով դուք ատիկա գիտէք, որովհետեւ շատ լաւ չէք զգար: Նոյնն է ընկերային ցանցին պարագային»:

Անցեալ տարի Արհեստագիտութեան ուսումնասիրութեան Օֆքոմ կեդրոնը ըսաւ, որ համացանցը որպէս բրիտանացի երեխաներուն համար ամենէն ժողովրդական ժամանց՝ գերազանցած է պատկերասփիւռը: 5-15 տարեկան երեխաներ շաբաթական 15 ժամ կը զբաղին համացանցով:

Ըստ Ան Լոնկֆիլտի, պէտք է օգնել երեխաներուն, որպէսզի անոնք հասկնան, որ կայքերը կը քաջալերեն զիրենք շարունակելու այն, ինչ որ իրենք նախապէս առցանց կ՚ընէին:

Այս տարեսկիզբին պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը համակարգիչի կամ բջիջայինի յատկացուած ժամանակի եւ երեխաներու մտային առողջութեան մասին կը նշէ, որ սարքերու չափաւոր օգտագործումը կրնայ օգտակար ըլլալ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017