ԱՄՈՒԼՍԱՐԻ ՀԱՐՑԸ ԿՐՆԱՅ ՄԵԾ «ԳԼԽԱՑԱՒ» ԴԱՌՆԱԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ

«Առնուազն այս պահի դրութեամբ մենք չունինք Ամուլսարի հանքի շահագործումը արգիլելու որեւէ իրաւական հիմնաւորում»,  ֆէյսպուքեան ուղիղ միացում կատարելով՝ այսպէս կը յայտարարէր Հաաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, հարցի մը մասին, որ անցնող շաբաթներուն գրաւած էր ոչ միայն Հայաստանի հասարակութեան, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան ուշադրութիւնը։ Վարչապետը, որ Ամուլսարի հանքերու հարցով կարծես, թէ որոշ համոզումներու յանգած էր Ջերմուկի բնակիչներէն եւ աքթիւիստներէն, կը խնդրէր բանալ Ամուլսարի հանք տանող գլխաւոր ճանապարհները։ Ան այս կապակցութեամբ կ՚ըսէր.

«Կը խնդրեմ ապաշրջափակել Ամուլսարի հանք տանող ճանապարհները եւ այդ մասին կը բերեմ վերջին փաստարկը: Որովհետեւ դուք այդ ճանապարհները փակելու անհրաժեշտութիւն չունիք, որովհետեւ դուք ունիք կառավարութիւն, որ, եթէ տեսնէ, թէ այդ ճանապարհները փակելու անհրաժեշտութիւն կայ, ինքը իր լծակներով, օրէնքով իրեն վերապահուած լիազօրութիւններով կ՚երթայ, ճանապարհն ալ կը փակէ, մնացած ամէն ինչն ալ կը փակէ»։

Պէտք է անշուշտ յիշեցնել, որ Ամուլսարի հարցը մեծ լարում կ՚ապրէր անցեալ ամսուան կէսերուն, երբ մեծ թիւով բողոքարարներ հաւաքներ կը կայացնէին Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն մէջ։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Փաշինեանի, բողոքարարներուն կը խոստանար աւելի մանրամասն եւ գիտական ուսումանսիրութիւններ կատարել խնդրին ճիշդ գնահատական տալու, նաեւ հարցին կապակցութեամբ բոլոր կողմերուն համար ճիշդ լուծումներ առաջարկելու։

Այդ փուլէն ետք վարչապետ Փաշինեանի նախաձեռնութեամբ կը կայաց-ւէին մի քանի հանդիպումներ, որոնց մէկ մասին ալ մասնակցութիւն կը բերէր Ամուլսարի հանքի օգտագործումը ստանձնած «Լիտիէն» ընկերութեան ներկայացուցիչներ։

Ու անկախ անկէ, որ Հայաստանի հանրութեան մեծ տոկոսին համար Ամուլսարի հանքի բացումը բոլոր իմաստներով ալ վնասակար աշխատանք եւ ձեռնարկութիւն էր, վերջին օրերուն վարչապետ Փաշինեանի մօտեցումներուն մէջ աւելի ծանրակշիռ արժէք կը ներկայացնէր խնդրի տնտեսական երեսակը։        

Վերադառնալով Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւններուն՝ հարկ է նշել, որ ան խնդրին վերաբերեալ (այսինքն հանքը բանալու առընթեր) իր դրական կողմնորոշումը կը զուգորդէր համեմատութիւն կատարելով երկրի տարածքին գործող տարբեր հանքավայրերու հետ, միշտ յուշելով եւ յիշատակելով, որ եթէ կառավարութիւնը Ամուլսարի վերաբացման դէմ արգելքներ դնէ, ապա այդ մօտեցումը պիտի ըլլայ խտրական, հետեւաբար նաեւ անընդունելի մօտեցում մը։ Ան նաեւ վեր կը հանէր խնդրի տնտեսական երեսակը եւ այդ առթիւ Հայաստանի քաղելիք օգուտն ու միջազգային մակարդակով Հայաստանի տնտեսական վիճակին մասին վերջին շրջանին հնչած գնահատականներ ու կ՚ըսէր. «Մենք չենք կրնար հաշուի չնստիլ նաեւ տնտեսական հանրութեան մտահոգութիւններուն հետ, թէ՝ եթէ մենք այս հարցի վերաբերեալ ճիշդ մօտեցում չցուցաբերենք, այդ մէկը ինչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ Հայաստանի ընդհանուր տնտեսութեան համար։ Մենք կրնանք ունենալ միջազգայնօրէն շատ լուրջ խնդիր, երբ յանկարծ պարզուի, կամ մեր գործած սխալներու հետեւանքով ստացուի, որ մենք կը ցուցաբերենք խտրական մօտեցումներ։ Ունինք որոշակի ազդակներ, որոնք կը վկայեն, թէ եթէ մենք այս իրավիճակը ճշգրիտ չկառավարենք, այս իրավիճակին ճշգրիտ պետական մօտեցում չցուցաբերենք, ապա այդ կրնայ յանգեցնել Հայաստանի վարկանիշի վատթարացման»:

Ինչպէս տարբեր առիթներով Փաշինեան նաեւ կը շեշտադրէր, որ եթէ Ամուլսարի շահագործումը որեւէ ժխտական անդրադարձ ունենայ յատկապէս Ջերմուկի ջուրի որակին վրայ, ապա կառավարութիւնը ամէն ճիգ պիտի ընէ արագօրէն միջամտելու եւ փակելու Ամուլսարի հանքը։ Ան այս առումով կ՚ընդգծէր. «Եթէ ըսուածերէն շեղումներ ըլլան, Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ կը բխին որոշակի գործողութիւններ, որովհետեւ այդ շեղումներու պարագային 90 օր ժամանակ կը տրուի շեղումը վերացնելու համար: Եթէ չի վերացուի, հանքը կը փակուի, եւ ոեւէ մէկը որեւէ վերապահում չի կրնար ներկայացնել: Սա արձանագրենք եւ պատկերացնենք»:

Բաց աստի, յստակ կը դառնայ, որ Ամուլսարի շահագործման սկիզբին համար որպէս ժամկէտ նշուած է յառաջիկայ տարուան ապրիլ ամիսը, եւ աւելի քան պարզ է, որ յառաջիկայ ութ ամիսները կարեւոր փորձաքար են մէկ կողմէ Ամուլսարի վերաբացման մասին իր համաձայնութիւնը տուած Փաշինեանի կառավարութեան համար, իսկ միւս կողմէ բնապահպանութեան անաղարտութեան համար պայքար տանող հանրութեան, ինչպէս նաեւ Ջերմուկի բնակիչներուն համար։ Հոս է նաեւ, որ յըս-տակ պիտի դառնայ, թէ գետնի վրայ տեղի ունեցած զարգացումները ինչպիսի՞ իրավիճակի կրնան յանգեցնել։

Արդեօք Փաշինեանի կառավարութիւնը հաստատակամ պիտի մնա՞յ իր որոշումներուն մէջ, թէ՞ քաղաքական տարբեր միջամտութիւններու դուռ բացող Ամուլսարի հանքի խնդիրը այս կառավարութեան համար պիտի դառնայ «մահ ու կենաց» խնդիր մը։

Պարզ է, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը կը դիմագրաւէ բազմապիսի խնդիրներ, սակայն Ամուլսարի հանքի հարցը կրնայ իրողապէս կրակոց հանդիսանալ Փաշինեանի ժողովրդային առաջնորդի ընդհանուր վարկանիշին. բան մը՝ որուն շնորհիւ ալ ու հակառակ տարբեր ճակատներու վրայ իր ունեցած նահանջին, Փաշինեան կը շարունակէ անխափան կերպով ղեկավարել երկիր Հայաստանը։

ԱՄՈՒԼՍԱՐԻ ԾՐԱԳԻՐԸ ՎՆԱՍԱԿԱՐ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ

 Արդեօք ի՞նչ իմաստութիւն կայ, որ Ջերմուկի մերձ գտնուող սարը կրէ Ամուլ ածականը եւ կոչուի՝ Ամուլսար։

Սա ենթադրական մօտեցում է, սակայն իրական փաստ է, որ այս օրերուն Հայաստանի եւ հայութեան համար էական օրակարգ դարձած է Ամուլսարի հանքերու բացման խնդիրը։

Իրաւացի է նաեւ, որ այսօր «քաղաքական ական» պատրաստուիլ դարձող Ամուլսարի խնդիրը «ձեռագործ»ն է անցեալ իշխանութիւններուն կողմէ այս իշխանութիւններուն, որպէս «կտակ» մնացած տխուր ժառանգին ու ժառանգութեան։

Ի դէպ, Ամուլսարի մասին խօսելու պահուն անպայման հաշուի պէտք է առնել, թէ որքան ալ մեծ ըլլան այդ հանքի օգտագործման հետեւանքով դէպի Հայաստան «հոսելիք» գումարները, միեւնոյնն է, եղածը վնասակար է Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարդ համարուող Ջերմուկի շրջանին։

Խնդիրը բաւականին խճճուած է, հոն իրար կը բախին Հայաստանի համբերատար ժողովուրդին արդար շահերն ու օտար մեծ ընկերութիւններու շահերը, որոնք նաեւ ունին (տխուր փաստ) հայաստանցի գործընկերներ։ Ու այդ խճճուած ըլլալուն հետեւանքով է, որ վարչապետ Փաշինեեան եւ իր քաղաքական խումբը հարցը լուծել փորձելու ատեն կրնան բաւականին ցաւցնող եւ ճակատագրական սխալներ գործել։

Ամուլսարի մասին պատկերացում մը տալ փորձելով՝ իրավիճակը պիտի նմանցնեմ մարմնապէս առողջ եւ նիւթապէս քայքայուած վիճակ մ՚ապրող մարդու մը, որ իր տխուր կացութենէն դուրս գալ փորձելով՝ վաճառքի կը հանէ իր առողջ երիկամները, այդ գումարով փրկելու համար իր հիւանդ վիճակը։

Ու այդպէս ալ կ՚ընէ, կը վաճառէ իր երիկամները, կը ստանայ մեծ գումար եւ... քանի մը տարի կ՚ապրի «առողջ ու երջանիկ»։ Անոր բարւոք վիճակը երկար չի տեւեր, ու ան կրկին անգամ կը յայտնուի իր մօտիկ անցեալի ծանր ու բարդ վիճակին մէջ։

Ըսելիքս այն է, թէ այսօր եւ կարճ ժամկէտներու վրայ Ամուլսարէն Հայաստան հոսող գումարները (եթէ հանքը բացուի անշուշտ), ի զօրու չեն ու չեն կրնար երկրին համար մեծ լուծումներ ապահովել...

Այս բոլորը անշուշտ քաղաքական հաշուարկներ կատարելու, կամ քաղաքական հաշիւներ մաքրելու, ու պարզապէս յուշել փորձելով, որ ինչ ալ ըլլան գալիք օգուտները՝ Հայաստանի նման փոքրիկ երկրի մը համար նոր հանք բանալը նման է մարդու առողջ երիկամները ծախելուն… Եւ տխուրն այն է, որ երիկամներէն հաւաքուելիք գումարները շատ կարճ կեանք մը պիտի ունենան ու... հալին երթան։

Այս բոլորէն անդին ալ կայ կարեւոր հանգամանք մը, որ Ամուլսարի նման բարդ նիւթին պատճառով վարչապետ Փաշինեան կրնայ (եթէ ետդարձ կատարէ հանք բանալու միտուած իր մօտեցումներէն) հակաժողովրդային իր առաջին քայլերը առնել եւ… հանրութեան աչքին ներկայանալ՝ որպէս ուխտադրուժ քաղաքական առաջնորդ մը։

Ամէն պարագայի, յստակ է, որ Ամուլսարի հարցը տակաւին իր վերջնական լուծումին չէ հասած, հետեւաբար նաեւ կան մեծ յոյսեր, թէ հարցը պիտի լուծուի յօգուտ Հայաստանին եւ յօգուտ հայ ժողովուրդին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2019