ԽԱՉԸ. ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

Զի ճառ խաչին կորուսելոցն յիմարութիւն է, այլ փրկելոցս մեզ՝ զօրութիւն Աստուծոյ։

(Ա. Կորնթացիս, 1.18)

Խաչվերացի տօնն է։ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի տօնակատարութեամբ սկիզբ առած տաղաւար տօներու շարքին վերջին օղակը։

Տաղաւար տօներու շարանը կը սկսի մեղաւոր աշխարհի փրկութեան համար Աստուծոյ յանձն առած գերագոյն զոհողութեան յիշատակութեամբ։ Աստուած Իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ։ Աստուածայայտնութեան իրականութեան խորքին մէջ թաքնուած է սքանչելի խորհուրդ մը, որ ինքնին քարոզ մըն է, որով կը յայտարարուի Աստուծոյ անխառն եւ անայլայլ սէրը հանդէպ մարդկութեան։

Իսկ Խաչվերացի տաղաւարը կու գայ յիշեցնել խաչը եւ խաչի խորհուրդը, որով յայտնուած է, թէ Աստուած ոչ միայն Տէր է իբրեւ Արարիչ երեւելեաց եւ աներեւութից, այլ նաեւ տէրն է Իր Խօսքին ու Խոստումին։ Քանի որ Սուրբ Գրքի մէջ Աստուած չարութեան եւ մեղքին արմատին՝ օձին ըսած էր թէ «իր ու կնկանը միջեւ, եւ իր սերունդին ու անոր սերունդին միջեւ թշնամութիւն պիտի դնէր. Ան իր գլուխը պիտի ջախջախէր» (Ծննդոց, 3.15)։ Խաչը իրականացումն է Աստուծոյ այս խոստումին, երբ Խաչի վրայ կը պատարագուէր Աստուծոյ Միածին Որդին ու Իր մահովը մահը կը կոխոտէր։ Իր Սուրբ Արիւնը կը լուար մարդոց վրայի մեղքի աղտեղութիւնը, կը վերացնէր մահուան անէծքին կապանքները, խեղդելով՝ չարութեան արմատը։

Պօղոս առաքեալ Խաչի խորքէն աւանդուած կեանքի դասը, Աստուծոյ սիրոյ յայտարարութիւնը նշելով, մարդկութիւնը երկու դասակարգի կը բաժնէ. Կորստեան մատնուածներ եւ փրկուածներ։ Այս դասակարգութիւնը կը հիմնաւորէ Խաչին եւ Խաչեալի նկատմամբ որդեգրուած կեցուածքին վրայ։ Աստուած մարդը ազատ կամքով ստեղծած է։ Ազատութիւնը ունի ընտրելու իր կեանքի ուղին։ Կրնայ որդեգրել «լայն ճանապարհը, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ կամ կ՚ընտրէ նեղը՝ որ դէպի կեանք կ՚առաջնորդէ» (Մատթէոս, 7.13-14)։ Կրնայ Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագրին ծաղրանքով մօտենալ եւ կամ բոլորով սրտիւ հաւատալով կը ցանկայ «հասնիլ երկնքի թագաւորութեան յաւիտենականութեան, զոր Աստուած պատրաստած է Իր սուրբերուն համար» (Ժամագիրք)։ Կրնայ աշխարհի ծանրութիւնը շալկել ու քալել այնպէս եւ կամ լսելով Քրիստոսին, կ՚ուխտէ հաւատարիմ մնալ ու հետեւիլ Անոր։ Կրնայ մերժել Քրիստոսով յայտնուած ճշմարտութիւնը եւ կամ ընդունիլ, թէ Քրիստոս Հօր Աստուծմէ ղրկուած է։ Կրնայ ըստ աշխարհի ընթանալով մնալ ու մեռնիլ մեղքերուն մէջ եւ կամ հաւատալով մարմնացած Աստուծոյ Խօսքին, խաչը առնելով խաչակից կ՚ըլլայ Քրիստոսին։

Խաչը մահուան գործիք էր։ Օրհասական մահապարտներ այդ չարաշուք գործիքին վրայ մինչեւ իրենց վերջին շունչը կը տառապէին սոսկալի եւ ահաւոր տանջանքի ցաւերը կրելով։ Քրիստոսի շնորհիւ այս մահ-ւան գործիքը դարձաւ սիրոյ, զոհողութեան եւ կեանքի նշան։ Այս մահուան գործիքին վրայ մատուցուած Սուրբ Պատարագին ընդմէջէն յայտնուեցաւ Աստուծոյ փրկարար զօրութիւնը։ Մահուան գաղափարը որպէս տկարութիւն, պարտութիւն կ՚ընկալուի։ Սակայն նպատակասլաց մահը զօրութեան եւ յաղթանակի խորհրդանշանին կը վերածուի։ Ի զուր չէ որ Քրիստոսի մատուցած Սուրբ Պատարագի Սրբութեան Սեղանը՝ Սուրբ Խաչը դարձած է հաւատացեալներու պարծանքի նշանը։ Եկեղեցւոյ սուրբերը որոնք համոզուած էին Քրիստոսի Սուրբ Խաչին փրկարար զօրութեան, իրենց երկրաւոր կեանքերը կնքեցին ապաւինելով Սուրբ Նշանին, որուն վրայ յայտնաբերուած էր Աստուծոյ ընդդէմ չարութեան շահած փրկարար յաղթանակի զօրութիւնը։ Կը յիշենք Վարդանանց պատերազմի նախօրեակին ուխտապահ հոգեւորականաց Պարսից արքունիքին առաքուած նամակին հատուածը, որ կը ցոլացնէ Սուրբ Աւետարանի ճշմարտութիւնը. «…Եթէ նոյնիսկ անմահներ ըլլայինք, կարելի էր Քրիստոսի սիրոյն մեռնիլ. Որովհետեւ Ան անմահ էր եւ այնչափ սիրեց մեզ, որ մինչեւ իսկ յանձն առաւ մահը, որպէսզի մենք անոր մահուամբ յաւիտենական մահէն ազատինք»։ Սուրբ Խաչի խորհուրդին ընդմէջէն յայտնուած Աստուծոյ զօրութեան հաւատքն էր, որով յայտնաբերուեցաւ «մահ ոչ-իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն» նշանաւոր կարգախօսը։

Խաչը փայտեղէն ու շօշափելի մահասփիւռ գործիք մը չէ միայն։ Է եւ անկէ աւելին։ Խաչը՝ խորհուրդ մըն է, որուն իմաստին կարելի կ՚ըլլայ թափանցել միայն հաւատքով։ Երբ հաւատքով կը նայինք Սուրբ Խաչի նշանին ու կը ջանանք ըմբռնել անոր գերբնական զօրութիւնը, կը հասկնանք, թէ աշխարհի մեթրական դրութեամբ կարելի է միայն Խաչափայտին խորութիւնը, լայնութիւնը եւ բարձրութիւնը չափել։ Սակայն եւ այնպէս, Խաչի խորհուրդին խորութիւնը, լայնութիւնը եւ բարձրութիւնը միայն անհունով կարելի է բնութագրել։ Խաչի խորհուրդի խորքին մէջ թաղուած աստուածային սէրը հասանելի կը դառնայ մարդուն, եթէ հաւատայ Աստուծոյ մեծագործութեան եւ հրաշագործ զօրութեան։ Խաչի խորհուրդի լայնատարածութիւնը կարող է ընդունիլ եւ պարփակել մեղսաթաթախ մարդկութեան բազմութիւնը, եթէ ան հաւատայ, թէ Աստուծոյ Միածին Որդին կը փնտռէ «բոլոր յոգնածները եւ բեռնաւորուածները, անոնց հանգիստ խոստանալով» (Մատթէոս, 11.28)։ Նաեւ որպէս Բարի հովիւը կը փնտռէ ոչխարները, զանոնք Հօրը գաւիթին մէջ հաւաքելու համար (Յովհաննէս, 10.16)։ Խաչի խորհուրդին բարձրութիւնը չափել վեր է մեր մարդկային տեսողութենէն։ Երկրէն դէպի երկինք հասնող ճանապարհ մըն է ան, յայտնուած՝ Յակոբ նահապետի երազին մէջ, ուր երկրէ երկինք բարձրացող սանդուխէ մը հրեշտակներ կ՚ելլէին ու կ՚իջնէին։ Այդ սանդուխին վրայ լսուած էր Աստուծոյ ձայնը, որպէս առհաւատչեան Իր պահապան զօրութեան. «եւ ահա ես քեզի հետ եմ ու ամէն ուր որ երթաս քեզ պիտի պահեմ, ու քեզի այս երկիրը պիտի դարձնեմ. Քանզի մինչեւ որ իմ քեզի զրուցածս չընեմ, քեզ պիտի չթողում» (Ծննդոց, 28.10-17)։ Խաչեալ Քրիստոսը, յետ յարութեան մէկտեղման ընթացքին Գալիլիոյ մէջ տիեզերական առաքելութեան պաշտօնով լիազօրած առաքեալներուն նոյնիմաստ բառերով կը խոստանար ըսելով. «Ես ձեզի հետ եմ աշխարհի բոլոր օրերը՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը» (Մատթէոս, 28.20)։

Խաչ եւ եկեղեցի. Իրարմէ անբաժան եւ նոյնացած երկու բառեր։ Սրբազան շարականագիրը ի զուր չէ որ եկեղեցին կը հրաւիրէ «ուրախանալու, որովհետեւ Քրիստոս երկնքի Թագաւորը զայն պսակած էր Իր Խաչովը եւ Իր սքանչելի փառքովը զարդարած՝ անոր պարիսպները»։ Պօղոս առաքեալ կը յիշեցնէ, թէ հաւատացեալները «կենդանի Աստուծոյ տաճարներ» են (Բ. Կորնթացիս 6.16)։ Նաեւ բոլոր անոնք որոնք «Քրիստոսով մկրտուած են Քրիստոսը հագած են» եւ «Յիսուս Քրիստոսով Աստուծոյ որդիներ են հաւատքի միջոցով» (Գաղատացիս, 3.26-28)։ Քրիստոսը հագնիլ այնքան դիւրագին չէ։ Իր հետ կը բերէ պարտաւորութիւններ։ Իր հետ կը բերէ խաչակից ըլլալու, խաչ կրելու, խաչի խորհուրդին հաւատարմութեամբ փարելու պարտաւորութիւնը, զոր պէտք է տանիլ ոչ թէ հարկադրաբար՝ այլ սիրով։ Դարեր շարունակ Խաչի խորհուրդը բարձրաձայն աղաղակեց ու կը շարունակէ աղաղակել փրկութեան աւետիսը։ Անոնք որոնք կը հաւատան Խաչի խորհուրդին, կը զգենուն Աստուծոյ զօրութիւնը։ Անոնք կը հրաւիրուին ուրախանալու, նման Խաչով պսակուած Սուրբ Եկեղեցիին։ Խաչի խորհուրդը երբ մէկ կողմէն անհատներու մեղքի ծառայութենէն ձերբազատման առիթը կ՚ընծայէ, միւս կողմէն անոնց վրայ կը բեռցնէ տանելի եւ դիւրատար խաչեր, որպէսզի իբրեւ նշան պատասխանատուութեան գիտակցութեան, ուրախութեամբ բարձր պահեն եւ կրեն զանոնք։ Հաւատցեալին համար քաղցր պարտականութիւն է իր անձին փրկութեան եւ Քրիստոսի Մարմնին՝ Սուրբ Եկեղեցիին փառքին մասին մտածել եւ ըստ այնմ վարուիլ ապաւինելով Սուրբ Խաչի զօրութեան։ Երբ Քրիստոսի խաչակցութեան կոչուածներ ետ կը կենան իրենց վրայ դրուած խաչերը կրելէ անոնց համար Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ով որ իր խաչը չ՚առներ ու իմ ետեւէս չի գար, արժանի չէ ինծի» (Մատթէոս, 10.38)։

Քրիստոսի խաչակիցը չի կրնար ետ կենալ Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ մնալէ, անոր փառքին ու շինութեան ծառայելէ, անոր առողջ գոյատեւման համար նիւթապէս եւ կամ բարոյապէս սատարելէ։ Քրիստոսը հագած եւ Խաչի խորհուրդին հաւատացողներու համար քաղցր պարտականութիւն է իրենց կեանքի ժամերէն զոհել եւ մասնակից ըլլալ Սուրբ Սեղանի վրայ մատուցուած Սուրբ Պատարագին, որուն միջոցաւ կը շարունակուի բաշխուիլ Գողգոթայի անկրկնելի Սուրբ Պատարագին փրկարար զօրութիւնը։ Քրիստոսի խաչակիցը Սուրբ Գրքի ընթերցմամբ հաղորդ կը դառնայ Աստուծոյ պատգամներուն։ Քրիստոսի խաչակիցը իր ընտանիքի երէցներուն ի Քրիստոս ննջման յաջորդող օրերուն անոնց պատկանած Սուրբ Գիրքերը իր տունէն չ՚արտաքսեր, չ՚աքսորեր։ Քրիստոսի խաչակիցը Սուրբ Եկեղեցւոյ նկատմամբ անտարբեր գտնուելով պատճառ չի դառնար անոր տկարացման։ Քրիստոսի խաչակիցը զանազան պատճառաբանութիւններ յօրինելով իր ընտանեկան յարկի մանուկները, պատանիները հեռու չի պահեր Աստուծոյ Տունէն։ Քրիստոսի խաչակցութեամբ եկեղեցւոյ աղօթող բերանները ըլլալու կանչուածներ իրենց համար քաղցր պարտականութիւն կը նկատեն աստուածային պաշտամունքի կանոնաւորութիւնը ապահովել։ Քրիստոսի խաչակիցներ՝ որոնք եկեղեցւոյ ուսուցողական առաքելութեան նուիրուած են, իրենց համար անյետաձգելի պաշտօն կը նկատեն Աստուծոյ Խօսքը ուղիղ փոխանցել իրենց խնամքին յանձնուած ժողովուրդին։ Քրիստոսի խաչակից հրեշտակապաշտօն սպասաւորներ ամէն ինչ կ՚ընեն եկեղեցւոյ սուրբ աւանդութեան հաղորդ դառնալու եւ զանոնք իրենց նմաններուն փոխանցելու համար։ Այս բոլորը կարելի է համառօտել մէկ նախադասութեամբ. Քրիստոսի խաչակիցը ամօթ չի համարեր խաչակրութիւնը, այլ ընդհակառակը հպարտութեամբ կը կրէ իրեն վիճակուած խաչը, պայծառ եւ լուսաւոր պահելով զայն ու կ՚առաջնորդուի անոր լոյսով ու զօրութեամբ։

Խաչվերացի տաղաւարին խնդրենք բարեխօսութիւնը այն բոլոր սուրբերուն, ծանօթ եւ կամ անծանօթ, որոնք որպէս ճշմարիտ խաչակիրներ «յաղթական դուրս եկան բարի պատերազմէն, իրենց ընթացքը աւարտեցին ու հաւատքը պահեցին, արդարութեան պսակին տիրանալու յոյսով» (Բ. Տիմոթէոս, 4.7-8)։

Խաչին լոյսով լուսաւորուած մնանք եւ ընդմիշտ շարունակենք խոստովանիլ Խաչին զօրութիւնը, հետեւելով աւանդաբար Սահակ Ձորափորեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վերագրուած շարականին բառերով. «Սուրբ Խաչն օգնական հաւատացելոց. Կանգնեցաւ ի յերկրի յաղթող թշնամւոյն. Եկայք ժողովուրդք երկիրպագեսցուք»։ Նմա փառք յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

12 սեպտեմբեր 2019

Գնալը կղզի

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2019