ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԱ՞Ծ, ԹԷ ՊԱՐՏՈՒԱԾ (Բ.)

Ռուսաստան թէ՛ իբրեւ Սովետական Միութեան ժառանգորդ եւ թէ անոր փլուզումէն ետք իբրեւ նոր աշխարհ մուտք գործող երկիր, որքան ալ սկզբնական շրջանը միաժամանակ համարկուած եւ պարփակուած էր Արեւմուտքին կողմէ, մասամբ յստակ էր, որ իր մեծ տարածքին ներքեւ այսպիսի մեծ քանակութեամբ հիւլէական զէնքերու սեփականութեամբ այսպէս ըսած բարձր առաքելութիւն մը պիտի տար՝ նկատի առած արդէն, որ պատմականօրէն ալ ան ինքզինք Արեւմուտքի մրցակից ու շատ մը տեղեր (երբ հզօրացման ճամբան բռնած էր) իբրեւ Արեւմուտքի ախոյեան համարած է:

Սովետական Միութեան փլուզումը նոր էջ մը բացաւ միջազգային յարաբերութեանց մէջ եւ Ռուսաստան դէմ յանդիման մնաց նոր իրականութեան հետ:  Արդի եւ զարգացող աշխարհին հետ քայլ պահելը շատ դժուար էր, իսկ միւս կողմէ այդ աշխարհին հետ ընդհարման եւ ճակատման երթալը պիտի ըլլար աւելի կործանանար: Հոս հիմնականը նոյն միջազգային յարաբերութիւններու հաւասարակշռուած ու ուժականութեան բովանդակութեամբ, աւելի առարկայական է դէպքերը զննել Արեւմուտքի տեսադաշտէն ու գործակատարումէն եւ Ռուսաստանի հանդէպ վարուած քաղաքականութենէն, որովհետեւ նոյն Սովետական Միութեան քայքայումը արեւմտեան ջանքերը անտեսելով չենք կրնար դիտարկել: Ռուսաստան՝ Սովետական Միութեան քայքայումէն ետք, եթէ չըսենք լիակատար, ապա բարձր յարաբերականութեամբ ինկաւ Արեւմուտքի ազդեցութեան տակ, մա՛նաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, ուստի Ռուսաստանի ճակատումը աւարտեցաւ (նոյն Սովետական Միութեան քայքայումով):

 Ռուսաստան պիտի ներկայանար, կամ կրնանք ըսել, պիտի ներկայացուէր աշխարհին. աշխարհ մը, որ նախքան Սովետական Միութեան քայքայումը կ՚ուղղուէր դէպի համաշխարհայնացում եւ բարդագոյն ու թափանցիկ բաց շուկայական յարաբերութիւններ: Գերմանիաններու միացում, Եւրոպական Միութեան ստեղծում, Արաբ-Իսրայէլ հակամարտութեան լուծման նոր մօտեցումներ ու համադրումներ, աշխարհի մէջ ԱՄՆ-ի ռազմախարիսխներու ծաւալում, տնտեսական մեծ աճեր, արհեստագիտական յեղափոխութիւն, համաշխարհային աղքատացման կտրուկ նահանջ, մշակութային ձեւափուխմներ եւ անսահման համադրումներ, հազարաւոր փափուկ ուժերու յայտնուիլը եւ այլն… Այս բոլորը ձեւաւորեցին նոր աշխարհը, ուր հիւլէական զէնքերը, այո՛, իրենց դերը տակաւին մասամբ ունէին, բայց միջազգային քաղաքական, անվտանգային, մշակութային եւ նոյնիսկ ընկերային ուժականութիւնն ու կարողականութիւնը նոր ուղղութիւններով աճեցան։ Այս բոլորի իբրեւ արդիւնք՝ մարդկութիւնը նոր վերելքներ նուաճեց նոյն գիտութեան ու արհեստագիտութեան աւելի գեղեցիկ, մատչելի, հասանելի, կիրառուող եւ ամենօրեայ օգնութեամբ: Եւ այն երկիրներն ու պետութիւնները, որոնք  համարկուած չէին (եւ տակաւին չեն) ընդհանուր ու միջազգային մեծ ցանցին մէջ, անոնք ակամայ լճացան: Եթէ նախկին դարերուն հնարաւորութիւնը կար ներփակուելով կամ կղզիանալով զարգանալու, ապա ներկայ ժամանակներուն այդ մէկը կը բերէ աղքատացում ու հիւծում (ինչպէս շատ մը երկիրներու հետ պատահեցաւ՝ անոնք պատժամիջոցներու արդիւնք են կամ նոյն այդ երկիրներու մեկուսանալու որոշում):

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023