ԱՐԴԵՕՔ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՈՒՆԻ՞ «ՍԵՂԱՆԻՆ ՏԱԿ» ՊԱՀՈՒԱԾ ՈՒՐԻՇ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Վերջին շաբաթներուն մենք նկատեցինք, անշուշտ, որ Փաշինեանի հրաժարականին հետամուտ քաղաքական ուժերը փողոցին մէջ յստակ պահանջ մը ներկայացուցին։ Բայց եւ այնպէս, այդ բողոքի հաւաքներէն, երթերէն եւ անհնազանդութեան գործողութիւններէն անդին՝ աւելի քան յստակ դառնալ սկսած է, որ Հայաստանի քաղաքական «անիշխանական» իշխանութեան համար անհանգիստ է մարդ մը։ Խօսքը, անշուշտ, Նիկոլ Փաշինեանի մասին է, որու շարժումները, խօսքերը եւ մասամբ գործողութիւնները կը փաստեն իր մատնուած խոր ճգնաժամը։ Այս բոլորին հանրութիւնը հերթական անգամ ականատես դարձաւ շաբաթ կէս գիշերին, երբ «Թելեկրամ»ի վրայ արձագանգ գտան որոշ լուրեր, ըստ որոնց ան խոր մտավախութիւններ ունի, որ ժողովուրդը դարձեալ փողոց կ՚իջնէ եւ իր հրաժարականը պահանջելէ զատ՝ կը ստեղծէ նաեւ անկառավարելի եւ վտանգաւոր կացութիւն։

Փաշինեանի մտահոգութիւնները կապ ունին Արցախի Հադրութի շրջանի շաբաթ օրուայ իրադարձութիւններուն հետ։ Ատրպէյճանեանի զօրքերը հրադադարը խախտելով, զէնքի ուժով գրաւեցին Հադրութի Հին Թաղլար, կամ Հին Թաղեր հայկական գիւղը։ Ռազմերը կը շարունակուէին նաեւ Խծաբերդ գիւղի ուղղութեամբ եւ աւելի ուշ, բարեբախտաբար, յայտնի դարձաւ, որ Ռուսաստանի խաղաղապահներու միջամտութեամբ կրակը դադրեցուած է եւ երկու կողմերը անցած են բանակցութիւններու։ 

Երեւանի մէջ առկայ մտահոգութիւնները այս բոլորի լոյսին տակ հասան իրենց գագաթնակէտին։ Բոլորի մտքին մէջ կայ հարցում մը. արդեօք Փաշինեան «սեղանին տակ» պահուած ուրիշ պայմանաւորուածութիւննե՞ր ալ ունի, թէ՛ Արցախի որոշ շրջաններու եւ թէ Սիւնիքի կապակցութեամբ։ Այդ մեծ հարցադրումները, անշուշտ, կրնան պատճառ դառնալ, որ անգամ մը եւս ժողովուրդը փողոց թափի եւ գործէ հանդուրժելի վարքագծէ հեռու տրամաբանութիւնով մը եւ իրերը տանի դէպի ընդհանուր քաոսի։ Փաշինեան կը սարսափի այս բանէն, որովհետեւ կորսնցուցած է քաղաքական ենթագետինը եւ ջուրին տուած՝ իր արդէն զրկուած հեղինակութիւնը։ Եթէ ասոնց վրայ աւելցնենք փողոցին մէջ առկայ լարուածութեան հետեւանքով ստեղծուելիք անորոշութիւնն ու անկառավարելիութիւնը, ապա արդէն պէտք է հասկնանք եւ սպասենք, որ ան Մոսկուայէն կրնայ զանգ մը ստանալ եւ լսել իրեն համար տհաճ նախադասութիւններ...

Անշուշտ, այս վախին պատճառով Փաշինեան ստիպուած կ՚ըլլար «ոտքի հանել» ոստիկանութեան ամբողջ համակարգը, վարչապետական ապարանք կը կանչէր Հանրային հեռուստաընկերութեան նկարահանման յատուկ խումբը, նաեւ կը թելադրէր Պաշտպանութեան նախարարութեան որոշ մարմիններուն՝ ըլլալ զգօն եւ արթուն, որպէսզի կարելի ըլլար իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահել։ Այս բոլոր տեղեկութիւնները ո՛չ միայն մեր ականջը հասան, այլեւ՝ ողողեցին համացանցի հարիւրաւոր կայքէջեր։ Թէժ իրավիճակի բերումով Փաշինեան արդէն կէս գիշերն անց ստիպուած կ՚ըլլար իր շարասիւնով հեռանալ կառավարական առանձնատունէն։ Այս բոլորէն զատ, արձագանգ գտան լսումներ, ըստ որոնց փոթորկոտ նիստ մը գումարած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան խորհուրդը՝ քննարկելով վերջին զարգացումները։ Թէեւ աւելի յստակ տեղեկութիւններ չհրապարակուեցան այս մասին՝ մինչ իշխանութեան գլուխ գտնուող այս կուսակցութեան աղբիւրները հանդէս եկան նաեւ հերքումով մը։ 

Անկախ ամէն ինչէ, այս բոլորով պարզ կը դառնայ, որ վարչապետը այլեւս չունի առաջուան «հաստատակամութիւն»ը եւ կամաց-կամաց սկսած է կորսնցնել իր ազդեցութիւնը ո՛չ միայն քաղաքական թատերաբեմի վրայ, այլեւ՝ յաչս անոնց, որոնք մինչեւ հիմա կը շարունակեն համարուիլ իր մտերիմներն ու վստահելիները։

Այս համայնապատկերը կը ցոլացնէ, որ Երեւանի եռուն մթնոլորտին մէջ սկսած բազմակողմանի շփումներու առաջատարը ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն է։ Աւելի քան պարզ կը դառնայ, որ զանազան մակարդակի այդ շփումներու միտք բանին անցնցում իշխանափոխութեան մը իրականացումն է։ Թէ ի՞նչ բեմագրութիւնով կամ աւելի ճիշդը՝ ի՞նչ միջոցով. յստակ պիտի դառնայ աւելի ուշ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020