ԵԱՍՄԻՆ-ՊԻԼԱԼ

Գահիրէի ամենաաղքատիկ թաղամասերէն մէկուն մէջ մեծցած էր փոքր եղբօր հետ։ Ծնողները ուշ ամուսնացած, ուշ ծննդաբերած զոյգ մըն էին։ Մահացեր էին երկուքն ալ, մէկ ամիս տարբերութեամբ, երբ ինք տասնչորս տարեկան էր, իսկ եղբայրը՝ տասներկու։ Վերջինս, Պիլալը, երկու անգամն ալ եկեր փաթթուեր էր իրեն ու լացեր։

Փոքրիկ աղբարիկ։

Յետոյ, չես գիտեր ինչպէս, փոքրիկ աղբարիկը կամաց-կամաց մի քանի տարուայ ընթացքին դարձաւ եղբայր, կարծես սրբեց արցունքները, խրոխտ դէմք ու կեցուածք առաւ, փոխակերպուեցաւ տղամարդու, որ տան տէրն էր ու ղեկավարը։ Այդ ճամբան յղկեցին բոլորը՝ հօրաքոյր, հօրեղբայր, քեռի, մօրաքոյր։ «Պիլա՛լ, Պիլա՛լ…»։

Իսկ ինք, որ մեծն էր մինչեւ այդ, որ Պիլալը մխիթարողն էր, անոր հոգ տանողը, կին դարձաւ մէկ անգամէն, ինկաւ շուքի տակ։ Ջուրի մարդը՝ Պիլալին, որբերով զբաղող եւրոպական հովանաւորութեամբ ընկերակցութիւնը՝ Պիլալին, բոլոր գործնական դիմումները՝ Պիլալին։ Իսկ Պիլալը, իր կարգին, կամաց-կամաց՝ իրեն՝ Եասմինին, «կնոջական» գործերով։

Այնպէս չէ, որ Եասմինը կը խուսափէր տան գործերէն։ Ընդհակառակը, միշտ ալ ըրած էր զանոնք, եւ նոյնիսկ սիրով ու հաճոյքով, իր պզտիկ եղբօր համար։ Երբ պզտիկ եղբայր էր ան… բայց վերջին երկու տարին, նոյն գործերը, նոյն աման լուալը, նոյն ճաշ պատրաստելը, նոյն տան մաքրութիւնը, բոլորն ալ փոխուեր էին, տարբեր երանգ ստացեր էին, տարբեր կառուցուածքի մէջ դրուեր էին ահա։ Հիմա կը մաքրէր, կ՚եփէր, կ՚արդուկէր ո՛չ թէ որպէս քոյր, այլ որպէս կին։ Եւ ահաւոր տհաճ էր իրեն համար ատիկա։

Քոյրիկ-աղբարիկ յարաբերութեան տղամարդ-կին յարաբերութեան մը վերաճումը կամաց կամաց կը լայնցնէր իր սահմանները, նոր տարածքներ կը նուաճէր։ Նոյնիսկ քաղաքը, կարծես, իր տարածութեամբ եւ տեղանքով, զինք կը տարբերակէր, որպէս կնոջ, եղբօրմէն ու մնացած բոլոր տղամարդոցմէ։ Կային որոշ թաղեր, գետեզերքի մասեր, քաղաքի անկիւններ, ուր կարծես ինք տեղ չունէր։ Եղբայրը, օրինակ, յանկարծ կրնար ճամբան փոխել, զինք ալ հետը մէկ աւելի հեռու փողոցէն տանիլ, պատճառաբանելով, որ այդ թաղը «յարմար չէր» իրեն…

Եւ լաչակէն ներս կատաղութենէն կ՚եռար գլուխը Եասմինին...

Անզօր էր սակայն։ Մէկ-երկու անգամ փորձեր էր ընդդիմանալ։ Բայց տեսեր էր արձագանգը Պիլալին։ Եւ ոչ թէ խստութիւնն ու կոպտութիւնը անոր զինք ետ պահեր էին դիմադրութենէն, այլ այդ խստութեան ու կոպտութեան տակ պահուած թուլութիւնն ու բարդոյթը, որոնց չէր դիմացած սիրտը Եասմինին։ Կիսաորբ մեծցած Պիլալը - ինք լաւ գիտէր - «տղամարդ ես տղաս»ներով խաբեր էին, այդպէս ուժ տուեր էին իրեն իբր թէ, որ ոտքերուն վրայ կենայ։ «Տան տղան ես, ուժեղ պիտի ըլլաս», ըսեր էին քեռիները, հօրեղբայրները, մօրքուր-հօրքուրները նոյնիսկ… եւ ուժեղացեր էր Պիլալը… «ուժեղացեր»։

Անանկ շուտ ու արագ պարպուեր էր «ուժեղ»ին տակը սակայն Եասմինի առաջին իսկ ընդդիմացումէն, որ քոյրիկին բարի սիրտը այդ ցաւին չէր դիմացած։ Ու որոշած էր լռել, համակերպիլ, ու սպասել…

Օր մը, թերեւս, Պիլալն իրաւ ուժեղանար…

ԵՐԱՄ

Չորեքշաբթի, Յունուար 15, 2020