ԱՇՈՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲՈԼՈՐ ԱՌՈՒՄՆԵՐՈՎ ՄԵԶԻ ՎԱՏ ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐՈՒ ԱՌՋԵՒ ԴՐԻՆ»

Լիբանանահայ վերլուծաբան Աշոտ Բագրատունիի կարծիքը շօշափեցինք Լիբանանի, Հայաստանի եւ տարածաշրջանի կարեւոր իրադարձութիւններուն շուրջ։

*

-Արցախի պատերազմի ամենաթէժ օրերուն ընթացք առաւ որոշ հետաքրքրութիւն մը արաբական աշխարհին հանդէպ, որ երկկողմանի էր: Այսօր սակայն այդ առումով յստակ եւ թիրախային քայլեր չկան: Ի՞նչ է պատճառը:

-Առաջին հերթին արաբական աշխարհի հետաքրքրութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի հարցով այս հունին մէջ կ՚ուզեմ դնել: Հետաքրքրութիւն միշտ տեղի ունեցած է, որովհետեւ արաբական աշխարհի մէջ ամէն տեղ կան հայկական գաղութներ, որոնց աշխուժութիւնը միշտ ալ հետաքրքրութիւն գրաւած է: Երբեմն քաղաքական պայմանները շահաւոր եղած են, որ այդ երկիրները աջակցին հայ դատին, երբեմն ալ ոչ: Արցախի պատերազմէն առաջ Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւնները բաւական լարուած էին՝ Լիպիոյ եւ այլ հարցերով. բան մը, որ հետաքրքրութիւն ընծայեց արաբական աշխարհին մէջ քաղաքականօրէն հարուած հասցնելու Թուրքիոյ: Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ հայկական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ հիմնական աշխատանք տարուած էր քաղաքական գետնի վրայ, որպէսզի իսլամական եւ արաբական աշխարհի ժողովներու ընթացքին Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ ոչ-թշնամական բանաձեւեր հնչեն: Իսկ յատկապէս Լիբանանի պարագային, մեր ցոյցերէն, մեր հաւաքներէն ու բացատրութիւններէն յետոյ ամբողջ արաբ քրիստոնեայ զանգուածը ոտքի ելաւ՝ ըսելով, որ Արցախը նոր Պոլիսն է եւ պէտք է ամէն ինչ ընել պաշտպանելու համար զայն: Քրիստոնեայ կուսակցութիւնները՝ ըլլան անոնք հայկական կուսակցութիւններու դաշնակից կամ ոչ, այս գետնի վրայ Հայաստանի կողմն էին։ Հայկական գաղութը պետական մակարդակի վրայ ալ կրցաւ որոշ չափով դէպի Հայաստան ուղղել կողմնացոյցը: Բայց եւ այնպէս, Հայաստան չօգտագործեց առիթը եւ երկրի իշխանութիւնները մեզ շատ գէշ անակնկալի առջեւ դրին. «յաղթելու ենք»ը վերածուեցաւ անձնատուութեան: Բացի քանի մը գործարարներէ, Հայաստան իբր պետութիւն եւ կառավարութիւն վճռական քայլեր չառաւ դէպի արաբական աշխարհ։ Պէտք չէ մոռնալ, որ արաբական աշխարհի մէջ խլրտումները, քաղաքական փոփոխութիւնները եւ իրավիճակի փոփոխութիւնները շատ արագ կ՚ըլլան եւ Հայաստանի կառավարութիւնը չկրցաւ պէտք եղած ժամանակին այդ գործընթացները դրական հունի մը տանիլ: Ապագային երբ արաբական աշխարհի կապերը Թուրքիոյ հետ կրկին բարելաւուին, Հայաստանի կառավարութիւնը «արաբական գործօն»ը գործի դնելու առիթէն վերջնականապէս զրկուած կ՚ըլլայ։

-Արցախի պատերազմէն առաջ, եւ Տաւուշի ռազմական գործողութիւններու օրերուն զանազան մեկնաբաններ անդրադարձ կատարեցին կազի խողովակաշարներու նոր դասաւորման մասին։ Այս մասին լսած է՞ք։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը,  արդեօք «կազի հաշիւներո՞ւ» պատճառով տեղի ունեցաւ պատերազմը։

-Մեր շրջանի արդի պատմութիւնը դիտարկելէ ետք, արդէն պարզ կը դառնայ, որ կազատարները պատճառ եղած են պատերազմներու, իշխանափոխութեան, նոր դասաւորումերու, բայց այս անգամուայ պատերազմը՝ իմ կարծիքով, քիչ մը կազի հաշիւներէ աւելի մեծ պատերազմ մըն էր։ Կազի հաշիւները անշուշտ գործօն են եւ իրականութիւն է, որ Եւրոպան կազի «ծարաւ» է, նաեւ իրականութիւն է, որ Ռուսաստան կազի գլխաւոր արտադրողն է, իսկ այդ կազը կ՚անցնի Ուքրայնայէն, ուր, մեզի ծանօթ է, թէ ինչ կը կատարուի այնտեղ: Արցախի առաջին պատերազմէն ի վեր արդէն յայտնի էր, որ ոչ միայն կազի՝ այլ կազատարերու հաշիւներ կային: Կայ Ատրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա եւ անկէ դէպի Եւրոպա գացող կազատարի խնդիրը, որ Ռուսաստանի հաշւոյն չի գար: Կան ուրիշ բազմաթիւ հաշիւներ, որոնց մասին պէտք է մտածել, թէ ինչո՛ւ առաջին պատերազմին իսկ մեր ձեռքը չմնացին Գետաշէնը, Շահումեանը: Եւ նկատի ունենալով, որ մենք երբ կարողութիւնը ունեցանք հարուածելու կազատարերը, ինչո՞ւ յանկարծ Ղարաբաղի պատերազմին այսքան դաժան ձեւով վերջ դրուեցաւ:

-Լիբանան նոյնպէս ունի կազի իր պաշարները արտահանելու լուրջ խնդիր: Այսօր ի՞նչ հունի մէջ է այդ հիմնահարցը՝ մանաւանդ, որ Լիբանան կազը արտահանելու պարագային պարտաւոր է ինչ-որ կերպ խօսիլ կամ «հասկցուիլ» իրեն թշնամի համարուող՝ Իսրայէլի հետ։

-Լիբանանի կազի պարագային, ան փոքր երկիր է եւ կարողութիւն չունի այդ կազը արտահանելու, նաեւ յստակ է, որ պէտք ունի այլ երկիրներու նեցուկին: Բայց կան հարցեր, որոնք հանրութեան ծանօթ չեն: Ըստ «British Petroleum»ի, Լիբանանի կազի հանքը՝ մանաւանդ «Պլոք 4» անունով յայտնի հատուածը, շրջանի ամենէն մեծ կազի հանքերէն մին է։ Այս մէկը նոր պատկեր կը ստեղծէ։ Այն իմաստով, որ Լիբանանի մէջ ստեղծուած «կազային պատկեր»ով Եւրոպայի կազը այլեւս կախեալ չ՚ըլլար Ռուսաստանէն, ոչ ալ պէտք ունի հսկայական կազատարերու. ինչպէս՝ Քաթարէն Սուրիա, Իրաքէն Սուրիա, Իրանէն Սուրիա, Ատրպէյճանէն Թուրքիա, որովհետեւ արդէն Միջերկրական ծովուն մէջ մեծ քանակութեամբ կազ գոյութիւն ունի: Այս բոլորը պատճառ եղան, որ ակռաներ սրուին դէպի լիբանանեան, սուրիական եւ եգիպտական ծովեզերքները, որովհետեւ Թուրքիոյ բաժին չինկաւ այդ կազէն: Պայքար կայ, թէ ո՞ր երկիրներու ընկերութիւնները պիտի արտահանեն այդ կազը: Շատ մը տնտեսագէտներ կ՚ըսեն, որ ներկայիս Լիբանանի վրայ Ամերիկայի կողմէ բանեցուած ճնշումներուն պատճառներէն մին այն է, որ այդ երկրին բաժին չելաւ այստեղի կազի արտահանման ծրագիրէն: Թշնամի Իսրայէլին հետ Լիբանան ծովային հարց ունի, ուր կազ գոյութիւն ունի, այդ հարցը անուղղակիօրէն կը լուծուի կամաց-կամաց: Այս պարագային պէտք է ըսել, որ նախագահ Աուն իր նախկիններուն չըրածը կրցաւ ընել Լիբանանի իրաւունքը պահանջելով, նաեւ երկու-երեք շաբաթ առաջ լուր մը տարածուեցաւ իսրայէլեան աղբիւրներով, որ 80 տոկոսով Իսրայէլը համաձայն է Աունին ուզածը տալու: Անշուշտ, Իսրայէլի ծրագիրը աւելի մեծ նպատակ մը կը հետապնդէ:

-Արաբական գետնի վրայ երեւելի է նաեւ, որ Արեւմտեան պլոքին ճիգերով մեծ աշխատանք կը տարուի Իսրայէլի հետ բնականոնացում մը՝ (Թաթպիհ) իրականացնելու համար։ Այս մասին ի՞նչ կը մտածէ Աշոտ Բագրատունին՝ նախ որպէս հայ, ապա որպէս Լիբանանի քաղաքացի։

-Արաբական գետնի վրայ, այո, երեւելի է, որ մեծ ճնշում կայ բնականոնացումը իրականացնելու համար. խօսքը Իսրայէլի հետ համաձայնութեան, խաղաղութեան, նաեւ սահմանները բանալու մասին է: Նորութիւն չէ, որ պաղեստինեան կամ արաբ-իսրայէլեան խնդիրը բաւական երկար ու բարդ հարց է։ Բոլորն ալ փորձած են այդ հարցը լուծել եւ սակայն, մինչեւ հիմա որեւէ մէկը չէ կարողացած, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Թրամփի օրերուն վերջինիս փեսային՝ Քուշնէրի կողմէ առաջ քաշուած Միջին Արեւելքի ծրագիրով։ Բազմաթիւ քաղաքագէտներ կ՚ըսեն, որ այդ ծրագիրը իրականութիւն է եւ պիտի ըլլայ այլեւս, որովհետեւ միջազգային որոշում կայ՝ Միջին Արեւելքի, Կովկասի եւ Եւրոպայի հակամարտութիւնները վերջացնելու եւ անցնելու յաջորդ հանգրուանին, որ հարաւ-արեւելեան Չինաստանի մէջ պիտի ըլլայ:

Բայց թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լիբանանի պարագային կայ հիմնական իրականութիւն մը, որ այս երկու փոքր երկիրները երբեմն իրենց «քիթէն անդին» չեն տեսներ։ Այսինքն՝ երբ մենք կ՚ըսենք, թէ մեծ պետութիւնները երկարաժամկէտ արտաքին քաղաքականութիւն կը վարեն, շատեր երկարաժամկէտը կը կարծեն 10-20 տարուայ վրայ, բայց իրականութեան մէջ անոնք ոչ իսկ 100 տարուայ ժամկէտներ են, այլ դարերու: Օրինակ՝ Ռուսաստան, անոր արտաքին քաղաքականութիւնը ցարական օրերէն մինչեւ համայնավարութիւն եւ մինչեւ Միջերկրականի «տաք ջուրեր»ը հասնիլը, կը խօսինք 400-500 տարուայ պատմութեան մը մասին, որ վերջապէս Սուրիոյ հարցին պատճառաւ իրականացաւ եւ ան կրցաւ Միջերկրական հասնիլ։ Հիմա ի՞նչ են արդեօք Ռուսաստանի յաջորդ քայլերը «տաք ջուրեր» հասնելէն ետք. անպայման ճանապարհ մը բանալ դէպի իր բանակը Սուրիոյ մէջ եւ Ռուսաստանէն յստակ ճանապարհ՝ դէպի Սուրիա կամ Լիբանան:

Այստեղ կ՚ուզեմ կարգ մը տարածաշրջանային կէտեր յիշեցնել: Առաջին հերթին՝ Վրաստանի հարցը, ուր իշխանափոխութիւն տեղի ունեցաւ եւ հեռացաւ ռուսական ճնշումներէ, երկրորդը՝ այդ եղաւ նաեւ Ուքրայնայի մէջ։ Այս դէպքերը զուգադիպութիւններ չեն, որովհետեւ Վրաստան Ռուսաստանը կը կապէ Հայաստանի եւ Պարսկաստանի, որն իր կարգին կապուած է Իրաքի, որ իր կարգին կապուած է Սուրիոյ: Այս յստակ ճամբան էր Ռուսաստանի դէպի Միջին Արեւելք եւ դէպի Միջերկրականի «տաք ջուրեր»: Ուքրայնան ծորակն էր ռուսական կազին դէպի Եւրոպա: Ընդհանրապէս Հայաստանի եւ Լիբանանի քաղաքական բառամթերքին մէջ սեւի ու սպիտակի հարցը կայ, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ քաղաքականութիւնը սեւ ու սպիտակ չէ։ Ռուսաստան Ամերիկայի դէմ չէ, Ռուսաստան Եւրոպայի դէմ չէ, երբեմն մեծ պետութիւններու շահերը կը համընկնին. օրինակ՝ Ռուսաստան կազ ունի եւ պէտք է ծախէ, իսկ Եւրոպան կազի պէտք ունի եւ պէտք է գնէ։ Ուրեմն կը համընկնին իրենց շահերը այս կէտին։ Ուքրանայի ծորակը մտահոգիչ էր եւ Եւրոպան ու Ամերիկան իրենք իրենց ձեւով այդ հարցը լուծեցին: Տարածաշրջանին մէջ կայ նաեւ կազի խողովակներու այլ ճանապարհի հարց։ Միշտ ծրագիր եղած է Ծոցի երկիրներէն՝ Քաթարէն դէպի Սուրիա կառուցել կազատար մը, որմէ ետք դէպի Եւրոպա հասնիլ, բայց Քաթարը ամբողջովին իրենց տրամադրութեան տակ չէ, նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատը կամ անկէ առաջ հայրը՝ Հաֆըզ էսատը, բնաւ արեւմտամէտ հակումներ չունէին, հետեւաբար շատ կարեւոր էր Էսատը կամ հայրը վերացնել, որպէսզի անցնին յաջորդ հանգրուանին: Պարզ է, որ Ուքրայնայի հարցը եւ Սուրիոյ հարցը իրար հետ կապ ունին: Ունինք նաեւ Ղարաբաղի հարցը. Ղարաբաղն ալ յստակ միջանցքային խնդիր է, Ռուսաստանէն դէպի Պարսկաստան անցնելու: Այս օրերուն յաճախ միջանցնքներու մասին կը խօսուի, կայ թրքական միջանցքը դէպի Ատրպէյճան եւ իրենց թուրանական երազը: Նաեւ Ղարաբաղի հիմնահարցին հետ գոյութիւն ունի «Nabucco»ի կազատարը, որ վտանգի տակ է այնքան ատեն, որ Ղարաբաղի հարցը տակաւին արթուն է: Ունինք Եմէնի հարցը. ճիշդ է, որ Սէուտական Արաբիան ունի ելք դէպի երկու ծով, բայց եւ այնպէս, այդ երկու ծովերը կը հսկուին մէկ կողմէ Քաթարի եւ Պարսկաստանի, իսկ միւս կողմէ՝ Եմէնի կողմէ: Հետաքրքրական չէ՞ արդեօք, որ այս նշուած երկիրներուն մէջ հիմնական հարցեր կան, եւ այս երկիրները աշխարհաքաղաքականօրէն, ռազմագիտականօրէն համաշխարհային տնտեսութան վրայ ազդելու կարելիութիւն ունին, բայց տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը այդտեղ խլրտումներ ու պատերազմներ տեղի կ՚ունենան:

Ինչ կը վերաբերի բնականանոցումին (Թաթպիհ): Հսկայ ցամաքամաս մըն է Ափրիկէն, ուր կան թրիլիոն տոլարներու հարստութիւններ, որոնց հասնիլ կարելի է միայն ծովով կամ օդային ճամբով: Եւրոպան, Ասիան եւ Ափրիկէն իրարու միացած են, բայց ո՛չ ցամաքային ճամբով, որովհետեւ Սուրիոյ, Լիբանանի սահմանները Իսրայէլի հետ փակ են, գրաւեալ Պաղեստինին հետ փակ են: Եթէ վայրկեան մը մտածենք, որ այդ սահմանը բաց է, խօսքը կ՚երթայ Ֆրանսայէն մինչեւ Հարաւային Ափրիկէ պարզ ճամբաներով՝ ինքնաշարժով, շոգեկառքով հասնելու կարելիութեան մասին, Ռուսաստանէն մինչեւ Հարաւային Ափրիկէ հասնելու կարելիութեան մասին, Չինաստանէն մինչեւ Հարաւային Ափրիկէ հասնելու կարելիութեան մասին, ինչպէս նաեւ խօսքը թրիլիոն տոլարներու հարստութեան մը մասին է, որ պիտի անցնի Եգիպտոսէն, Իսրայէլէն, Պաղեստինէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն, Իրաքէն, Իրանէն եւ սկզբունքով Հայաստանէն, եթէ Ղարաբաղի հարցը ի շահ մեզի լուծուած ըլլայ եւ եթէ Սիւնիքը պահուած ըլլայ մեզի։ Այս նկատի ունիմ, երբ կ՚ըսեմ փոքր մտածումներ եւ մեծ արտաքին քաղաքականութիւն: «Ռուսաստան մեզ ծախեց, Ռուսաստան մեզ գնեց, Ամերիկան մեզ ծախեց, Ամերիկան մեզ գնեց» քաղաքական խօսակցութիւն չէ, այլ պէտք է տեսնել, թէ շուրջը ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ եւ անոր համեմատ որոշումներ առնել: Սիւնիքի այսօր մեր ձեռքէն երթալը կը նշանակէ հեռու մնալ այդ միջանցքներէն, կը նշանակէ մեր չշահիլը այդ միջանցքներէն: Ղարաբաղի հարցը ի վնաս մեզի լուծուիլը կը նշանակէ Ռուսաստանի դէպի Իրան ճամբան խաթարելը, ինչպէս նաեւ կը նշանակէ Ափրիկէէն դէպի Ռուսաստան ճանապարհներու ստեղծման խաթարումը։

Իմ անձնական կարծիքով, Իսրայէլի հետ համաձանութիւնը վերջ ի վերջոյ պէտք է ըլլայ, ինչպէս որ Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ հետ խաղաղութիւնը վերջ ի վերջոյ պէտք է ըլլայ, բայց հետաքրքրականը այն է, որ այս երեք պետութիւնները՝ Իսրայէլ, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ցեղասպան պետութիւններ են, մարդասպան պետութիւններ են, իրատեսական քաղաքականութիւն խաղացող պետութիւններ են, կը ջարդեն, կը գրաւեն եւ յետոյ խաղաղութեան մասին կը խօսին, եւ միայն իրենց շահերը ապահովելէ ետք: Այդ իսկ պատճառաւ ներկայ հանգրուանին նեղացուցիչ է, երբ Լիբանանի մէջ ծունկի կու գանք օտար պետութիւններու ճնշումներու տակ, նաեւ երբ այդ ճնշումները բնաւ մեր պետութեան շահերուն օգտին չեն: Այսօր առկայ տագնապը Լիբանանը ծունկի բերելու համար է, որպէսզի «այո» ըսէ բնականոնացումին, «այո» ըսէ իր կազը աժանի ծախելու, եւ ոչ թէ միայն «այո»  ըսէ Իսրայէլի հետ համաձայնութեան ու խաղաղութեան, այլ նաեւ «այո» ըսէ Իսրայէլի պայմաններուն: Ես չեմ կարծեր, թէ Լիբանանի մէջ կայ որեւէ կողմ, որ մերժէ խաղաղութիւնը Իսրայէլի հետ, բայց պայմաններ կան. առաջինը՝ Պաղեստինի հետ համաձայնութիւնն է, պաղեստինեան ժողովուրդին ուզածն է, պաղեստինցի գաղթականներու Պաղեստին վերադարձն է. այդ հարցը իմ կարծիքով՝ Լիբանանի հարցը չէ, Պաղեստինի հարցն է, բայց իբր հայ, ինծի համար սկզբունքային հարց է, որ այդ հողը պաղեստինցիին հողն է եւ ինք կ՚որոշէ այդ հողին ճակատագիրը։ Երկրորդ՝ Լիբանանի գրաւեալ տարածքները վերադարձնելու հարց կայ, ծովային իրաւունքները վերադարձնելու հարց կայ, որմէ ետք միայն կրնանք սկսիլ խօսիլ «Հիզպուլլահ»ի զէնքին, անոր շրջանային ուժին եւ Լիբանանի ապահովութեան անվտանգութեան մասին։ Ինչպէս որ Ամերիկային եւ Իսրայէլին կը հետաքրքրէ Իսրայէլի ապահովութիւնը, մեզի համար ալ կենսական է Լիբանանի ապահովութիւնը։ Նոյնիսկ պատկերացնենք, որ այս բոլորը եղան, ի՞նչ երաշխիք կայ, որ Իսրայէլ կրկին չհարուածէ Լիբանանը։

Չկայ որեւէ միջազգային օրէնք կամ կազմակերպութիւն, որ կրնայ Իսրայէլը կասեցնել՝ մանաւանդ, որ կայ կազի հարստութեան հարցը: Եթէ Լիբանան կարողութիւնը եւ կարողականութիւնը չունենայ ինքզինք պաշտպանելու որեւէ թշնամիի դէմ, ապարդիւն է մնացեալ նիւթերու մասին խօսիլը: Հարցը ոչ թէ բնականոնացում ընելու կամ չընելու հարց է, ատիկա վերջ ի վերջոյ պիտի ըլլայ, բայց այդ խաղաղութիւնը ի շահ որո՞ւ պիտի ըլլայ եւ որո՞ւ պայմաններով պիտի ըլլայ:

Հայաստանի պետութիւնը այս բոլոր պայմաններն ու շրջանի մեծ պատկերը չկրցաւ տեսնել, չուզեց տեսնել, եւ իրեն համար ամենէն կարեւոր պատերազմին պարտուեցաւ: Ես թէ՛ իբր Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը կրող անձ, թէ՛ իբր հայ եւ թէ՛ իբր լիբանանցի՝ չեմ ըսեր, որ խաղաղութեան դէմ եմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, բայց այդ խաղաղութիւնը պէտք է իմ պետութեան շահերէն մեկնած եւ իմ պետութեանս նպաստող պայմաններով ըլլայ, ոչ թէ պարտուած ու անձնատրուած առաջնորդի մը ձեռքով գրուած խաղաղութիւն, որ դաւաճանած է երկրին, ժողովուրդին ու բանակին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022