ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԻՆՔՆԱԽԱԲԷՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ…

Մարդիկ զանազան միջոցներու կը դիմեն իրենց վրայ գութ հայցելու համար։ Խօսինք օրինակներով։

Ճեսի Սմոլէթ (տես նկարը) միասեռական դերասան մըն է, որ վերջերս ամերիկեան մամուլի բամբասանքներու բաժնին նիւթ դարձաւ իր տարօրինակ արկածախնդրութեամբ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Արդարեւ, Ճեսի «Ճեմէլ»ի դերով հանդէս կու գար հեռատեսիլի նշանաւոր եւ ժողովրդական «Էմփայր» հաղորդաշարով։ Ան իւրաքանչիւր դրուագին համար կը ստանար 125 հազար տոլար։ Ճեսի, դժգոհ իր ստացած վարձատրութենէն, աւելին պահանջելու մտադրութեամբ սարքած է հետեւեալ մթին արկածախնդրութիւնը, որուն ինք զոհ գնաց։

Ուրեմն ան կը վարձէ նիժերիացի ծնողներէ սերած ամերիկածին երկու եղբայրներ (տես նկարը)՝ Ապէլ եւ Օլա Օսունտարիօ անունով, որպէսզի գիշերով վրան յարձակին եւ դանակով լաւ մը վիրաւորեն զինք: Ճեսի այդ եղբայրներուն վճարած է 3.500 տոլար՝ որպէս վարձատրութիւն։

Արկածէն անմիջապէս ետք Ճեսի Շիքակոյի ոստիկանութեան գանգատ  ներկայացուցած է, թէ ինք սեւ եւ միասեռական ըլլալուն համար ենթարկուած է այդ ահարկու խոշտանգումին։ Աւելի՛ն, ան կը պահանջէ, որ յանցաւորները ձերբակալուին եւ ստանան իրենց համապատասխան պատիժը։

Դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար, Շիքակոյի ոստիկանութիւնը իր մանրակրկիտ հարցաքննութեամբ շուտով կը պարզէ եղած խեղկատակութիւնը եւ կալանքի տակ կը դնէ խնդրոյ առարկայ «դերասան» դերասանը։ Ճեսիի սխալը այն էր, որ վճարագիրով տուած էր նիժերիացի եղբայրներուն վարձատրութիւնը։

Աւելի՛ն, Ճեսի կը կորսնցնէ նաեւ իր բաժինը հաղորդաշարի վերջին երկու դրուագներէն (episodes), առ ի պատասխան միւս դերակատարներու ներկայացուցած գանգատներուն, որովհետեւ կը պատճառաբանեն  անոնք, թէ Ճեսիի ստախօսութիւնը, որ լայն տարաձայնութեան տեղիք տուաւ հանրութեան մօտ, պիտի վնասէ իրենց հաղորդաշարի ժողովրդականութան։

Ճակատագրի ի՜նչ անակնկալ եւ հետաքրքրական յեղաշրջում: Աւելիին ցանկացող Ճեսին ոչ միայն ստացած նիւթական վարձատրութիւնը կորսնցուց, այլեւ ժողովուրդին յարգանքն ու սէրը: «Խաբողին՝ խաբող ու կէս», պիտի ըսէր հայկական ասացուածքը։

ԻՆԾԻ ՆՄԱՆ ՊՈՒՊՐԻԿ ՄԸ…

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ուիսքանսին նահանգի Նիւ Պերլին քաղաքէն։ Էյմի Ճանտրիսեւիչ (տես նկարը) ընկերային գործիչ (social Worker) մըն էր, որ կ՚աշխատէր հիւանդանոցի մը՝ քաղցկեղով վարակուած մանուկներու բաժանմունքը։ Ան ձեռակերտ պուպրիկներ կ՚օգտագործէր որպէս բուժումի (therapy) միջոց։

Հիմա Էյմի տունէն կ՚աշխատի եւ պուպրիկներ (տես նկարները) կը շինէ անկարող (disabled) երեխաներու համար։ Անոր շինած պուպրիկները յատուկ են իւրաքանչիւր երեխայի՝ արտացոլացնելով այդ երեխայի անկարողութեան իրավիճակը։ Օրինակ՝ ի ծնէ կոյր երեխայ մը կամ անդամալոյծ երեխայ մը եւ այլն։

Էյմի Ճանտրիսեւիչ այդ գործին սկսած է գոհացում տալու անկարող երեխաներու պահանջին, երբ անոնք փափաքած են, որ «ինծի նման պուպրիկ մը» շինէ։

Մենք գիտէինք, որ հիւանդագին երեխաներու համար հոգաբաններ կը թելադրէին ընտանի կենդանիներու բարեկամութիւնը, որոնց հոգածութիւնը դրական արդիւնք կու տար անոնց բուժումին։ Եւ ահա ուրիշ միջոց մըն ալ՝ հիւանդ երեխաներու բուժումին ի խնդիր…

Ես քաջալերական կը գտնեմ, որ մարդիկ տրամադիր են նոր միջոցներ որոնելու երեխաներուն, յատկապէս անբուժելի հիւանդութիւններէ տառապողներուն օգտակար հանդիսանալու եւ անոնց կեանքը ձեւով մը տանելի դարձնելու։ Պատիւս արժանաւորաց:

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2019