ՄԻՆՉ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԿԸ ՍՐԻ, ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ ՎՃՌԱԾ ԵՆ ԵՐԹԱԼ ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐՋ...

Կրնա՞ր Հայաստանը շրջանցել այս նոր տագնապը։ Կրնայի՞ն Հայաստանի քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչները եւ աւելի յստակ կերպով ըսած՝ քաղաքական խաղը «բացողներ»ը հեռու մնալ այս արկածախնդրութենէն։ Պատասխանս՝ այո կրնային, բայց չուզեցին։

Չուզեցին, որովհետեւ Գագիկ Ծառուկեանի ու անոր «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան եւ, մանաւանդ, վարչապետ Փաշինեանի ու անոր քաղաքական խմբակին համար այս պայքարը դարձած էր անյետաձգելի։

Հայաստանի մէջ այսօր կայ անորոշ վիճակ մը, երկրին մէջ քորոնա վարակի հետեւանքով ստեղծուած ընդհանուր պատկերը կը ստիպէ իշխանութիւններուն՝ առիթը չփախցնել ու ծանր հարուած տալ այն կողմերուն, որոնք իշխանութեան եւ նոյնիսկ երկրին համար բաւականին բարդ ժամանակներուն կը փորձեն «դատաստան սարքել»։

Քաղաքական այդ կողմերու շարքին ամենէն աւելի իրաւական ներկայացուցչութիւն ունեցողն է, բնականաբար, Գագիկ Ծառուկեանը, որու կուսակցութիւնը երկրի Ազգային ժողովին մէջ կը գլխաւորէ թիւով երկրորդ խմբակցութիւնը։ Բաց աստի ունի նաեւ համակիրներու եւ հասարակութեան բաւական լայն զօրակցութիւն ու նեցուկ։

Անշուշտ, այս բոլորը շարադրելու կողքին պէտք չէ անտեսել այն կարեւոր փաստը, թէ այսօրուան զարգացումներու առաջին առագաստը կը բանար նոյնինքն Գագիկ Ծառուկեան, երբ իր առաջնորդած կուսակցութեան՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի Քաղաքական խորհուրդի հրապարակային նիստի ընթացքին ո՛չ միայն քննադատութիւններ կ՚ուղղէր Փաշինեանի կառավարութեան՝ պայմանաւորուած յատկապէս քորոնայի հետեւանքով երկրին մէջ ստեղծուած բաւական մտահոգիչ իրավիճակով, այլեւ՝ քայլ մը աւելի երթալով կը պահանջէր հրաժարականներ։

Ծառուկեանի այս պահանջը, անշուշտ, լուրջի պիտի առնուէր վարչապետին կողմէ, որ հաւատարիմ մնալով իշխանական շատ յայտնի եւ ճանչցուած մեթոտներու՝ մանրամասնօրէն «կը պրպտէր» Ծառուկեանի մասին իր մօտ եղող «գոց» կամ սառեցուած թղթածրարները եւ կ՚անցնէր արագ գրոհի։

Թերեւս վարչապետին կողմէ առնուած այս քայլը առիթ պիտի հանդիսանար քննադատութեան մեծ ալիքի, սակայն, որեւէ իշխանութեան պարագային, որ կը հաւատայ իր ներուժին եւ երկիրը ղեկավարելու կարողականութեան՝ այդ բոլոր քայլերը «օրինական» են։

Այլ խօսք, որ այդ օրինականութիւնը, քայլերու եւ արարքներու տրամաբանութիւնը մէջտեղ կու գան բաւական իրարանցում յառաջացնող տարողութեամբ, որ նաեւ կը սպառնայ համընդհանուր անորոշութեամբ, անցանկալի լարուածութեամբ եւ տեսակ մը մեծ պըր-կումներու դուռ կրնայ բանալ Հայաստանի համար։

Չմոռնանք նաեւ, որ կայ տպաւորութիւն, թէ Փաշինեան երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասէր այս լարուածութեան ու պատրաստ էր այս «պատերազմ»ին, որովհետեւ իշխանութեան համար ամէնաառաջնայինը առկայ «օրինական» եւ երկրի խորհրդարանի ընդդիմութեան ներկայութիւնը թուլացնելն է, նոյնիսկ ջախջախելն ու վերացնելը։

Այս բոլորի լոյսին տակ եւ հաշուի առնելով երէկ, կիրակի, Երեւանի կեդրոնի շարք մը փողոցներուն մէջ յառաջացած լարուած դրութիւնը՝ շատ հեշտ ու տրամաբանական է ենթադրել, թէ իշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ Ծառուկեանի ընդդիմութիւնը վճռած են խաղը տանիլ մինչեւ վերջ։

Այլ խօսքով՝ իշխանութեան նպատակն է այդ երկար տեւած հարցաքննութենէն ետք հին թղթածրար մը հանել փոշոտ դարակներէն ու փաթթել զայն Ծառուկեանի գլխուն՝ ընդհուպ զինք առաջնորդելով դէպի բանտ։

Իսկ ինչ կը վերաբերի Ծառուկեանի ընդդիմութեան՝ հոս եւս կարեւոր իրավիճակ մը կայ ու յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ երկար տարիներ Ծառուկեանի «կերակրատաշտ»էն սնուած, միս ու ոսկոր ստացած հասարակութիւնը անկեղծ եւ հաւատարիմ պիտի գտնուի՞ իր առաջնորդին հանդէպ, որ բացի մեծահարուստ մը ըլլալէ, չկարողացաւ դառնալ քաղաքական մակարդակի այնպիսի գործիչ մը, որուն խօսքը հաշուի առնուէր, նոյնինքն այն հանրութեան կողմէ, որ ինչպէս վերը նշեցի՝ իր ամէն-ինչը եւ գոյութեան իրաւունքը կը պարտի Գագիկ Ծառուկեանին։

Այս բոլորէն անդին կայ նաեւ մեծ հարցում մը, որ կապուած է Հայաստանի այս օրուան ընդդիմադիր դաշտին, որուն երկու-երեք կարեւոր կողմ-խաղացողները կրնան Ծառուկեանի հանդէպ իրենց ունեցած բոլոր վերապահութիւնները մէկդի դնել ու փողոց իջնել՝ յանուն նոր եւ ամուր ընդդիմութեան մը կազմաւորման։ Ամէն պարագայի յստակ է նաեւ, թէ Ծառուկեան վճռած է (ինչպէս ինք յայտարարեց) մինչեւ վերջ երթալ այս պայքարին մէջ։ Հաւանաբար, ան կը հաւատայ, թէ Փաշինեանի հետ իր ունենալիք բախումէն ետք, ոտքի մնալու պարագային՝ աւելիով պիտի հզօրանայ եւ նոյնիսկ պիտի վազէ դէպի վարչապետութեան աթոռ։ Այլ խօսքով՝ յառաջիկայ իր պայքարին մէջ Ծառուկեան շատ պիտի չուզէ լսել «նախկիններու»ն անունները, որոնց մեծամասնութեան հետ ան կնքած է «քաղաքական ապահարզան»։

Այս բոլորէն անդին ուշագրաւ է նաեւ, որ վարչապետ Փաշինեանի կողմէ առնուելիք յառաջիկայ քայլերը, եթէ բարեյաջող կերպով իրենց աւարտին հասնին, ապա այդ պիտի նշանակէ, թէ յառաջիկայ շրջանին համար Հայաստանի «թաւշեայ իշխանաւորները» կարողացած պիտի ըլլան «օրինական» ընդդիմութեան ընդհանուր հաշիւը փակել։ Այդպէսով ալ աւելի նեղը դրած պիտի ըլլան երկրի քաղաքական հարթակէն դուրս նետուած ու երկար ժամանակ երկիրը ղեկավարած «Հանրապետական» կուսակցութիւնը, նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանն ու անոր աջակիցները, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք (մեծաւ մասամբ լուսանցքէն դուրս մնացած ուժեր), որոնք կը շարունակեն քաղաքական արբանեակի դերով հանդէս գալ։

Անշուշտ, չմոռնամ նշել, որ իշխանութեան կողմէ առնուած այս քայլերուն համար Փաշինեան խօսած պէտք է ըլլայ Մոսկուայի հետ, որ մինչեւ այս յօդուածին աւարտը՝ ոչ մէկ արձագանգ տուած է Երեւանի զարգացումներուն։ Հետեւաբար, սխալ պիտի չըլլայ ըսել, որ այս կարեւոր դէպքերու լոյսին տակ ռուսերու կողմէ պահուած լռութիւնը կը նշանակէ, թէ անոնք համաձայն են պատահածներուն ու դեռ (հակառակ այլ կարծիքներու) նեցուկ են Փաշինեանին ու անոր իշխանութեան։

Հիմա արդէն յստակ է, թէ Հայաստան կը մտնէ քաղաքական նոր մակարդակի ցնցումներու փուլ մը ու այս բոլորին առընթեր, կարեւոր է հասկնալ ու չափել կարծիքը Հայաստանի «լայն հասարկութեան», որ դեռ կը յամենայ մնալ վարչապետին գլխաւոր յենարանը։

Աւարտին պէտք է նշեմ, որ տրամաթիք եւ արագ զարգացումներով յագեցած կիրակի օրուան աւարտին եւ ինն ժամ տեւած հարցաքննութենէ ետք Գագիկ Ծառուկեան դուրս կու գար Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կեդրոնատեղիէն։

Անշուշտ, այս դուրս գալը վերջնական լուծումներու ընդհանուր պրիսմակէն հեռու կրնայ ըլլալ այնքան ատեն, երբ մեզի համար տակաւին ո՛չ մէկ առումով պարզ են իշխանութեան յետագայ քայլերը։ Բնականաբար, մեր մտքերուն մէջ կը ծագի այն հարցումը, թէ արդեօք Ծառուկեան եւ Փաշինեան մտադի՞ր են գործարքի մը երթալով նոր սպիտակ էջ մը բանալու։ Սակայն, այդ մասին դեռ վաղ է խօսիլ՝ այնքան ատեն, որ Ծառուկեանի դէմ ընթացք առած պայքարը չէ հասած վճռական եւ վերջնական գագաթնակէտին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020