«ՈՒԱԼԼԱՀԻ ՊՐԻՄՕ...»

Փողոցներ, տուներ, երբեմն ալ թաղեր կան, որոնք օր մը տեղէ մը անցած ատենդ, յանկարծ միտքդ կ՚իյնան եւ յիշել փորձած ժամանակդ ալ, ուրիշ հին պատկերներ մէջտեղ կ՚ելլեն:

Առաջին անգամ Սան Փաուլոյի 25 De Março թաղը երթալս ալ այդ տեսակ բաներէն մէկն էր:

Այն օրը յետմիջօրէի առաջին ժամերուն, փողոցին մէջ կանուխէն սկսած եռուզեռը դեռ կը շարունակուէր, եւ քալող ու հրմշտկող մարդիկ, խճողուած խանութներէ յարմար գիներով գտածնին տուն կը տանէին:

25 De Março-ն հին շուկայ էր: Իր համանուն գլխաւոր փողոցով, ան Միջին Արեւելքէն փրցուած եւ Սան Փաուլօ քաղաքի կեդրոնը նետուած տարբեր աշխարհ մըն էր, ուր ապրանքներուն գիները աժան էին, բայց հակառակ ատոր, դեռ կը սակարկուէին: Հոն, քաղաքապետարանի գոց շուկային դիմաց եւ շուրջի բոլոր փողոցներու երկայնքն ի վար, քով քովի շարուած մեծ ու պզտիկ խանութներու մէջ, անուշեղէն, կերպասեղէն, ելեկտրոնային գործիքներ, մատանիներ, խաղալիքներ, ուլունքներ, զարդեղէններ եւ դեռ ուրիշ երեւակայելի ամէն տեսակ ապրանքներ կը ծախուէին: Սակայն անոնց որակը առաջնակարգ չէր եւ բաղդատմամբ ուրիշ տեղերու միշտ ալ վստահելի չէին ըլլար:

Բայց շուկան մեծ էր, գնողներն ալ շատ էին եւ դրամը հոն լայն գետերու մէջ վազող ջուրերու պէս առատ կը հոսէր:

Թաղը նոր չէր, դարեր առաջ Միջին Արեւելքէն եկողներէ հիմնուած էր եւ արաբական կամ «Թուրքօ»ներու ազդեցութիւնը շուկային մէջ հինէն ի վեր միշտ զօրաւոր եղած էր: Այդ պատճառով ալ, հակառակ վերջին ժամանակներու չինական թափանցումին, կարգ մը խանութներու մէջ դեռ մնացած էր յաճախորդները «Պրիմօ» կոչելու հին սովորութիւնը...:

«Պրիմո»ն միջինարեւելեան առոգանութեամբ խօսուած փորթուգալերէն «Primo» բառն էր, որ «զարմիկ» կը նշանակէր:

Սխալ բան չկար ատոր մէջ: Ի վերջոյ մեծարանքի եւ քիչ մըն ալ փաղաքշանքի կեղծ խօսքեր, միջինարեւելեան մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ միշտ ալ կարեւոր տեղ գրաւած էին եւ 25 De Março-ի խանութպաններն ալ, յաճախորդներուն յատկապէս հաճելի ըլլալու նպատակով, սիրով կը հետեւէին արեւելեան այդ սովորութեան:

Սակայն թաղն ալ տարբեր չէր կրնար ըլլալ: Ան իր արեւելեան հոտերով, խանութներով, մթնոլորտով, տեղ-տեղ ալ նոյնիսկ գարշահոտ մասերով եւ պզտիկ ճաշարաններով, քալողին կամ պտըտողին, հարազատ միջինարեւելեան թաղի մը տպաւորութիւնը կու տար:

Համոզիչ փաստերու պէտք չկար եւ պզտիկ խանութներու մէջ ալ երբեմն մութ կամ տկար լուսաւորուած անկիւններէ ցած լսուող երգերու նուաղկոտ ելեւէջները, այդ միտքը կը զօրացնէին եւ Արեւելքը ճանչցող մէկու մը սրտին մէջն ալ, ամպերէ հեռու եւ հին օրերու ետեւ մնացած աշխարհի մը կարօտը կ՚արթնցնէին...:

Բայց կարօտէ զատ, թաղը տարբեր աշխարհ էր: Ան բաց երկնքի տակ, երկիրներ եւ տարբեր լեզուներ խօսող ժողովուրդներու զանազան սովորութիւնները իրար կապող, հեռուէն նետուած կամուրջ էր, ուր խանութներուն մէջ ապրանքները առատ էին եւ թաղի նպարավաճառներուն մօտ ալ, ապակիէ լայնափոր շիշերու մէջ, կամ պատերու դարաններու վրայ, մօտէն ու հեռուէն եկած ամէն ինչ կը գտնուէր:

Մեր կերակուրներուն, յատկապէս Զատկուայ չէօրէկին, կամ ալ տունը պատրաստուած ուրիշ խմորեղէններու համար պէտք եղած մահլէպը, սումախը, թահինը եւ տարբեր համեմներն ալ, քաղաքին մէջ միայն այդ շրջանի միջինարեւելեան ուտեստեղէն ծախող խանութպաններուն մօտ կը գտնուէին...:

Մենք Կաղանդի եւ Ս. Զատիկի օրերէն քանի մը շաբաթներ առաջ, մեր գնումները այդ խանութներուն ամենէն առատ ապրանք ունեցողներէն կը սկսէինք եւ «Emporio Sirio» նպարավաճառի խորունկ խանութին մէջ, մեր պէտք ունեցած ձաւարը, կորկոտը եւ նախասիրած ապրանքները դիւրին կը գտնէինք:

Հոն մէջտեղի մասին մէջ, միջահասակ մարդու մը մէջքէն քիչ վեր, չորս կողմը փայտէ եւ միայն վերի մասը ապակիէ ցուցափեղկերու մէջ, թթումի կուտ, ֆուլ, համեմներ, պիստակ եւ ուրիշ ընդեղէններ լեցուած կ՚ըլլային, իսկ դիմացի պահարաններուն մէջ ալ, թիթեղէ տուփիկներու մէջ շարուած, զանազան տեսակի պահածոներ կ՚երեւային: Ասդին խանութի ելքին մօտ, քառանկիւն սեղանի մը վրայ գոց եւ թափանցիկ տոպրակներու մէջ շարուած կ՚ըլլային բարակ, կլոր եւ ճերմակ հացեր, որոնք եթէ փուռէն նոր եկած եւ դեռ տաք վիճակի մէջ ըլլային, տոպրակներուն ներսի կողմը մշուշապատ, թեթեւ շոգի կապած կ՚ըլլար: Այդ հացերը դիւրին կ՚ուտուէին, համեղ էին եւ Գահիրէի մէջ ալ ճանչցուած էին: Հոն «Շամ»ի հաց անունը կու տայինք անոնց:

Հացերու տոպրակներէն քիչ անդին բայց դեռ նոյն սեղանին վրայ, եթէ եղանակի ատեն ըլլար, քով քովի շարուած ուրիշ տոպրակներու մէջ, որթատունկերէ նոր քաղուած խաղողի թարմ տերեւներ ալ կը ծախուէին:

Ես կը սիրէի նպարավաճառներու մօտ տարածուած պանիրներու, ձիթապտուղի, թթուաշներու եւ ուրիշ ուտեստեղէններու յատուկ հոտը, որ ինծի միշտ Գահիրէի «պախխալ» Յակոբին եւ իր ընկերոջ Աշոտին խանութը կը յիշեցնէր, ուրկէ պզտիկութեանս մօրս հետ «քաշար» պանիր, ապուխտ կամ երշիկ գնելու կ՚երթայինք: Սակայն «Emporio Sirio»ն միակը չէր շուկային մէջ: Անկէ քանի մը փողոց անդին, ասորիներու եկեղեցիին մօտերը կային ուրիշներ ալ, որոնք նոյն ուտեստեղէններէն զատ, դեռ տարբեր տեսակներ ալ կ՚ունենային:

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

(Հատուած՝ հեղինակին «Ուալլահի Պրիմօ...» գրութենէն Քամփինաս, Պրազիլ)

«Զարթօնք», Լիբանան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020