ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ը.

ՈՐԴԻՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՄՆԱՅՈՒՆ Է, ԻՍԿ ԾԱՌԱՆ՝ ՈՉ

Խօսք. «Ծառան տան մէջ մնայուն չէ» (Յհ 8.35):

Մեկնութիւն. Չորս է իմացումը. նախ՝ մարմնաւոր ծառաները մնայուն չեն տան մէջ, որովհետեւ իշխանութիւն չունին, այլ՝ սպասաւորելու ու աշխատելու համար կան, իսկ թագաւորներուն որդիները տան մէջ որպէս իշխողներ կան եւ տան ժառանգորդներ: Երկրորդ՝ տուն է աշխարհը, եւ աշխարհի ծառաները այս տան մէջ չեն մնար, այլ՝ մահով դուրս կու գան այստեղէն: Երրորդ՝ այս տունը Եկեղեցին է, ուր մեղքին ծառաները յաւիտեան չեն մնար, քանի որ թէեւ ժամանակուան մը համար Եկեղեցի մտան, որովհետեւ հաւատացեալներուն հետ էին կը թուէին, ու բարիքը չարիքներուն հետ խառնուած էր, սակայն հանդերձեալ դատաստանին իրարմէ պիտի բաժնուին, ինչպէս ոչխարները այծերէն: Չորրորդ՝ կարելի է մեկնել Աստուծոյ երկնային տան համար, ուր յաւիտենական ժառանգութիւն կայ եւ այնտեղ մեղքերու ծառան չի՛ հասնիր, եթէ այդ ծառայութենէն չազատի:

Եւ թէ ինչպէ՞ս կրնան այդ պատիժէն փրկուիլ, կ՚ըսէ.

Խօսք. «Մինչդեռ որդին մնայուն է» (Յհ 8.35):

Մեկնութիւն. Աստուծոյ Որդին յաւիտեան կայ. նախ՝ ինչպէս Մեկնիչդ [Նանա] կ՚ըսէ, աշխարհի տան մէջ մշտնջենաւոր կայ, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս երէկ եւ այսօր, նոյն եւ յաւիտեան է: Երկրորդ՝ քանի որ յաւիտեան կայ ու յաւիտեան կը մնայ Եկեղեցւոյ մէջ՝ այստեղ ու այնտեղ, որովհետեւ միայն Ինք անմեղ է ինքեամբ եւ բնութեամբ Աստուծոյ Որդի: Երրորդ՝ որդիներ կը կոչուին Աստուծոյ հաւատացեալները, թէեւ ո՛չ բնութեամբ, այլ՝ շնորհքով, մկրտութեամբ: Չորրորդ՝ որդիներ են, որոնք որդիական սէր ունին առ Աստուած, անոնք Աստուծոյ տան մէջ կը մնան եւ ո՛չ թէ վարձկաններն ու մարմնական երկիւղի ծառաները, այլ՝ բնութեամբ Աստուծոյ Որդին՝ Ա՛ն միայն իշխանութիւն ունի միւսները մեղքերէն ազատելու, զանոնք Աստուծոյ որդիներ դարձնելով ըստ որդեգրութեան շնորհին, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Եթէ Որդին ձեզ ազատէ, այն ատեն իրապէս ազատ պիտի ըլլաք» (Յհ 8.36):

Մեկնութիւն. Այն է ճշմարիտ ազատութիւն, երբ մարդ մեղքերէն կ՚ազատի ըստ ըսուած կարգին, այդ ատեն ճշմարիտ ազատութեան մէջ կը մտնէ:

Իսկ երբ Քրիստոս հակառակ հրեաներուն ցոյց տուաւ ծառայութեան ճշմարիտ ըլլալը, որ անոնք կ՚ուրանային, այժմ կը ցուցնէ Աբրահամի որդիի սուտ ըլլալը, որ անոնք կը հաստատէին, ինչպէս կ՚ըսէ.

ԹԷ ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՈՐԴԻՆԵՐ ՉԵՆ

Խօսք. «Գիտեմ, որ Աբրահամի զաւակ էք» (Յհ 8.37):

Մեկնութիւն. Այստեղ նախ կը ցուցնէ, թէ Աբրահամի որդիներ չեն, երկրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ Աստուծոյ որդիներ չեն: Այնտեղ, ուր կ՚ըսեն, թէ պոռնկութենէ չենք ծնած, երկրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ սատանայի որդիներ են, ինչպէս կ՚ըսէ այնտեղ. «Դուք ձեր հօր՝ սատանային զաւակներն էք» (Յհ 8.44): Առաջինին համար գիտելի է, թէ ան է ճշմարիտ որդին, որ իր հօր գործերուն կը հետեւի. «Սակայն գիտեմ -կ՚ըսէ-, թէ մարմինով Աբրահամի զաւակներ էք, սակայն գործով ու Աստուծոյ սիրով չէք հետեւիր անոր» (տե՛ս Յհ 8.37-39):

Խօսք. «Զիս սպաննել կ՚ուզէք» (Յհ 8.37):

Մեկնութիւն. Կը խորհիք ու կը կամենաք, եւ յոգնակիով սպաննել կ՚ուզէք կ՚ըսէ, որովհետեւ շատ էին սպաննողները, ու չորս բանով է վնասը. նախ՝ թէ կը սպաննէք, երկրորդ՝ անմեղը, երրորդ՝ նախանձով, չորրորդ՝ ճշմարտութեան խրատին համար:

Խօսք. «Որովհետեւ խօսքս ձեր ներսիդին տեղ չունի» (Յհ 8.37):

Մեկնութիւն. Չորս բանի համար. նախ՝ որովհետեւ կ՚ատէին, երկրորդ՝ քանի որ սուտ էին, երրորդ՝ աշխարհասէրներ, չորրորդ՝ հպարտներ:

Դարձեալ՝ «խօսքս ձեր ներսիդին տեղ չունի», այսինքն՝ ճշմարտութեան եւ սրբութեան, որ կը քարոզեմ: Քրիստոս Իր խօսքին մասին իբրեւ կարթի կը խօսի, ոչ չի՛ բռներ ձուկը, եթէ չբռնուի ձուկէն, նոյնպէս եւ Աստուծոյ խօսքը մարդուն յաւիտենական կեանքին չի՛ բերեր, եթէ մարդը ինք հաւատքով չբռնուի ատկէ:

Խօսք. «Ես ինչ որ տեսայ Հօրս մօտ՝ զայն կը խօսիմ» (Յհ 8.38):

Մեկնութիւն. Նախ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ խօսքը ճշմարիտ է, երկրորդ՝ թէ հակառակ չեմ, երրորդ՝ թէ ո՛չ միայն Իմս է խօսքը, այլ՝ Հօրս, իսկ տեսնելը ոչ թէ ինչպէս արտաքին բան մը կը տեսնէ, այլ՝ այն կ՚ըսէ, որովհետեւ Աստուածութիւնը Հօրմէն ունի, իսկ մարդկութեամբ ի սկզբանէ յղացումէն կը տեսնէր Աստուածութիւնը Բանին միաւորութեամբ, քանի որ ինչպէս որ Քրիստոսի կամքը մէկ է, նոյնպէս եւ տեսութիւնը մէկ է մարմնացեալ Բանին:

Խօսք. «Դուք ինչ որ լսեցիք ձեր հօրմէն, զայն կը կատարէք» (Յհ 8.38):

Մեկնութիւն. Ոչ թէ հրամայելով կ՚ըսէ, այլ՝ նախ յանդիմանութեամբ է, իբրեւ թէ դուք կը հետեւիք սատանային ազդումներուն եւ գործերուն: Երկրորդ՝ կը յայտնէ անոնց ծածուկ բաները: Երրորդ՝ ցասումով է, ինչպէս որ մէկը կը զայրանայ չար ծառային վրայ: Չորրորդ՝ մարգարէաբար է, որպէս թէ պիտի կատարէք:

Խօսք. «Անոնք պատասխանեցին.

-Մեր հայրը Աբրահամն է» (Յհ 8.39):

Մեկնութիւն. Նախ՝ իբրեւ թէ չենք գիտեր, թէ որո՞ւն մեզի հայր կը կոչես, երկրորդ՝ պարծենալով է, երրորդ՝ վկայելով, թէ անոր կամքով կը գործենք:

Խօսք. «Եթէ Աբրահամի զաւակ ըլլայիք, -ըսաւ Յիսուս,- Աբրահամի ըրած գործերը պիտի կատարէիք» (Յհ 8.39):

Մեկնութիւն. Որդիութեան կատարեալ նշան է, որոնք կը հետեւին իրենց հօր գործերով, իսկ դուք կը փափաքիք զիս սպաննել:

Խօսք. «Մարդ մը» (հմմտ. Յհ 8.40):

Մեկնութիւն. Երբ մարդ կ՚ըսէ, սոսկ մարդ պէտք չէ՛ հասկնալ, որովհետեւ մարդացած Աստուած է, իսկ երբ Աստուած կ՚ըսէ, Բանէն բաժանումով պէտք չէ իմանալ, այլ՝ մարմինով միաւորուած:

Խօսք. «Որ Հօրմէս լսեցի» (Յհ 8.40):

Մեկնութիւն. Տեսնել ու լսել կ՚ըսէ, որովհետեւ մեր մէջ ասոնք ամենէն պատուականներն են, քան այլ զգայութիւնները, նախ՝ որովհետեւ ասոնք իշխանական են: Երկրորդ՝ քանի որ հաստատուն են տեսնելն ու լսելը: Երրորդ՝ որովհետեւ բոլոր տեսականներն ու գործնականները ասոնցմով կը սորվինք: Եւ չորրորդ՝ լսել, տեսնել ու սորվիլ ամէն տեղ Հօր կամքին կատարումն է կ՚ըսէ, իսկ Հօր կամքը կատարելը կամքերուն միութիւնը կը յայտնէ ամէն տեղ:

Խօսք. «Աբրահամ այդպիսի բան չըրաւ» (Յհ 8.40):

Մեկնութիւն. Վերը երեք որոշումներ դրաւ. նախ՝ որովհետեւ աստուածասէր էր, երկրորդ՝ Անոր կամքը կը կատարէր, երրորդ՝ բարիք կը գործէր:

Երեք ալ այստեղ կը դնէ. նախ՝ ան Աստուծոյ հրեշտակները խոնարհութեամբ ընդունեց, իսկ դուք Անոր առաքեալները կը հալածէք: Երկրորդ՝ ան օտարները կը սիրէր, դուք՝ ձերը կ՚ատէք: Երրորդ՝ ան չարերուն բա-րիք կ՚ընէր, դուք բարերարներուն չար կը հատուցէք:

Իսկ եթէ մէկը ըսէ. «Քրիստոս Աբրահամի ժամանակ չկար, ինչպէ՞ս հալածէր զԻնք»:

Վարդապետները կ՚ըսեն. նախ՝ թէեւ Քրիստոս Աբրահամի ժամանակ մարմինով չկար, սակայն անոնք որոնք Քրիստոսի կը նմանէին, ընդունեց եւ չհալածեց: Երկրորդ՝ թէեւ ան ժամանակ մարմինով չէր եկած, սակայն միշտ Քրիստոսի հոգեպէս գալուստը սուրբերուն միտքին մէջ էր:

Հրեաները երբ տեսան, թէ Քրիստոս գործերէն որդիութիւն կը խնդրէ, այդ պատճառով ըսին, թէ իրենք Աստուծոյ որդիներն են՝ Անոր պատուիրանները պահելով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 82

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2020