THE SHOW MUST GO ON (2)

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Հոլիվուտով, մարզական զանազան բնագաւառներէ ներս իրականացուցած եւ արդէն միջազգայնացուած մեծ ներկայացումներով նուաճած է աշխարհը: Եւ տեւաբար ամենամեծ «show»ները ամերիկեան են եւ ԱՄՆ-ի միջոցաւ կը կատարուին ու յաջողութեան կը հասնին: Բոլոր համակարգերը եւ մանաւանդ մարզականը, մշակութայինը, կենցաղայինն ու նորաձեւագիտականը ներկայիս այնքան բաց են, որ նոյնիսկ ամենակրօնական, արմատական կամ աւանդապաշտ ու փակ համարուած ընկերութիւնները, հասարակութիւններն ու ազգերն ալ ակամայ ներթափանցած են ամերիկեան «showbiz»ին եւ չեն կրնար դիմադրել անոր՝ որքան ալ ջանք ու եռանդ ունենան եւ գործիքներ բանեցնեն դիմադրութիւն ցոյց տալու համար:

Գոյութիւն ունի ահաւոր քանակութեամբ արտադրութիւն, ինչ որ օրական հերթականութեամբ դուրս կու գայ Հոլիվուտէն, ընկերային ցանցերէն, անհատ կատարողներէն, երգիչներէն, արուեստագէտներէն եւ այլն: Անոնց ստեղծագործութիւններու որդեգրումն ու մատուցումը կը կատարուի ԱՄՆ-ի կողմէ (նոյն ամերիկեան ժողովուրդի արտադրածի կողքին): Միեւնոյն ժամանակ, ամերիկեանն է ուղենիշայինը, պարփակողը, ամենացայտունն ու տարածուածը աշխարհի մէջ, որովհետեւ կը մէկտեղէ թէ՛ արդիական-արհեստագիտականը եւ թէ ճաշակն ու ազատական-իրականը: Չկայ աւելի մեծ այսպէս կոչուած հաւաքոյթ-զուարճանք եւ ընկերային-մշակութային եղելութիւն որեւէ հասարակութեան մէջ. Չինաստանէն՝ Եւրոպա, Ափրիկէէն՝ արաբական աշխարհ, որ ինքնաբերաբար չի տենչար պարփակուիլ ամերիկեանով կամ առանց ամերիկեանի որդեգրումով կրնայ գերակայութիւններ ապահովել:

«The Show Must Go On» հասկացողութիւնը պարզապէս ասացուածք մը չէ, այլ ոճ ու վարք է ամբողջ աշխարհի կատարողներուն, արուեստագէտներուն եւ մեծ բնակչութեամբ երկիրներու, ժողովուրդներու եւ հաւաքականութիւններու համար: Մարդկութիւնը միշտ զբաղած է ներկայացնելու ունեցածն ու ստեղծածը՝ նախ իր կողակիցներուն, դրացիներուն, շրջապատին եւ ապա ամբողջ աշխարհին: Ինքնին մշակոյթներու եւ մեծ ընդգրկումով քաղաքակրթութիւններու ընկերագիտական կազմուածքն ու զատորոշումները նոյն այդ «ներկայացում» կոչուած տարբեր տարողութիւններու, ծրագրաւորումներու եւ տարածումներու կշռոյթով կը բանին:

Մարդկութիւնը ստեղծած է մեծ ճիւղաւորումներ նոյն այդ «ներկայացուածութիւն» կոչուածի տենդով, իսկ բարձրագոյն իմաստով տիեզերք յայտնաբերելու եւ աստուածագիտութեան մէջ տեւաբար լծուած է առաքելութիւն գտնելու եւ ներկայացնելու, նաեւ տեղ մը մարդկութենէն ալ անդին «դրսեցիին» ներկայացնելու ինքզինք կամ հասնելու նոր աշխարհներ: Անկախ զանազան հանգամանքներէ, այն գաղափարը, որ մարդկային ցուցադրութիւնը (իր մեծ ու փոքր մակարդակներով) պէտք է շարունակուի, ինքնին մարդաբանութեան օրէնքն է: «Show»ը միեւնոյն ժամանակ կը յիշեցնէ տեղ մը մարտահրաւէրները յաղթահարելու, կայանալու եւ ճանչցուելու երկար ճամբայ մը: Մարդու արժէքը մարդով է, իսկ ընկալող կողմը միշտ ներկայացումներ կ՚ուզէ՝ նոյնիսկ սպառողական իմաստով: «Show»ը միայն կատարում չէ կամ մշակութաբանական արժէք, այլ մարդը մարդէն, մարդը հաւաքականութենէն ու հաւաքականութիւնները հաւաքականութիւններէն եւ այլն գնահատելու միջոց մըն է:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2024