ԿԱՐՈՅԵԱՆ. «ՄԵՆՔ ՈՐՊԷՍ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆՔ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱՆՈՂ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ՀԱՐԹԵԼ»

Ա­րուես­տա­բան Նա­զա­րէթ Կա­րո­յեա­ն վեր­ջերս այ­ցե­լած է Իս­րա­յէլ, ուր հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած՝ ա­րուես­տի տար­բեր գոր­ծիչ­նե­րու եւ շրջա­նակ­նե­րու հետ: Այս առ­թիւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ զրոյց մը ու­նե­ցաւ ա­րուես­տա­բա­նին հետ: 

-Ի՞նչ նպա­տա­կով գա­ցիք Իս­րա­յէլ:

-Ճամ­բոր­դու­թիւնս ու­նէր մաս­նա­գի­տա­կան բնոյթ՝ հան­դի­պում­ներ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու հետ, այ­ցեր՝ ա­րուես­տի կենդ­րոն­ներ: Ան նաեւ ու­նէր յա­տուկ նպա­տակ՝ Հա­յաս­տան բե­րել ըն­թաց­քի մէջ գտնուող նա­խա­գի­ծե­րը, ո­րոնց ես մաս­նակ­ցած եմ, նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի «Իս­լա­մա­կան ա­րուես­տ­»ի թան­գա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած իս­րա­յէլ­ա­ցի նոր սե­րուն­դի, բայց շատ յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ­նե­րէն մէ­կուն՝ Տոր Կուէ­զի ցու­ցադ­րու­թիւ­նը Հա­յաս­տան բե­րե­լու նպա­տակ կար: Այս իւ­րա­յա­տուկ, բազ­մագ­լուխ ցու­ցա­հան­դէս մըն էր, ո­րու վեր­ջին հա­տուա­ծին, ես իբ­րեւ ա­րուես­տա­բան-հե­տա­զօ­տող, մաս­նակ­ցած եմ: Նա­խա­գի­ծը կը կո­չուի «Եւ­րո­պա­յի հի­ւանդ մար­դը»: Սա Նի­քո­լայ Ա. կայ­սեր յայտ­նի ձե­ւա­կեր­պումն է Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մա­սին: Տոր Կուէզ այդ նա­խա­գի­ծի ըն­թաց­քին ու­սում­նա­սի­րած է Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան պատ­մա-մըշա­կու­թա­յին, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ժա­ռան­գու­թեան ճա­կա­տա­գի­րը եւ այ­սօ­րուան հե­տե­ւանք­նե­րը: Կրնանք ը­սել ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան է, կը վե­րա­բե­րի իր ըն­տա­նի­քին, ծնող­նե­րուն, ո­րոնց ճա­կա­տագ­րի պատ­մու­թիւ­նը հա­զուա­դէպ է։ Ան թու­նուզ­ցի հայ­րե­նա­դարձ հրեա­յի եւ պա­ղես­տին­ցի ա­րաբ քրիս­տո­նեայ կնոջ զա­ւակն է: Տոր Կուէ­զ մուլ­թի­մե­տիա մի­ջոց­ներ օգ­տա­գոր­ծող ա­րուես­տա­գէտ է եւ այդ մի­ջոց­նե­րով է, որ կը խօ­սի այն մա­սին, թէ ինչ­պէս պա­տե­րազ­մը կ՚անց­նի ա­րուես­տա­գէ­տի հո­գիին մէ­ջէն կամ հա­կա­ռա­կը՝ ա­րուես­տա­գէ­տը կ՚անց­նի պա­տե­րազ­մի մը մէ­ջէն եւ ա­պա... կ՚իջ­նէ մեծ լռու­թիւն մը…։ Նա­խա­գի­ծի երկ­րորդ մա­սը ա­ւե­լի հին պատ­մու­թիւն է. Ան­գա­րա­յի պատ­կերն է՝ թուրք ե­րի­տա­սարդ ճար­տա­րա­պետ­ներ, ո­րոնք պատ­կեր­նե­րու ար­խիւ կը ստեղ­ծեն, բայց չեն աշ­խա­տիր իբ­րեւ ճար­տա­րա­պետ­ներ: Նա­խա­գի­ծին մէջ կը տես­նենք քե­մա­լիզ­մը, Ա­թա­թուր­քը, ազ­գայ­նա­կա­նու­թիւ­նը…։ Եր­րորդ մա­սը կը կո­չուի «Քոմ­փո­զի­թէօ­րը», որ նուիրուած է Կո­մի­տա­ս Վար­դա­պե­տին: Ա­րուեստա­գէ­տը, մուլ­թի­մե­տիա­յի մի­ջո­ցով կը ներ­կա­յաց­նէ ա­ռաս­պե­լա­կան ձայ­նագ­րու­թիւն մը, ուր ե­րու­սա­ղի­մա­ցի ոմն Յա­կոբ ու­նի Կո­մի­տա­սի եւ Գրի­գոր Սիւ­նիի ձայ­նաս­փիւ­ռա­յին զրոյ­ցը՝ 1910 թուա­կա­նին: Բնա­կա­նա­բար այդ ժա­մա­նակ ձայ­նաս­փիւ­ռա­յին զրոյց­ներ չկա­յին: Գրի­գոր Սիւ­նին Կո­մի­տա­սի հետ ու­սա­նած է Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նը եւ այդ ձայ­նաս­փիւ­ռա­յին զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, ի­րենց կար­ծի­քը յայտ­նած են՝ ե­րաժշ­տու­թեան, ազ­գա­յին, ա­րե­ւե­լա­հայ-ա­րեւմ­տա­հայ մտա­ծո­ղու­թեան տար­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ նիւ­թե­րու մա­սին: Ըստ ա­րուես­տա­գէ­տին, մէ­կը Ղա­րա­բա­ղէն կու գայ , իսկ միւ­սը՝ Քէօ­թա­հիա­յէն: Կը հան­դի­պին, յե­տոյ կը բաժ­նուին: Եր­կուքն ալ կը մա­հա­նան եւ կը թա­ղուին օ­տա­րու­թեան մէջ….։ Շատ հե­տաքր­քիր նա­խա­գիծ է:

-Իս­րա­յէ­լի ա­րուես­տի շրջա­նակ­նե­րու մէջ Ինչ­պէ՞ս էր ար­ձա­գան­գը այս ցու­ցադ­րու­թեան:

-«Իս­լա­մա­կան ա­րուես­տ­»ի թան­գա­րա­նը փոքր, բայց շատ յայտ­նի թան­գա­րան մըն է: Հոն կան ցու­ցադ­րուած շատ հե­տաքր­քրա­կան հա­ւա­քա­ծո­ներ:

Վե­րո­յի­շեալ թան­գա­րա­նը, Ե­րու­սա­ղէ­մի պե­տու­թեան կող­մէ խրա­խու­սուող հաս­տա­տու­թիւն մըն է, պա­ղես­տին­ցի­նե­րը մշա­կու­թա­յին ո­լոր­տին մէջ ներգ­րա­ւե­լու հա­մար: Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յու­թեան հա­մար եւս այս մի­ջո­ցա­ռու­մը հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծեց, սա­կայն դժբախ­տա­բար ցու­ցա­հան­դէ­սը ոչ մէկ ար­ձա­գան­գի ար­ժա­նա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ այս մէ­կը կը խօ­սի մեր մօտ (Հա­յաս­տա­նի մէջ) ա­րուես­տի հան­դէպ ե­ղած վե­րա­բեր­մուն­քի եւ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու դիր­քի ու վի­ճա­կի մա­սին:

Շատ տպա­ւո­րիչ էր Ե­րու­սա­ղէ­մը, մա­նա­ւանդ հա­յե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը 2000 տա­րիէ ա­ւե­լի պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող քա­ղա­քի մը մէջ, իսկ Թել Ա­ւի­ւը մեծ  ա­ռեւ­տու­րի, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, նիւ­թա­կան ներ­հոս­քի եւ պատ­մա­կա­նօ­րէն ու քա­ղա­քա­շի­նա­կան ա­ռու­մով շեր­տա­ւոր վայր է: Քա­ղա­քը կը գտնուի վե­րա­կանգն­ման փու­լի մը մէջ: Վե­րա­կանգ­նե­լէն յե­տոյ շի­նու­թիւն­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ պէտք է ստա­նան ի­րենց նախ­կին տես­քը, եւ այդ վե­րա­կանգ­ման հա­մար կ՚օգ­տա­գոր­ծուի այն նոյն շի­նա­նիւ­թը, ո­րով շէն­քե­րը կա­ռու­ցուած են նա­խա­պէս: Այս­տեղ ար­դէն ակն­յայտ է Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան ըն­կե­րա­յին կա­ռու­ցուած­քը, այ­սինքն՝ շէն­քի բնա­կիչ­նե­րը որ­քան միաս­նա­կան են եւ միա­սին կը կա­տա­րեն այդ աշ­խա­տանք­նե­րը... Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թիւ­նը ստեղ­ծուած է ազ­գայ­նա­կա­ն հիմ­քե­րու վրայ, ոչ թէ՝ կրօ­նի: Թել Ա­ւի­ւի միւս մա­սը երկ­նա­քե­րնե­րով, զբօ­սաշր­ջա­յին կենդ­րոն­նե­րով հա­րուստ քա­ղաք մըն է, իսկ եր­րոր­դը՝ հին նա­ւա­հանգս­տա­յին մասն է:

Պա­ղես­տին­ցի­նե­րը չեն հե­ռա­նար Իս­րա­յէ­լէն՝ ը­սե­լով, որ այդ ի­րենց եր­կիրն է եւ ի­րենք են­թար­կուած են ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րու: Իս­րա­յէ­լի մէջ շերտ մըն ալ կը սե­պէ, որ Իս­րա­յէ­լը Պա­ղես­տինն է, եւ այն­պի­սի տպա­ւո­րու­թիւն կայ, որ մահ­մե­տա­կան­ներն ու քրիս­տո­նեա­նե­րը, բո­լո­րը խրա­մա­տի միւս կողմն են, իսկ խրա­մա­տը բաժ­նուած է հրեա­նե­րուն եւ ոչ-հրեա­նե­րուն մի­ջեւ:

-Ի՞նչ կրնաք ը­սել Եա­ֆա­յի մա­սին:

-Եա­ֆա­յի հետ բա­ցա­յայ­տումս կա­պուած էր հա­յու­թեան հետ: Ամ­բողջ Թել Ա­ւի­ւի մէջ հա­յու հետ­քեր չկա­յին, բայց հա­յեր կա­յին: Եա­ֆա եր­թա­լու ըն­թաց­քին, նա­ւա­հան­գիս­տի կեդ­րո­նը ե­ռա­գոյ­նը տե­սայ, եւ մօ­տե­նա­լով կար­դա­ցի հե­տե­ւեա­լը՝ Սուրբ Նի­կո­ղոս Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցի: Այ­սինքն՝ ա­ռեւտրա­կան­նե­րը նա­ւա­հան­գիստ ե­կած են եւ մտած են ե­կե­ղե­ցի….

-Պա­ղես­տի­նեան թե­ւին հետ շփումներ ե­ղա՞ն:

-Իս­րա­յէլ ե­ղած ժա­մա­նակ միտք մը յղա­ցայ, որն էր Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պել հրեայ եւ պա­ղես­տին­ցի ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս: Սա ար­գիլուած նիւթ մըն է, եւ հա­ւա­սա­րա­զօր այն միտ­քին, որ ատր­պէյ­ճան­ցին ու ե­րե­ւան­ցին Մոս­կուա­յի մէջ ցու­ցա­հան­դէս մը կազ­մա­կեր­պեն:

-Հա­յաս­տա­նի մէջ շատ քի­չեր կը հասկ­նան ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան բա­խու­մը: Որ­պէս ա­րուես­տա­գէտ, ի՞նչ կողմ­նո­րո­շում­ներ ու­նիք:

-Ա­րե­ւե­լեան Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ ես շատ բան հաս­կցայ: Հոն կա­յին մեծ ա­ռանձ­նա­տու­ներ, ո­րոնք կը պատ­կա­նէին պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն, հա­ւա­նա­բար՝ քրիս­տո­նեայ: Մար­դիկ, ո­րոնք մե­ծա­հա­րուստ ե­ղած են, տնօ­րի­նած են զա­նա­զան գոր­ծեր, ե­ղած են մշա­կոյ­թի եւ ա­րուես­տի մօ­տիկ ան­ձեր: Կորսն­ցու­ցած են ի­րենց ստա­ցուած­քը Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թիւ­նը ստեղ­ծուե­լու ժա­մա­նակ: Իմ կար­ծի­քով՝ գո­յու­թիւն ու­նի քա­ղա­քա­կան, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին դա­սա­ւո­րու­թիւն, եւ ես միշտ կողմ­նա­կից եմ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ երկ­խօ­սու­թեան: Որ­պէս­զի բո­լո­րին յա­ջո­ղուի զի­րար յար­գել ու մա­նա­ւանդ միա­սին ապ­րիլ: Կրօ­նա­կան ծայ­րա­յե­ղու­թիւ­նը ոչ մէկ դրա­կան ար­դիւն­քի կը յան­գեց­նէ։ Պէտք է շատ կա­րե­ւոր բան մը հասկ­նանք. լու­ծու­մը պա­տե­րազ­մը չէ, կան շատ խնդիր­ներ ու բա­ցեր, ո­րոնց վրայ հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը պէտք է միա­սին աշ­խա­տին։ Հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քէն ետք իւ­րա­քան­չիւ­րը պէտք է բե­րէ իր փոր­ձը, զգայ­նու­թիւ­նը, ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը եւ գի­տե­լի­քը:

-Իսկ հա­յու­թեան տրա­մադ­րու­թիւ­նը այս հար­ցի վե­րա­բե­րեալ ինչ­պի­սի՞ն էր:

- Իմ պատ­կե­րա­ցու­մով՝ սա­ղի­մա­հա­յու­թիւ­նը կղզիա­ցած կեանք մը կը վա­րէ: Ի հար­կէ, կան տար­բեր պատ­ճառ­ներ: Օ­րի­նակ մը տա­լու հա­մար ը­սեմ, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի թա­ղե­րուն մէջ շրջող իս­րա­յէլ­ա­ցի զի­նուո­րա­կա­նը կը ստեղ­ծէ նաեւ այս տրա­մադ­րու­թիւ­նը: Սա կը նշա­նա­կէ, որ հա­ղոր­դակ­ցա­կան եւ դրա­մա­կան հոս­քե­րը կը տնօ­րի­նեն իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րը:

-Ա­րուես­տի ո­լոր­տին մէջ կը կար­ծէ՞ք, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Իս­րա­յէ­լի մի­ջեւ ո­րոշ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը ըլ­լայ:

-Մենք կ՚աշ­խա­տինք հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ եւ ծրա­գիր­ներ ստեղ­ծել, որ­պէս­զի իս­րա­յէ­լեան Էին Հո­տ քա­ղա­քէն ա­րուես­տա­գէտ­ներ Հա­յաս­տան գան, այս­տեղ ստեղ­ծա­գոր­ծեն, ա­րա­րեն, եւ մեզ­մէ ալ մէ­կը Էին Հո­տ եր­թայ: Այս աշ­նան եւս հա­մա­տեղ ծրա­գիր­ներ պի­տի ի­րա­կա­նաց­նենք:

-Իս­րա­յէլ-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը այն­քան ալ լաւ չեն, ո­րու մէջ թե­րեւս, իր թե­րա­ցու­մը ու­նի նաեւ Հա­յաս­տա­նը: Մենք ա­նընդ­հատ ա­նոնց­մէ մեծ ե­ղեռ­նի ճա­նա­չում կը պա­հան­ջենք ու ի­րենք կ՚ու­զեն այդ հար­ցէն հե­ռու մնալ: Ար­դեօք ձեր այս փոր­ձը խթան կը հան­դի­սա­նա՞յ Իս­րա­յէլ-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լաւ­ման:

-Ըստ իս՝ մենք ի­րա­րու հետ խօ­սե­լու շատ բան ու­նինք: Մենք՝ որ­պէս քրիս­տո­նեա­ներ, ոչ միայն ա­ռան­ձին վե­րա­բեր­մունք ու­նինք հրեա­նե­րու նկատ­մամբ, այ­լեւ կը կի­սենք պատ­մա­կան ընդ­հա­նուր մշա­կոյ­թի յի­շո­ղու­թիւ­նը: Մենք պէտք է յի­շենք՝ մշա­կու­թա­յին-հո­գե­ւոր ա­ռու­մով մենք ա­մե­նա­մօտն ենք մահ­մե­տա­կա­նու­թեան եւ պուտ­տա­յա­կա­նու­թեան, ին­չ որ ակն­յայտ է մեր պաշ­տա­մուն­քա­յին ա­ռար­կա­նե­րու վեր­լու­ծու­թե­նէն: Հա­յե­րը ու­նին գիր­քի պաշ­տա­մունք, ինչ որ ու­նին նաեւ իս­լամ­ներն ու պուտ­տա­յա­կան­նե­րը։ Եւ մենք ա­մե­նա­մօ­տէն կը հասկ­նանք հրեա­նե­րը: Ե­թէ մենք յանձն չառ­նենք այս ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ երկ­խօ­սու­թիւն ծա­ւա­լե­լու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, ա­պա վստահ եմ, որ ոչ ո­քի պի­տի յա­ջո­ղուի այդ կա­րե­ւոր եւ խա­ղա­ղու­թեան տա­նող ճա­նա­պար­հը հար­թել:

«ԷԻՆ ՀՈ­Տ» ԿԱՄ ՑԱ­ՒԻ ՎԿԱ­ՅԱ­ՐԱ­ՆԸ

1953 թուա­կա­նին հիմ­նադ­րուած «Էյն Հո­տ­»ը մեծ տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծած է ա­րուես­տա­բան Նա­զա­րէթ Կա­րո­յեա­նին վրայ: «Էին Հո­տ­»ը Իս­րա­յէ­լի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան հա­տուա­ծին մէջ հիմ­նադ­րուած գիւղ մըն է, որ ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մէն ա­ռաջ ե­ղած է պա­ղես­տին­ցի­նե­րու պատ­կա­նող գիւ­ղա­ւան: Պա­տե­րազ­մէն ետք տե­ղւոյն պա­ղես­տին­ցի­նե­րը բռնի կեր­պով հե­ռացուած են շրջա­նէն: Ո­րոշ ժա­մա­նակ անց իս­րա­յէ­լեան մար­մին­ներ փոր­ձած են ա­մէն գնով վե­րաբ­նա­կեց­ման կա­յա­նի վե­րա­ծել շրջա­նը, բայց ա­նոնց գոր­ծադ­րած ճի­գե­րը դժբախտաբար մատ­նուած են ձա­խո­ղու­թեան:

Այդ շրջա­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք՝ 1953 թուա­կա­նին Իս­րա­յէլ ներ­գաղ­թած Տա­տա­իստ ա­րուես­տա­գէտ մը՝ Մար­սէլ Եան­քօ կ՚ո­րո­շէ գիւ­ղը վե­րա­ծել ա­րուես­տի կեդ­րո­նի: Ու ա­նոր գոր­ծադ­րած ճի­գե­րուն շնոր­հիւ «Էին Հո­տ­»ը կը վե­րածուի «ա­րուես­տի քա­ղա­ք­»ի մը, ուր կ՚ապ­րին ու կը ստեղ­ծա­գոր­ծեն 150 ա­րուես­տա­գէտ­ներ: Կա­րո­յեա­նի համր «Էին Հո­տ­»ը կա­րե­ւոր ի­մաստ մը կը ստա­նայ պարզ ա­նոր հա­մար, որ այդ գիւ­ղը գե­տինն է տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով դա­րե­րով կողք-կող­քի ապ­րած, բայց այ­սօր որ­պէս ո­խե­րիմ հա­կա­ռա­կորդ ներ­կա­յա­ցող եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու՝ իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րու եւ պա­ղես­տին­ցի­նե­րու «կրկնա­կի ցա­ւե­րու»ն հան­դի­սա­վայ­րը:

Այդ գիւ­ղը, որ այ­սօր աշ­խար­հին կը ներ­կա­յա­նայ «յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թեամ­բ» մը, «ա­կա­նա­տե­ս» ե­ղած է շրջա­նէն բռնի կեր­պով հե­ռա­ցուած պա­ղես­տին­ցի­նե­րու ցա­ւին, ու ան­կէ ետք «երկ­րորդ հան­դի­սա­վայ­ր» մը այն հրեա­նե­րուն, ո­րոնք Եւ­րո­պա­յի տար­բեր ծա­գե­րուն ապ­րած են «Հո­լո­քոս­տ»ի տա­ռա­պանք­նե­րը:

Ու այս բո­լո­րէն ետք շնոր­հիւ ա­րուես­տի ու­ժին, այ­սօր «Էին Հո­տ­»ը վե­րա­ծուած է ա­րուես­տի շնոր­հիւ մարդ­կու­թեան տար­բեր մա­կար­դա­կի տա­ռա­պանք­նե­րէն ձեր­բա­զա­տուե­լու վայ­րի մը:

Միւս կողմէ, ե­թէ ճիշդ վեր­լու­ծենք, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ապ­րած ընդ­հա­նուր տագ­նա­պին ար­մատ­նե­րը, ա­պա շատ յստակ կեր­պով ե­րե­ւե­լի կը դառ­նայ, որ ա­նոնց մե­ծա­գոյն տո­կո­սին հիմ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րը խո­րքին մէջ կ՚ա­ռըն­չուին ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան տագ­նա­պին հետ:

Կար ժա­մա­նակ, երբ ան կը կո­չուէր ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան տագ­նապ, բայց այ­սօր տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով այդ մէ­կը ա­նուա­նուած է պա­ղես­տին-իս­րա­յէ­լեան տագ­նապ:

Պա­ղես­տի­նեան հար­ցը հրա­պա­րակ կը հա­նուէր 1948 թուա­կա­նէն ետք, երբ տար­բեր պայ­ման­նե­րու տակ Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թիւ­նը, ի­րենց բնօր­րա­նէն կը վտա­րէր տե­ղւոյն պա­ղես­տին­ցի­նե­րը, շատ յա­ճախ այդ գիւ­ղե­րուն տեղ կա­ռու­ցե­լով իս­րա­յէ­լեան վե­րաբ­նա­կեց­ման վայ­րեր:

Դա­րե­րով միա­սին ապ­րած ա­րաբ­ներն ու հրեա­նե­րը կը դառ­նա­յին ո­խե­րիմ թշնա­մի­ներ ու մին­չեւ այս պա­հը «ան­լու­ծե­լի թուա­ցո­ղ» տագ­նա­պին լուծ­ման լուրջ հե­ռան­կար մը չ­­՚ե­րե­ւիր:

Վեր­ջին քսան տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին այս տագ­նա­պը դար­ձած է մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան գլխա­ւոր կէտ եւ հա­կա­ռակ տա­րուած բո­լոր ճի­գե­րուն, եր­կու կող­մե­րը (Իս­րա­յէ­լի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած ան­մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րը շատ յա­ճախ «ան­գե­րա­զան­ցե­լի» են) տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով դի­մած են բռնու­թեան քայ­լե­րու, պա­տե­րազմ­նե­րու, ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան եւ անն­պա­տակ բա­խում­նե­րու:

Այս բո­լո­րին մա­սին բա­ւա­կան լայն տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նե­ցող եւ այ­սօ­րուան թեր­թին մէջ լոյս տե­սած հար­ցազ­րոյ­ցի «հե­րո­ս­»ը՝ Նա­զա­րէթ Կա­րո­յեան, բա­ւա­կան խոր­քա­յին մօ­տե­ցում մը ու­նի այս «ո­խա­կա­լ» հա­կա­մար­տու­թեան մա­սին:

Կա­րո­յեան ան­կախ ա­մէն ին­չէ, կ­­՚ա­ռա­ջար­կէ շա­րու­նա­կել հա­ւա­տալ երկ­խօ­սու­թեան լե­զուին: Ա­րուես­տա­բա­նը, նոյն­պէս կը հա­ւա­տայ, որ հա­կա­ռակ բո­լոր դժուա­րին պայ­ման­նե­րուն, պի­տի գայ օ­րը, երբ կող­մե­րը վի­ճե­լու եւ պա­տե­րազ­մե­լու փո­խա­րէն պի­տի նա­խընտ­րեն ի­րա­րու հետ խօ­սիլ, հասկ­ցուիլ եւ միաս­նա­կան ճի­գե­րով կեր­տել նոր եւ ար­դար ա­պա­գայ մը:

Կա­րո­յեան այս մա­սին խօ­սե­լով կը հա­ւաս­տիաց­նէ, որ շատ կեն­սա­կան է հա­ւա­տալ խօս­քի լե­զուին եւ կա­րե­ւոր ճի­գեր ի­րա­կա­նաց­նել՝ հաս­նե­լու հա­մար խա­ղա­ղու­թեան իս­կա­կան ճա­նա­պար­հին:

Ու այս վեր­լու­ծում­նե­րէն ան­դին բա­ցա­յայտ կը դառ­նայ, որ պա­ղես­տի­նեան խնդրի լու­ծու­մը եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նախ­կին նա­խա­գահ­նե­րէն Պիլ Քլին­թը­նի ներ­կա­յա­ցու­ցած «եր­կու տէ­րու­թեանց լուծ­մա­ն» ճա­նա­պար­հով խա­ղա­ղու­թեան հաս­նի­լը մե­ծա­պէս պի­տի նպաս­տէ մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ առ­կայ մեծ ու փոքր «վէր­քե­րու­ն» բուժ­ման եւ սպիաց­ման:

Երեւան

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

 

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017