ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Զ.

Խօսք. «…երբ տեսան Յիսուսը, որ ծովուն վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին» (Յհ 6.19):

Մեկնութիւն. Ոմանք կ՚ըսեն, թէ այս ու Մատթէոսի [Աւետարանին] մէջ պատմուածը տարբեր դէպքեր են, սակայն նոյնն էր թէ՛ ժամանակէն, թէ՛ տեղէն, թէ՛ ժողովուրդէն, որովհետեւ նոյն օրը երբ հացը կերան, աշակերտները գիշերը նաւ մտան ու գիշերուան չորրորդ պահուն Յիսուս իրենց մօտ եկաւ:

Առաքելաները կրկնակի պատճառով զարհուրհեցան. նախ՝ որովհետեւ կը կարծէին, թէ Քրիստոս առ աչօք կ՚երեւէր իրենց, որովհետեւ ծովուն վրայէն կը քալէր: Երկրորդ՝ կը վախնային ալեկոծութեան համար, իսկ Քրիստոս այդ կրկնակի վախերը վերցուց իրենցմէ:

Խօսք. «Ես եմ, մի՛ վախնաք» (Յհ 6.20):

Մեկնութիւն. Երբ ըսաւ՝ Ե՛ս եմ, վերցուց կասկածը անոնց, որոնք կը կարծէին թէ աչքերուն երեւացող մէկն է, ու ըսելովը՝ մի՛ վախնաք, ալեկոծութեան երկիւղը կը վերացնէ: Ասիկա երկրորդ բանն է, որ կերակրելով ու սնուցիչ ըլլալով ցոյց կը տրուի, թէ Քրիստոս Աստուած է: Երկրորդ՝ ծովուն վրայէն երթալով եւ խօսքով աշակերտները մխիթարելով, թէ Ես եմ, մի՛ վախնաք:

Դարձեալ գիտելի է, թէ յարութենէն ետք բոլոր մարդոց մարմինին չորս փոփոխութիւն պիտի ըլլայ.

Առաջին՝ թափանցութիւն, եւ այս Քրիստոս ցոյց տուաւ, երբ Կոյսէն ծնաւ:

Երկրորդ՝ թեթեւութիւն, եւ այս Քրիստոս ցոյց տուաւ՝ ծովուն վրայէն երթալով:

Երրորդ՝ պայծառութիւն, եւ այս Քրիստոս ցոյց տուաւ Թաբօր լերան վրայ:

Չորրորդ՝ անապական մարմին, եւ այս Քրիստոս ցոյց տուաւ Վերնատան մէջ, երբ Իր անապական մարմինը առաքեալներուն բաշխեց, որովհետեւ եթէ մարմինը ապականացու էր, ի՞նչ օգուտ [կրնար տալ] ուտողներուն:

Այս չորսը նախքան խաչելութիւնը ցոյց տուաւ, որպէսզի չարափառները չըսեն, թէ Փրկիչին մարմինը յարութենէն ետք փոխուեցաւ, այլ՝ այն որ սկիզբէն յղութեան ժամանակ արգանդին մէջ ծածկապէս ունէր Իր մարմինին մէջ, յարութենէն ետք մարմինով յայտնապէս երեւցուց:

ՀՐԱՇՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Գիտելի է, թէ սքանչելիքները բնութենէն վեր եղող գործեր են, իսկ մեզի համար՝ միտքէն ալ գեր ի վեր, որովհետեւ ինչպէս որ կատարուածը սքանչելի է, միտքով ալ մենք կը սքանչանանք: Եւ դարձեալ, ինչպէս անոնք, որոնք սքանչելիքները տեսան, օգտուեցան տեսնելով, իսկ մենք երբ մեր միտքերուն մէջ կը սքանչանանք, կը շահինք սքանչելիքներէն, ապա ուրեմն Քրիստոս ճշմարիտ Աստուած է եւ Միածին Որդի եւ Բան, միացեալ մարմինով, որ մեծամեծ հրաշքներ կը գործէր:

Այստեղ հրաշքները երեք կ՚ըսուին, իսկ ես կ՚ըսեմ թէ նոյն վայրկեանին հինգ հրաշքներ պատահեցան. նախ՝ որովհետեւ Քրիստոս ծովուն վրայէն կ՚երթար, ըստ Մարգարէին. «Քու ճանապարհդ ծովուն մէջ է եւ Քու ճամբադ մեծ ջուրերուն մէջ է» (Սղ 77.19): Երկրորդ՝ որովհետեւ ծովուն ալիքները խաղաղեցուց: Երրորդ՝ որովհետեւ զօրաւոր քամին դադրեցաւ: Չորրորդ՝ որովհետեւ նաւը անմիջապէս ցամաք ելաւ: Հինգերորդ՝ ըստ Մատթէոսին Պետրոսին շնորհեց, որպէսզի ալիքներուն վրայ կոխէ (հմմտ. Մտ 14.22-23):

Խօսք. «Յաջորդ օր, ժողովուրդը՝ որ մնացած էր լիճին միւս կողմը» (Յհ 6.22):

Մեկնութիւն. Անոնք էին, որոնք հացը կերան ու գիշերը այնտեղ մնացին, որովհետեւ նաւ չկար, բացի մէկ հատէ, որու մէջ աշակերտները մտած էին: Ապա, յաջորդ օր նաւերը գացին, որպէսզի վարձքով այս կողմ անցնին, անոնք զարմացած կը հարցնէին ե՞րբ գալը, սակայն ձեւը չէին յիշեր, այսինքն՝ հրաշքով ծովուն վրայէն գալը, որովհետեւ խորամանկ ու նենգաւոր էին, ինչպէս յայտնի է մեկնիչէդ [Նանա]:

Խօսք. «Յիսուս անոնց պատասխանեց» (Յհ 6.26):

Մեկնութիւն. Անոնց չպատասխանեց, թէ՝ ե՞րբ կամ ինչպէ՞ս եկած էր. նախ՝ որովհետեւ ատիկա կրնային աշակերտներէն իմանալ: Երկրորդ՝ որովհետեւ առաւելաբար պէտք էր, որ աշակերտները սքանչելիքներով պատմէին Քրիստոսի գալուստը, քան թէ նոյնինքն Քրիստոս, այլ՝ յանդիմանեց զանոնք:

Խօսք. «Դուք զիս կը փնտռէք՝ որովհետեւ այդ հացէն կերաք» (տե՛ս Յհ 6.26):

Մեկնութիւն. Երեք պատճառի համառ յանդիմանեց. նախ՝ որովհետեւ հրեաներէն շատեր կը փնտռէին զԻնք մարմնաւոր կերակուրին համար, որ անոնց տուաւ, ու կը յուսային դարձեալ ստանալ: Երկրորդ՝ որովհետեւ ո՛չ թէ հաւատքի ու նշաններուն համար կը փնտռէին զԻնք, այլ՝ խաբէութեամբ: Երրորդ՝ յանդիմանեց, որպէսզի հոգեւոր գործը սորվեցնէ:

ԿՈՐՍՏԱԿԱՆ ԿԵՐԱԿՈՒՐԻՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ» (Յհ 6.27):

Մեկնութիւն. Առաջին միտք՝ իւրաքանչիւր չար գործ կորստական է. նախ՝ որովհետեւ ինք կորստական է: Երկրորդ՝ գործողը կը կորսնցնէ:

Իսկ բարի գործը մնացական է. նախ՝ ըստ ինքեան: Երկրորդ՝ գործողը մնացական կը դարձնէ յաւիտենական կեանքին մէջ:

Դարձեալ, մարմինի կերակուրը կորստական է չորս կերպով. նախ՝ ըստ իրին, թէ ինչքան է իր էութեան մէջ, անօգուտ է մեզի, եւ երբ մեր մէջ կը կրենք, այդ իրը կ՚ապականի, որովհետեւ կերակրուիլը կրել կը լսուի: Երկրորդ՝ որովհետեւ քիչ ժամեր մեզի զօրութիւն կու տայ եւ այդ ալ կը կորսուի: Երրորդ՝ որովհետեւ յիշատակն ալ կը մոռցուի: Չորրորդ՝ եւ վարձք ալ չունի:

Սոյնպէս չորս բանով կը կորուսանէ. ըստ իրին, ըստ զօրութեան, ըստ յիշումին, ըստ վարձքին: Եւ դուն տե՛ս, որովհետեւ եթէ կերակուրը, որ մեր էութեան կը խառնուի, այնպէս կորստական է, որքան աւելի եւս ստացածները, որոնք օտար են ու մեզմէ հեռու:

Իսկ հգեւոր կերակուրը չորս բանով մնացական է. նախ՝ ըստ իրին: Երկրորդ՝ ըստ մեզի տուած օգուտին: Երրորդ՝ Աստուծոյ մօտ յիշմամբ: Չորրորդ՝ հատուցման վարձքով:

ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵՐԱԿՈՒՐԻ ՄԱՍԻՆ

Այստեղ երեք հարցում կ՚ըլլայ.

Առաջին. Թէ Դաւիթ կ՚ըսէ. «Քու ձեռքիդ աշխատութիւնը պիտի ուտես. երանի՜ է քեզի ու քեզի լաւ պիտի ըլլայ» (Սղ 128.2):

Պատասխան. Նախ՝ կ՚ըսենք, թէ Դաւիթ ի դէմս զրկողներուն կ՚ըսէ, իսկ Տէրը՝ ընդդէմ անվաստակ ուտողներուն:

Երկրորդ՝ Դաւիթով օրէնքը մարմինին համար էր, եւ մարմինի գործը կը յարգէր, իսկ Տէրը հոգեւոր օրէնք դրաւ եւ հոգեւոր գործը յարգեց:

Երրորդ՝ Տէրը ամենեւին չ՚արգիլեր մարմինին գործելը, որովհետեւ ահաւասիկ Առաքեալը կը գրէ. «Չաշխատողը թող չուտէ» (Բ. Թս 3.10), այլ՝ Տէրը կ՚արգիլէ այն՝ որ հանապազ սիրով կը հոգայ այս կեանքինը միայն, իսկ հոգեւորին նկատմամբ ուշադրութիւն չի դարձներ ու չի՛ հոգար. նախ՝ որովհետեւ պէտք է քիչ մը հոգ տանիլ մարմնաւոր կերակուրին, բնութիւնը [մարմինը] պահելու համար եւ կարող ըլլալու՝ բարեգործութիւններուն, եւ այդպիսով կրնայ երկուքն ալ հոգալ՝ մարմնաւորն ու հոգեւորը:

Այս առաջինը:

Երկրորդ հարցում. Ի՞նչ է հոգեւոր կերակուրը:

Պատասխան. Չորս բան. առաջին՝ հաւատքը, երկրորդ՝ գործը, երրորդ՝ սուրբ գիտութիւնը, չորրորդ՝ Փրկիչին Մարմինն ու Արիւնը, ատոր համար կ՚ըսէ՝ «որ Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի» (Յհ 6.27):

Երրորդ հարցում. Ինչպէ՞ս են այս կերակուրները:

Պատասխան. Կ՚ըսենք՝ չորսով, երկուքը հաւասարութենէ եւ երկուքը՝ զանազանութենէն. նախ՝ հաւատքը հոգիին եւ գործը մարմինին կերակուր է, գիտութիւնը՝ միտքին եւ Սուրբ Խորհուրդը՝ ամբողջ անձին, այսինքն՝ հոգիին, մարմինին եւ միտքին:

Երկրորդ՝ հաւատքը որպէս հաց է, որ մարդուն սիրտը կը հաստատէ, իսկ գործերը՝ զանազան խորտիկներ, որոնք կը պարարեն, իսկ գիտութիւնը՝ ըմպելի, որ կը զմայլէ, իսկ Սուրբ Խորհուրդը՝ ամբողջը ունի, որովհետեւ թէ՛ կերակուր է եւ թէ ըմպելի, եւ կը պարարէ եւ կը զմայլէ, եւ միւս բոլորը: Ասիկա հաւասարութիւն:

Երրորդ՝ զանազանութիւն, որովհետեւ մարմինին կերակուրը մեր մէջ կը փոխուի ու կ՚ապականի, իսկ հոգեւորը՝ մեզ դէպի իրեն կը փոխէ ու անապական կը դարձնէ, հետեւաբար յայտնի է երբ մարդը գիտութիւն, սուրբ, հաւատացեալ եւ հաղորդեալ կը կոչենք:

Չորրորդ՝ որովհետեւ հոգեւոր կերակուրը որակութիւն եւ էութիւն ունի եւ ամբողջ որակութեամբ մեր մէջ կը փոխուի, իսկ էութեամբ՝ որովհետեւ անապական է, մեզ դէպի իրեն կը փոխէ ու մնացական կը դարձնէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 56

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2020