ԹՈՔԱԽՏ ԿԱՄ ԲԱՐԱԿԱՑԱՒ

Ը.

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ԽՆԱՄԵԼ ՀԻՒԱՆԴԸ

Գիտնական մը ըսած է, որ թոքախտին դէմ ամենէն ազդեցիկ միջոցը առողջապահական լաւ պայմաններն են:

Իսկ ամենէն լաւ միջոցներն են՝ մաքուր օդը եւ լաւ սնունդը:

ա. Մաքուր օդ

Մաքուր օդը այն օդն է, որուն մէջ թոզ չկայ, զանազան հոտեր չկան:

Դուրսի օդը ներսի օդէն աւելի մաքուր է, գիւղին օդը՝ քաղաքի օդէն: Բնակելու տեղը ինչքան բարձր ըլլայ, մարդ այնքան աւելի լաւ օդ կը ծծէ, այնպէս որ սարերու օդը աւելի մաքուր է, քան դաշտերունը, եւ այլն:

Մաքուր օդը մեր թոքերը կը մաքրէ: եթէ հիւանդը աղտոտ օդի մէջ ապրի, բացիլները թոքերուն մէջ աւելի արագ կ՚աճին, իսկ մաքուր, թարմ օդը թոյլ չի տար անոնց աճելու եւ շատնալու:

Ուրեմն, հիւանդին պէտք է, ինչքան կարելի է, թարմ օդի մէջ պահել: Ատոր համար ամառ-ձմեռ, լաւ եղանակին, միշտ բացէ՛ք սենեակին պատուհանները, որպէսզի օդը թարմանայ: Հիւանդը պէտք է շուտ-շուտ դուրս գայ տունէն զբօսնելու համար, անշուշտ՝ տաք հագած: Ձմեռը, ցուրտ եղանակին ու քամիին, պէտք է աշխատիլ միշտ քիթով շնչել (եւ ոչ թէ բերանով), որպէսզի սառն օդը թոքերուն մէջ չլեցուի:

Այստեղ երկու խօսք պիտի ըսենք մեր ժողովուրդին մէջ տիրող օդավախութեան մասին:

Ճշմարիտ է, որ մեր ժողովուրդը օդէն կը փախչի: Դռները եւ լուսամուտները կը փակեն եւ ներս կը մտնեն: Երբ որ այսպէս փակուած սենեակին դուռը կը բանաս, մարդուն շունչը կը բռնուի, այնպէս թանձր եւ գարշահոտ դարձած կ՚ըլլայ այնտեղի օդը:

Գիտնական մը ըսած է. «Արտաշնչած օդը թոյն է»: Հետեւաբար, եթէ սենեակ մը տաք է եւ այնտեղ մարդիկ կը շնչեն, այնտեղի օդը թունաւոր կ՚ըլլայ:

Օդը կը շնչենք, որպէսզի ան, մեր թոքերուն մէջ մտնելով, մեր արիւնը մաքրէ: Եթէ օդը ապականած է, արիւնը չի կրնար մաքրուիլ, այս պատճառով ալ այդ թանձր օդին մէջ երկար մնացողը թուլութիւն կը զգայ, գլխացաւ կ՚ունենայ:

Եթէ առողջին վրայ այդպէս վատ կերպով կ՚ազդէ օդը, ապա ուրեմն, ի՛նչքան աւելի վնասակար պիտի ըլլայ ան թոքախտաւորին համար, որուն արիւնը առանց այն ալ թունաւորուած է եւ թոքերը՝ հիւանդ: Միայն լաւ եւ մաքուր օդը կրնայ մաքրել անոր թոքերը եւ դիւրացնել հիւանդին շնչառութիւնն ու մաքրել արիւնը: Լաւ օդին մէջ հիւանդին ախորժակը կը լաւնայ, ուժերը կը հաւաքէ, կուրծքին ցաւերը կը պակսին, քրտինքը քիչ կ՚ըլլայ, եւ այլն:

Ուրեմն, ամառ-ձմեռ, գիշեր-ցերեկ թոքախտաւորը պէտք է մաքուր օդի մէջ ապրի:

Պաղելէն պէտք չէ վախնալ եւ պատուհանները յաճախ պէտք է բաց ձգել:

Այժմ, առանձին «բուժարաններ» կան բարակացաւոտներու համար, ուր հիւանդները ամառ-ձմեռ դուրսը կը պահեն, լաւ փաթթուած կը պառկեցնեն թախտերուն վրայ: Նոյնիսկ ձմեռ ժամանակ անկողինները դուրս կը բերեն պատշգամները եւ բակերը, ու հիւանդները անոնց վրայ կը պառկեցնեն, այնպէս որ երբեմն ձիւնը անոնց վերմակին վրայ կը նստի, իսկ հիւանդը խանձարուրի նման փաթթուած կ՚ըլլայ տաք վերմակներով:

Այսպիսի բժշկութիւնը (բաց օդի մէջ) ներկայիս ամենէն ազդեցիկ բժշկութիւնը կը համարուի թոքախտին դէմ: Հետեւաբար, պէտք է ամէն կերպով օգտուիլ պարզ օդէն:

Եթէ հիւանդը ոտքի վրայ է, ան ցերեկը պէտք է դուրսը անցընէ, հանդարտ զբօսնէ (եւ ոչ այնպէս, որ քրտնի ու յոգնի), քաղաքէն դուրս երթայ, եւ այլն: Գիշերները, տաք եղանակին, կրնայ նոյնպէս պատշգամին՝ բաց օդի տակ քնանայ, կամ պատուհանները բաց ձգէ ու սենեակին մէջ պառկի: Տաքութիւն ունեցող եւ դիւրութեամբ քրտնող հիւանդները պէտք է անշարժ, բոլորովին հանգիստ մնան եւ աւելորդ շարժումներ չընեն: Անոնք պէտք է պառկած ըլլան եւ հոգեպէս ալ հանգիստ: Այդպիսիները պէտք է թախտի մը վրայ պառկեցնել անշարժ եւ բաց օդի տակ պահել:

Տունէն դուրս եկած ատեն պէտք է տաք հագուիլ, բայց տաք հագուիլ չի՛ նշանակեր շատ հագուիլ: Առհասարակ, մեր մէջ հիւանդին «կը փալանեն», այսինքն՝ այնքան հագուստներ կը քաշեն վրան, որ խեղճը ուղղակի կը խեղդուի եւ անկարող է ազատ շարժիլ ու ազատ շունչ քաշել: Շատ հագուիլը օգուտի փոխարէն կը վնասէ հիւանդին. կը վնասէ անով, որ այդքան ծանրութենէն ան կը քրտնի, շնչառութիւնը կը դժուարանայ, սիրտը կը բաբախի. իսկ բոլորը գիտեն, որ քրտնած մարդը աւելի դիւրին կը պաղի (մսի):

Ցուրտ եղանակներուն եւ ձմեռը, բարակացաւ ունեցողին բուրդէ շապիկ եւ վարտիք, բուրդէ գուլպայ, եւ նոյնպէս բուրդէ կամ մահուդէ հագուստ հագցուցէք: Դուրս եկած ժամանակ, հետը պէտք է շալ մը կամ ծածկոց մը վերցնէ:

Մեր երկրի սարերուն, մեր անտառներուն օդը հրաշալի է: Ով կրնայ, իր հիւանդը թող այդ լեռները տանի: Այնտեղ հիւանդը բնութեան գիրկին մէջ կ՚ապրի, կը շնչէ լեռնային մաքուր եւ անուշաբոյր օդը ու քիչ ժամանակէ ետք կը տեսնէք, որ հիւանդը թարմացաւ, ախորժակը բացուեցաւ, երեսին գոյն եկաւ, ծանրութիւնը աւելցաւ, տրամադրութիւնը լաւցաւ, մէկ խօսքով մեռնողը կենդանացաւ:

Անշուշտ որ բոլոր թոքախտաւորները այսպէս շուտ չեն լաւնար: Եթէ հիւանդութիւնը հինցած է, թոքերը կերուած են, այլեւս ո՛չ մէկ միջոց կ՚օգնէ, բայց չհինցած դէպքերուն մէջ օդը կրնայ հիւանդը բժշկել, գոնէ անոր ուժերը կ՚աւելնան եւ ամբողջ կազմուածքը կը կազդուրուի:

բ. Սնունդ

Թոքախտաւորին անհրաժեշտ է լաւ սնունդ տալ, որպէսզի ուժերը պաշտպանուին:

Ուտելիքը պէտք է սննդարար ըլլայ ու առատ: Կերակուրները պէտք է ի՛նք՝ հիւանդը ընտրէ: Պէտք է փոփոխել ուտելիքը, որ չձանձրանայ եւ միշտ ախորժակով ուտէ:

Ի՞նչ պէտք է տալ հիւանդին:

Մսեղէնն ու կաթնեղէնը գլխաւոր նիւթերն են:

Շատ օգտակար է հում միսը (անշուշտ առողջ անասունի միսը), բայց եթէ հիւանդը հում միս չի՛ սիրեր, պէտք է եփել կամ խորովել: Միսէն չոր միս կամ մսափոշի եւ մսաջուր կը շինեն:

Մսափոշին ամէն տեղ կը ծախուի, բայց կարելի է տան մէջ ալ պատրաստել:

Վերցուցէք կտոր մը մեծ միս՝ առանց ճարպի, գուլ դանակով մը քերեցէք, ամանի մը մէջ լեցուցէք: Ապա, պղինձով մը ջուր դրէք կրակին վրայ եւ երբ որ ջուրը կը սկսի եռալ, քերուած միսը իր ամանով դրէք այդ կաթսայի ջուրին մէջ (այնպէս որ ջուր չլեցուի միսին մէջ), եւ ջուրը այնքան եփ տուէք, որպէսզի միսը չորնայ: Չորցած միսը վերցուցէք եւ սանդի մէջ ծեծեցէք եւ կամ ձեռքի աղօրիքով աղացէք, փոշի շինեցէք: Այսպիսով մսափոշի կը ստանաք, որմէ մսաջուրին հետ, կաթին հետ կը խառնէք եւ հիւանդին կը կերցնէք. օրուան մէջ կարելի է 2-3 ճաշի դգալ (եւ աւելի) կերցնել:

Մսահիւթը միսէն կը հանեն, ճզմելով միսը երկու փայտի կամ քարի մէջ: (Հիմա քաղաքներուն մէջ առանձին մամուլներ-փրէսներ կը ծախեն ատոր համար): Հանած հիւթին մէջ կարելի է հաւկիթի երկու դեղնուց, երկու դգալ մը քոնեաք, կամ ռօմ ու արաղ դնել եւ ուտել:

Միսէն նոյնպէս շշի մսաջուր կը պատրաստեն: Վերցուցէք մէկ ֆունտ լաւ միս, շատ մանր կտրտեցէք եւ դրէք շիշի մը մէջ, յետոյ երկու-երեք դգալ ջուր լեցուցէք վրան, աղեցէք, կ՚ուզէք քիչ մըն ալ կանաչեղէն կտրտեցէք մէջը, յետոյ շիշին բերանը խցանով գոցեցէք եւ ջուրով լեցուն կաթսայի մը (պղինձի) մէջ դրէք: Պղինձը կրակի վրայ դրէք, մէկ-երկու անգամ եփ տուէք: Եփ տուած ժամանակ շիշին մէջի միսը եւ ջուրն ալ եփ կու գան: Մօտ երկու ժամ ետք միսը կ՚եփուի եւ իր հիւթը դուրս կու տայ: Ասիկա շատ սննդարար կերակուր է: Այս մսաջուրին մէջ ալ կարելի է հաւկիթի երկու դեղնուց նետել եւ երկու թէյի դգալ ալ քոնեաք կամ ռօմ խառնել:

Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ ինչքան ալ քամենք միսին հիւթը, անոր մէջ դարձեալ շատ սննդարար նիւթ կը մնայ, այնպէս որ հիւանդը լաւ կ՚ընէ, որ աշխատի հիւթին հետ միսն ալ ուտէ:

Իւղալի կերակուրները նոյնպէս շատ օգտակար են, որովհետեւ լաւ սնունդ կու տան հիւանդին: Պէտք է ըսել, որ մեր բոլոր կերակուրներուն մէջ իւղ կայ, բայց այնուամենայնիւ լաւ է, որ առանձին ալ ուտեն: Շատ օգտակար է կարագը, կաթի սերը, նոյնիսկ ճարպը, եթէ կը մարսուի:

Այս հիման վրայ թոքախտաւորին, մանաւանդ երեխաներուն, ձկան իւղ կու տան: Ձկան իւղը դեղատուներուն եւ դեղավաճառանոցներուն մէջ կը ծախուի: 8-10 տարեկան երեխաներուն պէտք է 2 թէյի դգալէն մինչեւ 3 ճաշի դգալ պէտք է տալ, իսկ հասակաւորները կրնան 3-էն մինչեւ 10-ը ճաշի դգալ ընդունիլ, անշուշտ՝ եթէ լաւ կը մարսուի: Ձկան իւղը շատ օգտակար է նաեւ նուազ, սակաւարիւն երեխաներուն, նոյնպէս եւ գեղձախտ ունեցողներուն:

Կաթը իր մէջ մեծ քանակութեամբ սննդարար նիւթեր կը պարունակէ, այն ալ դիւրամարս կերպով: Կաթը պէտք է թոքախտաւորին գլխաւոր սնունդը ըլլայ: Կարելի է ամէն ատեն եւ ամէն կերպ տալ: Մածունը նոյնպէս շատ օգտակար է, այլեւս չե՛մ խօսիր սերի մասին: Սակայն, պէտք չէ չարաշահել, որովհետեւ չափազանց շատ կաթը հիւանդը անկարող է մարսել: Կաթը պէտք է շատ լաւ տաքցուած ըլլայ, օրական 3-էն մինչեւ 6 բաժակ կարելի է գործածել, թէ՛ անխառն եւ թէ՛ ալ թէյի, սուրճի եւ քաքաոյի հետ:

Կաթէն կումիս կը պատրաստեն կամ քէֆիր: Կումիսը ձիու կաթէն կը պատրաստեն. ասիկա շատ չափազանց դիւրամարս կաթ է, որ շատ օգտակար է եւ առհասարակ թոյլերուն: Պէտք է երկու բաժակէ սկսիլ եւ աւելցնել մինչեւ 6-10 շիշ: Ասոր ազդեցութեան տակ հիւանդին ախորժակը կը լաւնայ եւ գիրնալու կը սկսի:

Քէֆիրը նոյնպէս շատ մարսողական խմիչք է. այն կովի կաթէն կը պատրաստուի եւ ամէն տեղ կարելի է շինել: Նոյն ձեւով կը գործածուի, ինչ որ կումիսը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2022