ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀ

Լռելեայն կամ բարձրաձայն միշտ գոյութիւն ունի մտահոգիչ հարցումը. մարդամեքենային զարգացումը մինչեւ ո՞ւր… Հայրենի եւ օտար մասնագէտներ այս մասին յաճախ կարծիքներ կը յայտնեն: Կը ներկայացնենք հատուածներ:

*

ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՆԵՐՈՒ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ. ԱՐԴԵՕՔ ԱԲ-Ը ՕՐ ՄԸ ԿԸ ՅԱՋՈՂԻ՞ ԱՇԽԱՐՀԸ ԳՐԱՒԵԼ

«Խելացի» շարժական սարքեր, տեսակապով զրոյցներ՝ տարբեր ցամաքամասերու մէջ գտնուող մարդոց միջեւ, մարդամեքենաներ, որոնք կ՚օգնեն մարդոց առօրեայ կեանքին մէջ, թռիչքներ դէպի տիեզերք: Ժամանակին այս բոլորը միայն գիրքերու եւ գիտաերեւակայական շարժապատկերներու մէջ էին: Այդ ժամանակ մեզի կը թուէր, թէ այս բաները միայն տաղանդաւոր հեղինակներու երեւակայութիւնն են եւ անոնց նկարագրած սարքերը դժուար թէ երբեւէ իրականութիւն դառնան: Այդուհանդերձ, անոնք իրականութիւն դարձան, եւ այդքան ալ շատ ժամանակ չպահանջուեցաւ, միայն՝ քանի մը տասնամեակ:

Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ), որ կը սկսի ինքզինքին գիտակցելու եւ ըմբոստանալու մարդկութեան դէմ, գիրքերու, շարժապատկերներու եւ համակարգչային խաղերու հեղինակներու սիրելի բնաբաններէն է: Այսօր մեր դէմ ապստամբող մարդամեքենաներով ապագան մեզի առնուազն անհաւանական կը թուի: Բայց արդեօք իսկապէս այդպէ՞ս է: Կ՚արժէ՞ արդեօք վախնալ, որ ԱԲ-ը կրնայ օր մը իսկապէս խելացի եւ ինքնուրոյն դառնալ ու որոշել ոչնչացնել զինք ստեղծողները եւ գրաւել աշխարհը:

ԿԻՐԱՐԿՄԱՆ ՆԵՂ ՈԼՈՐՏՆԵՐ

Հայկական «Կրիսփ» ընկերութեան հիմնադիրներէն Արտաւազդ Մինասեան, որ արհեստական բանականութիւնը լայնօրէն կը գործածէ իր մշակումներուն մէջ, կը խորհի, որ այդպիսի ապագան, եթէ նոյնիսկ հնարաւոր է, այդուհանդերձ, դեռ շատ հեռու է: Ըստ անոր, այսօր գոյութիւն ունեցող ԱԲ-ի հանրահաշիւները կիրարկման բաւական նեղ ոլորտներ ունին: Այո՛, անոնք շատ լաւ կրնան բազմաթիւ խնդիրներ լուծել, որոնք այլ ձեւով կարելի չէ լուծել՝ ո՛չ թուաբանական, ո՛չ նոյնիսկ մարդկային բանականութեան օգնութեամբ: Բայց անոնք այլ բանի ընդունակ չեն:

«Վտանգները, իմ կարծիքովս, քիչ մը չափազանցուած են: Արհեստական բանականութեան օգուտները շատ աւելի մեծ կ՚ըլլան, քան՝ հնարաւոր վտանգներն ու սպառնալիքները», ըսաւ ան:

ԿԱՆԽԱՏԵՍԵՑԷ՛Ք ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴԻՆ ՅԱՋՈՐԴ ՔԱՅԼԸ

Միւս կողմէ՝ ԱԲ-ը այսօր շատ աւելի «խելացի» է, քան կրնայ թուիլ առաջին հայեացքով: Ասոր ապացոյցը այն ծրագիրներն են, որոնք ոչ միայն կրնան սեղանի խաղեր խաղալ, այլեւ՝ յաղթել մարդ ախոյեաններուն: ԱԲ-ը շատոնց սորված է ճատրակ խաղալ եւ ախոյեաններու դէմ անոր յաղթանակները այլեւս ոչ ոք կը զարմացնեն: Բայց հանրահաշիւի մը ստեղծումը, որ կրնայ «Կօ» խաղալ, շատերը զարմացուցած է:

Խնդիրը այն է, որ հին Չինաստանի մէջ ստեղծուած «Կօ» խաղը շատ աւելի բարդ է, քան ճատրակը: Ճատրակին մէջ, ըստ մասնագէտներու, խաղի ընթացքին յառաջացած որեւէ իրավիճակի մէջ քայլերու քանակը սահմանափակ է. ԱԲ-ի համար դժուար չէ հաշուարկել բոլոր հնարաւոր տարբերակները եւ ընտրել լաւագոյնը քու յաջորդ քայլիդ համար: Միւս կողմէ՝ խաղատախտակը շատ աւելի մեծ է, քան՝ ճատրակի տախտակը, եւ իւրաքանչիւր քայլէ բխող հնարաւոր շարժումները պարզապէս անսահման են: Այդ պատճառով մարդիկ, որոնք «Կօ» կը խաղան, շատոնց կը հաւատային, որ անկարելի է ծրագիր ստեղծել, որ կրնայ խաղալ մարդու նման: Այս խաղին մէջ հակառակորդին յաղթելու համար անհրաժեշտ է ոչ միայն կանխատեսել անոր յաջորդ քայլերը (եւ, ինչպէս արդէն նշուեցաւ, այստեղ անսահման շատ հնարաւոր քայլեր կան) եւ մտածել պատասխան քայլերը, այլեւ՝ ստեղծագործ երեւակայութիւն, ինքնատիպ մտածողութիւն, խորամանկութիւն եւ շատ այլ յատկութիւններ ունենալ, որոնք ԱԲ-ը դժուար թէ ունենայ:

Այդուհանդերձ, այդպիսի ծրագիր ստեղծուած է: Աւելի՛ն. այդ պատճառով «Կօ» խաղի նախկին ախոյեան Լի Սետոլ (Հարաւային Քորէա) աւարտեց իր արհեստավարժ ասպարէզը՝ ըսելով, որ արհեստական բանականութիւնը «Կօ» խաղին մէջ անպարտելի դարձած է: Լի Սետոլ աշխարհի մէջ միակ մարդն էր, որ յաջողած էր յաղթել «Կուկըլ»ի կողմէ մշակուած «ԱլֆաԿօ» ծրագիրին: Ճիշդ է՝ ան հինգ խաղէն միայն մէկուն յաղթած է, այն ալ, իր խօսքով, միայն այն պատճառով, որ իր անսպասելի քայլը այդ խաղին մէջ «կոտրեց» հանրահաշիւը:

Անշուշտ նման ԱԲ-ը դեռ հեռու է վերացական մտածելէ եւ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելէ, սակայն անոր «զարգացման» մակարդակը արդէն կը սկսի շփոթի մատնել մարդիկը, որոնք գիտեն ինչպէս «Կօ» խաղալ եւ կը հասկնան այդ խաղին բարդութիւնը:

ԱՄԵՆԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

«Սմարթքլիք» ընկերութեան տնօրէն եւ հիմնադիր Ռեմ Դարբինեան կը խորհի, որ այսօր ԱԲ-ի զարգացման մակարդակը կարելի է համեմատել 6-ամեայ երեխայի բանականութեան հետ: Բայց ասիկա բնաւ չի նշանակեր, որ 10 տարի ետք ԱԲ-ը 16-ամեայ պատանիի ուղեղ կ՚ունենայ: ԱԲ-ի «զարգացումը» շատ աւելի բարդ եւ աւելի երկար է, քան՝ մարդու զարգացումը: Մասնագէտը վստահ է, որ 30 տարի ետք ԱԲ-ը կը կարողանայ հասնիլ մարդկային բանականութեան: Ճիշդ է՝ ան դեռ ստեղծագործ մտածողութիւն չ՚ունենար. ստեղծագործ մտածողութիւնը եւ նոր բան ստեղծելը մարդու առաւելութիւնը կը մնան, իսկ ԱԲ-ը մարդը կը փոխարինէ միայն առօրեայ ձանձրալի գործերու մէջ: Բայց ապագային հնարաւոր խնդիրներէ խուսափելու համար ԱԲ-ի ծրագրաւորման եւ անոր աշխատանք յանձնելուն պէտք է շատ պատասխանատու մօտենալ:

«Բազմաթիւ ստեղծագործութիւններու մէջ, եթէ ուշադրութիւն դարձնենք, ԱԲ-ը կը սպաննէ մարդկութիւնը, քանի որ անոնց յանձնարարուած է «փրկել մոլորակը»: ԱԲ-ը կը վերլուծէ տուեալները եւ կ՚որոշէ, որ մոլորակի միակ փրկութիւնը մարդկութեան ոչնչացումն է: ԱԲ-ը այդ ստեղծագործութիւններուն մէջ պարզապէս կը լուծէ այն խնդիրը, որ դրուած է իր առջեւ, այլ ոչ թէ սխալ կը գործէ», ըսաւ Դարբինեան:

Ուրեմն, ըստ անոր, կարեւոր է ճիշդ ծրագրաւորել ԱԲ-ը եւ այդ ճիշդ նպատակներով օժտել՝ այսօր եւ յատկապէս ապագային:

ՄԻԱԿ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

ԱԲ-ը դժուար թէ կարողանայ որոշել, որ պէտք չէ կատարէ մարդկութիւնը ոչնչացնելու առաջադրանքը: Իսկ ահաւասիկ մարդկութեան փրկութիւնը այնքան ալ անվնաս խնդիր չէ: Թերեւս գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու մէջ այդպիսի առաջադրանք ԱԲ-ին տալը ոչ մէկ լաւ բանի յանգեցուցած է: «Մաս էֆեքթ» շարժապատկերին մէջ ստեղծուած կիսաօրկանական արարածները ասոր ամենէն ակնառու օրինակներէն են:

«Մաս էֆեքթ»ի առաջին բեմագիր Տրիւ Քարպիշինի սկզբնական գաղափարին համաձայն, հարիւր հազարաւոր տարիներ առաջ գոյութիւն ունէր լեւիաթաններու ճարտարագիտութեամբ զարգացած ցեղ մը, որ բարդ խնդիրի բախած էր. տիեզերական ճամբորդութեան ժամանակ անոնք կը գործածէին, այսպէս կոչուած, զերօ տարրը, որ անոնց քաղաքակրթութեան անբաժանելի մասը դարձաւ, սակայն այս նիւթին գործածութիւնը, այսպէս կոչուած, յանգեցուց արտանետումներու մութ նիւթի մը, որ արեւներու եւ մոլորակներու մահուան կը յանգեցնէր, իսկ ապագային անխուսափելիօրէն անջրպետի մահուան կը յանգեցնէր:

Նոյնիսկ հակառակ զարգացման աւելի բարձր մակարդակին՝ լեւիաթանները չէին գիտեր ինչպէս լուծել այս խնդիրը: Անկարելի է պարզապէս արգիլել զերօ տարրի օգտագործումը եւ դադրեցնել քաղաքակրթութեան զարգացումը: Բայց անջրպետի մահը եւս այնքան ալ լաւ հեռանկար չէ:

Լեւիաթանները որոշեցին խնդիրին լուծումը վստահիլ հզօր արհեստական բանականութեան, որ կը կարողանայ վերլուծել գոյութիւն ունեցող բոլոր տուեալները եւ հաւանաբար բան մը կը մտածէ: Եւ ան իսկապէս մտածեց: Ճիշդ է՝ անոր լուծումը բաւական զզուելի էր օրկանական էակներու տեսանկիւնէն եւ ամբողջովին տրամաբանական՝ մեքենայի տեսանկիւնէն: ԱԲ-ը կառուցեց մարդամեքենաներ, որոնք զիրենք ստեղծողներու ՏՆԱ-ն կենսազանգուածի վերածեցին եւ զայն իրենց մէկ մասը դարձուցին: Այդպէս յայտնուեցան կիսաօրկանական, կիսաբաղադրական (սենթեթիք) արարածներ, որոնց մէջ հզօրագոյն ԱԲ-ը ամրապնդուեցաւ այն բոլոր գիտելիքներով եւ տուեալներով, որոնց կը տիրապետէր լեւիաթաններու ցեղը:

ԱԲ-ի տեսանկիւնէն, քաղաքակրթութիւնը փրկուեցաւ, քանի որ լեւիաթաններու ՏՆԱ-ի տուեալները եւ անոնց գիտելիքները չանհետացան, պարզապէս նոր ձեւ ստացան: Եւ գալիք հազարամեակներու ընթացքին անջրպետին ոչինչ կը սպառնար, քանի դեռ չեն յայտնուած նոր, բաւական զարգացած քաղաքակրթութիւններ:

ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ Է ՄԵԶ ԱԲ-Ի ՕԳՆՈՒԹԵԱՄԲ ՉՓՐԿԵԼ

Տրիւ Քարպիշինի գաղափարները միայն մասամբ արտացոլուած են «Մաս էֆեքթ» խաղերուն մէջ (պահ մը ան լքեց նախագիծը, եւ նոր բեմագիրները բաւական դաժան վերաբերուեցան բնաբանին, սակայն այդ արդէն այլ պատմութիւն է), բայց ատկէ նուազ տրամաբանական եւ իրատես չեն դառնար:

Այսօր մենք զերօ տարրի, անոր «կողմնակի ազդեցութիւններու» կապուած խնդիրներ չունինք, բայց կան ոչ նուազ լուրջ խնդիրներ՝ համաշխարհային ջերմացում, օդի ապականութիւն, աղբիւրներու պակաս՝ բնակչութեան մնայուն աճի խորապատկերին վրայ եւ այլն: Բազմաթիւ մասնագէտներու կարծիքով, քանի մը տասնամեակ ետք այս բոլորը կը յանգեցնեն անոր, որ Երկիր մոլորակի վրայ ապրիլը գրեթէ անկարելի կը դառնայ:

Եթէ այս խնդիրին լուծումը վստահիք ԱԲ-ին, դիւրաւ կարելի է գուշակել, թէ ի՛նչ ելք կ՚առաջարկէ ան: Աւելի՛ն. տուեալներու շարքին, որոնք ան կը ստանայ վերլուծութեան համար, կրնայ նոյնպէս ըլլալ այսպիսի տոկոսային յարաբերակցութիւն. ՆԱՍԱ-ի տուեալներով, 2020-ին «Քորոնա»ի պատճառով փակումները մարդու առողջութեան եւ կլիմայի համար վտանգաւոր ազոթի օքսիտներու (NOx) արտահոսքի 15 առ հարիւրով կրճատման յանգեցուցին: Որոշ վայրերու մէջ այս արտահոսքի տեղական կրճատումները 50 առ հարիւրի հասած են:

Այսպիսով, եթէ մարդկութիւնը կ՚ուզէ լուծել կլիմայական խնդիրները եւ փրկել մոլորակը, աւելի լաւ է փորձանքէ հեռու մնայ եւ այս խնդիրը ԱԲ-ի վրայ չդնէ եւ ինքնուրոյն բան մը մտածէ:

ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ԱՐԴԵՕՔ ՄԵՔԵՆԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՕԺՏԵԼ

Հանրածանօթ «Ես մարդամեքենայ եմ» շարժապատկերի մարդամեքենաներէն առնուազն մէկը գիտակցութիւն եւ նոյնիսկ յոյզեր կ՚ունենայ եւ կը սկսի մարդու նման վարուիլ:

ԿՐՆԱ՞Յ ԱՐԴԵՕՔ ԻՍԿԱՊԷՍ ՆՄԱՆ ԲԱՆ ՊԱՏԱՀԻԼ

Խնդիրը այն է, որ մենք ամբողջովին չենք հասկնար, թէ ի՛նչ է գիտակցութիւնը: Մենք նոյնիսկ չենք գիտեր՝ արդեօք անիկա ուղե՞ղը կ՚ապահովէ, եթէ՝ այո՛, ապա՝ ի՞նչ կառուցակազմերով: Ի վերջոյ, անասունները նոյնպէս ուղեղ ունին, բայց գիտակցութիւն, այն իմաստով, որով մենք հիմա կը հասկնանք այդ բառը, կարծես թէ չունին:

Սակայն կարելի չէ բացառել, որ եղափոխութեան հոլովոյթին մէջ այդ գիտակցութիւնը կրնայ յայտնուիլ ինչպէս անասուններու, այնպէս ալ ԱԲ-ի մէջ, այնպէս՝ ինչպէս ժամանակին յայտնուեցաւ եւ զարգացաւ մարդոց մէջ: Բայց այդ, անշուշտ, այնքան արագ եւ յանկարծակի տեղի պիտի չունենայ, որքան՝ վերը նշուած շարժապատկերին մէջ:

Որոշ մասնագէտներ կը կարծեն, որ հնարաւոր է գիտակից մեքենաներ ստանալ՝ պատճէնելով մարդու ուղեղի սկզբունքը եւ ԱԲ ստեղծելով, որ կ՚աշխատի ճիշդ նոյն ձեւով: Այդ կրնայ ըլլալ, օրինակ, «նէօրոններու» ցանց, որոնք կապուած են իրարու եւ քիչ բան «գիտեն» աշխարհի մասին, մօտաւորապէս՝ նորածինի ուղեղի նման: Այդ ցանցը կրնայ «սորվիլ»՝ առաջադրանքներ կատարելով եւ ճանչնալով շրջապատող աշխարհը: Օրինակ, առաջադրանք կատարելու ատեն ցանցը սկիզբը կրնայ պատահական գործել: Յետադարձ կապ ստանալով ճիշդ պատասխանի տեսքով՝ ցանցը կ՚ամրապնդէ կապը «նէօրոններու» միջեւ, որոնք ճիշդ պատասխանի յանգեցուցած են, եւ կը տկարացնէ կապերը, որոնք սխալ պատասխանի յանգեցուցած են: Այդպէս, ցանցը կը կարողանայ սորվիլ՝ ինչպէ՛ս ճիշդ լուծել այս խնդիրը:

Այդպիսի «նէօրոնային ցանցը», անշուշտ, կ՚արտացոլացնէ մարդու ուղեղի ջիղերու կենսաբանական սկզբունքները, բայց դժուար թէ այս ձեւով մարդու նման գիտակցութիւն ձեռք բերէ: Հնարաւոր է, որ մեքենայի մէջ գիտակցութեան նման բան մը յայտնուի, եթէ ան սկսի ազատօրէն փոփոխութիւններ կատարել սեփական ծածկագրին մէջ՝ զայն բարելաւելով: Այդ նոր փուլ կ՚ըլլայ մեքենայական ուսուցման զարգացման մէջ, որ արդէն այսօր լայնօրէն կ՚ուսումնասիրուի:

«ԱՐԴԵՕՔ ԱՅՍ ՄԻԱՒՈՐԸ ՀՈԳԻ ՈՒՆԻ՞»

«Մաս էֆեքթ»ի տիեզերքին մէջ հնձուորները միակ բաղադրական արարածները չեն, որոնք բազմաթիւ խնդիրներ ստեղծած են օրկանական արարածներու համար: Գոյութիւն ունէին նաեւ կեթերը՝ մարդամեքենաներ, որոնք ապստամբած են զիրենք ստեղծողներու դէմ:

Կեթերը ստեղծուած էին տարբեր տնային գործեր կատարելու համար, եւ, ըստ նախնական մտայղացման, անոնք պէտք չէր «բանական» ըլլային: Այդուհանդերձ, այս մարդամեքենաները կրնային միանալ ցանցերու մէջ, այնպէս որ, անոնք սկսան աւելի արդիւնաւէտ աշխատիլ եւ աւելի բարդ առաջադրանքներ կատարել: Բայց այդ, նաեւ ատոնք ստեղծողներուն պատմական արխիւներուն մատչելիութիւնը մարդամեքենաներուն մէջ իւրայատուկ հաւաքական բանականութիւն յառաջացուց: Եւ անիկա, ինչպէս եւ կը սպասուէր, սկսաւ յառաջացնել հարցեր, որոնց մասին մարդամեքենաները նախապէս չէին կրնար մտածել: Անգամ մը մարդամեքենաներէն մէկը իր տիրոջ ուղղեց հարցում մը, որ յետագային պատերազմի յանգեցուց մարդամեքենաներու եւ զանոնք ստեղծողներու միջեւ. «Արդեօք այս միաւորը հոգի ունի՞»:

Մարդամեքենաներու գերզարգացման եւ անոնց հնարաւոր ընդվզման հեռանկարէն մտահոգուողները որոշեցին անջատել բոլոր կեթերը: Կեթը առաջնորդուելով գոյատեւման իւրօրինակ բնազդով՝ որոշեց պաշտպանուիլ: Լաւ աւարտ չունեցաւ անշուշտ, յատկապէս՝ մարդոց համար:

Նման բան մը տեղի ունեցաւ Ռ. Քարկիլի «Ժանգի ծովը» ստեղծագործութեան աշխարհին մէջ: Սեփական անձի գիտակցումը եւ մարդամեքենաներու պայքարը իրենց իրաւունքներուն համար ի վերջոյ յանգեցուցին ամբողջ մարդկութեան կործանման:

Պարզուեցաւ, որ մարդկութեան յաղթելը սարսափելիօրէն դիւրին է. մարդամեքենաներուն անհրաժեշտ էր միայն թունաւորել քաղցրահամ ջուրի մէկ մասը, եւ մարդիկ մոռնալով մարդամեքենաներու հետ պատերազմի մասին՝ սկսան պայքարիլ իրարու հետ՝ ջուրի եւ ուտելիքի մնացորդներու համար:

Առակը ի՞նչ ցոյց կու տայ: Եթէ մարդկութիւնը շարունակէ աշխատիլ ԱԲ-ի մշակման ու զարգացման ուղղութեամբ, ցանկալի է պատրաստ ըլլալ անոր, որ օր մը կրնայ ծագիլ մարդամեքենաներու իրաւունքներու ճանաչման հարցը: Իսկ գրականութենէն, ժապաւէններէն եւ խաղերէն օրինակները ցոյց կու տան, որ եթէ արդէն այս փուլին մէջ յանկարծ որոշեն պայքարիլ ԱԲ-ի դէմ, ինչ որ ոչ մէկ ձեւով լաւ բանով կ՚աւարտի մարդոց համար:

ՈՉ ԲԱՒԱՐԱՐ ՀԱՇՈՒՈՂԱԿԱՆ ՀԶՕՐՈՒԹԻՒՆ

Հակառակ ժամանակակից արհեստագիտութիւններու արագ զարգացման՝ բազմաթիւ մասնագէտներ վստահ են, որ առնուազն մօտակայ 100 տարուան մէջ ԱԲ-ը չի կարողանար այնպիսի հաշուողական հզօրութիւն ստանալ, որ անոր վերացական մտածողութիւնը, բարդ պատճառահետեւանքային կապերը հասկնալու ունակութիւն կու տայ եւ այլն:

Համակարգիչներու հաշուողական հզօրութիւնը այսօր բաւարար չէ, որպէսզի ԱԲ-ը կարողանայ ընել այն, որ կը տեսնենք ժապաւէններու, գիրքերու կամ համակարգչային խաղերու մէջ: Եւ նոյնիսկ եթէ հաշուողական հզօրութիւնը իւրաքանչիւր երկու տարին մէկ կրկնապատկուի, ԱԲ-ը տեսանելի ապագային մարդու ուղեղի հնարաւորութիւններուն չի հասնիր:

Հիմա կան շատ զարգացած մարդամեքենաներ, բայց անոնք միայն շատ պարզունակ գործողութիւններ կը կատարեն, այն ալ՝ ոչ առանց դժուարութեան: Այնպէս որ, մեքենաներու ապստամբութիւն յառաջիկայ 50-100 տարուան մէջ մեզի չի սպառնար:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2022