«ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐ. «ՓՖԱՅԶԸՐ» (PFIZER), «ԱՍԹՐԱԶԵՆԵՔԱ» (ASTRAZENECA)… Ո՞Ր ՓՈՒԼԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ ՏԱՐԲԵՐ ՊԱՏՈՒԱՍՏՆԵՐԸ

Ամբողջ աշխարհը հարուածող քորոնա համաճարակէն աւելի քան ոււթ ամիս անց այս առողջապահական տագնապին միակ ելքը պատուաստ մը կը թուի ըլլալ: Բայց ո՞ր փուլին մէջ կը գտնուին տարբեր տարրալուծարանները:

Յուլիսէն ի վեր տարբեր դեղագործական տարրալուծարաններ թեւակոխեցին մարդոց վրայ փորձարկումներ կատարելու փուլը: Երկուշաբթի «Փֆայզըր» եւ «Պիոնթեք» տարրալուծարանները հաղորդեցին, որ իրենց պատուաստը «90 առ հարիւր արդիւնաւէտ» է՝ երրորդ փուլի նախնական արդիւնքներուն համաձայն:

«Դարուն վատագոյն համաճարակի սկիզբէն աւելի քան ութ ամիս անց կը հաւատանք, որ այս փուլը յատկանշական քայլ մը կը համարուի քորոնաժահրի պայքարին դէմ», յայտարարած է «Փֆայզըր»ի ընդհանուր տնօրէն Ալպերթ Պուրլա:

Ան յայտնած է, որ երրորդ փուլի փորձարկումներու արդիւնքներուն առաջին հաւաքածոն կը հայթայթէ պատուաստի արդիւնաւէտութեան նախնական ապացոյցը:

Փորձարկումներու երրորդ փուլը վերջինն է նախքան պատուաստը շրջանառութեան մէջ դրուիլը, եւ ատիկա կը նպատակադրէ քննելու, թէ պատուաստը ապահո՞վ է եւ կը պաշտպանէ՞ հիւանդութենէն: Ժահրով վարակուած եւ ապաքինած անձ մը եթէ այս պատուաստը առնէ, աւելի քան 90 առ հարիւր հաւանականութիւն ունի նորէն չվարակուելու, քան՝ ոչ պատուաստուած անձ մը: Հիմնուելով այս արդիւնքին վրայ՝ «Փֆայզըր» եւ «Պիոնթեք» կը նախատեսեն մինչեւ նոյեմբերի աւարտը դիմել Սննդեղէնի եւ դեղօրայքի ամերիկեան վարչութեան՝ արտակարգ գործածութեան արտօնութիւն ստանալու համար, ինչ որ մեզի թոյլ կու տայ հաւատալու, որ աշխարհը կրնայ շուտով պատուաստ մը ունենալ:

Ցարդ կատարուած են 43.500 փորձարկումներ՝ առանց որեւէ ապահովական մտավախութիւն յառաջացնելու:

Տանըլտ Թրամփ, որ կ՚երազէր պատուաստի մը ստեղծումին մասին, որ պիտի նպաստէր իր վերընտրութեան, գնահատեց այս «բացառիկ լուրը»՝ իր պարտութենէն երկու օր անց: Անոր յաջորդը՝ Ճօ Պայտըն, որ երկուշաբթի յայտարարեց, թէ յատուկ համակարգ պիտի հաստատէ համաճարակին դէմ պայքարելու համար, այս լուրը նկատեց որպէս «յոյս»ի նշոյլ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնը՝ Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուս այս լուրը «յուսադրող» համարեց:

Ի՞ՆՉ Է ՆՈՐ ՊԱՏՈՒԱՍՏԸ ԵՒ ՈՐՔԱՆՈ՞Վ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ Է

Պատուաստը ախտամերժութեան համակարգը կը մարզէ՝ քորոնաժահրին դէմ պայքարելու:

Նոր տեսակի պատուաստ մըն է, որ կը կոչուի «Էր. Էն. Էյ.» պատուաստ եւ կ՚օգտագործէ ժահրի ծինային քոտէն շատ փոքր մաս մը: Ասիկա ժահրի մաս մը կը շինէ մարմինին մէջ, որ ախտամերժութեան համակարգը կը ճանչնայ որպէս օտար տարր եւ յարձակումի կը սկսի:

Ատիկա երկու դեղաչափով կը տրուի՝ երեք շաբթուան տարբերութեամբ, եւ նախնական տեղեկութիւնները կը նշեն, որ ատիկա կը պահպանէ մարդոց աւելի քան 90 առ հարիւրը քորոնաժահրով վարակուելէ:

ԱՅՍ ՏԵՍԱԿԻ ՊԱՏՈՒԱՍՏ ՆԱԽԱՊԷՍ ԳՈՐԾԱԾՈՒԱ՞Ծ Է

Մարդոց օգտագործման համար հաստատուած «Էր. Էն. Էյ.» պատուաստներ չկան:

Այս ձեւը նախապէս ուսումնասիրուած է եւ այլ հիւանդութիւններու համար մարդիկ փորձարկումներու ենթարկուած են, սակայն չէ որդեգրուած:

Նոյն պատուաստը պիտի ուսումնասիրուի աշխարհի մէջ տարբեր կարգաւորող գործակալութիւններու կողմէ եւ անոնք պիտի հաստատեն, որ պատուաստը կարելի է հաստատել օգտագործման համար:

ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ Ո՞Վ ՊԻՏԻ ՕԳՏՈՒԻ ՊԱՏՈՒԱՍՏԷՆ

Կախեալ է տարիքէդ, քանի որ տարիքը վտանգի ամենէն մեծ գործօնն է քորոնաժահրի պարագային:

Ծերանոցներու տարեցները, աշխատակիցները եւ հիւանդանոցներու պաշտօնեաները նախնական առաջնահերթ անձերու ցուցակին առաջին դիրքը կը գրաւեն՝ օգտուելու պատուաստէն:

ԱՐԴԵՕՔ ԱՏԻԿԱ ՅԱՐԱՏԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ Կ՚ԱՊԱՀՈՎԷ՞

Կանուխ է տակաւին ատիկա գիտնալու համար: Եթէ ախտամերժութիւնը երկարատեւ չէ, ուրեմն պէտք է տարեկան անգամ մը այս պատուաստը ստանալ:

Փորձարկումներու արդիւնքները ցոյց չտուին, որ քորոնաժահրէն պաշտպանութիւնը նոյնն էր բոլոր տարիքային խումբերուն համար: Սակայն նախորդ ուսումնասիրութիւններ յայտնաբերած էին, որ երիտասարդ եւ տարեց մարդիկ կրնան ախտամերժ արձագանգ ունենալ:

Այն անձերը, որոնք տկար ախտամերժութեան համակարգ ունին, պիտի չկարենան պատուաստ ստանալ:

ՊԱՏՈՒԱՍՏԸ ԿՐՆԱ՞Յ ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԲԱՐԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՌԱՋԱՑՆԵԼ

Ոչինչ բժշկութեան մէջ 100 տոկոս ապահով է: Նոյնիսկ Փարասեթամոլ առնելը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ:

Մինչեւ հիմա գոյութիւն ունեցող տեղեկութիւնները յուսադրող են: 43.500 մարդոց վրայ կատարուած փորձարկումները ապահովութեան մտավախութիւն չեն յառաջացուցած, միայն թեթեւ բարդութիւններ նշուած են:

Եթէ շատ վտանգաւոր բարդութիւններ ըլլային, արդէն իսկ յայտնի կը դառնային:

Սակայն հազուադէպ բարդութիւններ կրնան յառաջացնել, երբ միլիոնաւոր մարդիկ առնեն այս պատուաստը:

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՀԻ, ԵԹԷ ԺԱՀՐԸ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ

Ժահրերը միշտ փոփոխութեան կ՚ենթարկուին: Հարցումը այն է, թէ արդեօք անոնք փոփոխութեան կ՚ենթարկուի՞ն այնքան մը, որ կրնայ իրենց վարքը փոխուիլ:

Այժմ փոփոխութեան նշոյլ չկայ, բայց հաւանական է, որ ապագային ատիկա պատահի եւ պատուաստը նուազ արդիւնաւէտ դառնայ:

Եթէ ատիկա պատահի, ուրեմն պէտք է նոր պատուաստ պատրաստել:

ՏԱԿԱՒԻՆ Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԳԻՏՆԱՆՔ ՊԱՏՈՒԱՍՏԻՆ ՄԱՍԻՆ

Տակաւին չենք գիտեր, թէ պատուաստը կ՚արգիլէ՞, որ ժահրով վարակուիս եւ տարածես, կամ թէ կ՚արգիլէ՞, որ հիւանդ չըլլաս: Եւ տակաւին չենք գիտեր, թէ տարբեր տարիքային խումբեր նոյն ձեւով կը պաշտպանուի՞ն ժահրէն:

«ԼՈՒՐՋ ԲԱՐԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»՝ ՊՐԱԶԻԼԻ ՄԷՋ ԿԱՄԱՒՈՐԻ ՄԸ ՄՕՏ

Նոյն օրը Պրազիլի առողջապահական իշխանութիւնը հաղորդեց, որ դադրեցուցած է չինական «Սինովաք Պիոթեք» տարրալուծարանի ստեղծած պատուաստի փորձարկումները մարդոց վրայ, երբ «լուրջ բարդութիւններ» յառաջացուցած են կամաւորի մը մօտ:

Առողջապահական իշխանութիւնը մանրամասնութիւններ չյայտնեց պատահածին մասին, բայց նշեց, որ այսպիսի պատահարներ կրնան մահ, երկրորդական մահացու բարդութիւններ, հաշմանդամութիւն, հիւանդանոցի կարիք եւ այլ բարդութիւններ պատճառել:

Չինական «Սինովաք Պիոթեք» տարրալուծարանը, որ կը պատրաստէ «ՔորոնաՎաք» պատուաստը, հաղորդեց, որ «վստահ է պատուաստի ապահովութեան վերաբերեալ»՝ շեշտելով, որ Պրազիլի մէջ պատահածը «կապ չունի» պատուաստին հետ:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՊԵԼԺԻԱՆ ԱՐԴԷՆ ԻՍԿ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆ ԳՆԵԼՈՒ ՊԱՏՈՒԱՍՏԸ

Երբ «Փֆայզըր» եւ «Պիոնթեք» յայտարարեցին իրենց պատուաստին մասին, Եւրոպական Միութիւնը հաղորդեց, որ «շուտով» պիտի վերջնականացնէ իր համաձայնութիւնը ամերիկեան «Փֆայզր»ին եւ գերմանական «Պիոնթեք»ին հետ, որուն հիման վրայ ան ընկերութիւններէն պիտի գնէ մինչեւ 300 միլիոն պատուաստի դեղաչափ:

Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութիւնը արդէն իսկ համաձայնութիւններ կնքած է ունենալու «Սանոֆի-Ճէյ.Էս.Քէ.», «Ճոնսըն էնտ Ճոնսըն», «ՔիւրՎաք», «Մոտերնա» եւ «ԱսթրաԶենեքա» հնարաւոր պատուաստներէն:

Պելժիայի մէջ տեսականօրէն «ԱսթրաԶենեքա»ն պիտի ըլլայ առաջին պատուաստը: Պելժիա նախագնած է 7.5 միլիոն պատուաստի դեղաչափ: Պելժիայի Հանրային առողջապահութեան հիմնարկը կը յուսայ, որ մարտ ամսուան ընթացքին պատրաստ պատուաստ մը պիտի ունենայ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան


Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«ԼԸ ՄՈՆՏ», «ԼԸ ՍՈՒԱՐ», «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2020