ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՍՊԱՌԱԾ Է, ՍԱԿԱՅՆ ԿՐՆԱՅ ՊԱՀԵԼ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ…

Եթէ նկարագրելու ըլլամ Երեւանի իրավիճակը, ապա պիտի գրեմ՝ «կայուն ծանր»։ Կայուն, որովհետեւ ներքին բախումներ չկան, բայց աւելի քան երեւելի է՝ որ կայ մեծ լարուածութիւն։ Հայաստանի այսօրուայ վիճակին գլխաւոր պատասխանատուն, ինչ խօսք, իշխանութիւնն է՝ ու յատկապէս անոր գլուխը կանգնած Նիկոլ Փաշինեանը։ Տխուր ու մտահոգիչ է, որ հակառակ երեսուն տարուան «պետական փորձառութեան», երկիրը չէ կարողացած ստեղծել պետական համակարգ մը։ Եղան իշխանաւորներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը երկիրը ղեկավարեց առնուազն հինգ կամ նոյնիսկ տասն տարի, սակայն ոչ մէկու պարագային այդ առաջնորդները իրենց ուժական մեխը չդրին, իրենց քաղաքական փորձառութիւնը չբանեցուցին, որպէսզի ստեղծուի քաղաքական-պետական համակարգ մը։

Այսօր ալ վիճակը նոյնն է, գուցէ աւելի տխուր եւ անմխիթար։ Գլխաւոր դէմքը երկրի վարչապետն է, իսկ անոր շուրջ բոլորուածները՝ ընդամէնը սիրողական գործիչներ, որոնք կարծես ո՛չ միայն բան մը ըսելու հնարաւորութիւնը կամ նախանձախնդրութիւնը չունին, այլեւ ամենատխուրը՝ ըսելիք չունին։ Անցեալ երկուքուկէս տարիներու ընթացքին Փաշինեան եւ շուրջինները երկիրը տարին մեծ տատանումներու եւ անորոշութեան։ Այսօր ստեղծուած կացութեան համար՝ մասնաւորապէս առկայ մեծ պարտութեան համար պատասխանատու են իրենք։ Որեւէ վերլուծաբան, որ կը փորձէ իրավիճակը անկաշառ եւ կիրքէ ու անձնական մօտեցումներէ հեռու, սթափ ձեւով հանրութեան ներկայացնել՝ պիտի գայ անպայման այն համոզման, թէ Արցախի հիմնախնդրի լուծումը պարտաւոր է կերտել միմիայն «ոչ յաղթանակ, ոչ պարտութիւն» սկզբունքով։ Այսպէսով կարելի կ՚ըլլայ ամրագրել ամենակարեւորը՝ խաղաղութիւնը։ Սա, անշուշտ, այլ առիթով անդրադառնալիք նիւթ մըն է, որու առանցքներուն ալ շարադրուած են հայկական կողմի ծանր ու տխուր պատմական կենսափորձի տարբեր դրուագները։ Ու կարեւորը այն է, որ առնուազն այս փուլին հայ ժողովուրդի ապրած այս մեծ ողբերգութիւնը վերլուծելու ատեն հնչեն աւելի իրաւացի եւ սթափ գնահատականներ։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ԱՆՈ՞ՒԺ

Ի դէպ, եթէ փորձենք դիտարկել Հայաստանի մէջ ստեղծուած քաղաքական դրութիւնը, ապա անպայման հաշուի պիտի նստինք այն փաստին հետ, թէ այսօր Երեւանի գլխաւոր հրապարակները իրենց ներկայութեամբ լեցուցած քաղաքական ուժերը չեն վայելեր համաժողովրդական, ամբողջական զօրակցութիւն մը, որու հետեւանքով ալ անոնք պիտի չկարողանան գործել «սայլը տեղէն շարժելու» հին-նոր սկզբունքով եւ ինչ-որ տեղ պիտի չհասնին ցանկալի իշխանափոխութեան։ Այլ խօսք, որ յայտնի չէ, թէ Երեւանի քաղաքական ճակատագիրը այսօր որո՞ւ ձեռքերուն մէջ է։ Ո՞վ է այն վստահ ձեռքը, որ իր ափերուն մէջ կը պահէ Փաշինեանի իշխանափոխութիւնը։ Անշուշտ, այստեղ կ՚աւելնայ նախկին իշխանութիւններուն հանդէպ Հայաստանի ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան անվստահութիւնը եւ նոյնիսկ դաւադրապաշտութիւնը, որուն պատճառով ալ արդէն երեք օր տեւած ցոյցերը մեզ ձեւով մը կը համոզեն, թէ հաւաքները բաւարար ուժ մը չունին Հայաստանի մէջ քաղաքական-իշխանական նոր իրավիճակ մը ստեղծելու համար։ Անշուշտ, այս խնդրին լաւ կը գիտակցին նաեւ ընդդիմադիր գործիչները, որոնց համար այս պահը «աստեղային ժամ» մըն է, փոխելու համար վիճակ եւ խաղին սկսելու համար ցանկալի «զերօ կէտէն»։

Հարկ է յիշեցնել, որ այսօր Արցախի մէջ ստեղծուած փոփոխութեան որեւէ փորձ պիտի բախի ո՛չ միայն Պաքուի կամ Անգարայի մերժումին, այլեւ՝ մանաւանդ պիտի զարնուի Մոսկուայի արդէն իսկ Լեռնային Ղարաբաղ հասած «ծանր թաթին»։ Բայց, յայտնի է, որ այս բոլորը գիտնալով ու գիտակցելով հանդերձ, Հայաստանի քաղաքական ուժերը կը փորձեն հանրութեան խոստանալ, թէ իրենք պիտի կարողանան բան մը փոխել ու վիճակը դարձնել տանելի հայկական կողմին համար։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄՈՍԿՈՒԱ

Ռուսական կողմը մինչեւ այս պահը բոլորէն աւելի շահողն է ներկայ դրութեան մէջ։ Ո՛չ միայն անոր համար, որ Ռուսաստանի զօրքերը արդէն հասած են Ատրպէյճանի սահմանը, այլ նաեւ՝ այն պատճառով, որ ինչպէս այլ առիթով մըն ալ գրած էինք, այս ընթացքով Ռուսաստան վերջնականօրէն (կամ առնուազն փուլի մը համար) պիտի փակէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի նախկին կարգավիճակը։ Նոր փուլ պիտի մտնէ տարածքաշրջանը եւ, անշուշտ, քաղաքական միաւորներ պիտի ստանայ Ռուսաստան՝ յաչս աշխարհին, կարողացած ըլլալով նախկին Խորհրդային Միութենէն «ժառանգ» մնացած եւ երեսուն տարի տեւած խնդիր մը «լուծել»։ Անշուշտ, վաղ է հաստատել, որ երկու ժողովուրդները՝ հայերն ու ատրպէյճանցիները պիտի կարողանան իրենց «հրամցուած» կամ նոյնիսկ «պարտադրուած» այս լուծումը մարսել ու ամենակարեւորը՝ իրարու հետ հաշտ ապրիլ։ Բայց եւ այնպէս, ներկայ ընդհանուր պատկերը ցոյց կու տայ, որ Ատրպէյճանի կողմէ՝ ստեղծուած դրութիւնը որպէս յաղթանակ ներկայացնելու փորձերը այդքան ալ խորքային չեն։ Իսկ հայկական կողմին տեսակէտէ պատահածը  «խայտառակ պարտութիւն» ընդունիլը դարձեալ այդքան ալ իրաւացի ու ամբողջական չէ, եթէ հաշուի առնուի երկու ուժերու մեծ անհաւասարութիւնը, ինչ որ Հայաստանի իշխանութիւնները զանազան պատճառաբանութիւններ ունենալով հանդերձ կը մերժեն ընդունիլ։

Այո՛, Ռուսաստան գլխաւոր յաղթողն է. յաղթողն է նաեւ այն իմաստով, որ կարողացաւ մէկ գիշերուան մէջ Թուրքիան հաւասարակշռել եւ այդպէսով աշխարհին ցոյց տուաւ, որ ինքն է Հարաւային Կովկասի տէրն ու տիրականը։ Ալ չեմ խօսիր ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, ամբողջ Եւրոպայի տեսակէտները «ջուրին մէջ նետելու» ռուսական կողմի վճռակամութեան, կամ նոյնիսկ Իրանի ունեցած բոլոր մակարդակի մտավախութիւնները ցրելու մասին։

Ի՞նչ կը սորվին հայերը այս մեծ դասէն կամ ի՞նչ կը սորվին Պաքուի իշխանութիւնները այս բոլորէն. տակաւին պարզ չէ, սակայն, յստակ է՝ որ հակամարտ երկու կողմերն ալ պիտի սկսին իրենց հին-նոր համոզումը դարձնել հիմք ու շարժուիլ առաջ։

Իսկ հին համոզումը մէկ է, որու մասին գերտէրութիւնները խօսեցան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի փակ նիստէն անմիջապէս ետք։ Այդ նիստը տեղի ունեցած էր 27 սեպտեմբերին ծագած պատերազմէն քիչ անց եւ հիմնական գաղտնի թելադրանքը եղած էր, որպէսզի Երեւան եւ Պաքու, երթան Մոսկուա եւ այս վերջինը լուծէ իրենց հարցերը։

Պատկերը այս է այսօր ու յստակ է, որ մեծ հիմքեր կան շրջանը նոր բախտորոշ փուլի մը տանելու, եթէ Երեւան եւ Պաքու իրապէս գիտակցին ու հասկնան, թէ ռազմական ճանապարհը կամ կողմի մը ոչնչացումը՝ միւս կողմին համար յաղթանակ մը պիտի չբերէր։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2020