ԿԱՂԱՆԴՆ ՈՒ ԱՐՏԱՅԱՅՏԵԼՈՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ…

Կաթողիկէ եւ Բողոքական եկեղեցիները Քրիստոսի ծնունդը կը տօնախմբեն Դեկտեմբեր 25-ին, իսկ Հայ Առաքելական եւ Ուղղափառ եկեղեցիները՝ Յունուար 6-ին եւ 7-ին:

Միացեալ Նահանգներու մէջ ուրեմն, Քրիստոսի ծնունդը կը տօնախմբուի Դեկտեմբեր 25-ին եւ այդ առիթով՝ տուներն ու շուկաները կը զարդարուին Կաղանդի ծառերով, որոնք կը զգենուն յատուկ յարդարանքներ։

Միացեալ Նահանգներու մէջ պետութիւնը անջատուած է եկեղեցիէն՝ ըստ Separation of State and Religion օրինական տրամադրութեան։ Ուրեմն Քրիստոսի ծնունդը խորհրդանշող զարդարանքներ չեն թոյլատրուիր պետական կալուածներու վրայ։

Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութիւնը յաւելուած է 27 բարեփոխումներով (amendments), որոնցմէ առաջինը՝ քաղաքացիին կը շնորհէ խօսելու եւ արտայայտելու ազատութիւնը (Freedom of speech and expression):

Եւ ահա այս ազատութիւնն է, որ մարդիկ յաճախ կը շահագործեն իրենց անձնական նպատակները հետապնդելու համար: Խօսինք օրինակներով։ Գալիֆորնիոյ Սեն Յոզէ քաղաքը կը գտնուի Սեն Ֆրէնսիսքոյի հարաւ-արեւելքը։ Այդ քաղաքի Սեզար Շաւէզի անուան զբօսայգին ամէն տարուան Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներուն կը զարդարուի Կաղանդի տօնածառերով եւ Քրիստոսի ծնունդը խորհրդանշող տաղաւարներով:

Վերոյիշեալ սովորութիւնը սկը-սած է երեսուն տարի առաջ եւ ամէն տարի մօտաւորապէս 450 ծառեր ու տաղաւարներ կը զարդարուին հոն՝ Քրիստոսի ծնունդն ու Նոր տարին աւետելով։ Այս տարի սակայն, մի քանի տօնածառեր գայթաղկութիւն յառաջացուցած են քաղաքի բնակչութեան մօտ։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Քրիստոսի ծնունդը խորհրդանշող տաղաւարին մերձակայ շրջանին մէջ կան երկու տօնածառեր, որոնք բոլորովին կապ չունին Քրիստոսի ծնունդին հետ։ Աւելի՛ն, անոնք կը հակազդեն Քրիստոսի գոյութեան եւ քրիստոնէութեան:

Նկարներէն մին զետեղուած է Սատանան պաշտող խումբի մը կողմէ: Անոնք մաս կը կազմեն Satanic Temple of San Jose հերետիկոսներուն։ Այսինքն՝ անոնք Քրիստոսի փոխարէն՝ կը դաւանեն Սատանան։

Ուրիշ տօնածառ մը զետեղուած է անաստուածներուն (Atheists) կողմէ: Տօնածառ մըն ալ կայ Մորմոններուն կողմէ զարդարուած։ Մորմոնները կը պատկանին Church of Jesus Christ of Latter-Day Saints-ին: Ասոնք աղանդաւոր են, որովհետեւ կը հետեւին Ճոզէֆ Սմիթհ անունով իրենց մարգարէին, որ հիմնած է այս եկեղեցին 1830 թը-ւականին։

Աղանդաւոր, որովհետեւ ըստ Աստուածաշունչին՝ Քրիստոսէ ետք ոչ մէկ մարգարէ պիտի գայ։ Ուրեմն Ճոզէֆ Սմիթհ չի կրնար մարգարէ ըլլալ եւ հետեւաբար իրեն հետեւողները չեն կրնար քրիստոնեայ դասուիլ:

Սեն Յոզէի բնակչութիւնը խրտչած է եւ ցասումով կը դիտէ այս բոլորը, որովհետեւ յաչս օրէնքի՝ ոչ մէկ լիազօրութիւն ունի հակա-քրիոտոնէական այդ տօնածառերու զետեղումը արգիլելու՝ ըստ արտայայտելու ազատութեան:

Այո՛, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը պատկանի ոչ մէկ կրօնքի, սակայն բնակչութեան մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ է, եւ Քրիստոսի ծնունդը կը տօնախմբուի մեծ շուքով։

Սակայն սահմանադրութեամբ շնորհուած խօսելու եւ արտայայտելու ազատութիւնը կը թոյլատրէ, որ սատանան պաշտողներն ու Աստուած չճանչցողները զարդարեն իրենց տօնածառերը եւ զետեղեն զանոնք Քրիստոսի ծնունդը խորհրդանշող «Մսուր»ի տաղաւարին մօտ:

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017