«ՀԱՒԱՏԱՄՔԻ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ»

Երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանին բազմավաստակ ծառայութեան պտղաբեր արդիւնաւորութիւնը անուրանալիօրէն անջնջելի եւ սրբադրոշմ կնիքով լուսաւորեց Հայ Եկեղեցին՝ հարստացնելով անոր հոգեմտաւոր գանձարանը։ Նախանձախնդիր առաքելութեամբ ծառայող երանեալ սրբազանը իր ողջ էութեամբ ինքզինք նուիրաբերեց, որպէսզի սոված հոգիները աստուածպաշտութեան խորհուրդով յագենան։ Զարեհ սրբազանը, որպէս արքայութեան սերմնացան, մարդոց սրտերը հերկեց՝ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ուսուցանելով, մարդոց բարոյական ենթահողը հաւատաբոյր խրատականներով մշակեց, առատօրէն ցանեց հաւատքի սերմերը՝ ի խնդիր աստուածգիտութեան լոյսի տարածման, պատուաստեց հոգիները առողջ հաւատքի եւ ուղիղ դաւանութեան՝ առաքելահիմն սկզբունքները փոխանցելով...։

Սրբազանը սիրե՛ց Աստուծոյ տաճարը, նոյնացա՛ւ այդ տաճարին հետ, տաճա՛ր դարձաւ ան, ինչպէս Վարուժան Արք. Հերկելեան պիտի ըսէր.

«Տաճար մըն էր Զարեհ Սրբազանը: Եւ՝
Ի՛նքն էր բոցկլտացող մոմը այդ տաճարին.
Ի՛նքն էր շողարձակ լոյսը այդ տաճարին.
Ի՛նքն էր մեղրաբոյր խունկը այդ տաճարին.
Ի՛նքն էր յաղթ հունչը այդ տաճարին.
Ի՛նքն էր սուրբը այդ տաճարին.
Ի՛նքն էր աղօ՛թքը այդ տաճարին.
Ի՛նքն էր բա՛ց Աւետարանը այդ տաճարին»:

Զարեհ Արքեպիսկոպոսի քարոզները, ներբողներն ու պատգամները, սոսկ յորդոր ու խրատ չէին, ոչ ալ թելադրանք ու դիմացինին ուղղուած սաստող յանդիմանութիւններ, այլ յստակ հաստատումներ, բիւրեղացած գաղափարներ ու ապրումներ։ Զարեհ սրբազանը կ՚ըսէ. «Աստուծոյ խօսքը սրտի մաքրութեան ու սրբութեան աղբիւր է, կեանքի դեղ։ Աստուծոյ խօսքը երկրաւոր մեր կեանքը երկնային կեանքի զգլխիչ բոյրով օծանող անուշահոտ իւղն է։ Աստուծոյ խօսքը կենաց ծառին պտուղն է, անմահութեան պարգեւիչը։ Աստուծոյ խօսքը առաքինութեան դաստիարակն է…»։

Գերշ. Տ. Զարեհ Ս. Արք. Ազնաւորեան ծնած է 1947-ին, Լիբանանի մէջ: Դպրեվանքի ուսման շրջանը աւարտելէ ետք, 1966-ին, աբեղայ ձեռնադրուած է Դպրեվանքի Տեսուչ Գերշ. Տ. Գարեգին Եպսկ. Սարգիսեանի ձեռամբ, իսկ 1969-ին, վարդապետական աստիճան ստացած է՝ ձեռամբ Տ. Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսին: Վարդապետական աւարտաճառը եղած է «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի՝ կեանքը եւ եկեղեցական բարեկարգութիւնը»: Ապա իր բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Հռոմի մէջ: Եղած է ուսուցիչ Անթիլիասի Դպրեվանքին, Մարտիկեան վարժարանին եւ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկին մէջ: Վարած է «Գլաձոր»ի եւ «Հասկ» պաշտօնաթերթերու խմբագրապետի պաշտօնները, ինչպէս նաեւ եղած է խմբավար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին: Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը ստացած է 1980 թուականին՝ ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին: Սրբազան հայրը եղած է առաջնորդ Կիպրոսի հայոց թեմին (2 Նոյեմբեր 1977-23 Նոյեմբեր 1983): Իր առաջնորդական օրերուն կառուցուած են Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ Ազգային առաջնորդարանը: Եղած է անդամ Կեդրոնական վարչութեան կրօնական ժողովի, իսկ վերջին տարիներուն կը վարէր անոր ատենապետութիւնը:

Երկար տարիներէ ի վեր վարիչն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին եւ այս ծիրէն ներս մեծ ներդրում կատարած է Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր ժառանգութեանց հրատարակութեան աշխատանքին մէջ: Ունի բազմաթիւ հոգեւոր, թարգմանական, երաժշտական եւ ուսումնասիրական հրատարակութիւններ:

Վերջին քսան տարիներուն նուիրուած էր Աստուածաշունչի արեւմտահայերէն արդի աշխարհաբար թարգմանութեան, որուն Նոր կտակարանեան բաժինը վերջերս երկրորդ տպագրութեամբ լոյս տեսաւ Անթիլիասի մէջ: Վախճանեցաւ 30 Ապրիլ 2004-ին։ Հին կտակարանի թարգմանութիւնը իր վախճանումով կը մնայ թերաւարտ:

***

Հոգեշահ մեկնութեամբ եւ խորաթափանց ուսումնասիրութեամբ յատկանշուած «Հաւատամքի մեկնութիւն» հատորը, պայծառամիտ հոգեւորականին եւ անձնազոհ նուիրականին՝ Զարեհ Արք. Ազնաւուրեանի գերազանց աշխատասիրութեան վաւերականութիւնն է։ Հատորը տպուած է Երեւանի մէջ, 2017-ին։ Հատորը կազմողը, ծանօթագրողը, խմբագիրն ու ցանկերու հեղինակն է Յակոբ Քորթմոսեանը, իսկ վերատեսում կատարողն ու խմբագրողն է Գէորգ Եազըճեանը։ Գիրքը բաժնուած է երկու հիմնական մասերու։ Առաջին մասը «Հաւատամք»ի ամփոփ եւ կարճ մեկնութիւն մըն է, որ Զարեհ սրբազան ինք անձամբ գրի առած է, իսկ երկորդ բաժինը ընդարձակ մեկնութիւն մըն է, որ սրբազանը կատարած է 17 սերտողութիւններու ընթացքին։ Գրքին նախաբանին մէջ խմբագիրները նշած են, թէ դասախօսութեանց ժամանակ ներկաներէն մին ձայնագրած է Սրբազանին կատարած սերտողութիւնները եւ յետագային թուղթի վրայ գրառած զանոնք, որոնց հիման վրայ պատրաստուած է գրքի Բ. մասը։

Հատորին լոյս ընծայման առթիւ նախաբանին մէջ ըսուած է. ««Հաւատամքի մեկնութիւն» աշխատասիրութիւնը իր ընդարձակութեամբ՝ Ա) ապահով վահան մըն է Եկեղեցւոյ բոլոր հակառակորդներուն ու թշնամիներուն դէմ պատերազմելու համար՝ պաշտպանելով ճշմարիտ եւ ուղղափառ հաւատքը։ Բ) Պատասխան մըն է բոլոր «հայհոյիչ լեզու»ներուն, որոնք կը համարձակին մրոտել կամ վարկաբեկել Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ուղղափառ հաւատքն ու դաւանութիւնը՝ զայն նկատելով Աստուածաշունչէն շեղուած։ Այս մեկնութեամբ սրբազան հայրը կու գայ անվերապահօրէն հաստատելու եւ փաստելու, թէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ «Հաւատքի հանգանակ»ին, այլ խօսքով՝ «Հաւատամք»ին հիմքը Աստուածաշունչ մատեանն է։ Գ) Հոգեւոր հսկայ պաշար մըն է բոլոր անոնց, որոնք նոր մուտք գործած են քրիստոնէութեան մեծ ընտանիքէն ներս՝ իրենց արմատները խորացնելու եւ իրենց հաւատքի տուները հաստատ հիմքերու վրայ կառուցելու համար…»։

Հատորին ընդմէջէն Զարեհ սրբազան կը հրաւիրէ ընթերցասէր հաւատաւորը նաւարկելու աստուածաբանութեան ովկիանէն ներս՝ արտաբերելու հոգեմտաւոր գանձերը։ Սրբազանը իր պայծառ իմացականութեամբ, ողջմիտ տրամաբանութեամբ, հաւատքի ջերմեռանդութեամբ ու անոր խորքէն ճառագայթած աստուածաճանաչութեան լոյսով կը հաստատէ, թէ Եկեղեցին իր անայլայլ, անփոփոխ եւ անփոխարինելի ուսուցումներով՝ անհերքելիօրէն կը հանդիսանայ ուղղափառ վարդապետութեան պատգամաբերը։ Մեկնութեան այս ձեռնարկը իր եզակի բնոյթով, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մեծագոյն հոգեւոր ժառանգութիւններէն է, որուն մէջ խտացուած է աստուածաբանական, եկեղեցաբանական, հայրաբանական եւ դաւանաբանական հաստատումներ, որոնք խարսխուած են հաւատքի Սրբազան մատեանով՝ Աստուածաշունչով։ Հատորը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմագիծը ուրուագծող վկայագիրն է, որ ճոխացուած է Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն մէջբերումներով։

Մէջբերենք լուսահոգի սրբազան հօր կողմէ Եկեղեցւոյ եւ «Հաւատամք»ի մասին արտայայտած խօսքերէն հատուած մը. «Եկեղեցին հաւատքի համայնք մըն է: Այսինքն՝ հաւատացո՛ղ համայնք մըն է, միակ հաւատքի մը շուրջ խմբուած եւ միակ հաւատքով մը կապուած համայնք մըն է: «Հաւատամք»ը արտացոլացումն է այդ հաւատքին: Ո՛չ միայն խտացումն է Եկեղեցւոյ հաւատալիքներուն, այլ նաեւ հաւատքի փորձառութեան: Այլ խօսքով, մենք անոր մէջ կը կարդանք պատմութիւնը այն հանգրուաններուն, որոնցմէ անցաւ այդ հաւատքը՝ հասնելու համար մինչեւ մեր օրերը: Եկեղեցին խոստովանող համայնք մըն է: Խոստովանիլ բայը այստեղ կ՚արտայայտէ՝ որեւէ ճշմարտութիւն ճանչնալ, ընդունիլ եւ յայտարարել իմաստը: Կ՚ըսենք նաեւ՝ դաւանիլ: Ճշմարտութեան ոեւէ հետեւորդ՝ իր ճանչցած եւ ընդունած ճշմարտութիւնը պէտք է խոստովանի կամ դաւանի յայտնապէս, այլապէս ճշմարտութեան հետեւորդ մը չէ (Հմմտ. Մտ 10,32-33: Հռ 10,9-10): Հետեւորդութիւնը տեսական չէ, այլ՝ գործնական: «Հաւատամք»ը հիմն է Եկեղեցւոյ դաւանութեան, որով մենք կ՚արտայայտենք Քրիստոսի մեր պատկանելութիւնը, մեր ինքնութիւնը: Եկեղեցին հաւաքական մարմին մըն է: Պօղոս առաքեալ Քրիստոսի Եկեղեցին կը ներկայացնէ իբրեւ Քրիստոսի Մարմինը: Միակ մարմին մը՝ բազմաթիւ անդամներով: Իսկ այդ անդամները տեղական Եկեղեցիներն են, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր Եկեղեցին բաղկացնող անդամները՝ առանձնաբար ու հաւաքաբար: «Հաւատամք»ը հիմն է Եկեղեցւոյ միութեան»:

Սրբազան հեղինակը խոնարհաբար հրաժարած է մասնաւորելու իր աշխատասիրութեան իւրայատկութիւնը։ Ան անդրադարձած է, թէ նման մեկնութիւն մը պատմութեան ընթացքին միայն երեք եկեղեցականներու կողմէ կատարուած է (Խոսրով Եպսկ. Անձեւացի 9-րդ դար, Յովհաննէս Սարկաւագ Վարդապետ 12-րդ դար, Ս. Ներսէս Լամբրոնացի 12-րդ)։ Սոյն վկայաբանութեան լոյսին տակ կ՚եզրակացնենք, թէ սրբազանին մեկնութիւնը հատընտիր քաղուածք մըն է Հայ Եկեղեցւոյ մեկնութեան ծաղկեստանէն, որուն սրբաբոյր ծաղկաքաղը կը ձօնէ մեզի։ Օրհնաբեր նուիրում մը, որ անսպառ գանձերով կը բազմապատկէ մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր ժառանգութեան գանձարանը։

Երկը իր հիւսուածքով կենդանի քարերու մէկտեղումն է, որ կը կազմէ անառիկ բերդը ուղիղ հաւատքին՝ ընդդէմ աղանդաւորական հոսանքներուն։ Իմաստալից եւ ընդարձակ նշումներով Սրբազանը բիւրեղեայ հաւատքին ճշգրիտ հասկացողութիւնը կը փոխանցէ, առաջին Եկեղեցիին եւ անոր վերակացու կարգուած առաքեալներուն սուրբ աւանդը՝ հաւատալիքներու ամբողջականութիւնը ներկայացնելով։ Աղանդաւորները եթէ մէկ կողմէն եկեղեցւոյ խաղաղ մթնոլորտը վտանգի մատնեցին, միւս կողմէ սակայն պատճառ դարձան, որ Եկեղեցին հմտանայ աստուածաբանութեան մէջ։ Ուստի, Եկեղեցին բանաձեւուած «Հաւատամք»ի պէտք ունէր, որ պարունակէր հաւատալիքներու խտացուած հաստատումներ, թէ՛ որպէս պատասխան աղանդաւորական շարժումներուն եւ թէ որպէս Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքի խոստովանութիւն։ Այս մասին սրբազանը կ՚ըսէ. «Քրիստոնէութեան առաջին իսկ դարէն, Եկեղեցւոյ մէջ եւ անոր կողքին յայտնուեցան աղանդներ, կամ հերձուածներ, որոնք ճշմարիտ հաւատքէն շեղած անձեր կամ խմբակցութիւններ էին: Սխալ վարդապետութիւններ սկսան տարածուիլ ըլլա՛յ Աստուծոյ ինքնութեան վերաբերեալ, ըլլա՛յ աշխարհի ստեղծագործութեան, ըլլա՛յ ամենասուրբ Երրորդութեան հասկացողութեան, ըլլա՛յ Քրիստոսի ինքնութեան (աստուածութեան կամ, մարդեղութեան), ըլլա՛յ Սուրբ Հոգիին աստուածութեան վերաբերեալ, եւ այլն: Աղանդները պատճառ եղան, որ Եկեղեցին շատ կանուխէն իր հաւատքը արձանագրէ խտացեալ ձեւով, որպէսզի ճշմարիտ հաւատացեալները զայն սորվին եւ այդպէս դաւանին իրենց հաւատքը: Այս խտացեալ դաւանութիւնները կը կոչենք «Հաւատքի հանգանակ»: Տեղական եկեղեցիները ունէին իրենց հանգանակները, որոնք թէպէտ թեթեւ տարբերութիւններ ունին իրարմէ, բայց հիմնական կէտերը նոյնն էին: Հնագոյններէն մէկը կը կոչուի «Առաքելական հանգանակ»»:

Սկզբնական շրջանին քրիստոնէական հաւատքը ընդունող ոեւէ անձ, երբ կը դաւանէր Աւետարանը, ընդհանրացած «Հաւատամք»ի բանաձեւ մը կ՚արտասանէր։ Այս մասին սրբազանը առաջին օրինակը կը քաղէ «Գործք Առաքելոց»ի 8-րդ գլխու 30-37 համարներէն, որուն մէջ մկրտուողը կ՚ըսէր. «Կը հաւատամ՝ թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է»։ Հեղինակը այս կարճ «Հաւատամք»ին առընչութեամբ կ՚ըսէ. «Հոս խօսքը միայն Յիսուսի մասին է։ Բայց յետագային աստիճանաբար խօսքեր ու հաստատումներ սկսան արձանագրուիլ Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին մասին նաեւ։ Այդ խօսքերը աստիճանաբար սկսան ընդարձակուիլ, նախադասութիւններ աւելնալ, ճշդումներ կատարուիլ, եւ այդ ձեւով, կամաց-կամաց կազմուեցան հաւատամքները»։ «Հաւատամք»ի վերաբերեալ որդեգրուած բնորոշումները զարգացման փուլերէ անցան։ Տիեզերական երեք ժողովներուն՝ Նիկիա (325թ.), Պոլիս (381թ.), Եփեսոս (431թ.) կայացած որոշումներուն լոյսին տակ «Հաւատամք»ի բանաձեւը որոշակի յաւելումներ ունեցաւ։ Սրբազանը ընդլայնուած ձեւով կը մէջբերէ այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ հետզհետէ կազմուեցաւ ուղղափառ դաւանութեան հաւատքի հանգանակը։

Ընդհանրական Եկեղեցւոյ հաւատալիքներուն դրսեւորումը հանդիսացող «Հաւատամք»ին առանցքը Աստուածաշունչ մատեանն է։ Հեղինակը կը հաստատէ, թէ «Մեր հաւատամքը զուտ աստուածաշնչական տուեալներու վրայ կը հիմնուի»։

Հաղորդական ոճով, ուսուցողական եղանակով, հարազատ պատկերներով, տպաւորիչ համեմատութիւններով եւ աստուածաբանական հաստատումներով սրբազանը լոյս կը սփռէ մեր բանականութեան՝ ընդգծելով լոյսի թագաւորութեան ուղին։ Իւրաքանչիւր գլխու աւարտին դժուար հասկնալի գաղափարները լուսաբանելու, յաւելեալ նշումներ կատարելու եւ ընթերցողը ընդհանուր շրջագիծին հոգիին հաղորդ դարձնելու միտումով ճշդուած են հարցադրումներու բաժիններ։ Իւրաքանչիւր բառի ետին թաքնուած խորիմաստ նշանակութիւնը պարզաբանելով՝ սրբազան հայրը օգտաշատ մեկնաբանութիւններ կատարած է։

Հատորը կրօնագիտական մատենադարան է՝ իր հարուստ բովանդակութեամբ, հովուական նամակներու ժողովածոյ է՝ հայրաբանական գրականութեան մէջբերումներով, տեղեկատուական լրատու է՝ պատմական ակնարկներով եւ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատկանելիութեան վաւերական դրոշմն է՝ առաքելահիմն դրուածքով։ Մեկնութեան այս առանձնայատուկ ձեռնարկը դարաւոր ալեկոծումներուն եւ աղանդաւորական փոթորկումներուն դիմաց անսայթաք գնացքով յաղթականօրէն հանդէս եկող եւ անսասան մնացող Եկեղեցւոյ փառքը կ՚արտացոլացնէ։ Հետեւաբար, սոյն գիրքը իր ազդու ներգործութեամբ անխարդախ ուղեցոյցն է հաւատքի ճշմարտութիւններու փնտռտուքով հետամուտ եղող հաւատաւորին։

Զարեհ Արքեպիսկոպոսը խօսելով յայտնութեան մասին՝ կ՚ըսէ. «Յայտնութիւնը մեզի տրուած է յառաջատուական ընթացքով մը, այսինքն՝ աստիճանական զարգացումով: Աստուած մէկ անգամէն չյայտնեց ինչ որ իրեն կը վերաբերէր կամ ինչ որ մեր փրկութեան կը վերաբերէր, այլ՝ աստիճանաբար, մարդուն ընկալման կարողութեան համաձայն: Օրինակ, եթէ Հին կտակարանի մէջ Աստուած ինքզինք ճանչցնէր իբրեւ Երրորդութիւն, Հին կտակարանի մարդիկը ո՞րքանով պիտի կրնային զայն ճանչնալ իբրեւ այդպիսին, եւ եթէ զայն ճանչնային իբրեւ Երրորդութիւն, արդեօք իրենց ըրածը պիտի չշփոթէի՞ն բազմաստուածապաշտութեան հետ: Մենք զԱստուած կը ճանչնանք եւ կը դաւանինք իբրեւ Երրորդութիւն, որովհետեւ Քրիստոս Ինք այդպէս ուսուցանեց: Երբ կը նայինք Հին կտակարանին, հոն կը գտնե՞նք Սուրբ Երրորդութեան հաւատալիքը: Հօր Աստուծոյ մասին Հին կտակարանը կը խօսի բացայայտ եզրերով: Բայց պէտք է ըսել, որ այնտեղ առհասարակ երկու բառեր՝ «Աստուած» անունը եւ «Տէր» տիտղոսը շատ կը գործածուին, առանց ճշդելու թէ խօսքը որո՞ւ մասին է, Հօ՞րը, Որդիի՞ն, թէ՝ Հոգիի՞ն: «Աստուած» անունը եւ «Տէր» տիտղոսը ընդհանուր եզրեր են, որոնք կրնան երեքին ալ պատշաճիլ»:

Հատորին գրախօսականը կարելի չէ ներկայացնել այս համառօտ գրութեամբ։ Ինչպէս որ հունձքի ժամանակ ծառաները բերքահաւաքի կը լծուին, այնպէս ալ մենք՝ Եկեղեցւոյ ծառաներս, կանչուած ենք Զարեհ սրբազանին առատ հունձքին պտուղները հաւաքելու, որպէսզի բաժին ունենանք երանեալ այս հոգեւորականին թողած հոգեւոր կտակէն։ Հատորը՝ սրբազանին առաքինութեան շտեմարանէն յայտնաբերուող սուրբ նշխարներուն օրհնաբեր պատառները ըլլալով, մեզ հաղորդակից կը դարձնէ աստուածային լուսանորոգ գերազանց շնորհքին։ Լուսահոգի այս եկեղեցականին մշտադալար անդաստանէն օրհնուելու, անոր հաւատքի պտուղները ճաշակելու գեղեցկագոյն առիթն է այս հրատարակութիւնը, որուն գրութիւնները կենսատու ջուրի վտակին ակունքն են, որ կ՚անցնին քրիստոսապատկան հողաշերտերէն՝ Եկեղեցիէն, աճեցնելու համար հաւատքին հունտերը։

Ներկայիս, քմահաճ բացատրութիւններ, անձնակեդրոն վերլուծումներ եւ վատառողջ ուսուցումներ փոխանցող աղանդաւորները իրենց թունալից քարոզներով կ՚ուզեն կազմել հօտ՝ առանց հովիւի, մարմին՝ առանց գլուխի եւ մարդահաճոյ նպատակներու ծառայող հաւատք։ Մեկնութեան այս հատորը նման մարտահրաւէրներուն դիմաց կանգնող այն հրաշակերտ կոթողն է, որ իր այժմէական հանգամանքով խաւարասէր աղանդաւորներուն եւ ճշմարտութեան հակառակորդներուն կը հաղորդէ քրիստոնէական հաւատքի սրբազան վկայութեան կենդանի ձայնը եւ անոր աննահանջ կանչը փրկութեան։

Այս համեստ գրախօսական-խորհրդածութիւնը կ՚ուզենք աւարտել սրբազան հօր խօսքով. «Մարդը սովորութիւններու գումար մըն է: Մարդուն մտածողութիւնը մանուկ տարիքէն աստիճանաբար կը կազմաւորուի: Երկար ժամանակի ընթացքին կազմաւորուած բան մը, երկվայրկեանի մը ընթացքին չ՚անյայտանար: Դարձը կրնայ վայրկեանի մը ընթացքին ըլլալ, բայց դարձին յաջորդող ներքին փոփոխութիւնը, ամբողջ կեանք մը կրնայ խլել մեզմէ: Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մինչեւ հասնինք Քրիստոսի կատարեալ նմանութեան» (Եփ 4,13): Կարեւորը Քրիստոսի նմանութեան հասնելու այդ ճիգին մէջ մնալն է տեւաբար: Մեզմէ ո՛չ ոք կատարեալ է, ո՛չ ոք կատարելապէս մաքուր է, բայց մեր կեանքին նպատակը ուրիշ բան պէտք չէ ըլլայ, եթէ ձգտում մը դէպի Քրիստոսապահանջ աստուածային այդ կատարելութիւնը (Հմմտ. Մտ 5,48)»:

«ՀԱՒԱՏՈՅ ՀԱՆԳԱՆԱԿ»

Հաւատամք ի մի Աստուած.
ի Հայրն ամենակալ.
Յարարիչն երկնի եւ երկրի.
երեւելեաց եւ աներեւութից:
Եւ ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս. յՈրդին Աստուծոյ.
ծնեալն յԱստուծոյ Հօրէ. Միածին.
այսինքն՝ յէութենէ Հօր:
Աստուած՝ յԱստուծոյ. լոյս՝ ի լուսոյ.
Աստուած ճշմարիտ՝ յԱստուծոյ ճշմարտէ.
ծնունդ եւ ո՛չ արարած:
Նոյն ինքն ի բնութենէ Հօր.
որով ամենայն ինչ եղեւ յերկինս եւ ի վերայ երկրի.
երեւելիք եւ աներեւոյթք:
Որ յաղագս մեր մարդկան եւ վասն մերոյ փրկութեան
իջեալ յերկնից՝ մարմնացաւ. մարդացաւ.
ծնաւ կատարելապէս
ի Մարիամայ սրբոյ կուսէն՝ Հոգւովն Սրբով,
որով էառ զմարմին. զհոգի եւ զմիտ.
եւ զամենայն որ ինչ է ի մարդ.
ճշմարտապէս եւ ո՛չ կարծեօք:
Չարչարեալ. խաչեալ. թաղեալ,
յերրորդ աւուր յարուցեալ,
ելեալ ի յերկինս նովին մարմնովն.
նստաւ ընդ աջմէ Հօր,
գալոց է նովին մարմնովն եւ փառօք Հօր՝
ի դատել զկենդանիս եւ զմեռեալս,
որոյ թագաւորութեանն ո՛չ գոյ վախճան:
Հաւատամք եւ ի Սուրբ Հոգին.
յանեղն եւ ի կատարեալն.
որ խօսեցաւ յօրէնս եւ ի մարգարէս եւ յաւետարանս,
որ էջն ի Յորդանան.
քարոզեաց յառաքեալսն
եւ բնակեցաւ ի սուրբսն:
Հաւատամք եւ ի մի միայն
Ընդհանրական եւ Առաքելական (Սուրբ) Եկեղեցի:
Ի մի մկրտութիւն. յապաշխարութիւն.
ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց:
Ի յարութիւն մեռելոց.
ի դատաստանն յաւիտենից՝ հոգւոց եւ մարմնոց.
յարքայութիւնն երկնից եւ ի կեանսն յաւիտենականս:

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018