Մեռելոցի Եւ Գերեզմանօրհնէքի Հայկական Գեղեցիկ Աւանդութիւնը

Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ օ­րա­ցոյ­ցին հա­մա­ձայն, հինգ տա­ղա­ւար­նե­րու յա­ջոր­դող Եր­կու­շաբ­թի օ­րե­րը կը կո­չուին մե­ռե­լոց, այ­սինքն՝ մեր հան­գու­ցեալ­նե­րու յի­շա­տա­կը հա­ւա­քա­կան կեր­պով յար­գե­լու սահ­մա­նուած յա­տուկ օ­րեր: Տա­րուան 365 օ­րե­րու հեւ­քոտ ըն­թաց­քը մեր աչ­քին առ­ջեւ ու­նե­նա­լով, երբ յա­ճախ ապ­րող­ներս ալ զի­րար ալ կը մոռ­նանք, կը տես­նենք, որ մեր հայ­րե­րու կար­գադ­րու­թիւ­նը որ­քա՜ն ի­մաս­տուն է: Ար­դա­րեւ, այդ օր մեզ­մէ բաժ­նուած հա­րա­զատ­նե­րը կը դառ­նան մեր կեան­քին ա­ռանց­քը, կը յի­շենք զի­րենք, կ՚այ­ցե­լենք ա­նոնց մա­սունք­նե­րու երկ­րա­ւոր վեր­ջին տա­ղա­ւա­րը, հա­ւատ­քի ու ա­ղօթ­քի ճամ­բով կը վե­րա­միա­նանք ի­րա­րու եւ կը բաժ­նենք կան­խող մեծ տօ­նե­րու խոր­հուրդն ու օրհ­նու­թիւն­նե­րը: Ի­րա­րու հետ բաժ­նել, միա­սին տօ­նել եւ ոչ թէ միայն սգալ ա­նոնց կո­րուս­տը, ա­հա ա՛յս է հիմ­նա­կա­նին մէջ մե­ռե­լո­ցի օ­րուան հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը:

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան հա­մա­ձայն, ե­կե­ղեց­ւոյ մաս կը կազ­մեն այս աշ­խար­հի մէջ ապ­րող եւ այս կեան­քէն մեկ­նած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, ծա­նօթ՝ Զի­նուո­րեալ ե­կե­ղե­ցի եւ Յաղ­թա­կան ե­կե­ղե­ցի ա­նու­նով: Մենք եւ հան­գու­ցեալ­նե­րը կը կազ­մենք մէկ ամ­բող­ջու­թիւն եւ կ՚ապ­րինք հո­գե­ւոր նոյն շրջա­նա­կին մէջ: Մենք կը հա­ւա­տանք, որ մեր հան­գու­ցեալ սի­րե­լի­նե­րուն հո­գի­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ մե­զի հետ սպա­սե­լով մեր Տի­րոջ երկ­րորդ գա­լուս­տին: Յի­սուս ը­սաւ՝ «Ով որ իմ խօսքս գոր­ծադ­րէ, յա­ւի­տեան պի­տի չմեռ­նի» (Յովհ. 8.51): Մեր սի­րե­լի­նե­րը ապ­րե­ցան այս կեան­քի մէջ՝ հա­ւա­տա­լով Քրիս­տո­սի եւ մեկ­նե­ցան այս աշ­խար­հէն: Մենք կը յի­շենք զա­նոնք ա­մէն օր, կը քա­լենք ա­նոնց ճամ­բա­նե­րէն, ա­նոնց ա­նուն­նե­րը կու տանք մեր զա­ւակ­նե­րուն՝ հա­ւա­տա­լով, որ ա­նոնք չեն կորսուիր մո­ռա­ցու­թեան ու ա­նօ­թու­թեան մէջ, այլ մեր մի­ջեւ ե­ղող հո­գե­ւոր կա­մուր­ջը ան­խա­փան կը մնայ:

Մե­ռե­լո­ցի օ­րե­րուն մեր ննջե­ցեալ­նե­րու գե­րեզ­ման­նե­րուն՝ վրայ կ՚ա­ղօ­թենք: Սա գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թիւն մըն է, որ իր օ­գու­տը ու­նի թէ՛ մե­զի եւ թէ՛ հան­գու­ցեա­լին հա­մար: Մեր օ­գու­տը այն է, որ մեզ կը զօ­րաց­նէ ան­դե­նա­կան կեան­քի մեր հա­ւատ­քին մէջ՝ ի Քրիս­տոս ննջած մեր սի­րե­լի­նե­րուն սէ­րը կեն­դա­նի պա­հե­լով մեր մէջ: Իսկ հան­գու­ցեա­լի պա­րա­գա­յին, ճիշդ է, որ այս ա­րա­րո­ղու­թեամբ ա­նոնք ան­մի­ջա­պէս դրախտ չեն մտներ, բայց կը հա­ւա­տանք սրտի խո­րե­րէն առ Աս­տուած ուղ­ղուած ա­ղօթ­քի ու ա­ղա­չան­քի զօ­րու­թեան, որ­մէ կ՚օգտուին ո՛չ միայն ող­ջե­րը, այ­լեւ՝ մե­ռած­նե­րը:

Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք կը տա­րա­կու­սին այս ճշմար­տու­թեան, կրնան բա­նալ Աստուա­ծա­շունչ մա­տեա­նը եւ այդ­տեղ կար­դալ, որ ող­ջե­րու սրտա­գին ա­ղա­չանք­նե­րուն ըն­դա­ռա­ջե­լով՝ Բա­րե­րարն Աս­տուած ոչ միայն միօ­րեայ մե­ռած Նա­յի­նի պա­տա­նին ու Յայ­րո­սի դուստ­րը կեան­քի կո­չեց, այլ չորս օ­րուան թա­ղուած Ղա­զա­րո­սին կեանք պար­գե­ւեց: Մի­թէ Բա­րե­գութն Աս­տուած որ մօր մը, հօր մը եւ քոյ­րե­րու խնդրանք­նե­րը ան-նը­կատ չթո­ղուց՝ մե­ռել­նե­րը յա­րու­ցա­նե­լով, ար­դեօք պի­տի ան­տե­սէ՞ ննջե­ցեալ­նե­րու մեղ­քե­րուն թո­ղու­թեան հա­մար մեր ա­ղա­չանք­նե­րը: Ա­հա թէ ին­չո՛ւ հա­մար առ­հա­սա­րակ հան­գու­ցեալ­նե­րու հա­մար ե­ղած ա­ղօթք­նե­րը հո­գե­հան­գիստ թէ գե­րեզ­մա­նօրհ­նէք, երբ կը կա­տա­րենք սրտա­բեկ ա­ղա­չան­քով, գի­տա­կից հա­ւատ­քով եւ բա­րե­յոյս ակն­կա­լու­թեամբ, խոր­քին մէջ Աս­տու­ծոյ խնամ­քին կը յանձ­նենք ա­նոնց հո­գի­նե­րը՝ վստա­հե­լով, որ Իր ան­հուն սի­րով Ան լա­ւա­գոյնս կը տնօ­րի­նէ:

Այս հա­ւատ­քով, սի­րե­լի՛ հա­յոր­դի, երբ մե­ռե­լո­ցի օ­րը մոմ վա­ռես հա­րա­զատ­նե­րուդ շի­րի­մին վրայ, զայն վա­ռէ՝ խնդրե­լով, որ Երկ­նա­ւոր Հայ­րը իր ո­ղոր­մու­թեամբ վե­րա­բե­րի ա­նոնց հետ: Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի խօս­քե­րով Տէ­րը «ջնջէ» ա­նոնց «յան­ցանք­նե­րու ձե­ռա­գիր եւ գրէ ա­նոնց ա­նուն­նե­րը կեան­քի գրքին մէջ», իր լոյ­սի խո­րան­նե­րուն մէջ ըն­դու­նե­լով ա­նոնց հո­գի­նե­րը: Խնդրէ նաեւ, որ Աս­տուած լու­սա­ւո­րէ քու միտքդ, որ­պէս­զի քա­լես Իր Միա­ծի­նին խա­չով բացուած ճամ­բա­յէն, որ կեան­քէն Կեանք ա­ռաջ­նոր­դող ճշմա­րիտ ճամ­բան է: Եւ փառք տուր Աս­տու­ծոյ, որ որ­պէս հայ քրիս­տո­նեայ, մայ­րա­կան ար­գան­դէն քե­զի այս կեան­քին հրա­ւի­րե­լէ ետք, մա­հուամբ՝ երկ­րի ար­գան­դէն քեզ ճշմա­րիտ եւ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քին պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017