ՁԱՆՁՐԱՆԱԼԷ ԽՈՒՍԱՓԻԼ

Այն պահուն, երբ քորոնաժահրի համաճարակը իր զանազան ձեւերով կը ձգձգուի, կը քաշքշուի, մեկուսացումը իր բոլոր անպատեհութիւններով կը տնտնայ, դուք վստահաբար կը ձանձրանաք եւ ատիկա կրնայ վատ ըլլալ: Ըստ վերջերս «Պի. Պի. Սի.»ի կայքին մէջ տպուած յօդուածի մը, դրամին միւս երեսն ալ կայ…

*

ՁԱՆՁՐՈՅԹԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ԼԱՒ ԿԱՄ ՎԱՏ ՈՒԺ ԴԱՌՆԱԼ

Մինչեւ համաճարակը 29-ամեայ Էնտի Հըսուն իր ժամանակը կ՚անցընէր համերգներով եւ ընկերներուն հետ խմելով: Բայց երբ մարտ ամսուան կիսուն Սան Ֆրանսիսքոն փակուեցաւ, ծրագրաւորող ճարտարագէտը խրուեցաւ իր բնակարանին մէջ: Ան դիմեց իր նախասիրած ժամանցին՝ տեսախաղերուն:

Որոշ ատեն ետք նոյնիսկ անոր սիրած խաղը գոհացուցիչ չէր: Յաջորդը, ան փորձեց քարաոքէն, բայց չկրցաւ երկար շարունակել՝ «դրամապանակին պարունակութեան յարմար չէր»:

Յունիսին անոր սենեկակիցները այլ վայր տեղափոխուեցան: Առանձին մնալով՝ սկսաւ աւելի ձանձրանալ:

Էնտի Հըսուն համաճարակին պատճառած ձանձրոյթէն տանջուող բազմաթիւ անձերէն մէկն է:

Դժուար է ըսել, թէ ամբողջ աշխարհի մէջ քանի՛ մարդ կը տանջուի ձանձրոյթէ, բայց Իտալիոյ մէջ փակումի ենթարկուած 3500 մարդոց մասնակցութեամբ կայացած հարցախոյզի մը արդիւնքը ցոյց տուած է, որ ձանձրոյթը մեկուսացման ամենէն տարածուած բացասական հոգեբանական ազդեցութիւններէն մէկն էր:

Սկիզբը, երբ համաճարակը թարմ էր, փակումը նոր էր, տանելի էր: Բայց ատիկա շուրջ տարի մը առաջ էր: Երբ համաճարակը ձգձգուեցաւ, ձանձրոյթը սկսաւ:

Առաջին հայեացքով ձանձրոյթը կրնայ թուիլ որպէս չնչին խնդիր. արդարեւ, բաղդատելով սանձարձակ վարակի, աշխատատեղերու կորուստի եւ մահուան հետ, քանի մը դատարկ ժամեր անցընելը կրնայ քիչ մը եսակեդրոն թուիլ:

Բայց ձանձրոյթը կրնայ պատճառել որոշ իրական խնդիրներ: Մարդիկ, որոնք հակուած են ձանձրոյթի, աւելի շատ խախտած են հասարակական հեռաւորութեան կանոնները եւ մասնակցած բազմամարդ հաւաքոյթներու:

Ընդհանրապէս քորոնայի դէմ որդեգրուած միջոցառումները կը յառաջացնեն ձանձրոյթ, որ կրնայ դժուարացնել մարդոց պատշաճ վերաբերմունքը:

Այս անհանգստութիւնները, անշուշտ, կը հետեւին այլ տագնապալի միտումներու: Այդ յատկապէս մտահոգիչ է, երբ աւելի վարակիչ տարբերակներ ի յայտ կու գան: Բայց հետազօտողները կ՚ըսեն, որ մենք կրնանք ընտրել, թէ ինչպէ՛ս կը յաղթահարենք տկարանալու այդ զգացումը:

Ձանձրոյթը կրնայ ուժ ըլլալ դէպի լաւը կամ վատը: Մենք ինչպէ՞ս կ՚արձագանգենք, ա՛յդ է տարբերութիւնը:

ՁԱՆՁՐՈՅԹԻ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ

Ձանձրոյթը յուզական եզակի վիճակ է: Ատիկա ձեզ շրջապատող աշխարհին կապուած դժգոհութեան եւ առաջարկուող գործունէութեան նկատմամբ անտարբերութեան զգացողութիւնն է՝ ըլլայ ատիկա աշխատանք, գիրք կամ տեսախաղ: Եւ ատիկա անյարմար է:

«Մենք կ՚ուզենք ներգրաւուիլ աշխարհին հետ, բայց ատիկա առեղծուած է, որովհետեւ չենք ուզեր մեր առջեւի գործերը ընել», կ՚ըսէ Ուոթըրլօ համալսարանի դասախօս Ճէյմս Տանքերթ, որ հեղինակ է ձանձրոյթի եւ համաճարակի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու:

Որոշ մարդիկ աւելի խոցելի են ձանձրոյթէ, քան միւսները: Տղամարդիկ կիներէն քիչ մը աւելի շատ կը ձանձրանան, իսկ երեխաներն ու դեռահասները աւելի շատ կը ձանձրանան, քան իրենց ծնողները:

Յետագային նոյնպէս կայ ձանձրոյթի աճ, երբ մարդիկ կը սկսին աւելի առանձին զգալ: Բայց անկախ ձեր տարիքէն կամ սեռէն, ձանձրոյթը կեանքի փաստ է: Բոլորս ալ ատիկա կը զգանք իւրաքանչիւր տարիքի:

Ձանձրոյթն այն է, որ մեր ուղեղը կ՚ըսէ, թէ ժամանակն է այլ բան ընելու: Ատիկա ազդանշան է. այն բանը, որ մենք հիմա կ՚ընենք, ինչ-ինչ պատճառներով չի բաւարարեր մեզ:

Կրնայ ըլլալ, որ ատիկա հետաքրքրական չէ, կամ որեւէ պատճառով տուեալ գործունէութիւնը անիմաստ կը թուի, եւ այդ անհանգիստ, չկեդրոնացուած զգացողութիւնը կը խթանէ մեր ուղեղը՝ գտնելու նոր գործողութիւններ:

Ձանձրոյթը կապուած է վտանգի դիմելու, ինչպէս թմրեցուցիչի եւ ոգելից ըմպելիի օգտագործումը, նաեւ ինքզինքին վնաս պատճառելու հետ:

Ամէն ոք նոյն ձեւով չի ձանձրանար: Ձանձրոյթը կ՚որոշուի ուշադրութիւն դարձնելու անկարողութեամբ կամ այն պատճառով, որ առաջադրանքը չափազանց դժուար է, չափազանց դիւրին կամ պարզապէս մեզի համար այս պահուն՝ անիմաստ:

Համաճարակին ընթացքին մեզմէ շատեր կը ձանձրանան, տաղտուկի մէջ կ՚իյնան, որովհետեւ չենք կրնար տեսնել մեր ընկերները եւ շատ քիչ բան ունինք ընելիք: Միւսները կրնան խառնաշփոթ աշխատիլ երեխաներու հետ եւ ամբողջովին ծանրաբեռնուած կը զգան: Անոնք կը ձանձրանան, որովհետեւ ընելիք չափազանց շատ բան ունին եւ չեն կրնար կեդրոնանալ իրենց աշխատանքին վրայ:

Բայց համաճարակը ստեղծած է ընդհանուր փորձառութիւն մը՝ վերահսկողութեան կորուստ: Կորսնցուցած ինքնավարութիւնը շատ աւելի կը դժուարացնէ ուղղել մեր ձանձրոյթը, անկախ անկէ, թէ ի՛նչ է պատճառը:

Մտահոգիչ է այն հարցը, թէ ինչպէս ձանձրոյթը կրնայ ազդել համաճարակի ընթացքին հասարակական հեռաւորութեան պահպանման վրայ, մանաւանդ որ ձանձրոյթէ տառապող մարդիկ աւելի քիչ կը հետեւին կանոններուն:

Այդուհանդերձ, ըստ մասնագէտներու, կարելի չէ վերջնականապէս ըսել, որ ձանձրոյթը, մասնաւորապէս մարդիկը կը ստիպէ վատ ընտրութիւն կատարել համաճարակի ընթացքին: Տուեալները պարզապէս տակաւին չկան:

ԽԱՓԱՆԵԼ ՁԱՆՁՐՈՅԹԸ

Մարդոց զգացած ձանձրոյթին տարբեր պատճառները հասկնալը կարեւոր է զանոնք այդ վիճակէն դուրս բերելու ծառայող լուծումներ գտնելու համար: Եւ մենք կրնանք լաւ լուծումներ գտնել:

Ձանձրոյթը անպայմանօրէն վատ ընտրութեան չի հասցներ: Կարեւոր են այն տարբերակները, զորս մարդիկ ունին: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ձանձրոյթը կրնայ խրախուսել լաւ վարք՝ բարեսիրութիւն, նը-ւիրատուութիւն կամ արեան տուչութիւն:

Ձանձրոյթը լաւ կամ վատ չէ, ատիկա իսկապէս կը վերաբերի ատոր արձագանգելու ձեւերուն եւ պատասխանելու կերպերուն, որոնք կը սահմանափակուին մեր միջավայրին եւ ընտրութիւններուն մէջ:

Նոյնիսկ համաճարակի բազմաթիւ սահմանափակումներու գոյութեան պայմաններուն մէջ կան բազմաթիւ ձեւեր, որոնք մարդիկ կրնան դուրս բերել իրենց ձանձրոյթէն, աւելի շատ մարդիկ ներսը պահել՝ յանուն հանրային առողջութեան:

Առաջինը՝ կարեւոր է դադրեցնել այն փաստը, որ դուք կը ձանձրանաք: Այն բոլոր բաները, որոնք դուք կ՚ընէք, ձեզ կը կեդրոնացնէ այդ անյարմար զգացումին վրայ:

Ատիկա կրնայ դրդել մարդիկը ընտրելու առաջին իսկ մատչելի բանը, օրինակ՝ ընկերոջ տունը երթալ անոր հետ տեսակցելու՝ առանց իսկապէս նկատի առնելու հետեւանքները:

Պէտք է փակել, զսպել ձանձրոյթի այդ ծանր պահը, նախքան տունէն ելլելը: Մտածեցէք, թէ ինչո՛ւ կը ձանձրանաք: Դուք արդէն 11 ամիսէ փակման մէջ եղած էք, եւ 100 առ հարիւրով չէք ձանձրացած:

Հասկնալը, թէ ինչո՛ւ չէք բաւարարուիր որեւէ գործողութենէ, կրնայ օգնել ձեզի գըտ-նելու ճիշդ այլընտրանք:

Ուեսթկէյթ իրականութեան մէջ պատրաստած է ցուցակ մը, ուր կան առաջարկներ, որոնք կրնայ գործադրել, երբ ձանձրանայ:

«Այժմ ես 52 տնային բոյս ունիմ: Երբ համաճարակը սկսաւ, ես ատոնք չունէի: Այնպէս որ, ես ձանձրոյթը կը դրսեւորեմ ու կը վանեմ տնային պարտէզին մէջ», կ՚ըսէ ան եւ կ՚աւելցնէ. «Պէտք չկայ մեծ բան ընելու, որպէսզի փոխես քու հոգեկան վիճակդ: Գործողութիւնը կրնայ ըլլալ բաւական անմիտ բան մը, ինչպիսին է դիւրին ձեռագործ մը կամ գաւաթ մը սուրճ խմելը, երբ իսկապէս կը փափաքիս: Խօսքը այն մասին չէ, որ հսկայական բան մը կատարուի: Այլ գտնել գործողութիւն մը, որ այդ պահուն իմաստալից կը զգաս»:

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ գտնուող Հըսուին համար ձանձրոյթը առիթ էր հետապնդելու այնպիսի հետաքրքրութիւններ, որոնք ան երբեք առաջնահերթ չէր նկատեր: Ան սկսաւ երգի դասեր առնել: Ան անհամբեր կը սպասէ, երբ ուրիշ անգամ անոնք պիտի կարողանան միասին քարաոքէ ընել, շլացնել իր ընկերները եւ սկսաւ գործածել ելեկտրական սքէյթպորտ, որ անոր կարելիութիւն կու տայ անվտանգ շրջագայիլ քաղաքին մէջ՝ առանց ինքնաշարժ վարելու կամ հանրակառք բարձրանալու, եւ կ՚օգնէ անոր նաեւ մաքուր օդ ստանալու: Ան նոյնիսկ տեսախաղերու նկատմամբ իր հետաքրքրութիւնը ուղղեց աւելի գոհացուցիչ բանի՝ երկրորդական վարժարանի ելեկտրոնային մարզական խումբի մարզում: Անկախ անկէ, թէ սիրած քանի՛ զբաղում կ՚ունենաք, ի վերջոյ՝ համաճարակ, թէ՝ ոչ, ձանձրոյթը կը յայտնուի:

Բայց փոխանակ յուսախաբ ըլլալու կամ այդ ձանձրոյթը որպէս պատրուակ օգտագործելու՝ անխոհեմ վարքը արդարացնելու համար, հետազօտողները կ՚ըսեն, որ ուշադրութիւն դարձուցէք, պարզեցէք, թէ ինչո՛ւ ձեր ուղեղը բաւարարուած չէ, ապա այդ տեղեկութիւնները գործածեցէք ձեր ընտրութիւնը ղեկավարելու համար: Եւ խորունկ շունչ քաշեցէք:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Յուլիս 17, 2021