Աղասի Այվազեան. Տաղանդաւոր Գրողն ու Իրաւ Մտաւորականը

Սեպտեմբերի 7-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը ժամանակակից մեր գրականութեան մեծատաղանդ արձակագիրներէն Աղասի Այվազեանի (1925-2007)։

7 սեպտեմբեր 1925-ին, Խորհրդային Վրաստանի Ապասթուման աւանին մէջ, հայոց պատմական Կարին քաղաքէն գաղթած հայ ընտանիքի յարկին տակ ծնաւ շնորհալի մանուկ մը՝ Աղասի Այվազեան անունով, որ խորհրդային կոչուած աշխարհին մէջ մաքառելով իր ուղին հարթեց եւ կրցաւ, գեղարուեստական իր տաղանդով ու գրական ստեղծագործութեան բեղուն վաստակով, դառնալ հայ արձակի եւ բեմագրութեան արժանաւոր վարպետներէն մին, այլեւ՝ հայ մտաւորականի իրա՛ւ տիպար մը։

Աղասի Այվազեան արձակագիր էր ու թատերագիր, հրապարակախօս էր ու բեմագրիչ, բեմադրիչ էր, խմբագիր ու գեղանկարիչ։ Ապրեցաւ մինչեւ մեր ժամանակաշըր-ջանը եւ անխոնջ ստեղծագործեց։ Եւ երբ 21 նոյեմբեր 2007-ին առյաւէտ փակեց միշտ կրակով լեցուն իր աչքերը, հայ ժողովուրդը անվարան իր անմահներու համաստեղութեան արժանացուց մեծատաղանդ հայ արձակագիրը։

Իր կենդանութեան արդէն Աղասի Այվազեան նուաճած էր հայ գրականութեան մեծերու փաղանգին արժանաւորապէս մաս կազմելու իրաւունքը։ Խորհրդային Հայաստանի պետական մրցանակակիր եղած էր 1975-ին, իսկ արուեստի վաստակաւոր գործիչի տիտղոսին տիրացած էր 1982-ին։ Ան բախտաւոր տաղանդներէն եղաւ, որ իր մէկ հատիկ գործով՝ 1960-ականներուն լոյս տեսած, բեմագրը-ւած ու շարժանկարի վերածուած «Եռանկիւնին» վիպակով, հմայեց ու գրաւեց ոչ միայն հայ հասարակութիւնը, այլեւ՝ օտարները, արժանանալով բազմաթիւ մրցանակներու։

Գեղարուեստական ու մասնագիտական պատրաստութեան եւ հըմ-տութեան տէր էր Աղասի Այվազեան. աւարտած էր Թիֆլիզի Գեղարուեստական ակադեմիան (1942-ին), Թիֆլիզի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը, Երեւանի Գեղարուեստաթատերական եւ բնագիտական կուլտուրայի հիմնարկները 1945-1948 թը-ւականներուն։ Ստեղծագործական կեանքի ասպարէզ նետուելով՝ աշխատեցաւ իբրեւ նկարիչ, գծագրող եւ լրագրող։

1963-ին ընդունուեցաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ, 1965-1973 թուականներուն միջեւ եղաւ Միութեան պաշտօնաթերթ «Գրական Թերթ»ի արձակի բաժնի վարիչը. 1973-1981 թուականներուն ստանձնեց «Էկրան» ամսագրի գլխաւոր խմբագրի պատասխանատուութիւնը։ Տասնամեակներ, իբրեւ բեմադրիչ, աշխատեցաւ «Հայֆիլմ» շարժանկարի աշխատանոցին մէջ, ուր 1967-ին, Աղասի Այվազեանի մշակած բեմագրութեամբ, նկարահանուեցաւ «Եռանկիւնին» շարժանկարը, որ երկրորդ մրցանակը շահեցաւ 1968 թուականի լենինկրատեան համամիութենական փառատօնին։ 1990-ականներու սկզբնաւորութեան Աղասի Այվազեան խմբագրեց «Հայութիւն» շաբաթաթերթը:

Մեծ է Աղասի Այվազեանի թողած գրական ժառանգը՝ վէպ, վիպակ, պատմուածք, բեմագրութիւն։ Գրականագիտական առանձին լուսարձակի արժանի են այդ հարուստ վաստակին ըստ արժանւոյն քննարկումն ու գնահատումը։

Դժուարութիւններով լեցուն կեանք մը վիճակեցաւ հայ մեծ արձակագրին։ Դառնութեան եւ տառապանքի ծնունդ եղաւ անոր գեղարուեստական վաստակը, որ նը-ւաճուեցաւ քրտնաջան աշխատանքով, անձնական հալածանքներ դիմագրաւելու ծանր պայքարով, բայց միաժամանակ հայ ժողովուրդին ու ազգային մեր արժէքներուն նկատմամբ անհուն սէրով ու պաշտամունքով։

Խոհուն եւ ինքնատիպ աշխարհայեացքի տէր հեղինակութիւնն է Աղասի Այվազեան։ Իր իսկ խոստովանութեամբ՝ «Ինծի համար կայ երկու ազգային գրող՝ Ուիլիըմ Սարոյեան եւ Եղիշէ Չարենց. իսկ Ալեքսանդր Թամանեանը չափանիշ է. հայ մարդու կատարեալ չափանիշ: Ես ուրախ ու հպարտ եմ, որ հայ եմ»:

Անդրադառնալով իր անցած կեանքի դժուար ուղիին՝ առիթով մը հեղինակը նշած է.- «Ցաւօք, իմ կեանքի մէջ զիս խանգարող մարդիկ շատ եղած են: Իմ հոգիին մէջ կուտակուած սպիները շատ խոր են: Ես կը փորձեմ սպեղանի դնել ցաւը մեղմացնելու համար, բայց անցեալը չի մոռցուիր: Եղած են օրեր, երբ քաղցած գիշերած եմ, բայց ատիկա ինծի ուժ տուած է: Բարեբախտաբար, եղած են մարդիկ, որոնք օգնութեան ձեռք մեկնած են: Իւրաքանչիւրիս մէջ ալ կ՚ապրի նախանձը, բայց զայն կարելի է փոքրացնել: Միայն միմեանց օգնելով կարելի է հասնիլ յաղթանակի»:

Ճակատագիրը այդպէ՛ս՝ դժուար ուղի մը վերապահեց Աղասի Այվազեանին մանկութեան իսկ օրերէն։ Ինչպէս ինք կը նշէ՝ «Հայրս էրզրումցի դարբին էր: Մանկութիւնս ու պատանեկութիւնս անցած են Ախալցխայի մէջ: Շատ դժուար օրեր ունեցած եմ: Հայրս ամբողջ օրը կ՚աշխատէր մի կտոր հաց վաստակելու համար»: Եւ մանկութեան այդ խոր յիշողութեանց արգասիքը եղաւ «Եռանկիւնին», որ վաւերական բարձունքի առաջնորդեց հայ արձակը՝ աւանդականին ու արդիականին բարձրարժէք համադրումը նուաճելով։

Կեանքի եւ ստեղծագործական ճանապարհի իր ուրոյն փիլիսոփայութիւնը ունէր Աղասի Այվազեան։ Ապրեցաւ ու գործեց իրա՛ւ երջանկութեան հասնելու անսանձ մղումով եւ այն հաւատքով, որ «Անհրաժեշտ է երկար ապրիլ՝ երջանկութեան իմաստը հասկնալու համար: Ես երջանկութիւն կը փնտռեմ գրականութեան, նկարչութեան ու թատրոնի մէջ: Արժանացած եմ բազմաթիւ մրցանակներու, պատուոյ գիրերու, Սովետական Հայաստանի պետական մրցանակի առաջին դափնեկիրն եմ, սակայն ատոնք ինծի երբեւէ երջանկութիւն չեն բերած: Երբեւէ չեմ ձգտած պաշտօնի եւ գիտեմ, որ այդ զիս չ՚երջանկացներ: Ինծի համար լիակատար երջանկութիւնը աշխատանքիս պահն է: Ես ամբողջովին կ՚ընկղմիմ ու կը նուիրուիմ իմ գործին: Շատ ուժեղ է իմ ստեղծագործական գրգիռը: Եթէ մի օր այն հանգչի, ես կը դժբախտանամ»:

Նման ստեղծագործ մարդու ներաշխարհով եւ մտաւորական ուրոյն աշխարհայեացքով օժտուած՝ հայ մեծ արձակագիրը միշտ պատգամ մը ունէր հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներուն, որովհետեւ՝ ինչպէս կը շեշտէր իր կեանքի վերջալոյսին կտակած պատգամով՝ «Ժամանակակից սերունդը աւելի լայն հնարաւորութիւններ ունի ստեղծագործելու, ինքզինք արտայայտելու համար: Արուեստի սկիզբը ազատութիւնն է: Նախապէս արուեստը պատուած էր սեւով, այսօր այդ մթութեան մէջ մի փոքրիկ կրակ կ՚առկայծի: Ես լաւատես եմ ու համոզուած եմ, որ սերունդներու ջանքերու շնորհիւ այդ փոքրիկ կրակը կը մեծնայ, կը լուսաւորէ ու կը ջերմացնէ: Համոզուած եմ, որ կ՚ունենանք նոր տաղանդներ՝ Թամանեաններ, Չարենցներ, Սարոյեաններ, եւ այդ կ՚ըլլայ մեր մեծ բարոյական յաղթանակը»:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2018