«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՀԱՅՀՈՅԱԼԻՑ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՐՀԱՄԱՐՀԱՆՔ

• Ով Ռոնտա: Ծառայութեան ժամանակ ինչպէ՞ս վռտնեմ հայհոյալից մտածում մը:

- Սաղմոսերգութեամբ. «Բերանս կը բանամ՝ հոգիով կը լեցուի»: Երաժշտութիւն չե՞ս գիտեր:

- Արհամարհէ այդ մտածումը, որովհետեւ երբ մարդ հայհոյալից միտքերուն տեղի կու տայ աղօթքի ժամանակ, կը նմանի այն զինուորին, որ ձեռնառումբը կը բանայ՝ իր հաշուետուութիւնը ներկայացուցած ժամանակ:

- Իսկ եթէ յամառի:

- Այդ ատեն պէտք է գիտնաս, որ քու ներսիդիդ բնակելու տեղ մը ունի: Կատարեալ լուծումը այս հարցին կը կայանայ, ամբողջութեամբ սատանան արհամարհելուն մէջ, նկատի ունենալով, որ ան չարամտութեան ուսուցիչն է: Աւելի լաւ է, որ այդ պահուն չաղօթել, որովհետեւ մեր զբաղուածութիւնը ցոյց կու տանք, այն ատեն՝ երբ սատանան անընդհատ մեր վրայ կը յարձակի հայհոյալից մտածումներով: Աւելի լաւ է, որ շարական երգենք. այդպէս կ՚ընեն օրինակ փոքրիկները, երբ ուզեն արհամարհել իրենց չարութիւն ընող ընկերներէն մէկը, որով կը սկսին երգել «թրալալա», իսկ մենք կը սաղմոսերգենք, որովհետեւ սաղմոսերգութիւնը [շարականը] Աստուծոյ բարձրացող աղօթք է եւ միաժամանակ սատանային արհամարհանք:

- Ո՜վ Ռոնտա։ Երբ նման իրավիճակի մը մէջ ըլլամ, չեմ կրնար սաղմոսերգել եւ ո՛չ ալ Հաղորդութեան մօտենալ:

- Վտանգաւոր պարագայ է: Սատանան կը շրջապատէ քեզ. գնա՛ սաղմոսերգէ եւ մօտեցիր Հաղորդութեան, քանի որ այդ մտածումները քեզմէ չեն. սաղմոսերգէ՛…, որով սատանան իր պայուսակները կը հաւաքէ ու կը հեռանայ…:

ԵՐԲ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼԻ Կ՚ԸԼԼԱՆՔ ՀԱՅՀՈՅԱԼԻՑ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

- Ո՜վ Ռոնտա, երբ չար ու հայհոյալից մտածումներ կու գան ինծի՝ հակառակ իմ կամքին, արդեօք յանցաւոր կ՚ըլլա՞մ:

- Եթէ նեղուիս ու չընդունիս զանոնք, հետեւաբար ոչինչ են:

- Ո՜վ Ռոնտա, մարդ ե՞րբ դատապարտելի կ՚ըլլայ հայհոյալից մտածումներուն համար:

- Եթէ չնեղուի ու սկսի հետաքրքրուիլ այդ միտքերով, այդ պարագային յանցաւոր կը դառնայ: Եւ ինչքան հայհոյալից մտածումներ որ ընդունի, ատով ան սատանային պատճառած անհանգստութիւնը կ՚ընդունի: Եւ երբ հայհոյալից մտածում մը յարձակի իր վրայ, սատանայական վիճակի մը մէջ կը յայտնուի, եթէ իր միտքով սկսի հետաքրքրուիլ այդ մտածումով:

- Ո՜վ Ռոնտա, նմանատիպ մտածումները ինչպէ՞ս կը հեռանան:

- Եթէ մարդը նեղուի եւ չսկսի հետաքրքրուիլ անոնցմով, ինքնաբերաբար կը հեռանան, որովհետեւ այն ծառը, որ չի՛ ջրուիր՝ կը չորնայ: Իսկ եթէ ուրախանայ այդ մտածումներով՝ նոյնիսկ վայրկեաններու համար, ատով անոր հող կու տայ, որով հին մարդը կը ջրուի եւ կրկին կը նորոգուի, որով կը դժուարանայ այլեւս այդ հայհոյալից մտածումներու ճիւղերուն չորնալը:

- Ո՜վ Ռոնտա, երբեմն ներքին համաձայնութեամբ կ՚ընդունիմ որոշ հայհոյալից մտածումներ, ապա կ՚ուզեմ հեռացնել, սակայան ժամանակը արդէն իսկ անցած կ՚ըլլայ զանոնք վռնտելու համար:

- Գիտե՞ս ինչ բանէ կը տառապիս: Երբեմն միտքդ ուրիշ տեղ կ՚ըլլայ, որով մտածումդ հետդ չ՚ըլլար, եւ ժամանակդ դատարկ բերանով կ՚անցընես: Այդ ատեն փորձիչը կու գայ, ու բերանիդ մէջ «շաքարի» հատիկ մը կը դնէ, ու կը սկսիս ծծել: Կը զգաս անոր համը, բայց չես կրնար թքել զայն: Պէտք է անմիջապէս թքել զայն՝ անոր համը առնելուն պէս:

- Եւ երբ հայհոյալից մտածումը անցնի, ընդունի՞մ զայն նախ եւ յետոյ վռնտեմ:- Պէտք է «շաքարին» հատիկը, որ սատանան հրամցուց քեզի, անմիջապէս թքես, որովհետեւ նման պարագայի մը վախ կայ, որ սատանան «շաքարի» հատիկ մը հրամցնելէ անցնի մահացու թոյն հրամցնելու:

ՄԻՏՔԻՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ՄՈԼՈՐՈՒԹԵԱՆ ՍԿԻԶԲՆ Է

- Ո՜վ Ռոնտա. երբ կը բարկանամ յորդահոս գետի կը նմանիմ, եւ չեմ կրնար ինքզինքիս տիրապետեմ:

- Ինչո՞ւ չես կրնար դուն քեզի տիրապետել:

- Որովհետեւ միտքիս կը հաւատամ:

- Ա՜հ, երբ քեզի յատուկ հաւատք եւ սահմանդրութիւն ունիս, անձնասիրութեան վրայ կ՚իյնայ մեղքը: Մի՛ արդարացներ միտքդ: Պէտք է այդ յիմար միտքը վռնտես ինքնաբերաբար ու չընդունիս զայն:

- Ինչպէ՞ս կրնամ հասկնալ, որ մտածում մը յիմար է:

- Վանամօր ըսէ անոր մասին, լսէ թէ ինչ կ՚ըսէ եւ հնազանդէ՛ անոր հրամաններուն, այդպիսով կը վռնտես այդ յիմար մտածումը: Հոգեւոր մարդը, երբ իր միտքին վստահի՝ ատիկա իր մոլորութեան սկիզբն է: Հպարտութիւնը, ուղեղին լոյսը կը մարէ, որով խաւարի մէջ կը յայտնուի ու կը մոլորի: Նման պարագայի մը, աւելի լաւ է, որ խենթանայ, որովհետեւ այդ ատեն արդարացումներ ունի եւ որպէս խենթ իրմէ հաշիւ կը պահանջուի:

- Չի՞ կրնար ուրիշներէն օգնութիւն ստանալ:

- Մարդ նախ եւ առաջ պէտք է ինքն իրեն օգնէ, եւ ապա ուրիշներէն օգնութիւն խնդրէ: Պէտք է հասկնայ, որ իր միտքին վստահիլը, որ զինք հերոս կամ սուրբ կը պատկերացնէ, մոլորութիւն է: Խոնարհութիւնն է, որ կը վանէ այս մտածումը: Յաճախ կը խնդրեն ինձմէ, որպէսզի աղօթեմ նման պարագաներու համար: Ի՞նչ աղօթք պիտի աղօթեմ: Ի՞նչ կրնամ ընել մէկու մը համար, որուն մէջ կար սատանային պայթուցիկ պատրոյգը, որ պատրաստ է ամէն երկվայրկեան վառելու: Նման է մարդու մը, որ ձեռքին կայ ձեռնառումբ մը, որուն ապահովիչը հանած է, եւ ուրիշներէն օգնութիւն կը խնդրէ:

- Ո՜վ Ռոնտա, վատ բնաւորութեան տէր դարձայ:

- Ո՞վ ըսաւ քեզի այդ: Մտածո՞ւմդ: Ես Սուրբ Լեռնէն կը հետեւիմ քեզի: Դուն վատ բնաւորութեան տէր մարդ չես: Իսկ եթէ կը հաւատաս մտածումիդ, ապա ան քեզ գլխովին պիտի փոխէ: Մի՛ հաւատար [վստահէ] միտքիդ, ինչքան ալ ըսէ քեզի:

ՄԻՏՔԻՆ ՎՍՏԱՀԻԼԸ ՀՈԳԵԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ

- Ո՜վ Ռոնտա, եթէ մէկը մտածում մը ունենայ, որ բոլորը կը հետեւին իրեն, ապա ինչպէ՞ս կրնայ վռտնել այդ մտածումը:

- Այդ մտածումը սատանայէն է եւ ուշադրութիւն պէտք չէ դարձնէ, աւելի՝ բնա՛ւ պէտք չէ հաւատայ անոր: Կրնայ պատահիլ, որ գէշ մտածում ունեցող մարդ մը տեսնէ իր ծանօթներէն մէկը, որ ուրիշի մը հետ կը խօսի ցած ձայնով, որով կը կարծէ, թէ իր մասին կը խօսին. մինչ անոնք ուրիշ նիւթի մը մասին կը խօսին: Այս մտածումը կամաց-կամաց կը զարգանայ, մինչեւ հասնի այն աստիճանին, որ սկսի մտածել, թէ կը հետեւին ու կը հետապնդեն զինք: Իրականութիւնը այն է, որ սատանան այդ բոլոր բաները պատրաստած է, որպէսզի համոզէ զինք, նոյնիսկ եթէ այս մարդը շօշափելի փաստեր ունի, որ կը հետեւին ու կը հետապնդեն զինք:

Երիտասարդ մը կը ճանչնամ, որ շատ խելացի է, ու կը հաւատայ մտածումի մը, որ կ՚ըսէ իրեն, թէ մտապէս անհաւասարակշիռ է: Այդ մտածումը իրեն համար բազմաթիւ դժուարութիւններ ստեղծեց: Փորձեց ինքնասպան ըլլալ ու յոգնեցուց իր ծնողները, եւ իր ու իր ընտանիքին կեանքը մնայուն չարչարանքի վերածուեցաւ: Ինչ որ չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչպէս նման մարդիկ կ՚ընդունին այդ սատանայական մտածումները, որոնք ձիրքերն ու ընդունակութիւնները կը փճացնեն, ու կեանքը դժոխքի կը վերածեն, եւ մարդիկը կը հեռացնեն Աստուծմէ, որ իրենց բարութիւն կ՚ընէ եւ կը սիրէ զիրենք: Խրատը, այս պարագային ո՛չ մէկ օգուտ ունի: Այդ մարդիկը պէտք է դադրին սատանայական մտածումներուն հաւատալէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4

10 սեպտեմբեր 2020, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2020