ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ը.

ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Հակառակ անոր, որ Ե՛ս եմ Իմ մասիս վկայողը, սակայն ճշմարիտ գիտեմ ուրկէ՛ եկայ եւ ո՛ւր կ՚երթամ» (Յհ 8.14):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ կատարելապէս կը ճանչնամ Հայրը, ուրկէ ելաւ եւ աշխարհ եկայ մարդոց փրկութեան համար, եւ դարձեալ Հօր մօտ կը վերադառնամ: Ասով յայտնի է նախապէս ըսուածը, այսինքն՝ թէ Քրիստոս էութեամբ լոյս է, որովհետեւ Ի՛նքն է Հօրմէն ելած Բանը, ինչպէս լոյսը՝ լոյսէն: Ասիկա այն ատեն հրեաները չիմացան, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

Խօսք. «Դուք չէք գիտեր թէ ես ուրկէ կու գամ եւ ուր կ՚երթամ» (Յհ 8.14):

Մեկնութիւն. Քանի որ Քրիստոսի Աստուածութիւնը չէին գիտեր: Իսկ եթէ մէկը ըսէ, թէ Առակին մէջ գրուած է. «Քեզ քու ընկերդ թող գովէ, բայց ո՛չ քու բերանդ» (Առ 27.2):

Պատասխան. Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ փառասիրութեամբ գովելը մեղք է, իսկ ճշմարտութեամբ՝ գովութիւն, որ ստութիւնը կը խափանէ ու ընդհանուրին օգուտ կը բերէ, առաքինի գործ է:

Եւ գիտելի է, թէ վկայութիւն մը սխալ է, երեք պատճառով. նախ՝ հանճարի տգիտութեան համար: Երկրորդ՝ փառասէր կամքին համար: Երրորդ՝ երբ խօսքն ու իրը չեն համապատասխաներ, այդ ժամանակ վկայութիւնը ընդունելի չէ:

Իսկ Քրիստոսի վկայութիւնը ճշմարիտ է. նախ՝ որովհետեւ գիտէր ուրկէ կու գայ՝ Հօրմէն, եւ ո՞ւր կ՚երթայ՝ Հօր մօտ: Երկրորդ՝ քանի որ Քրիստոսի կամքը անախտ էր եւ զերծ՝ մարդահաճութենէն, որովհետեւ ճշմարիտը ըսաւ, քանի որ Հօր էակից էր եւ բնութեամբ՝ Աստուծոյ Որդի: Երրորդ՝ որովհետեւ ըսաւ. «Ես աշխարհի լոյսը» (Յհ 8.12), եւ այլն: Եւ ճշմարտապէս խօսքն ու իրը հաւասարեցան, քանի որ Իր հաւատացեալներուն լուսաւոր կեանքը կու տայ, մանաւանդ առհաւատչեան այստեղ՝ կոյրերը կը լուսաւորէր, հետեւաբար Քրիստոսի վկայութիւնը Ինքն Իր մասին ճշմարիտ է:

Խօսք. «Դուք ըստ մարմինի կը դատէք» (տե՛ս Յհ 8.15):

Մեկնութիւն. Չորս կերպով է. նախ՝ որովհետեւ հոգիով չէին դատեր եւ ոչ ալ Աստուծոյ կամքով, այլ՝ ըստ իրենց չարութեան, քանի որ այստեղ մարմինի անունով չարութիւնը կ՚ըսէ: Երկրոր՝ որովհետեւ Քրիստոսին Իր զգալի կերպին ու աղքատութեան պատճառով տկար մարդ կը կարծէին: Երրորդ՝ քանի որ ըստ Օրէնքին արտաքին կեղեւին կը քննէին ու կը դատէին Քրիստոսը, եւ ոչ թէ ըստ միտքի իմացումին: Չորրորդ՝ դատելը ըստ մարմինի է, ինչպէս հերձուածողները մարմինը Բանէն կը բաժնեն եւ մեզի հաւասար սոսկ մարդ եւ մարդու բնութիւն բաժանած կը քննեն:

Խօսք. «Ես ոչ ոք կը դատեմ» (Յհ 8.15):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ չեմ դատեր, ինչպէս դուք ըստ արտաքին երեւոյթէն կը դատէք, այլ՝ որպէս Աստուած, սիրտերուն կը նայիմ: Դարձեալ՝ առաջին գալուստիս ոչ ոք կ՚արհամարհեմ կամ կը դատեմ, այլ՝ ձեւը կը ցուցնեմ, սակայն վերջին գալուստին՝ պիտի դատեմ:

Խօսք. «Դատաստանս ճշմարիտ է» (Յհ 8.16):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ հաստատուն:

Եւ պատճառն ալ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Որովհետեւ առանձին չեմ, այլ Իմ հետս է նաեւ զիս ղրկող Հայրը» (Յհ 8.16):

Մեկնութիւն. Նախ՝ անորոշելի անձերը կը նշանակէ, որովհետեւ աստուածային անձերէն մէկը միշտ միւսին մէջ կայ եւ չեն կրնար առանձինն ըլլալ, այդ պատճառով իրարու համագոյակիցներ են, այդ պատճառով Հայրը Քրիստոսի հետ էր միշտ, եւ ինչ որ Քրիստոս կը դատէ, Ան կը դատէ: Դարձեալ՝ քանի որ մէ՛կ է բնութիւնը, իմաստութիւնը, կամքը, փառքը, եւ այլն, այդպէս ալ մէ՛կ է Իր եւ Հօր վկայութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ:

ԵՐԿՈՒ-ԵՐԵՔ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Ձեր Օրէնքին մէջ իսկ գրուած է» (Յհ 8.17):

Մեկնութիւն. Երկրորդ Օրինացի 17-րդ գլուխին մէջ կ՚ըսէ, թէ երկու մարդոց կողմէ տրուած վկայութիւնը ճշմարիտ եւ հաստատ է (հմմտ. Բ. Օր 17.6-7), թէեւ պակաս ունենան ճանաչումը եւ անոնց կամքը չար ցանկութեամբ կրնայ խոտորիլ, ապա ուրեմն առաւել հաստատուն է Հօր եւ Որդիին վկայութիւնը, որոնք ճանաչումի պակասութիւն չունին եւ ո՛չ ալ կամքի թիւրութիւն: Ոմանք կ՚ըսեն, թէ երկու եւ երեք վկայ դրուեցան Աստուծոյ երեք անձնաւորութիւններու խորհուրդին համար, ըստ այնմ. «Երեք են, որոնք երկինքէն կը վկայեն, Հայրը, Բանը եւ Սուրբ Հոգին» (հմմտ. Ա. Յհ 5.8): Իսկ ոմանք կ՚ըսեն, թէ երկու վկաներ կրնան ստել եւ կամքով չարանալ, ինչպէս Շուշանի ծերերը (տե՛ս Դն 13), իսկ երեքը՝ ո՛չ:

Դարձեալ, երբ մէկ կողմը մէկ վկայ ըլլայ, իսկ միւս կողմէ երկու, երկուքը առաւել կերպով կը վկայեն քան մէկը, ու ինչքան շատ են վկաները, առաւել հաստատուն կ՚ըլլայ: Եւ դարձեալ՝ երբ երկու վկաներ ըլլան ու վկայուած, այդպիսով երեք եղան վկաները մէ՛կ Բանին:

Ասիկա ըստ մարդոց վկաներուն:

Ինչ կը վերաբերի Աստուծոյ, երեք անձերէն մէկը հաւատարիմ վկայ է. նախ՝ քանի որ աստուածային անձերէն իւրաքանչիւրը այնպէս հաւատարիմ է, ինչպէս երեքը, որովհետեւ միեւնոյն իմաստութիւնն ու բարութիւնը ունին: Երկրորդ՝ որովհետեւ Քրիստոս ատով Ինքզինք ճշմարիտ Աստուած եւ Հօր հաւասար կը ցուցնէ, քանի որ Իր վկայութիւնը ճշմարիտ է, իսկ մարդուն վկայութիւնը Իրեն համար՝ ճշմարիտ չէ, ինչ բանը յայտնի է Մեկնիչէդ: Դարձեալ՝ կրնանք ըսել, թէ Հօր եւ Քրիստոսի վկայութիւնները բազմադիմի սքանչելի գործերն էին:

Ապա կը ճառէ հրեաներուն դիմադրութիւնը Քրիստոս Բանին դէմ.

Խօսք. «Անոնք հարցուցին Իրեն. Ո՞ւր է Հայրդ» (Յհ 8.19):

Մեկնութիւն. Իբրեւ թէ ըսել, որ Հայրդ այդքան ալ մեծ մէկը չէ, որովհետեւ ան պէտք է անոր հաւատալ, քանի որ զՔրիստոս սոսկ մարդ կը համարէին եւ Յովսէփի Որդի, որ գիտէին թէ աղքատ է:

Խօսք. «Դուք ո՛չ զիս կը ճանչնաք, ո՛չ ալ Հայրս» (Յհ 8.19):

Մեկնութիւն. ԶՔրիստոս որպէս Աստուած չէին ճանչնար, այդ պատճառով ալ Հայրն ալ չէին ճանչնար:

Խօսք. «Եթէ զիս ճանչնայիք՝ Հայրս ալ թերեւս ճանչցած պիտի ըլլայիք» (տե՛ս Յհ 8.19):

Մեկնութիւն. Թէեւ հրեաները հեթանոսներէն աւելի Աստուծոյ ճանաչումը ունէին, ըստ այնմ. «Յայտնի է Հրէաստանի Աստուածը» (Սղ 75.2), եւ այլն, սակայն եռանձնեայ Աստուածութեան խորհուրդը չէին ճանչնար, որ Աւետարանը կը սորվեցնէ, այդ պատճառով ո՛չ հրաները եւ ո՛չ ալ տաճիկները Երրորդութիւնը կը ճանչնան, որովհետեւ չունին Աւետարանը:

Եւ չորս կերպով դիւրութեամբ Որդիով Հայրը կը ճանչցուի. նախ՝ առընչութեամբ, որովհետեւ Որդին Հօր Որդին է: Երկրորդ՝  տեսանելիով անտեսանելին կը ճանչցուի: Երրորդ՝ պատճառուածէն պատճառը կը ճանչնանք ու կը գտնենք: Չորրորդ՝ հաւասարէն հաւասարը կը գիտնանք, ինչպէս Մեկնիչդ հաւասարութեան երեք օրինակ կու տայ. վասն բնութեան, վասն իմաստութեան եւ վասն բարի կամացն:

Խօսք. «Այս խօսքերը ըսաւ տաճարի գանձատան մէջ» (Յհ 8.20):

Մեկնութիւն. Ոչ թէ ուր որ գանձանակը կը դնէին անոր մասին կ՚ըսէ, եւ ո՛չ ալ ուր տաճարին մէջ արծաթը կը փոխէին, այլ՝ տաճարի գանձատան կ՚ըսուի այն տեղը, ուր ժողովուրդին նուէրները պահուած կ՚ըլլային՝ տաճարի շինուածքներուն եւ աղքատներու կարիքներուն համար:

Աւետարանիչը այս տեղը երեք պատճառով կը յիշատակէ. նախ՝ Քրիստոսի համարձակ եւ յայտնի վարդապետութիւնը ցուցնելու: Երկրորդ՝ առ ի հաւատարմութիւն եւ ի ստուգութիւն պատմութեան: Երրորդ՝ ցուցնելու համար աստուածային զօրութիւնը, որովհետեւ թէեւ այդ վայրին մէջ դիւրութեամբ կրնային զՔրիստոս բռնել՝ որոնք սպաննել կը փափաքէին, սակայն Քրիստոսի զօրութենէն խափանեցան:

Խօսք. «Տակաւին Անոր ժամանակը հասած չէր» (Յհ 8.20):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ Իր կողմէ նախասահմանուած ժամանակը, որովհետեւ երբ կամեցաւ՝ բռնուեցաւ, եւ ո՛չ թէ նախապէս:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 78

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2020