ԵՐԲԵՒԻՑԷ ՉԷԻ ՄՏԱԾԱԾ

Աստուծոյ նախախնամութիւնն ու գործերը միշտ կը դառնայ խորախորհուրդ եւ մարդ արարածը միշտ անկարող կը մնայ հասկնալու, թէ ինչ է իր Արարչին նպատակը իր առօրեայէն ներս։ Անժամանակ Աստուծոյ շփումը ժամանակաւոր մարդուն հետ միշտ անըմբռնելի կը մնայ, երբ խնդրոյ առարկան է անսահմանի եւ սահմանաւորի, անգոյի եւ գոյացութեան, անծինի եւ ծնունդ առածի յարաբերութիւնը։ Մեր հանուր կեանքի տեւողութեան ընթացքին, վստահաբար շատ պահեր, դրուագներ եւ նոյնիսկ երբեմն ակնթարթներ կ՚ունենանք, որ պահ մը կը ձեռբազատուինք ժամանակի գերութենէն եւ կը սկսինք մտածել «Խորհուրդ խորինի, անհաս եւ անսկիզբ»ի կամքին մասին ու մեր առաջին նախադասութիւնը կ՚ըլլայ ընդհանրապէս հետեւեալը. «Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի»։

Աստուծոյ կամքին առջեւ երկրպագելը անկ է հաւատացելոց իրենց երջանկութեան եւ կամ վիշտի ապրումներուն, խաղաղութեան եւ կամ յուսալքութեան պահերուն, ապաւինելով Աստուծոյ խորհուրդներու զօրութեան։ Որովհետեւ մարդ արարածը տկար մնացած է Աստուածայինը ըմբռնելու մէջ եւ հետեւաբար կարիքն ունի օգնականութեան «Իմաստութիւն Հօր Յիսուսի»։ Որովհետեւ Աստուած է, որ կը ծրագրէ ընդհանրապէս, մարդկային ազատ կամքին մեծապէս յարգանք ցուցաբերելով եւ մարդն է, որ կը դիտէ Աստուածային կամքին իրականացումը առանց առաջին իսկ մէկ պահուն հասկնալու...

Յատկապէս մահուան բօթերը առաւել եւս մտածել կու տան մարդ արարածին, որով անհատ մը դէպի անցեալ ճանապարհորդութիւն կը կատարէ օգտագործելով իր մտքին մէջ արձանագրուած յիշատակելի պահերը։ 14 նոյեմբեր 2021, կիրակի ուշ երեկոն պատճառ եղաւ որ, շատերուս մտածողութիւնը պահ մը կանգ առնէ՝ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման անսպասելի լուրով, որ արտայայտութիւնն է շատերու զարմանքին եւ յաջորդաբար կամայ եւ ակամայ մտածենք իր գործունէութեան մասին։ Վստահաբար շատ անձինք տարբեր երեսակներով, տարբեր շեշտադրումներով պիտի մեկնաբանեն հայր սուրբի վախճանումը, ոմանք յիշատակի նժարին պիտի դնեն եւ պիտի փորձեն բառերով արժեւորել հանգուցեալի կեանքը, ոմանք յիշատակելի նկար մը պիտի գտնեն ու կարճ, սակայն խորհրդաւոր վերնագրով մը պիտի ամփոփեն իրենց մտքէն ու սրտէն դուրս ելածները։ Իմ կարգին երբ ես ալ անարժանաբար կը փորձեմ կատարել այս արարքը նման շատերուն, օգտագործելով «Երբեւիցէ չէի մտածած» նշանաբանը։

Երբեւիցէ չէի մտածած, թէ մօտաւորապէս քսան տարիներ միասին գործած նախ ուսուցիչը, ապա միաբանակիցը պիտի հեռանար այս աշխարհէն, ըսելով «Ելի ի Հօրէ եւ եկի աշխարհ, դարձեալ թողում զաշխարհ եւ երթամ առ Հայր» (Յովհ. ԺԶ. 28) եւ այս լուրին իրազեկ պիտի դառնայի Պոլիսէն բաւականին հեռու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Երբեւիցէ չէի մտածած, թէ պիտի ճամբորդէի Հոգիներու Լուսաւորչին հետքերով զարդարուն այս սրբավայրը, յաջորդ առաւօտուն պիտի մասնակցէի Գոհաբանական Ս. Պատարագին եւ նոյն գիշերը պիտի ստանայի հայր սուրբին վախճանման լուրը ու առաջին հանգստեան աղօթքս պիտի արտասանէի ընդ հովանեաւ Միածնաէջ Ս. Տաճարին։ Այժմ առաջին հերթին ուսերուս վրայ կը բեռցուի այն պարտականութիւնը, որով պէտք է տեսնել ջանալ Աստուածային նախախնամութեան ներգործութիւնը նուաստիս հոգեւոր կեանքէն ներս։

Այս դժուարին պարտականութեան սկզբնաքայլին կը վերյիշեմ Ս. Յովհան Ոսկեբերանի խոկումներէն մին, որով աղօթքի զօրութիւնը ամենայն վայելչութեամբ կը ներկայանայ բոլորիս առջեւ. «Աստուծոյ կ՚աղօթէ ան, որ իր հոգին կատարելապէս կեդրոնացուցած է եւ երկրի հետ ոչ մէկ ընդհանուր բան ունի, այլ՝ կը վերաբնակուի երկինքի մէջ, հոգիէն արտաքսելով մարդկային ցանկացած դիտաւորութիւնը։ Աղօթողը պէտք է աղօթէ այնպէս, որպէսզի կեդրոնանանալով եւ լարելով միտքը՝ տրտում հոգիով կանչէ զԱստուած՝ առանց բազմապատկելու բառերը եւ համառօտելով աղօթքը, այլ քիչ եւ պարզ բառերով աղօթէ, որովհետեւ ո՛չ թէ բառերու շատութենէն, այլ՝ հոգիի զգաստութենէն կախուած է աղօթքին տեղը հասնիլը»։

Որքա՜ն կը պատշաճին Ս. Յովհաննու խոկումը վշտահարներս աղօթքի առաջնորդելու, խոկալու, կեդրոնանալու, նոյնինքն պահ մը առանձնանալու ապա՝ խորհրդաւոր ներկայութիւնը որոնելու Աստուծոյ, որպէսզի Աստուածային գերբնական ակէն ստանանք՝ մխիթարութիւն։

Տարիներ առաջ էր, երբ տակաւին նորընծայ Թաթուլ Աբեղայ, իր խարտաւիլակ՝ տէր հօրս Գրիգոր Աւ. Քահանայի հետ միատեղ կը ճամբորդէր Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն դէպի Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Մեծ պահոց Բարեկենդանին զուգադիպող այս օրով սկսաւ մեր ճանապարհորդութիւնը, որուն մէջ խառնուած էր ժամերգութիւնները, աղօթքը եւ ապաշխարութեան խորհուրդը։ Հետաքրքրական հանդիպում մըն էր, քանի նորընծայ հոգեւորականը տակաւին քառասունքի մտնելու նախօրեակին Գատըգիւղի եւ Գարթալի եկեղեցիներուն մէջ կը մասնակցէր երեկոյեան ժամերգութիւններուն։ Որքա՜ն հետաքրքրական հանդիպում մըն էր այս մէկը, որուն որպէս ականատեսները միշտ կը խօսէինք այս բացառիկ ճանապարհորդութեան մասին։ Արտակարգ ճանապարհորդութեամբ առաջին հերթին Գնալը կղզիի մէջ միատեղ մուտք գործեցինք, որով տիրականը եղան անմոռանալի յիշատակի մը, որ բազմիցս կը կրկնէինք զանազան առիթներով։

Նոյն ամառը, իր հոգեւոր ծնողին՝ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի հրամանաւ նշանակուեցաւ կղզեաց հոգեւոր հովիւ եւ մեր ծանօթութիւնը այլեւս վերածուեցաւ գործակցութեան՝ ի պայծառութիւն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Առաջին այդ մի քանի տարիներուն էր, որ Գնալը կղզիին մթնոլորտը ինծի եւ յատկապէս սիրելի եղբօրս՝ Սայաթ սարկաւագի համար վերածուեցաւ վանական կեանքի։ Ամէն առաւօտ եւ երեկոյեան, անխափան ժամերգութիւններ կը կատարէինք, միասնաբար կը ճաշէինք, եկեղեցական գիտելիքները կը զարգացնէինք եւ տակաւ առ տակաւ կը դառնայինք պատասխանատուութիւն ստանձնած սպասաւորները Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ։ Երբ կ՚աճէինք մարմնով որպէս երիտասարդներ, միեւնոյն ժամանակ կ՚աճէինք հոգւով եւ մտքով՝ դառնալով կամաւոր ծառաները Քրիստոսի դաշտին։ Ո՜վ Աստուածային նախախնամութիւն, կը մտածեմ, կը խորհիմ, կը կշռեմ, թէ պատանեկան եւ երիտասարդական տարիքիս վանքի մթնոլորտի վերածուած եկեղեցւոյ երբեմնի հոգեւոր հովիւին համար, տարիներ յետոյ ճշմարտապէս վանքի մը՝ Սուրբ Էջմիածնի հոգեշունչ մթնոլորտին մէջ, որպէս վեղարաւոր, պիտի արտասանէի «Քրիստոս Որդի Աստուծոյ» աղօթքը։ Ո՜վ Քրիստոս Որդի Աստուծոյ, անոխակալ եւ բարեգութ, Դուն լսէ, գիշերային խաւարին մէջ Քո իսկ հիմնած Իջման Խորանի մերձաւոր աղօթք վերառաքող հոգեւոր զաւկիդ աղօքթը. ամէն։

Երբեւիցէ չէի մտածած, թէ հոգեւոր ճանապարհորդութեանս մէջ մաս եւ բաժին ունեցած հայր սուրբը, վերստին տեսնելու առիթը պիտի չընծայուէր նուաստիս։ Սկսեալ դպրութենէ, եկեղեցական բոլոր աստիճաններուս տուչութեան պահուն, բազմաթիւ հոգեւորականներու կարգին անուրանալի էր իր ներկայութիւնը։ Եկեղեցական առաջին մեծ աստիճանի՝ սարկաւագութեան եւ յաջորդաբար՝ քահանայական ձեռնադրութեանս պահուն, որպէս խարտաւիլակներէն մին կ՚առաջնորդէր ծնկաչոք քայլերուս առ Ս. Սեղան։ «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» հոգեզմայլ եւ խորհրդաւոր երգը երբ երեք անգամ երգուեցաւ նուաստիս համար՝ «Արժանի է» երգած հոգեւորականներէն մին դարձած էր լուսահոգին։ Իրեն համար եւս տարբեր փորձառութիւն մըն էր, նուաստս ունենալ որպէս միաբանակից եւ հետեւիլ հոգեւոր ծառայութեան։ Ո՜վ Աստուածային նախախնամութիւն, կը մտածեմ, կը խորհիմ, կը կշռեմ, թէ Աթոռոյս միաբանակից աւագ եղբօր համար Հայ Եկեղեցւոյ բաբախուն սրտէն պիտի ասէի. «Աստուած հոգին լուսաւորէ». ամէն։

Այլապէս, Աստուած կը տնօրինէ եւ մարդ արարածը կը դիտէ։ Այսպէս եղաւ ահա, լուսահոգի Թաթուլ Ծ. Վարդապետի վախճանումը եւ վախճանման յաջորդող թարմ զարգացումները։ Թէեւ մարմնապէս հեռու, սակայն սրտով մէկ եմ այս պահուն Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասու անդամներուն եւ իրենց նման կ՚աղօթեմ հոգւոյ խաղաղութեան համար։ Վստահաբար տակաւին շատ բաներ պիտի գրուին, պիտի ընթերցուին եւ պատմութեան մէջ պիտի մնայ հայր սուրբին անունը մնայուն ներկայութիւն, առընչուած ըլլալով Պոլսոյ Աթոռոյ հետ։

Թող որ Աստուած, «ապաւինութեան վէ՛մ ըլլայ Հայր Սուրբին, եւ ամուր բերդ մը՝ զինք փրկելու, քանզի Ան է մեր վէմն ու ամրոցը» (Հմձյն. Սղմ. 71.3)։

Վշտակցութեամբ եւ աղօթքով՝

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

15 նոյեմբեր 2021, երկուշաբթի
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2021