ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ԿԻՐԱԿՈՍ ՎՐԴ. ԴԱՒԹԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ ԱՄՈՒՐ ՍՓԻՒՌՔԻ»

Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Կիրակոս Վրդ. Դաւթեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն:

-Հայր սուրբ, ի՞նչ պայմաններու տակ ստանձնեցիք այս պատմական թեմի առաջնորդի պաշտօնը։

-Թեմի առաջնորդական պաշտօնը ստանձնեցի, երբ թեմը շատ բարւոք վիճակի մէջ է, որովհետեւ ըլլալով Թիֆլիզէն, ծանօթ եմ թէ ինչ վիճակի մէջ էր մեր համայնքը եւ ինչ դժուարութիւններ կային ծառացած թեմի առջեւ, մինչեւ Վազգէն Սրբազանի որպէս առաջնորդ պաշտօնավարումը։ Սրբազան հայրը տասնվեց տարի այստեղի առաջնորդն էր եւ բաւական մեծ աշխատանք տարաւ, բաւական շատ ծրագրեր, եւ ինծի կը մնայ միայն շարունակական դարձնել այդ ծրագրերը յանուն մեր եկեղեցիի բարօրութեան ու համայնքի պահպանման։

-Հայաստանը շրջապատող երկիրներուն մէջ իր իւրայատուկ տեղը եւ դիրքը ունի Վրաստանը եւ մենք այստեղ ունինք պատմական արմատներով գաղութ մը, որ նաեւ կը համարուի ձեւով մը արեւելահայ մտածումի, միտքի, գաղափարի օրրան: Այսօր ի՞նչ են Վրաստանի հայոց թեմի եւ համայնքի հիմնախնդիրները։

-Հնարաւոր չէ անցեալի համայնքը բաղդատել այսօրուայ վիճակի հետ։ Այսօր մեր համայնքը, գաղութը բաւական փոքրացած է, ինչպիսին է իրավիճակը շարք մը այլ գաղութներու մէջ։ Այստեղ ալ կայ ձուլման խնդիր, թէեւ կ՚ապրինք բաւական մօտ մեր հայրենիքին, սակայն այստեղ ալ կայ լեզուի պահպանման խնդիր, այստեղ ալ կայ հայկական աւանդական մտածելակերպի պահպանման խնդիր, որովհետեւ ցաւօք սրտի թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Վրաստանի մէջ այսօր մենք կը տեսնենք պայքար՝ այդ ամէն ինչի դէմ։ Կը տեսնենք պայքար աւանդականութեան դէմ, կը տեսնենք պայքար մեր արմատներու հաւատարիմ մնալու դէմ։ Այնպիսի տպաւորութիւն կը տիրէ, որ մենք մեր ձեռքբերումները կ՚ուղղենք դուրսին եւ ամենէն լաւ բաները կը թողնենք մէկ կողմ եւ կ՚ուզենք վերցուցած ըլլալ նորերը: Այդ ամէն ինչը սրսկել մեր հասարակութեան մէջ, այսօրուայ մեր մատաղ սերունդին մէջ:

-Սա միայն հայկական խնդիր չէ,  այնպէս չէ՞:

-Ոչ, սա հայկական խնդիր չէ, ես ընդամէնը մի քանի ամիսէ ի վեր Վրաստանի մէջ եմ եւ մինչ այդ եղած եմ Հայաստան, մինչ այդ եղած եմ Ռուսաստան, եւ ամէն տեղ տեսած եմ նոյնը։ Նոյնիսկ մէկ-մէկ կը մտածեմ, եւ վիճակը կը նմանցնեմ թատերական բեմադրութեան մը, որ այստեղ պէտք է ըլլայ, յետոյ պէտք է տեղափոխուի կողքի երկիր եւ միւս երկիր եւ այլն, եւ այլն: Ցաւօք ընդհանուր խնդիր է այս վիճակը, եւ միայն մեր ազգային խնդիրը չէ:

-Մենք միշտ շեշտը կը դնենք, որ մեր ժողովուրդի ապագան, առողջ քրիստոնեայ արժանիքներով, ազգային կեանքի մասնակցող երիտասարդութիւնն է, այդ է միակ գրաւականը: Այսօր դուք որպէս երիտասարդ թեմակալ առաջնորդ, այդ առումով ընելիքներ կը տեսնէ՞ք. ձեր սեղանին վրայ կա՞յ այդ օրակարգը:

-Անշուշտ, այդ օրակարգը ամենակարեւոր հարցերէն մէկն է, որ այսօր դրուած է մեր դիմաց, որովհետեւ ճիշդ է, պահպանելով մշակութային արժէքները, ըլլան անոնք եկեղեցիներ կամ այլ շինութիւններ կամ յուշարձաններ, մենք պէտք չէ մոռանանք նաեւ պահպանել տեղւոյն երիտասարդութիւնը։ Վաղը, միւս օր մէկը պէտք է տէր կանգնի այդ ամէն ինչին, մէկը պէտք է վերանորոգուած եկեղեցիին տէր կանգնի, մէկը պէտք է մտնէ այդ եկեղեցին, արարողութիւններ կատարէ... Այստեղ մենք ունինք բաւական լաւ եւ կիրթ երիտասարդութիւն, որոնք կ՚ուսանին Վրաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն ներս, եւ որոնք որոշ չափով կը փորձեն իրենց օգտակարութիւնը բերել նաեւ թեմին, սակայն սա գործի երեւի թէ մի քանի տոկոսն է, հսկայական լայնածաւալ աշխատանք կայ կատարելիք եւ այդ պէտք է ըլլայ շարունակական...:

-Բաւական խճճուած նիւթ է Վրաստանի մէջ առկայ հայկական եկեղեցիներու նիւթը։ Այդ առումով, ի՞նչ են վերջին զարգացումները. արդեօք բանակցութիւններ կա՞ն։

-Գործընթացները կը շարունակուին եւ կան որոշ փուլեր, որոնք ձեւով մը կը կրեն պաշտօնական բնոյթ, կան նաեւ բանաւոր պայմանաւորուածութիւններ, որպէսզի սկիզբ առնեն այդ կնճռոտ խնդիրներու հարթեցումները։ Ամբողջ Վրաստանի տարածքին ունինք 62 եկեղեցի, ուր կը կատարուին արարողութիւններ, սակայն այդ եկեղեցիները ցարդ չեն գտնուիր Վիրահայոց թեմի հովանաւորութեան ներքոյ։ Իմ գլխաւոր նպատակն է այդ եկեղեցիները վերադարձնել Վիրահայոց թեմին ու օժտել այդ գործընթացները իրաւական հիմքերով։

-Պետութեան մօտ գրանցուած ե՞ն այդ եկեղեցիները:

-Այո, անոնք գրանցուած են Վրաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան մօտ։ Այս մէկը սովետական շրջանէն եկած աւանդոյթ է եւ մինչեւ այսօր չլուծուած «աւանդութիւն» է: Բայց արդէն ընթացքը տրուած է եւ մենք տեսած ենք օրինակներ ուրիշ համայնքներու հետ կապուած, կաթողիկէ համայնքներու, մահմետական համայնքի, հրէական համայնքի հետ կապուած: Ուր որ արդէն շարժ կայ, ունինք պայմանաւորուածութիւններ, որոնք շատ շուտով, արդէն իսկ մօտ ապագային կը սկսի նաեւ Վիրահայոց թեմին փոխանցման ընթացքը, որմէ յետոյ արդէն կը զբաղինք բոլոր այն եկեղեցիներով, որոնք այսօր խնդրայարոյց են, որոնք մերն են, սակայն մեզի չեն պատկանիր, եւ այլն, եւ այլն: Ասիկա ընթացք մըն է, որ պէտք է անցնինք այդ ճանապարհով, դժուարութիւններով։ Առանց դժուարութիւններու, որեւէ նշանակութիւն չունի:

-Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հետ: Ի՞նչ հունի մէջ են: Որովհետեւ Վազգէն Սրբազանը մշտական շփման մէջ էր, Իլիա Պատրիարքին հետ ու դրական մղում մը կար: Բայց վերջին շրջանին բնաւ տեղեկութիւն չունինք, թէ ի՞նչ հունի մէջ են կապերը:

-Այո, շատ ճիշդ է, թէ Սրբազանը մօտ յարաբերութիւններու մէջ էր, Վրաց Պատրիարքի ու Պատրիարքարանի հետ: Եւ մենք ալ նոյն կերպով կը շարունակենք։ Այս ընթացքին մենք ալ Պատրիարքի մօտ եղած ենք մի քանի անգամ։ Պատրիարքն ալ միշտ յայտնած է ու կը յայտնէ իր եղբայրական սէրը մեր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հանդէպ եւ յայտնած է նաեւ իր աջակցութիւնը, պատրաստակամութիւնը օգտակար ըլլալու զանազան հարցերու ուղղութեամբ: Ես սերտ յարաբերութիւններու մէջ եմ նաեւ տարբեր թեմերու առաջնորդներու հետ: Այնպէս որ ամէն ինչ կը շարունակուի բնականոն հունով:

-Հայր սուրբ, այսօր Վրաստանը կ՚ապրի քաղաքական ոչ կայուն իրավիճակ: Ինչո՞վ պայմանաւորուած է առնուազն այս պահուն այդ անկայուն վիճակը: Արդեօք այդ մէկը, որեւէ ձեւով մտահոգութիւն կ՚առթէ՞ ձեզի, համայնքի եւ համայնքի զաւակներուն:

-Անշուշտ, մտահոգութիւն է եւ մեծ մտահոգութիւն, թէ՛ ինծի եւ թէ համանյքի բոլոր զաւակներուն համար, որովհետեւ մենք ալ նախ եւ առաջ Վրաստանի քաղաքացի ենք: Այս պահուն չէի ուզեր քաղաքական վերլուծութիւններ կամ գնահատականներ տալ ստեղծուած իրավիճակին, որ այսօր կայ Վրաստանին մէջ, սակայն միշտ ել լաւատես ենք եւ յոյսով ենք, որ ամէն ինչ կ՚ընթանայ իր բնականոն հունով, շատ շուտով այս ամէնը կ՚աւարտի ու Վրաստանը հանգիստ եւ խաղաղ վիճակի մէջ կը դիմաւորէ նոր տարին:

-Ի՞նչ ունիք ըսելիք Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ առհասարակ սփիւռքի մեր ընթերցողներուն:

-Ինչ կը վերաբերի Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, ուժ եւ կարողութիւն կը մաղթեմ, որովհետեւ կ՚արարէք եւ կը գործէք, կը ստեղծագործէք դժուարին տարածքաշրջանի մէջ, ես միշտ ալ կ՚ըսէի, երբ ես ալ կը ծառայէի սփիւռքի մէջ, որ սփիւռքի մէջ ապրիլը եւ հայ մնալը, ուղղակի հերոսութիւն է։ Սփիւռքի մէջ ապրողները եւ հայ մնացողները եւ հայ մատղաշ սերունդները դաստիարակողները, անոնք իրապէս հերոսներ են: Իսկ ինչ կը վերաբերի սփիւռքին, կը մաղթէի, որպէսզի ա՛լ աւելի ուժեղացնեն եւ ամրացնեն իրենց կապը մայր հայրենիքի հետ: Ան ըլլայ իրենց հոգեւոր կապն ու բարեկամական կապը, իրենց աջակցութիւնը մայր հայրինիքին եւ իրենք ալ իրենց տեղերը ամուր մնան, քանզի Հայաստանին պէտք է ամուր սփիւռք:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2019