2018. Շան Տա­րի

Այս տարի չինական 4715-րդ տարին է, որուն լուսնային օրացոյցի համաձայն, նոր տարին, որ կը սկսի 16 Փետրուար, 2018-ին, կ՚անուանուի իբրեւ Շան տարի:

Համաձայն չինական աւանդութեան՝

Պուտտան իւրաքանչիւր անասունի անունը տարուան մը անունով մկրտած է: Ուրեմն չինական առաջին տարին սկսած է մուկով եւ անոր յաջորդած են միւսները: Աս ձեւով ամէն 12 տարին անգամ մը, կրկնուած է անասունին անունը: Ուստի չինական աստղագիտութիւնը տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով:

Այս որդեգրումը ընդուուած էր քրիստոնէական օրացոյցի ծնունդէն շատ առաջ եւ բաժնուած էր 12-ի, որովհետեւ մարդիկ նշմարած էին, թէ իւրաքանչիւր տարուան ընթացքին լուսինը 12 անգամ լիալուսին կը տեսնուէր: Իւրաքանչիւր կենդանի ունի իր յատուկ նկարագիրը տարբեր միւսներէն:

Շունը կը գրաւէ այս շարքին՝ 11-րդ տեղը:

Չինական նոր տարի կը սկսի 2 Փետրուար 2018-ին, կը տեւէ մինչեւ 2 Ապրիլ 2019-ը։

Աստղագուշակերու համաձայն ՇԱՆ տարին պիտի անցնի անխռով: Կը թելադրուի նաեւ ըլլալ աչալուրջ, վեհանձն եւ արդարամիտ:

Իսկ այս տարուան ընթացքին ծնածները ուշադիր պէտք է ըլլան յատկապէս իրենց թոքերուն: Անոնք պէտք է, որ խուսափին պաղառութենէ, ծխելէ ինչպէս նաեւ անքնութիւններէ եւ ծանր աշխատանքներէ:

Շան տարին ծնողները կ՚ըլլան նաեւ՝

Լուրջ, հաւատարիմ, քաջ, յաճախ անձնասէր, հասկցող, համբերատար, հնազանդ, հաղորդակից, պատրաստ ուրիշներու օգնող, օգտակար եւ սակայն յամառ ու տնտեսող: Այս տարուան ծնողներուն համար ամուսնութեան զանգակներ չկան:

Ստորեւ չինական տարիներու բաժանումները իրենց տարիներու դասաւորումով՝

1.- Առնէտ.- 1900-1912-1924-1936-1948-1960-1972-1984-1996-2008-2020

2.- Ցուլ.- 1901-1913-1925-1937-1949-1961-1973-1985-1997-2009-2021

3.- Վագր.- 1902-1914-1926-1938-1950-1962-1974-1986-1998-2010 -2022

4.- Նապաստակ.- 1903-1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011-2023

5.- Վիշապ.- 1904-1916-1928-1940-1952-1964-1976-1988-2000-2012-2024

6.- Օձ.- 1905-1917-1929-1941-1953-1965-1977-1989-2001-2013-2025

7.- Ձի.- 1906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014-2026

8.- Ոչխար.- 1907-1919-1931-1943-1955-1967-1979-1990-2003-2015-2027

9.- Կապիկ.- 1908-1920-1932-1944-1956-1968-1980-1992-2004-2016-2028

10.- Աքլոր.- 1909-1921-1933-1945-1957-1969-1981-1993-2005-2017-2029

11.- Շուն.- 1910-1922-1934-1946-1958-1970-1982-1994-2006-2018-2030

12.- Խոզ.- 1911-1923-1935-1947-1959-1971-1983-1995-2007-2019-2031

Դրական կէտեր

Բարեկամ, խելացի, ռոմանթիկ, հնազանդ: Իրենց սխալներէն օգտուող: Կÿըլլան հպարտ եւ միաժամանակ շուտով յաջողութեան հասնող: Ուժի գործածութեան դէմ են: Կը սիրեն միասին աշխատանքն ու գործը: Ստեղծագործ ալ են եւ կիրքի տէր:

Ժխտական կէտեր

Կարելի չէ վստահութիւն ունենալ, վտանգաւոր են: Կ՚ըլլան նաեւ կռուազան եւ շատ գերզգայուն: Միշտ կը սիրեն անկախ ապրիլ: Հպարտ են իրենց անձով: Երկչոտ են, սակայն նաեւ՝ ընկերային: Շնորհիւ իրենց հանդարտ նկարագրին շատ անգամ կը մեկուսանան ու շրջապատէն կը հեռանան: Երբեմն անհոգ են, յաճախ ալ քմահաճ եւ յոռետես:

Բախտաւոր թիւեր՝ 3-4-9

Անբախտ թիւեր՝ 1-6-7

Սիրած գոյներ՝ Կարմիր, կանաչ, մանիշակագոյն

Նախասիրած ծաղիկ՝ Վարդ

Շան տարուան ընթացքին ծնած անձերը ընդհանրապէս կ՚ըլլան՝

Առեւտրական, բժիշկ, բարձրաստիճան ոստիկան, գիտնական, խորհրդական, ծարագրող, դասախօս, քաղաքագէտ, բարձաստիճան հոգեւորական եւ դատաւոր:

Շան տարին ծնած հանրայայտ դէմքեր՝

Սոկրատ, Մայր Թերեզա, նախագահներ՝ Քլինթըն եւ Պուշ կրտսեր, Քեւըն Պէյքըն, իշխան Ուիլիըմս, Ալեք Պոլտըն, Մայքըլ Ճեքսըն, Պենժամին Ֆրանքլին, Մատոննա, Սոֆիա Լորէն, Շըրլի Մըքլէյն, Թամի լի Ճոնս, Քուին Լաթիֆա եւ ուրիշներ:

Ամէն տարի, մեր ընթերցողներուն կը ներկայանանք յայտնի աստղագէտներու եւ բախտագուշակներու 2018 տարուան յատուկ կայքերու վրայ հրապարակուած դրական կամ ժխտական նախատեսութիւններէն բաժիններ տրամադրելով:

Կը հաւատանք, որ նոր տարուան մը գալուստը, նախկին տարիներուն նման, մարդոց մէջ պիտի շեշտէ խաղաղ ու բնական կեանք մը ապրելու փափաքը եւ աշխարհի խաղաղութեան համար՝ բարեմաղթութիւններ:

Բնականաբար աշխարհը ու յատկապէս մարդոց կեանքը մէկ օրէն միւսը անմիջապէս պիտի չբարեփոխուի, կամ յեղաշրջումներ պիտի չապրի եւ կամ բարեկեցիկ կեանքի մը պատկերները պիտի չյայտնուին:

2018 տարուան համար, աստղագէտներու համաձայն մայր բնութիւնը իր երկրաշարժներով, հեղեղներով, հրդեհներով եւ փոթորիկներով պիտի շարունակէ աւերներ գործել, իսկ միւս կողմէ մարդիկ պիտի չդադրին իրենց մահացու եւ չարագործ զէնքերը, դաւադրութիւններն ու ահաբեկչական արարքները իրարու դէմ գործածելէ:

Այլ խօսքով, երկրագունդի բնակչութիւնը, հետզհետէ աւելի խառնակ վիճակի պիտի մատնուի: Անոր համար, հաւատք ընծայէք կամ ոչ, բոլորին կը մաղթենք բարին եւ երազներուն եւ փափաքներուն իրականացում:

ԻՆՉ Կ՚ԸՍԵՆ ԱՍՏՂԵՐԸ ՇԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

ԽՈՅ (Մարտ 21-Ապրիլ 19)

Խոյը կ՚ըլլայ տաքարիւն, նրբանկատ եւ լաւ ընկերակից: Սակայն ան նոյնիսկ կրնայ իր հակառակորդները հարուածել ամենէն անսպասելի կողմէն: Ընդհանրապէս փառասէր եւ յամառ կ՚ըլլայ, անոր համար է, որ ամէն գինով կ՚ուզէ իր նպատակին հասնիլ: Այս մէկը կ՚արտայայտէ նաեւ իր կամքի զօրութիւնը: Խոյը այս տարի յաջողելու համար պէտք է, որ վստահի իր շրջապատին:

ՑՈՒԼ (Ապրիլ 20-Մայիս 20)

Ցուլը խորաթափանց չէ, սակայն հաւատարիմ է ու շատ նրբազգած: Շնորհիւ իր աշխատասիրութեան եւ համբերատարութեան ան շատ մը յաղթանակներ պիտի տանի: Շատ յամառ է ու շուտ բարկացող: Ինչ աշխատանք, որ պիտի ձեռնարկէ յաջողութեամբ պիտի աւարտի: Այս տարի Ցուլին համար վստահաբար մեծ յաջողութեան տարի մը պիտի ըլլայ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿՆԵՐ (Մայիս 21-Յունիս 21)

Իմաստուն է եւ բարեսիրտ: Այս աստղի տակ ծնածները գրական ձիրքեր կ՚ունենան: եւ ընդհանրապէս օժտուած կ՚ըլլան զանազան հնտութիւններով: Բոլորին համար սիրելի են եւ հմայիչ: Խանդոտ են ու միօրինակութիւնը չեն սիրեր: Շան տարուան Երկուորեակները մեծապէս կը յաջողին, եթէ դրսեւորեն բնաւորութեան լաւ կողմերը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ ( Յունիս 22-Յուլիս 22)

Զգայուն է ու հաւատարիմ եւ նուիրուած իր ընտանեկան կեանքին: Զինք շատ դիւրութեամբ կարելի է խոցել եւ վիրաւորել: Ազնիւ են եւ չարքաշ աշխատող: Շատ զօրաւոր նախազգացումներ կ՚ունենան: Մենակութիւնը կը սիրեն: Այս տարուայ Խեցգետինը անսպասելի եւ սակայն բարի նորութիւններու ու փոփոխութիւննրու պիտի հանդիպի:

ԱՌԻՒԾ (Յուլիս 23-Օգոստոս 22)

Գրաւիչ է: Միշտ կը ցանկայ առաջնութիւնը եւ կ՚ուզէ գերազանցել իր շուրջինները:

Ուստի առաջնորդ եւ ղեկավար դառնալու մեծ մարմաջ մը կ՚ունենայ: Բարի եւ վեհանձն է, միաժամանակ հպարտ ու պահանջկոտ: Շատ յաճախ ան դերասանական շնորհներով օժտուած կ՚ըլլայ: Այս տարուայ Առիւծը մասնագիտական մեծ նուաճումներ ձեռք պիտի ձգէ:

ԿՈՅՍ (Օգոստոս 23-Սեպտեմբեր 22)

Գործնական է եւ ոչ պատեհապաշտ: Տրամաբանօրէն կը մտածէ: Իր նշանաբանն է ամէն ինչ լաւագոյն ձեւով կատարել: Միշտ իր շրջապատին ուշադրութիւնը կը գրաւէ:

Ունի բազմակողմանի հետաքրքրութիւններ: Խիստ պահանջկոտ է եւ դէպի կատարելութիւն մեծ ձգտում մը ունի: Շան տար-ւան մէջ ծնած Կոյսերը մեծ յաջողութիւններու պիտի տիրանան:

ԿՇԻՌՔ (Սեպտեմբեր 23-Հոկտեմբեր 23)

Դիւանագիտական յակումներու տէր կ՚ըլլայ: Կշիռքի նշանի տակ ծնած մարդոց համար առաջին տեղը կը գրաւեն գեղեցկութիւնը, ներդաշնակութիւնն ու արդարամտութիւնը: Նրբանկատ են եւ երբեք ցոյց չեն տար եւ կամ արտայայտեր իրենց ներքին ապրումներն ու ցաւերը կամ տագնապները: Այս տարի Կշիռքները շնորհեւ իրենց նկարագրին՝ մեծ յաջողութիւններ պիտի արձանագրեն:

ԿԱՐԻՃ (Հոկտեմբեր 24-Նոյեմբեր 21)

Քաջ է եւ սակայն ունի ծայրայեղ եւ հակասական բնաւորութիւն: Անողոք է եւ կըր-քոտ: Զինք սիրողներ շատ կան: Սակայն նոյնչափ ալ ան ունի զինք ատողներու խումբ մը: Կարիճներու համար խոչընդոտներ չկան: Անոնք նախազգացման ունակութիւն ունին, ուստի միշտ եռանդուն են: Հեգնոտ են: 2018 թուականի Կարիճները միշտ համակերպող պիտի ըլլան:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (Նոյեմբեր 22-Դեկտեմբեր 21)

Եռանդուն է: Իր դէմ ոչ մէկ բան արգելք կը հանդիսանայ: Ուղղամիտ, անկեղծ եւ հմայիչ մարդիկ կ՚ըլլան ու բոլորին սիրելի: Կ՚ատեն ամէն տեսակի սահմանափակումները, որովհետեւ անոնք անկախ ապրիլ կը սիրեն: Կը սիրեն նաեւ շատ ճամբորդել: Շան տարին ծնած Աղեղնաւորներուն կը սպասեն հետաքրքիր հանդիպումներ ու շատ յաջող գործեր:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (Դեկտեմբեր 22-Յունուար 19)

Շրջահայեաց է: Կարելի է վստահել: Նոյնիսկ մեծ զիջող մըն է: Գործնական է եւ ճշտապահ: Մասնագիտական բոլոր աշխատանքները մեծ յաջողութեամբ կը պսակէ: Ան ինքնամփոփ է, ազնիւ, հաւատարիմ ու յուսալի: Իրեն համար աշխատանքն ու պարտականութիւնները առաջնահերթ նկատ-ւած են: Նիւթապէս մեծ յաջողութիւն պիտի ունենան այս տարի:

ԾՈՎԱՆՈՒՇ (Յունուար 20-Փետրուար 19)

Գիտուն է: Ծովանուշները շատ խորաթափանց են եւ հմայիչ: Անսովոր մարդիկ են: Անոնք օժտուած կ՚ըլլան նաեւ լայն մտահորիզոնով, ուստի մեծամասնութեան կարծիքին տուրք չեն տար: Կը սիրեն դժուար յաղթանակներ կերտել: Արդարամիտ են ամէն բանի մէջ ու անաչառ: Անոնց մտայղացումները ինքնատիպ են եւ իրագործելի: Այս տարի ծնած Ծովանուշները պիտի կարենան վերջապէս իրականացնել իրենց նուիրական ցանկութիւնները:

ՁՈՒԿ (Փետրուար 20-Մարտ 20)

Ինքնատիպ է: Օժտուած է կանխազգացման բացառիկ տաղանդով: Նուրբ ճաշակ ունի: Հետաքրքրասէր է եւ արդարամիտ: Երկու ինքնատիպ բնաւորութիւններ ունի: Մէկ կողմէն առանձնայատուկ սիրահար մըն է՝ իր ազնիւ եւ աշխատասէր ու հետեւողական գիծով, միւս կողմէն՝ մեծ երազող մըն է եւ իտէալապաշտ: Ան խաղաղասէր ալ է եւ ներդաշնակութիւնը սիրող: 2018-ին իր մեծ հարցերը պիտի լուծուին եւ յաջողութիւններ պիտի գտնէ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018