ԱՆԻԹԱ ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ. «ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ԱՆՏԷՐ ԿԸ ԶԳԱՅ»

Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ լիբանանահայ արուեստագիտուհի Անիթա Թութիկեան։

*

-Գրեթէ 5 ամիս անցաւ Պէյրութի մեծ պայթումէն: Հիմա եթէ 5 ամիս ետ նայիք, ի՞նչ կը մտածէք այդ եղեռական տեսարանին մասին։

-Դժուար ու ծանր է վերյիշել պատահածը: Յանկարծակի այդ պայթումը, մեզ անորոշ վիճակի մէջ ձգեց, թէ ի՞նչ եղաւ: Մեր տունը, որ շատ մօտ էր պայթումին, ամբողջովին քանդուեցաւ. դուռ պատուհան, կահ կարասի կոտրուեցան, ապակիներու կտորները չորս դին նոյնիսկ անկողիններուն ու բարձերուն մէջ տարածուեցան, կարելի է ըսել ապակիներու «աւազան» մը ստեղծուեցաւ: Ես գործէն նոր եկած էի, երբ ամուսինս ըսաւ, թէ տես նաւահանգիստը հրդեհ ծագած է։ Անմիջապէս այն զգացումը ունեցայ, որ պիտի պայթի, որովհետեւ այդ շրջանին, յաճախ կը լսէինք, որ պայթումներ տեղի կ՚ունենան զանազան երկիրներու մէջ: Անմիջապէս պատշգամէն ներս մտանք, լսուեցաւ առաջին պայթումը, որուն յաջորդեց երկրորդը: Դռներն անգամ քանդուեցան եւ դժուարաւ կրցանք դէպի տուն ելումուտ ընել: Ամուսինս արիւնլուայ վիճակի մէջ էր, սենեակներու խառն վիճակին մէջէն, հազիւ կրցանք խոհանոց հասնիլ, լուալու ու մշակելու համար վէրքերը, դժուար էր նոյնիսկ գտնել շտապ օգնութեան դեղերը: Արդէն մթնած էր, հեռաձայներու կապ չկար, ելեկտրականութիւն ալ չկար, ոեւէ մէկու հետ չկրցանք կապուիլ, որպէսզի իմանանք, թէ ի՞նչ պատահած է: Ենթադրելով, որ կրնայ դարձեալ պայթում մը ըլլալ, աթոռ դրինք աստիճաններուն վրայ ու հոն նստանք: Ամուսնոյս վիճակը լաւ չէր, դժուարաւ կրցանք հասնիլ անկողինի մը եւ ձեւով մը անցուցինք գիշերը: Հոգեբանական այնպիսի վիճակ մըն էր, երբ անձը, այս պարագային մենք, շատ մեծ արհաւիրիքի կամ վտանգի առջեւ էինք ու ծանրօրէն ցնցուած: Չենք ուզեր մտածել այդ օրուայ մասին, կ՚ուզենք հեռաւորութիւն պահել այդ օրէն, որպէսզի կարենանք այս օրը ապրիլ:

-Լիբանանցին եւ մանաւանդ աղէտահար պէյրութցին, պայթումէն ետք դառնութեամբ դիտեց պատահածները ու ապրեցաւ այդ մեծ աղէտը, իսկ այսօր՝ աղէտէն հինգ ամիս ետք, կարծես թէ յոյս չունի, որ իրականութիւնը բացայայտուի: Դուք, որպէս արուեստագէտ, անհատ եւ պէյրութաբնակ քաղաքացի, ի՞նչ կը մտածէք, արդեօք պիտի բացայայտուի՞ ճշմարտութիւնը:

-Որպէս աղէտահար Պէյրութի բնակիչ եւ մանաւանդ հայ բնակիչ, ես կը կարծեմ, որ 2020-ը ամենէն շատ հարուածեց պէյրութի հայ բնակիչի հոգեբանութիւնը, որովհետեւ բոլոր լիբանանցիներուն պէս քաղաքական տագնապ ապրեցանք, դրամատուներուն մէջ մեր ունեցած գումարները կորսնցուցինք, քորոնան ապրեցանք, յատկապէս պէյրութցիներուն պէս այս պայթումի աղէտը ապրեցանք, այս բոլորէն ետք եկան Հայաստանի եւ Ղարաբաղի պատերազմի լուրերը: Այսինքն, իսկապէս դժուար է դիմանալ, երբ մէկ աղէտը միւսին կը յաջորդէ: Շատ ծանր հոգեկան վիճակ է, նախ պէյրութահայուն, ապա լիբանանահայուն եւ անշուշտ ընդհանուր Լիբանանին համար: Իսկ ինչ կը վերաբերի բացայայտուելուն, բնաւ յոյս չունիմ, մենք 30-40-50 տարուայ ընթացքին ունինք այնպիսի բացայայտուելու կարիք ունեցող թղթածրարներ, որոնցմէ ոչ մէկը բացայայտուած է. ահագին մարդիկ առեւանգուած են եւ սպաննուած, որքա՛ն զոհեր ունինք, որքա՛ն գողութիւններ եղած են, անվերջանալի հարցեր: Հետեւաբար ո՛չ ես, ո՛չ ալ ուրիշներ յոյս ունինք, որ երբեւիցէ կը բացայայտուի իրականութիւնը:

Այս քաղաքական ու տնտեսական վիճակին մէջ, ամէն մարդ կը փորձէ միայն իր օրը ապրիլ, եթէ կարելի է, որովհետեւ շատերու համար այդ ալ կարելի չէ:

-Կը տեսնենք, որ երկրին մէջ տնտեսական տագնապը կը շարունակուի: Տագնապը բաւական խոր արմատներ ունի, շատեր կ՚ըսեն քաղաքական արմատներ ունի: Դուք ի՞նչ կը խորհիք այդ առումով:

-Անշուշտ, ամէն ինչ քաղաքական արմատներ ունի, առաջին օրէն յայտնի էր այդ մէկը: Որքան խափանումներ եղան, որքան անտարբերութիւն, արհամարհանք եւ անհեթեթութիւն խնդրին հետ վարուելու կապակցութեամբ, վերջերս նոյնիսկ լսեցինք, թէ այս խնդրին հետ առընչուող անձեր կը սպաննուին. օրինակ՝ լուսանկարիչներ եւ այլն: Եթէ հարցը քաղաքական չէ, ինչու կը սպաննուին այդ մարդիկ: Իրականութեան մէջ, պայթումէն դուրս ալ, ինչ որ կը պատահի, քաղաքական է: Ի վերջոյ քաղաքականութիւնն է, որ կ՚որոշէ ամէն ինչ, եւ իր առած այդ որոշումներու հետեւանքները մենք կը կրենք, տնտեսական տագնապը, պայթումը, նոյնիսկ առօրեայ պէտքերը, զորս չենք կրնար հոգալ. աղքատութիւնը, թշուառութիւնը չեն կրնար ուրիշ բանի արդիւնք ըլլալ՝ բացի քաղաքականութենէն:

-Լիբանանահայութեան համար, ինչպիսի՞ տարի մըն էր անցած տարին: Ձեզի յոյս մը կը ներշնչէ՞ լիբանանահայութեան ապագան. այս արհաւիրքին մէջ, պատահարներէն յետոյ ինչ-որ յոյսեր ծնան ձեր մէջ, որ համայնքը պիտի շարունակէ իր երթը:

-Նախ եւ առաջ պէտք է ըսենք, թէ ինչ է համայնքը. նախ պէտք է ճիշդ բնորոշում մը տալ համայնքին մասին, որովհետեւ չենք կրնար ընդհանրացնել համայնք հասկացութիւնը: Պայթումէն վերջ շատ մը կազմակերպութիւններ օգնեցին անոնց, որոնց տուները վնասուած էին, փորձեցին նիւթական օգնութիւն ցուցաբերել, դռներ նորոգել եւ այլն: Այս առումով օգտակար էին կազմակերպութիւնները, բայց որպէս համայնք, չկայ միութիւն մը, որպէսզի այս անհատները միացնէ: Համայնք ըսելով ես կը հասկնամ անհատներ, որոնք նոյն լեզուն կը խօսին, պայման չէ որ իրարու հետ կապ ունենան կամ իրարու հետ ծրագիրներ մշակեն, այնպէս չէ որ մէկ հոգի կը ղեկավարէ զայն: Մեր արեւմտահայութեան սփիւռքացման հետեւանքն է, մարդիկ տեղահանուած էին իրենց տուներէն, կորսնցուցած էին ամէն ինչ ու եկած: Իւրաքանչիւրը իր առօրեան ապրած է, ինքզինք ապահովելէ ետք, սկսած է ուրիշներուն օգտակար դառնալ, իսկ եթէ միջոցները ներած են, օգտակար դարձած է նաեւ հայրենիքին: Այս է համայնքը, ան կայ եւ պիտի մնայ մինչեւ այն ատեն, երբ հայերէն լեզուն կը խօսուի: Համայնքին մէջ կան մարդիկ, որոնք պէտք ունին օգնութիւն ստանալու, ուրիշներ ալ կան պատրաստ են օգնութիւն տալու: Եւ այս պատկերի կողքին կայ մեծ հարցում, որ արդեօք համայնքը պիտի գոյատեւէ՞ կամ ոչ, կը կարծեմ այո, այնքան ատեն, երբ նոյն լեզուն կը խօսինք եւ անձնաթուղթին մէջ արձանագրուած է հայ: Ասոնք են, որ կը բնորոշեն համայնքի իրականութիւնը ներկայիս:

-Ի՞նչ փոխուեցաւ Պէյրութի մէջ պայթումէն հինգ ամիս անց եւ ի՞նչ է վիճակը այսօր պարզ քաղաքացիի մը հայեացքով:

-Ես, որպէս հոգեբան, իմ դարմատան մէջ կը տեսնեմ անհատներ, որոնք ուղղակի ֆիզիքապէս վնասուած են, ըլլան անոնք երիտասարդներ, չափահասներ նոյնիսկ մանուկներ: Հոգեբանական վիճակը շատ ծանր է, մարդիկ չեն կրնար նոյնիսկ որոտումներ լսել, հիմա պէյրութցիք որոտումներու հանդէպ վախ ունին: Հարիւրաւորներու մտիկ ըրած եմ, անոնք անձրեւի ու որոտումի ձայնը չեն կրնար լսել, ինքնաշարժներու աղմուկին չեն կրնար հանդուրժել, եւ այլն, հոգեբանական շատ երկար բուժման կարիք ունին, բայց ամէն ինչ ձեռնտու չէ եւ ամէն մարդ այդ կարողութիւնը չունի: Այս է վիճակը, մարդիկ հոգեպէս ցնցուած են, որու կողքին կայ նաեւ համընդհանուր յուսահատութիւնը: Ժողովուրդը այնպէս կը զգայ, որ տէր չունի, ան իր տուրքերը վճարած է, ամէն պարտականութիւնները կատարած է, օրէնքներուն հետեւած է, իրմէ պահանջուածը ըրած է, բայց իր իրաւունքներէն ոչինչ ձեռք բերած է, ինքզինք լքուած կը զգայ, այն աստիճան լքուած, որ այլեւս հաւատքն ալ կորսնցուցած է եւ չի գիտեր, թէ ինչ պիտի ընէ: Ժողովուրդը այլեւս չ՚ուզեր որեւէ բան լսել, անոր համար ամէն ինչ սուտ կը թուայ, գոնէ ես անձնապէս, ոչինչ կ՚ուզեմ լսել. ո՛չ լուր, ո՛չ կարծիք, որովհետեւ լուր մտիկ ընել պարզապէս սուտեր մտիկ ընել կը նշանակէ:

-Նկատի առնելով Հայաստանի վերջին զարգացումները, շատեր կը մտածեն, որ սփիւռքը պէտք է պահպանել ամէն գնով եւ հայութիւնը պէտք չէ կեդրոնացնել մէկ աշխարհագական տարածքի մէջ: Դուք ի՞նչ կը մտածէք, պիտի կրնա՞նք ապրեցնել սփիւռքը:

-Իսկապէս խորունկ ու գեղեցիկ խօսք է, «սփիւռքը պահպանել ամէն գնով», բայց հարցը ինչպէ՞ս պահպանելն է զայն, պէտք է գործնական միտքեր ըլլան այդ ուղղութեամբ: Ես բնաւ չեմ յիշեր, որ Հայաստան երբեւիցէ սփիւռքը պահպանած է, սփիւռքը միշտ ինքզինք պահպանած է:

Սփիւռքը մեծ եղեռնի արդիւնք է. հայերը այն վախով, որ անոնք կորսնցնելով իրենց սիրելիները, տուները, դպրոցները, իրենք զիրենք ալ կրնան կորսնցնել, պահպանած են իրենց ինքնութիւնը սփիւռքի մէջ: Իրականութեան մէջ, սփիւռքի մէջ ամէն անհատ ունի հպատակութիւն երկրի մը, այսինքն ստիպուած չէ «սփիւռք»ի մէջ մնալու, սակայն հայրենիքի հանդէպ անձնական սիրոյ պատճառաւ է, որ սփիւռքը կը գոյատեւէ: Սփիւռքը ինքզինք կը մխիթարէ Հայաստանը լաւ տեսնելով եւ, անշուշտ եթէ կարելի է, անոր օգնելով իր կարողութեան սահմաններուն մէջ: Հայաստանի անկախութենէն ետք, վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին, սփիւռքը պահպանելու համար ի՞նչ գործեր եղած են, կազմուած էր նախարարութիւն մը, որ չեմ գիտեր, թէ ինչ կ՚ընէր: Ինչպէ՞ս սփիւռքը պահպանել՝ այս մեծ հարցումին ես պատասխան չունիմ, կը կարծեմ պէտք է տեղի ունենայ գիտաժողով մը, ուր մարդիկ իրենց միտքերը միատեղեն, թէ ի՞նչ է սփիւռքը, ի՞նչ դեր ունի սփիւռքը, ո՞վ որու պէտք է օգնէ՝ Հայաստանը սփիւռքի՞ն, թէ սփիւռքը Հայաստանին, ինչո՞ւ պէտք է օգնեն, մեծ գիտաժողովի նիւթեր են այս բոլորը: Կ՚ուզեմ աւելցնել նաեւ, որ սփիւռքը հարիւր տարիներ եւ աւելի տառապած է, եւ տառապած ժողովուրդի մը յատկանիշն է սփիւռքը, այլապէս սփիւռք ըլլալէ կը դադրի, ցաւն է որ կը բնորոշէ զայն:

Սփիւռքի մէջ պայման չէ, որ ամէն մարդ ինքզինք պարտաւորուած զգայ օգնելու: Ան որ բարեկեցիկ է եւ միջոցները կը ներեն, օգտակար կ՚ըլլայ: Օգտակարութիւնը միայն նիւթականով չ՚ըլլար, մէկը կրնայ գրող ըլլալ, արուեստագէտ, ուրիշ մը բժիշկ, որեւէ մարզի մէջ իր ներդրումը կրնայ բերել: Բայց մինչեւ ե՞րբ եւ ի՞նչ կու տայ այդ բոլորը: Լիբանանցիք խօսք մը ունին «ո՛ւր պիտի ապրեցնենք անիկա», այլ խօսքով՝ ո՛ւր պիտի ցանենք ու մշակենք մեր ունեցած տաղանդն ու գիտելիքը, մանաւանդ Հայաստանի այս վերջին խնդիրներէն ետք: Մենք՝ հայերս շատ յուսախաբ եղած ենք, աշխարհի մէջ ուր որ հայ կար ոտքի ելաւ, բայց գործի մը չծառայեց, այսինքն իրականութեան մէջ սփիւռքը գետնի վրայ բան մը չկրցաւ ընել, ուրեմն պահպանել չպահպանելը իսկապէս գիտաժողովի նիւթ կը մնայ: Հարիւր տարուայ սփիւռքի զգացումը հայրենիքին հանդէպ կը կարծեմ, որ թերագնահատուած է: Հայաստանի մէջ ապրողն ալ իր առօրեայով զբաղած է, թէ ինչպէ՛ս ապրուստը հոգայ, ինչպէ՛ս զաւակները պահէ, ինչպէ՛ս տունին վարձքը տայ եւ այլն… իւրաքանչիւրին առաջնահերթութիւնը իր առօրեան է, սակայն սփիւռքի հանդէպ կան երեւակայական միտքեր, որ այնտեղ հարուստ են, այնտեղ դրամ կայ եւ այլն: Եկէք, նայեցէք, Լիբանանի մէջ ինչ է սփիւռքը: Հեռատեսիլէն երբ Հայաստանի լուրերը դիտենք, երբեմն սփիւռքի մասին նախադասութիւն մը այնքան վիրաւորական կը հնչէ, որովհետեւ սփիւռքը միշտ կապուած է հայրենիքին, բայց հայրենիքը սփիւռքի հանդէպ շատ գաղջ է, թերեւս ատիկա կախեալ է, թէ հայրենիքը ինչ կ՚ակնկալէ սփիւռքէն: Ի վերջոյ սփիւռքի մէջ նոր սերունդներ կու գան, եւ իւրաքանչիւր սերունդ պատկանելիութեան այդ զգացումը քիչ-քիչ կը կորսնցնէ:

Ինչ բան պիտի պահպանէ սփիւռքը, եթէ ոչ սերնդաբար դաստիարակող մարդիկ, որոնք սերնդաբար փոխանցեն, որ մենք հոս ինքնութիւն մը ունինք, պարտականութիւն մը ունինք եւ դատ ունինք: Սփիւռքը պահելու համար հսկայ ջանքեր պէտք են, որպէսզի բոլոր կարելիութիւնները, ակնկալութիւնները, պարտաւորութիւնները եւ այլ մանրամասնութիւնները գիտական ձեւով ու իսկական հիմքերու վրայ ուսումնասիրուին եւ ապա գործի վերածուին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2021