ՊԻՏԻ ՅԱՋՈՂԻ՞ ԵՒՐՈՊԱՅԻ «ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ»Ը

Ծանր հրթիռակոծումները կը շարունակուին։ Պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ռուսաստան կը փաստէ, որ նախ պէտք է ընկճել, ծունկի բերել կեդրոնական քաղաքները, ապա անցնիլ աւելի աշխոյժ ռազմական գործողութիւններուն։ Ուքրայնայի մէջ դաշտի վրայի իրադարձութիւններով կ՚երեւի, որ Ռուսաստանի հեռահար հրթիռները կը բանին բոլոր ուղղութիւններով։ Այս փաստը ինչ-որ տեղ ջուրի երես կը հանէ, որ ռուսական բանակը ի հեճուկս Ուքրայնայի դիմադրութեան, կարողացած է «կրակի ապահովման» խնդիրը լուծել։ Քիեւ կը շարունակէ մնալ հիմնական թիրախը։ Մայրաքաղաքի գիշերները սկսած են դառնալ իրապէս մղձաւանջային։ Երէկ օրուայ սկիզբին յայտնի դարձած էր, որ գիշերային ծանր հարուածներու հետեւանքով մայրաքաղաքի կեդրոնէն ներս զոհուածներու թիւը անցած է 30-ը։ Սա միայն հրթիռակոծութիւններու հետեւանքով արձանագրուած զոհերու թիւն է։ Իրաւապաշտպան մարմիններ կը տեղեկացնեն, որ միայն անզէն քաղաքայիններու շարքերուն մէջ զոհերուն թիւը անցած է 600-ը։ Եթէ այս թիւերը հաստատուին, ապա, անշուշտ, պիտի նշանակէ, որ կողմերու զոհերուն թիւը յայտարարուածէն շատ աւելի բարձր է։

Պատերազմին հետեւանքով երկրէն խոյս տուող քաղաքացիներու հիմնահարցն ալ կը շարունակէ մնալ կիզակէտային։ Յայտնի է, որ մինչեւ այս պահը փախստականներու թիւը գերազանցած է 2 միլիոնը։ Փախստականներու մեծամասնութիւնը ներկայիս կը գտնուի Լեհաստանի մէջ, որ Եւրոպայի սիրտը դարձած է՝ անոնք ընդունելու եւ օժանդակութիւն տալու տեսակէտէ։ Անշուշտ, պէտք չէ մոռնալ, որ գաղթականաց այս խնդիրը տակաւին երկար պիտի շարունակուի, մեծ «գլխացաւանք» պիտի դառնայ ո՛չ միայն Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն համար, այլեւ պիտի թափանցէ դէպի Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներ՝ ծանր հետեւանքներ ստեղծելով ընկերային, քաղաքական, տնտեսական եւ նոյնիսկ քաղաքակրթական ընդհանուր պատկերին վրայ։ Այս մարդիկ, որոնք կրակի ու մահուան յորձանուտներէ խոյս տուած են, երբեւեցիէ ու նոյնիսկ պատերազմէն վերջ պիտի չփափաքին Ուքրայնա վերադառնալ։ Արդարեւ, երկիրը օրէ օր աւելիով կը քանդուի եւ անոր վերակառուցումը տասնեակ տարիներու կը կարօտի։

Միջազգային լրահոսի բովանդակութիւնը «մաղելով» կը նկատենք, որ Ուքրայնայի ներկայացուցիչները, ներառեալ երկրի առաջին դէմք Զելենսքին, սկսած են աւելի «մեղմ» ոճով մը արտայայտուիլ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի մասին։ Ինչ կը վերաբերի Արեւմուտքին, ապա արդէն յայտնի է, որ այս պատերազմի սկիզբէն ի վեր Զելենսքիի եւ Փութինի առընթեր հիմնական «դեր» մը ստանձնած ԱՄՆ-ի նախագահ Պայտըն կարծես «կորսնցուցած» է իր ջիղերը եւ կ՚օգտագործէ այնպիսի բառամթերք մը, որ ոչ միայն նպատակայարմար չէ այս մեծ տագնապը լուծելու տեսակէտէ, այլեւ յարիր չէ գերտէրութեան մը առաջնորդին։ Պայտըն առանց վարանելու Փութինը կ՚որակէ պատերազմի ոճրագործ։ Ան մէկդի դրած է այն մօտեցումը, թէ ըլլալով հիմնական խաղացող՝ ԱՄՆ իրաւունք չունի նման որակումներ տալու։ Տեղի ունեցածը պատերազմական հրաձգութիւն մըն է։ Յստակ է, որ ռազմական գործողութիւններու աւարտին, ոչ շատ ուշ ժամանակով Պայտըն դարձեալ ստիպուած պիտի ըլլայ խօսելու Փութինի հետ ու թօթուելու անոր ձեռքը՝ մէկդի դնելով իր մէջ կուտակուած ատելութիւնը։ Սա կը թելադրէ «ռէէլ փոլիթիք»ի հիմնարար կանոնը՝ մանաւանդ աշխարհի քաղաքական բեռը իրենց ուսերուն վերցուցած գերտէրութիւններու ներկայացուցիչներուն համար։

Բաց աստի, ԱՄՆ կը շարունակէ այս պատերազմին (եւ այլ պատերազմներու պարագային ալ) համար իր որդեգրած քաղաքականութեան գործելաոճին ընթացք տալ՝ այն իմաստով, որ ընդգծուած կը մնայ «մենք չենք կռուիր, բայց պատրաստ ենք ամէն տեսակ զէնք ուղարկելու» մօտեցումը։ Այս հիմքով Պայտըն ժամ առաջ ստորագրած է հրամանագիր մը, որով 800 միլիոն ամերիկեան տոլար օգնութիւն մը պիտի տրամադրուի Ուքրայնային։ Արեւմտուտքը եւ յատկապէս ԱՄՆ մեծ եռանդով հետամուտ են Ուքրայնային ռազմական օժանդակութիւն տրամադրելու բոլոր քայլերուն՝ հակառակ անոր, որ այդպէսով անոնք թէ՛ պիտի յաջողին «փրկել» Քիեւը եւ թէ պատճառ պիտի դառնան զոհերու թիւի բարձրացման ու պիտի «սատարեն» յաւելեալ կործանումի։ Միջնորդաւորուած պատերազմներու այս մօտեցումը նորութիւն մը չէ Արեւմուտքին ու մանաւանդ՝ ԱՄՆ-ի համար։ Սպասելի չէ, որ այս բարդ ժամանակներուն անոնք «բարեփոխութեան» ենթարկեն իրենց մօտեցումները եւ նպաստեն՝ հեղեղի վերածուած արիւնահոսութեան դադրեցման։

Անշուշտ, առկայ է նաեւ մօտեցում, ըստ որու ԱՄՆ մեծ ճնշում կը գործադրէ Զելենսքիի վրայ, որպէսզի որեւէ զիջումի չերթայ ու չնստի բանակցութեան սեղանին։ Այդ ճնշումներուն մասին կը խօսուի տարբեր հարթակներու վրայ։ Սակայն, ուշագրաւ է, որ Զելենսքի սկսած է փոխել կամ առնուազն «բարեփոխել» իր արտայայտութիւնները՝ նոյնիսկ յայտարարած է, որ իրենց համար ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնալը այդքան կարեւոր չէ։ Սա, անշուշտ, երկիրը կործանելէ ետք…

Ռազմական գործողութիւններուն եւ «հրձիգ» յայտարարութեանց կողքին դիւանագիտական առումով ալ կարեւոր իրադարձութիւններ կ՚արձանագրուին։ Խօսքը մասնաւորապէս կը վերաբերի վերջին օրերու դէպի Մոսկուա «դիւանագիտական արշաւ»ին, որու հիմնական ատաղձին մէջ կարեւոր տեղ ունի տնտեսական երեսակը։ Այս առումով մեծ նշանակութիւն ունեցան Իրանի, ապա ալ Քաթարի, Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ յաջորդաբար Մոսկուա տրուած այցելութիւնները։ Այս բոլորը տեղ մը «պատասխան» են Մոսկուան «ընդհանուր պաշարման» տակ ձգելու «ընդհանրական» միտումներուն։

Այս առումով BBC-ի լրագրողը կարծիքը շօշափեց ամերիկացի դիւանագէտ Քրիսթիան Ճէյմսի։ Լրագրողը (գուցէ դիտմամբ) հարց կու տար իր ամերիկացի խօսակիցին. «Տեսէք, մինչ ԱՄՆ-ի նախագահը կրակ կը ժայթքէ Ռուսաստանի վրայ, անդին քանի-քանի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Մոսկուա կ՚այցելեն եւ բարձր մակարդակով հանդիպումներ կ՚ունենան իրենց ռուս պաշտօնակիցներուն հետ։ Հետեւաբար այս բոլորը հարց կը ստեղծեն, թէ արդեօք Մոսկուա այս տագնապի կեդրո՞նն է։ Ա՞ն է, որ խաղի կանոնները կը թելադրէ ու կը ձեւաւորէ»։

BBC-ի հարցումը դիտարկում մը կը ցոլացնէ իրերու եւ դէպքերու իրադարձութիւններով, նոյնիսկ սահմանուած պատժամիջոցներէն վերջ ստեղծուած վիճակին շուրջ։ Արեւմուտքին համար ու մասնաւորապէս Եւրոպայի տեսակէտէ Ռուսաստանի դերը անփոխարինելի է։ Ռուսաստան կը թելադրէ իր կամքը Իրանի «ռազմական թեւ»երուն եւ «եզերք»ներուն վրայ ու կը յաջողի շարժել զանոնք։ Մոսկուա շատ սերտօրէն կը գործէ Անգարայի հետ ու կերպով մըն ալ Անգարան կը պահէ Արեւմուտքի բոլոր «գրոհներ»էն։ Այսօր այդ ճանապարհի վերադարձին կը գործակցի ու յաւելեալ դեր կը տրամադրէ Թուրքիոյ, ինչ որ կը յաջողի։ Ի վերջոյ, Մոսկուա մեծապէս կ՚արժեւորէ արաբական նաւթի «պապա»ներուն մեծագոյն դերը, մինչեւ ծայր կ՚երթայ անոնց հետ ու կերպով մըն ալ Սէուտական Արաբիոյ, բայց մանաւանդ Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ կը սակարկէ՝ ռուսական կազին այլընտրանք մը ստեղծելու «խութ» եւ անհարթ վիճակներուն մասին ու այստեղ ալ կրնայ յաջողիլ, որովհետեւ ԱՄՆ-ի կողմէ ռուսական կազին այլընտրանք մը ստեղծելու փորձերը ցարդ տեղ մը չեն հասած։

Այս բոլորէն անդին, համաշխարհային տնտեսութեան մեծ բանալիները Ուաշինկթընի տեսանկիւնէն լաւ մը դիտարկելէ վերջ, Մոսկուա յառաջ կը տանի չինական դրամանիշը՝ եուանը ուժեղ ու նոյնիսկ ամերիկեան տոլարի հաւասարազօր տնտեսական զէնք մը դարձնելու այլընտրանքը՝ տեղ մը աշխարհի գերհզօրին՝ ԱՄՆ-ին ըսելով, որ այսքանը բաւական է։ 

Անշուշտ, դիւանագիտական բաւական արագ ընթացքին ու եռուզեռի կողքին յստակ է, որ դաշտի վրայ ակնկալուած իրադարձութիւնները դարձեալ յենարան պիտի ըլլան Ռուսաստանին համար՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ ԱՄՆ (ու ներկայիս միա՛յն ԱՄՆ) ինչքանով եւ ինչ արժէքով մեծաքանակ եւ գերարդիական զէնքեր կը փորձէ հասցնել դէպի Ուքրայնա։ Լեհաստան-Ուքրայնա ցամաքային սահմանը կը գտնուի ռուսական կրակի ամբողջական նշանակէտին տակ։ Յստակ է, որ շատ մեծ բարդութեանց պարագային Մոսկուա կրնայ իր զինանոցէն հանել այնպիսի զինատեսակներ, որոնց մասին կարելի է պատկերացում ունենալ միայն ու միայն կրակի ահաւորութիւնը տեսնելէ ետք։

Այսօր խաղը բաց է աւելի քան որեւէ ժամանակ։ Հակառակ մեծ ճնշումներուն, Մոսկուա ամբողջական առումով մտած է այս խաղին մէջ՝ հաւանաբար նաեւ այն մօտեցումով, թէ իր սկսած կրակը միայն ինք պիտի դադրեցնէ, որովհետեւ երկարատեւ պատերազմի մը պարագային մեծագոյն վնասողը Եւրոպայի կողքին պիտի ըլլայ նոյնինքն Ռուսաստան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022