ՄԱՐԴԱԲԱՆ ԱՂԱՍԻ ԹԱԴԷՈՍԵԱՆ. «ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐ ԸԼԼԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ԱՌԱՍՊԵԼԸ… Ի ՉԻՔ ԴԱՐՁԱՒ»

Շատ հաւանաբար, քորոնան լոկ սկիզբ մըն է. սկիզբ մը՝ ո՛չ միայն փորձութիւններու տեսակէտէն, այլեւ՝ ամբողջ մարդութեան առջեւ դրուած հիմնահարցերը լաւապէս քննելու, նաեւ այդ խնդիրներու լուծումը ժամ առաջ ապահովելու մասին մտածելու առումով։

Վերջին մէկ ամսուան զարգացումները ցոյց տուին, թէ աշխարհը կը պատկանի բոլորին. սակայն կարեւորը այն է, որ աշխարհի մէջ մղիչ ուժ հանդիսացող կողմերը անկեղծօրէն գիտակցին, թէ ա՛լ նահանջելու, թերանալու, սխալելու տեղ չկայ։

Ամէն պարագայի տակ, շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ ամիսներուն աշխարհը իր աքցանին մէջ առած քորոնան՝ պսակաձեւ ժահրը բռնէ նահանջի ճամբան։ Բայց եւ այնպէս, կասկածէ վեր է, որ անոր նահանջէն ետք մենք ականատես պիտի դառնանք կարեւորագոյն զարգացումներու՝ ոչ միայն քաղաքական ասպարէզին մէջ, այլ նաեւ հասարակութիւններու ընկալումներուն, անոնց կողմէ առնուած քայլերուն եւ ապագայ ընելիքներուն վերաբերեալ։

Այս բոլորին մասին աւելի յստակ պատկերացում մ՚ունենալու նպատակով՝ հեռավար զրոյց մ՚ունեցայ հայրենի ականաւոր գործիչ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող, Երեւանի Պետական համալսարանի պատմութեան բաժնի դասախօս, մշակութային մարդաբան՝ Աղասի Թադէոսեանին հետ։

Կարդացէ՛ք։

-Պրն. Թադէոսեան, շատեր կը դիտարկեն, որ քորոնա վարակին պատճառով այսօր աշխարհի մէջ առկայ համաճարակի «թուլացումով»՝ աշխարհը պիտի թեւակոխէ նոր դարաշրջան մը: Ի՞նչ պիտի ըլլան այդ դարաշրջանի առանձնայատկութիւնները։

-Դժուար է կանխագուշակումներ ընել: Սակայն, կարելի է ըսել, որ պիտի ուժեղանայ մրցապայքարը՝ ուղղուած միջոցներու տիրապետման ու համամարդկային գործընթացներու կառավարման: Չի բացառուիր, որ խաղի կանոնները աւելի կոշտ դառնան եւ եկամուտներու ու իշխանութեան գերկեդրոնացման գործընթացները արագանան ու արհեստագիտական առումով նոր, աւելի աննկատ ու «փափուկ» ձեւեր ստանան: Չնայած, կան նաեւ ենթադրութիւններ, թէ մարդկութիւնը այս ամենէն պէտք է սթափի ու հրաժարի բնութեան ու մարդոց անվտանգութեան սպառնացող գործելաոճէն: Յամենայնդէպս, մենք որպէս հասարակութիւն եւ սփիւռք ունեցող ազգ, պէտք է շատ զգօն կերպով հետեւինք գործընթացներուն եւ մեզի համար յստակ որոշումներու յանգինք: Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք արագօրէն տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն արձագանգման: Այս առումով, յառաջիկայ գերխնդիրը Հայաստանի մէջ մարդկային, ֆինանսատնտեսական ու ռազմական ազդու ներուժի ձեւաւորումն ու զարգացումն է: Այս համաճարակին հետ կապուած աշխարհի մէջ ձեւաւորուած արտակարգ իրավիճակը ցոյց տուաւ, որ որոշ պահերու ազգերն ու ազգութիւնները, որպէս մարդկային մեծ ընտանիքի մաս, պէտք է մտածեն լրջագոյն մարտահրաւէրները դիմագրաւելու գործին մասնակցութեան ու իրենց սեփական ներդրումը ունենալու մասին: Այս արտակարգ իրավիճակը ցոյց տուաւ, որ մեր որպէս հասարակութեան ու ազգի առջեւ կանգնած գերխնդիրը գիտութեան ու գիտական արհեստագիտութիւններու զարգացումն է ու Հայաստանի մարդկային առկայ ոչ-մեծաթիւ ներուժի զարգացման մէջ հնարաւորինս մեծ ներդրումներ ընելը: Գիտութիւնը եւ գիտական արհեստագիտութիւնները արտակարգ իրավիճակներուն արդիւնաւէտօրէն արձագանգելու գլխաւոր ներուժը պիտի դառնան: Իսկ արտակարգ իրավիճակները չի բացառուիր, որ աւելի ու աւելի յաճախ անհանգստացնեն մեզ: Ուստի, մենք չենք կրնար անտեսել այս հրամայականը: Հասարակական ու մարդասիրական ճգնաժամի վտանգը՝ կապուած մարդոց ինքնամեկուսացման խնդիրներու հետ, ցոյց կու տայ, որ խօսքը կը վերաբերի գիտութեան ոչ միայն ճշգրիտ ու բնագիտական ոլորտներուն, այլ նաեւ՝ հասարակագիտական ու մարդասիրական:

-Մարդիկ եւ համայն մարդկութիւնը, ինչ-որ չափով, ինչ-որ տեղ պիտի փոխուի՞ն այս համաճարակէն ետք:

-Համաճարակը մարդկութեան առջեւ բարձրացուց մարտահրաւէրներ եւ սրեց այն հիմնախնդիրները, որոնց վրայ աչք կը փակէինք: Ամէն ինչ կախուած է այն բանէն, թէ ինչպէս պիտի արձագանգենք այդ մարտահրաւէրներուն: Արդեօք պիտի բացուի՞ն մեր աչքերը եւ պիտի սթափի՞նք: Կարեւոր է նաեւ, թէ ովքե՞ր աւելի մեծ լիազօրութիւններ ունին մարդկութեան անունով որոշումներ կայացնելու: Ցաւօք, միշտ չէ, որ մարդկութեան անունով ու մարդկութեան համար ճակատագրական նշանակութեան որոշումները կը կայացուին ի շահ սովորական մարդոց ու մարդկութեան մեծամասնութեան: Յաճախ անոնք կը ծառայեն համաշխարհային տնտեսութեան համախառն ներքին արդիւնքը տնօրինող եւ մարդկութեան փոքրամասնութիւնը կազմող տնտեսական վերնախաւերու շահերուն, որոնք ալ կը ստորադասեն բնապահպանական, ընկերային եւ նոյնիսկ առողջապահական խնդիրները՝ իրենց շահոյթ ստանալու գերխնդրին: Մարդկութեան ամենէն մեծ հիմնախնդիրը այս է: Արդեօք համաճարակէն ետք խումբ մը հարուստներու ձեռքը դրամագլուխի գերկուտակման ու աշխարհի մէջ մարդկութեան համար ճակատագրական որոշումներու կայացման ոլորտին մէջ առկայ սարսափելի անհաւասարութեան խորացման գործընթացները պիտի փոխուի՞ն, շատ դժուար է ըսելը: Որոշ կարծիքներու համաձայն, հակառակը, համաճարակի հետեւանքով աւելի կը զօրանայ դրամագլուխի կուտակման ու բեւեռացման գործընթացները, քանի որ համաճարակէն ետք սպասուող տնտեսական ճգնաժամէն առաջին հերթին պիտի տուժեն մանր ու միջին ձեռներէցութեան ոլորտները, աղքատ պետութիւնները։ Սա կը նշանակէ, որ աւելի պիտի զօրանայ կուտակման գործընթացները՝ փոքրամասնութիւն կազմող գերհզօրներու ձեռքը: Իսկ այդ պարագային կը մնայ միայն յուսալ, որ աշխարհի ճակատագրին վերաբերող որոշում կայացնող վերնախաւերը ճիշդ որոշումներ կը կայացնեն եւ կը փոխեն այն խելայեղ արագութիւնը, որով ամէն ինչ աւելի ու աւելի մեծ չափերով կը ծառայեցուի դրամագլուխի շահերուն: Միակ յոյսը այն է, որ հասարակութիւնները այս ամէնուն հետեւանքով աւելի պահանջատէր պիտի դառնան եւ պիտի զօրացնեն ճնշումը կառավարութիւններուն վրայ։ Այս ալ կրնայ ստիպել կառավարութիւններուն, որպէսզի փորձեն հաւասարակշռել յետագայ գործընթացները: Սակայն, միւս կողմէ, համաճարակը ցոյց տուաւ նաեւ, թէ որքան հեշտ ու համաժամանակեայ կառավարելի է մարդկութիւնը, անկախ այն բանէն, թէ ինչ պատճառով այդ համաժամանակեայ կառավարելիութեան իրավիճակը ստեղծուած է:

-Ձեր կարծիքով, որոնք են այն թոյլ կէտերը, որոնք երեւելի դարձան ամբողջ մարդկութեան մեծ ընտանիքին համար, մասնաւորապէս վարակի թէժ օրերուն:

-Մարդկութեան ամենէն թոյլ կէտը, որ բացայայտուեցաւ այս օրերուն՝ սեփական հզօրութեան մասին մեծամտութիւնն էր: Այն շինծու առասպելը, թէ մարդը այնքան հզօրացած է, որ շուտով նոյնիսկ շնորհիւ ծիներու ժառանգական ճարտարագիտութեան ու այլ արհեստագիական ձեռքբերումներու, կրնայ հասնիլ յաւերժ երիտասարդացման ու անմահութեան գաղտնիքներու բացայայտման։ Քանի մը շաբթուան մէջ յօդս ցնդեցաւ փոքրիկ անտեսանելի մասնիկի դէմ անզօրութեան փաստով մը: Վարակը ցոյց տուաւ, թէ մարդկութիւնը վերանայման լուրջ խնդիրներ ունի, կապուած իր արժէքներուն հետ: Առաջին հերթին բնութեան ու մարդու կեանքի արժեւորման առաջնային խնդիրներու ու անոնց հետ կապուած առողջապահական ու ընկերային ոլորտներուն հետ:

-Քաղաքական բաժանումներու, հասարակութեանց տարբերութիւններու ու մանաւանդ հայեցակէտերու հակասականութիւնները տեղ մը պիտի հարթուին, մարդկութիւնը ի վերջոյ պիտի սկսի հասկնալ, թէ իր թիւ մէկ թշնամին մոլորակի ապականութիւնն է, կենսոլորտի հարցերն են, նաեւ երկրագունդի «աղտոտուածութիւն»ն է։ Ակնկալե՞նք նման բան, կամ թէ մարդիկ պատրաստ չե՞ն այդ մօտեցումը ունենալու:

-Կը կարծեմ, որ տնտեսական վերնախաւերը պիտի շարունակեն բնութեան հանդէպ իրենց ոտնձգութիւնները նոյն ընթացքով: Այլ բան է, որ հնարաւոր է աւելի մեծ ներդրումներ ըլլան բնապահպանական հիմնախնդիրներով զբաղող կառոյցներուն, որպէսզի անոնք գտնեն սպասելի ճգնաժամերը յաղթահարելու նոր ու աւելի արդիւնաւէտ մօտեցումներ: Թերեւս, խոշոր ընկերութիւններ սկսին կեդրոնանալ բնապահպանական աւելի մաքուր ճարտարագիտութիւններու բացայայտման վրայ: Սակայն, ես յոյս չունիմ, թէ շատ մեծ փոփոխութիւններ կ՚ըլլան մարդկանց մտածողութեան մէջ: Դրամատիրութիւնը կը շարունակէ մնալ սպառողական եւ քանի որ այն կ՚ապահովէ իր գերշահոյթները՝ բնութիւնը սպառելու, մարդոց մտածողութիւնն ու վարքագիծը ղեկավարելու եւ շահագործելու հաշւոյն, ապա կը դժուարանամ ապագան լաւատեսական գոյներու մէջ տեսնել: Ի հարկէ, մարդոց վարքագիծին մէջ որոշակի դրական փոփոխութիւններ կ՚ըլլան ուղղուած բնութեան պահպանման, սակայն այն կ՚իրագործուի, այսպէս ըսած, սովորական մարդոց բնապահպանական վարքագիծի փոփոխման քարոզչութեան ուժեղացման ոլորտին մէջ, այլ՝ ոչ խոշոր ու վերազգային կազմակերպութիւններու շրջագծին մէջ։

-Մէկէ աւելի ականաւոր գիտնականներ կարծիք յայտնած են, թէ ձեւով մը այս ժահրը դրական ազդեցութիւններ ունեցաւ։ Կա՞յ նման բան. եթէ այո, ապա որո՞նք են այդ դրական կէտերը:

-Դրական ազդեցութիւնը թերեւս այն էր, որ մարդկութիւնը հասկցաւ, թէ համամարդկային սպառնալիքները կրնան ի յայտ գալ շատ անսպասելի տեղերէ ու անհրաժեշտ է պատրաստուիլ համամարդկային մարտահրաւէրներուն համատեղ ուժերով: Այս համաճարակի հետեւանքով՝ մարդիկ չնայած մէկ կողմէն զօրացուցին իրարու միջեւ սահմանները, նկատի ունիմ այն, որ ազգային պետութիւնները փակեցին իրենց սահմանները մէկը մէկուն առջեւ, սակայն միեւնոյն ժամանակ վտանգը յաղթահարելու համար ձեւաւորուեցաւ համաշխարհային կազմակերպուածութեան ու կարգապահութեան աննախադէպ իրավիճակ: Մարդկութիւնը ինքզինք զգաց մէկ միաւոր՝ իրեն ուղղուած ընդհանուր սպառնալիքին դէմ: Ըստ որոշ վերլուծաբաններու, սա յոյսեր կը ներշնչէ, որ մարդիկ այսպէսով կը համախմբուին նաեւ բնապահպանական եւ այլ համամարդկային կարեւորութիւն ունեցող խնդիրներու շուրջ: Արդեօք այդ տեղի պիտի ունենա՞յ, դժուար է ըսելը:

Կարեւոր էր նաեւ այն, որ կառավարութիւնները գիտակցեցան ընկերային ու առողջապահական ոլորտներու մէջ հասարակութիւններու յետագայ բարեկեցութիւնն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորող աւելի ապահով համակարգերու ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը: Յետհամաճարակային աշխարհին մէջ հնարաւոր է տեսնենք բարեփոխումներու լուրջ ալիք՝ ուղղուած այդ ոլորտներու կատարելագործման:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2020